Մարուշ Երամեան|Գաղտնագրութիւն

Մարուշ Երամյան

Մարուշ Երամեան ԳաղտնագրութիւնՇԱՄԻՐԱՄ

դուն ալ ինչպէս ամէն սէր
կը յամենաս առասպելի
եւ իրաւի սահմանին
կը շոգիանան հաւատքները երերուն
սիրոյ հզօր հէքեաթին
ու կը մնայ անապատը
ուր միասին ապրեցանք
գերի ինկած երազներու հմայքին

գաղտնի ծածուկ կը սողոսկիս
առասպելի ոսկի նժոյգը հեծած
պատմութեանս դարպասէն

աւելի՛ն ես

գիտեմ դեռ կա՛ս դեռ կ’ապրիս
բայց ո՞ւր ինչպէ՞ս մոռցուա՞ծ
թէ սէրը քեզ ասուպի պէս տարտղնած
վստահեր է երակներու քարայրին
ամէն կնոջ անլուր ու լուռ
տառապանքի հսկումին

սէրն սպաննեց ու մոռցաւ
յարալէզները քո՛ւ կեանքդ ետ բերին
երբ ցաւերու բաւիղներէ մթագին
քեզ տարին
արիւններու լճափին

ո՞ւր փնտռեմ քեզ
թափառական սէրերո՞ւդ
թէ քաւութեան դժոխքիդ մէջ

պիտի գայի
անապատի եւ լուսինի սահմանները կտրելով
եւ հեգելով անոնց օրերը մէկ-մէկ
ճառագայթը զեղջելով

հիմա գիտեմ՝
աւազները համրեցիր
տառապանքդ թաղելու

հիմա գիտեմ՝
ներքնասենեակդ բացիր
ասպետներու մանկամիտ
բայց ներաշխարհդ մնաց կոյս
երբ բոզացար աւելի

այսօր չկաս
տարփանքդ իսկ քեզ չկրցաւ զմռսել
ժամանակի փոշիին դէմ
մնաց անունդ միայն
աշուղներու շրթունքին

ու մնացի ես ահա
գտնելու գիծը հեռու
պորտալարը փրցուած

 

ՓԵՆԵԼՈՓԷ

Ոդիսեւսը այս անգամ
անվերադարձ մեկնեցաւ
ցռուկով մութ անդունդները ճեղքելով
ալիքները գրոհեցին բարկաճայթ
ափին մինակ ու տատանող սիլուէթին
ինչպէ՞ս սանձել թափը հսկայ
ինչպէ՞ս ապրիլ առանց կայմի
չտատանիլ ու չիյնալ
առանձնութեամբ խորտակուած

Փենելոփէն
իր շուրջ հաւաքեց բոլորը
եւ մնաց առանձնութեան մէջ
որովհետեւ
խօսքերը բոլոր ասեղնագործեր էր
ու դրեր բարձերուն
բոլորը տեսան արիւնը որ կը լերդանար
ձեռագործի կուտերուն մէջ
եւ աչքերը փակեցին

կրկին դարձաւ գիշերին
հագաւ ամպերը
եւ աստղերով հաւաքեց մազերը սաթէ
լռութիւնը նստաւ կողքին
ու միասին ըմպեցին դառնութիւնը
որ իբր ցօղ
անձրեւեց բոլոր հոգիներուն
մոռցուած
ապերջանիկ

բայց սպասումը
այն էր որ կը կարկտէր
ցերեկը գիշերուան
կը ջնջէր եղածները ցաւի սրբիչներով
նորովի գրելու համար սէր մը
որ քաոսէն դեռ չէր ծնած
չէր ծնած
ու երկունքի ցաւերուն մէջ
պրկեր էր զինք

յետոյ եղաւ մայր մեծ-մայր
ու դարձեալ կին
մատանին էր որ գլորուող օրերուն հետ
կը գլորէր
ու կը նշէր ճակատագրին ուղիները
պատահական
կամ գնչուհին ամէն առտու
գաւաթներուն մրուրները կարդացող
ու հեռացող կաթիլներ ցըրցըքելով

շատեր եկան ու նայեցան
հարցադրեցին ափսոսացին հեռացան
մինչ իր սիրտը կը թփռտար
ամէն քայլի
ու կ’օրօրուէր ամէն սիւքէ
մօտեցող
արձագանգները փնտռելով ձայնին որ կար
տակաւին
սակայն հեռու եւ անտարբե՞ր ծածկուա՞ծ

քակուած թելերը հովերը
տարտղնեցին
տարին մօտիկ բերին հեռու
խառնշտեցին կեանքը արդէն դասաւորուած
«հոն հոն» ըսին ու քաշեցին
թռուցիկի նման զինք ալ քաշկըռտեցին
ու հանեցին վեր-վեր անդին
մինչեւ ձիւնոտ գագաթները
եւ անունը «Հանա» դրին

Գիշերները գելարան
չաւարտեցան թելերուն հետ
ու թելերը մազերուն հետ խճըճուած
կախեցին զինք յոյսի անյոյս օրրանէն
պէտք էր կտրել թելե՞րը թէ մազերը
պէտք էր կանչել տատրակները քիւերէն
ու քնանալ քաղցր խաբկանքի տրուած
մինչեւ հասնի ժամանակը
մինչեւ կրկին գան ապրելու օրերը

որոնք կը քակեն կեանքը
կուտ առ կուտ
զայն վերստին հիւսելու խոստումներով
ու կը հրեն երազներու օրրանին
ու կը տանին մրափի
-տատրակներ զուր կը մնչեն –
բայց երբ կու գայ արթնացումը ուշացած
ճշմարտութեան մը վրայ
կեանքը հեռուէն «բացակայ եմ» կը պոռայ

6 Հուլիս, 2012

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *