Հրանտ Դինք | «Գոյներու կոյր» անձէ մը գունաւոր հարցումներ

Հրանտ Դինք«Այս ի՞նչ գոյն է, այս ի՞նչ գոյն է» ըսելով, իրենց հօր հետ զուարճացող զաւակներուս «գունաւորութիւն» կոչուած խաղը տակաւին չեմ մոռցած: Ամէն անգամ որ գոյները կը շփոթէի անոնք կը ծիծաղէին: Եկէ՛ք այսօր միասին «գունաւորութիւն» խաղանք: Մէկ գոյնի գերիշխանութիւնը ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ:

Եկէ՛ք այսօր «գունաւորութիւն» խաղանք: Իրականութեան մէջ ես «գոյներու կոյր» եմ: Աստուծոյ պարգեւածն է, ի՞նչ կրնամ ընել: Կարմիրը կանաչէն կամ կանաչը կարմիրէն չեմ կրնար զանազանել, այդ պատճառաւ ալ շատ երկար ժամանակէ ի վեր տակաւին վարորդի փաստաթուղթ չեմ կրցած ստանալ, որովհետեւ ամէն անգամ «աչքի քննութեան» կը ձախողիմ:
Անգամ մը դիմացս դրուած էր գիրք մը, որուն մէջ գոյնի մը զանազան երանգները այնպէս մը շարուած էին, որ կը ներկայացնէին որոշ ձեւեր կամ թիւեր£ Իսկ ես թռչունին «ձուկ» ըսած եմ, ծառին՝ «տուն»:
Դեռ աւելին, «այս ի՛նչ գեղեցիկ կանաչ աչքեր ունիս» ըսած եւ խայտարակ եղած եմ, երբ սեւաչեայ սիրահարիս հետ կը փորձէի հաճոյախօսել: «Այս ի՞նչ գոյն է, այս ի՞նչ գոյն է» ըսելով, իրենց հօր հետ զուարճացող զաւակներուս «գունաւորութիւն» կոչուած խաղը տակաւին չեմ մոռցած£ Ամէն անգամ որ գոյները կը շփոթէի անոնք կը ծիծաղէին:
Բան… իսկապէս, դուք երբեւէ հետաքրքրուա՞ծ եք, թէ «գոյներու կուրութիւն» ի՞նչ կը նշանակէ, կամ երկրագունդի մարդկութեան քանի՞ տոկոսը գոյներու կուրութիւն ունի:
Թողեցէ՛ք ամէն երեկոյ ձեր հեռուստացոյցերուն դիմաց նստելու եւ գոյնզգոյն տեսաերիզներ դիտելու սովորութիւնը, եւ այս հարցով հետաքրքրուեցէ՛ք:

***
Եկէ՛ք այսօր միասին «գունաւորութիւն» խաղանք: Մէկ գոյնի գերիշխանութիւնը ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ: Փորձեցէք այս խնդիրը ձեր «աներեւելի աչքերով» դիտել անգամ մը: Այս բաները պատմութեան ընթացքին չե՞ն փորձուած: Կարմիր գոյնի գերիշխանութիւնը ի՞նչ խնդիրներ լուծեց Սթալինեան Ռուսաստանին կամ Մաուական Չինաստանին մէջ: Կանաչ գոյնի գերիշխանութիւնը ի՞նչ լուծեց Խումէյնիի Պարսկաստանին կամ Կատտաֆիի Լիպիոյ մէջ£ Հապա սեւ գոյնի գերիշխանութի՞ւնը… ի՞նչ լուծեց Հիթլերի Գերմանիոյ կամ Մուսօլինիի Իտալոյ մէջ: Բոլոր այս երկիրներուն մէջ պարտադրուած մէկ գոյնի գերիշխանութիւնը կրցա՞ւ արգիլել միւս գոյներու գոյութիւնը: Կարմիր, կանաչ թէ սեւ, իրականութեան մէջ միակ գոյնի գերիշխանութիւնը ինքնին ֆաշիզմն է:
Բան… իսկապէս, դուք երբեւէ հետաքրքրուա՞ծ էք, թէ արդեոք բոլոր գոյները պարունակող դրօշակ մը գոյութիւն ունի այս աշխարհի վրայ:
Թողեցէ՛ք ամէն երեկոյ ձեր հեռուստացոյցերուն դիմաց նստելու եւ գոյնզգոյն տեսաերիզներ դիտելու այդ սովորութիւնը, եւ այս հարցով հետաքրքրուեցէ՛ք:

***
Եկէ՛ք այսօր միասին «գունաւորութին» խաղանք: Քիչ մը ընկերութիւններու կամ հաւաքականութիւններու պաշտած գոյներուն մասին խօսինք: Երբեւէ մտածա՞ծ էք, թէ մարդիկ ինչո՞ւ այսպիսի ձեւական ընդհանրութեամբ մը իրարու միջեւ կապ կը ստեղծեն: Մինչ այդ գոյներու պատճառով մարդիկ նոյնիսկ իրարու դէմ պատերազմելու ալ ելած են: Որպէս կենդանի օրինակ կրնանք յիշել Ամերիկայի սեւամորթ-ճերմակի ընդհարումները, աշխարհի վրայ տարբեր վայրերու մէջ ազգային դրօշի կամ ազգային գոյներու կռիւները:
Յաճախ կ’ըսեն, թէ իրականութեան մէջ այդ գոյները մէկական խորհուրդներ են, իսկ գոյներու բախումները՝ հակառակորդ խմբաւորումներու մօտ այս խորհուրդներուն միջոցաւ ներկայացող խմբային շահերու առճակատումէն յառաջացած են:
Բան… դուք երբեւէ հետաքրքրուա՞ծ էք, թէ արդեոք առանց դրօշի պետութիւն մը կամ ազգ մը գոյութիւն ունի աշխարհի վրայ կամ ոչ:
Թողեցէ՛ք այդպէս ամէն երեկոյ ձեր հեռուստացոյցերուն դիմաց գամուած գոյնզգոյն տեսաերիզներ դիտելու սովորութիւնը: Ահաւասիկ ձեզի համար տան պարտականութիւն մը եւս՝ գացէ՛ք եւ հետաքրքրուեցէ՛ք տեսնեմ:

***
Ես կը կարծեմ, որ իրականութեան մէջ այս անարժան աշխարհին մէջ «գոյներու կոյր» մը ըլլալը բնութեան պարգեւած մէկ յատկութիւնն է: Ասոր ժխտական կողմը չէ, այլ առաւելութիւնները կայ: Մէկ գոյնի մը կապուելով եւ միայն անոր կառչելով, կոյր-կոյր անոր ստրուկը դարձողներուն «ուղեղային կուրութեան» դիմաց մեր «գոյներու կուրութիւնը» հաւատացէ՛ք որ մեղր ու կարագ կը համարուի:
Բան… իսկապէս, դուք երբեւէ լսա՞ծ էք «գոյներու կոյր մարդոց միութիւն» անունով տիեզերական համախմբումի մը գոյութեան մասին:
Ուրեմն, թողեցէ՛ք ամէն երեկոյ ձեր հեռուստացոյցերուն դիմաց «գունաւոր աշխարհներու» փճացած հեռուստադիտողներ ըլլալը:
Մասնակցեցէ՛ք մեր միութեան:

Թարգմանեց՝ Յարութ Էքմանեանը

Share Button

Նշանաբառ՝

1 Կարծիք

  • Karine Simonyan says:

    Շնորհակալություն այս նյութն այստեղ զետեղելու համար:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *