ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ | ՆՈ՜Ր ԿԵԱՆՔ

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

Առ վեհաշուք հայրենանուէր
Մատթէոս Սրբազան Պատրիարք Հայոց

Ո՜վ իմ Աստուածս, Արարչութիւնդ ալ հինցա՜ւ:
Ես՝ երկի՜նք մը՝ կը փոփոխես զիս յաւէտ,
Երկրիս տօնին մէջ տանիս զիս ցաւէ ցա՜ւ,
Եւ օր մ’երկնից տակ չը պիտ’ ըլլամ փոքր իսկ կէտ.
Արարչութիւնդ է՞ր չես փոխեր: Ո՜հ, հինցա՜ւ…:

Ցամաքք գրաւեն միեւնո՛յն տեղն յարաժամ.
Նո՛յն շողք յաստեղց ամէն գիշեր հասնի մեզ.
Աքաղա՛ղն յար ծանուցանէ զարթման ժամ.
Եւ … խաչիս նո՜յն երկաթ բեւեռն յար գամես:
Նորաստեղծման, ո՜հ, դեռ չեկա՞ւ, Տէ՛ր իմ, ժամ…:

Նոյն ծաւալով թաւալ առնու միշտ արեւ.
Հիւծախտաւոր դեռ չը մեռա՜ւ լուսինն ալ.
Լոյս առծըծէ, շուք տարածէ միշտ տերեւ.
Այդ շուքն հոգւո՜յս մէջ հոսէ, հո՜ն՝ հին շուքն ալ:
Նո՜ր եղիցի  մ’Աստուա՛ծ, նո՜ր լոյս, նո՜ր արեւ…:

Յերկնից յերկիր ելեւէջէ նոյն կաթիլ.
Մթնոլորտն է ճառագայթին միշտ ճամբան.
Այդ երկուքէն կազմափըթթի միշտ Ապրիլ.
Այդ երկուքին ալ անըզգա՜յ է… տապան:
Նո՜ր աշխարհի մը մէջ տուր ինձ, Տէ՛ր, ապրիլ…:

Մայիսն՝ երկնից բերէ՜ր վարդեր բոցավառ.
Մեղըր նուագէ՜ր, վարդէն փեթա՜կ, ժիր մեղուն.
Բուրէ՜ր թիթեռն, օդայածիկ՝ ո՜հ՝ բուրվա՜ռ,
Բուրմամբ հըզօր՝ որ տա՜յր աչացս մահուան քուն:
Վերածնէի՜…թռչո՜ւն: Տէ՜ր, խա՜չդ ինծի թառ…:

Հըրաշալի՜ք՝ տիեզերքն ողջոյն, արդարե՛ւ:
Բայց մենք հըրա՜շք, նորո՜գ կեանք մենք կ’ուզենք, Տէ՜ր:
Հեթանոսներն ալ պաշտեցին այդ արեւ.
Սուրբ արեգակ մը մեր գըլխուն վրայ ծագէ՜ր.
Թո՜ղ ծակծըկէ մարմինս, այլ քոյդ ըլլա՜’ արեւ…:

Ըզգայարանք մեր բըթացան այս գեղոյն.
Մաշեցաւ ի՛նքն ալ՝ ափնամաշն ովկէան.
Բընա՜ւ հոգւոյս չը բարբառիր արուեստն Յոյն.
Ծով եւ արուեստ աղաղակե՜ն նորոգ կեան.
Ո՞ւր խաչիդ տակ փըթթած արուեստն այլ անհո՜ւն…:

Տէ՛ր… ա՜հ, Տէ՛ր իմ, մարմին՝ ըզգեստ ա՛ռ նորէն.
Նո՜ր աշխարհ մը ստեղծել եկուր աչքիս տակ…:
Խըմորն հատաւ Արարչութեան, Սէ՜ր վերէն,
Սէ՜ր բեր: Իջնե՛նք Քեզ հետ անդունդն անյատակ.
Հո՜ն է կուտուած խաչիդ սուրբ մութն՝ որ զօրէ՜ն…:

Մեր քաղաքաց կեղծ լոյսք, շըպարք՝ ջահք պարուց
Մոռցուցին մեզ Գեղն ու շող սուրբ բընութեան,
Զոր խաչիդ սեւն հրաշապայծառ ցայտեցուց:
Յօտա՜ր յարկաց մեր խուսափո՜ւկ, ապաստան
Հո՜ն կենսատու սեւն որոնեց – մէջ ալո՜ւց…:

Այո՛, վըհէ՜ն պիտի հանես աշխարհ նոր:
Հայհոյեցի, Աստուա՛ծ, ներէ՜…: Ներդաշնակ
Եւ մշտանոր է տիեզերքդ ալեւոր.
Հըրաշաձայն նա բիւրամատն է դաշնակ.
Զմե՛զ անլսող ըրաւ դարո՛ւն մեր ժըխոր:

Զմեզ անտարբեր կամ անըզգայ բուն գեղոյն
Ըրաւ արուեստ մը նիւթապաշտ եւ ըստրո՜ւկ:
Ե՛կ, անդընդոց խորն անսահման կայ գաղտ բոյն.
Հո՜ն քրիստոնեայ բոլոր վըսեմ ներշնչմունք,
Խաչիդ թեւոց ներքեւ ծընած բի՜ւր թըռչուն…:

Մի՛ ծնունդ ըլլար այս հեղ, Տէ՛ր իմ, տո՛ւր ծընունդ:
Խանձարուրիդ համար չը կա՜յ սուրբ մըսուր.
Մոգաց շրթունք չեն յեղյեղեր ա՛լ անունդ.
Մըկըրտութեանդ համար կաթի՜լ մ’անգամ ջուր,
Սուրբ ջուր, առուակ սուրբ, վա՜հ, չը կայ…: Սեւ անդունդ:

Անդունդն առաւ պահեց ի՛նչ որ մեզ տըւիր.
Արցունքդ, արիւնդ, հի՜ն քուրձդ ու նո՛ր պատուիրանդ:
Արծաթ խաչեր շա՜տ…: Այլ սե՛ւ խաչդ, արհաւիր,
Ահն Աստուծոյ, սէ՜ր նըմանեաց, սո՜ւրբ եռանդ,
Անդընդոց խորն են, Տէ՛ր, ի՛նչ որ մեզ տըւիր…:

Ե՛կ, իջնենք հոն: Հանենք ի լոյս արեգին
Ինչ որ կորոյս անմըտութիւնն… իմաստնոց…:
Թո՜յլ պիտի տաս որ ի խոր անդըր վըհին
Քու ետեւէդ իջնեմ, բարձանց Տէ՛ր՝ խորոց,
Զի… ետեւէդ զիս… Գողգոթա՛ հանեցին…:

Մարդ չը ծընիր քըրիստոնեայ, Տէ՛ր: Կ’ըլլայ.
Խաչիդ ճամբան, խիճն ընդ ոտիւք, ճակտին փուշ,
Անոնք ըզմարդ, անո՜նք միայն քրիստոնեայ
Կ’ընեն: Գալու զհետ Քո ի լոյս կա՛մ մըշուշ,
Պատրաստ եմ եւ արժանի – ո՛ւր ալ ըլլա՜յ…:

Հասգիւղ, 17 Ապրիլ 1895

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *