ՍԱԳՈ ԱՐԵԱՆ | Քաղաքս` Տորա*

Տորա,
Ըսէ ո՞ւրկէ մտնեմ արգանդիդ մէջ…
Սեւերդ սպիտակ
Հայերդ խարտեաշ կը դառնան:
Սուրամի երգեր անկիւններէդ …
Քեզ ապաստան ընդունող
Սուտանցի քաղ. բանտարկեալները
Զղջալու փորձեր կ’ընեն հիմա:

Տորա ,
Քեզմէ արիւն չի ծորիր .
Միայն հնդկական ճաշերուն հոտը,
կարմիր ձէթով տապկուած եւ ուռած ֆէլէֆիլներուդ բոյրը ….
Որ կը յուշէ Ամալ Տընքոլ բանաստեղծին անվերադարձ մեկնումը նաւահանգիստէն …

….

Տորա բսիխոզ,եւ գրիգոր պըլտեան մանտրաներուն կորսուծ եղանակը
Որուն մասին Մար Աբրահամեանը ըսաւ «ամբողջ գիշեր կարդալէն մեռայ… »ու բան չհասկնալով գիրքը գետին տուաւ ,
Այնճառի իրենց պստլիկ տան մէջ:
Պզտլիկ տուն, պզտլիկ պատշգամբ ուր ակընճմիտներ կային լեցուն:

Հին գրական ընկերներ,
Գինի մինի,
Խոնի հոնի արաղ,
Թթու թրշու,
Երգ ու լահանայէ սալատ,
Տորա սիրտս կը խառնուի,Լեցուն բաժակ ես ձեռքերուս մէջ:
Մայթերուդ թերթ կարդացողը ես եմ …
Այդ ես եմ , որ Սաատի Եուսոֆին հետ կը քալեմ.
Այդ ես եմ որ կը լուամ մայթերդ կեղտերէն….
Ինչքան Որձ կայ մէջդ,
Ինչքան փրփրացող մեղք եւ արգանդի արիւն ….
Սիրտս ճմլող Ճիչեր կը լսուին նեղլիկ փողոցներէդ.
Ուր Սրի- Լանքացի կիներդ գուրթաժի կը պատրաստուին:
Ինչքան աղմուկ յոգնութեանդ մէջ
Ինչքան վիրահատում…
Սեւ խոշոր բիբեր կը հետեւին ինծի
Մէկը միւսին ետեւէն …
Սվոր նայէ .
Ասիկա խենթ մըն է,
Ասիկա դաւաճան մըն Է:
Տորա, Տորա,Տորա….

Բողոքական ու Կաթոլիկ Տորա
Քահանաներդ չեն կանգնիր այս անկիւնին…
Որովհետեւ հոս դրամը չի չափուիր արեւուն տակ կենալու Նուիրուածութեամբ:
Մի քանի ծերուկ մասօրէրներ ծայրը…
Ուրիշ բոզ եթովպիացիներու հետ կը շաղակրատեն
Տորա, Տորա, Տորա….
Ամէն օր բանաստեղծութիւնդ կը մտնէ երակներոս մէջ .
Վերջին երգիչն եմ որ պալատական չեմ.
Մտահոգ ալ չեմ որ նոր դպրոցներ պիտի բացուին
Օտարալեզու Երեւանին մէջ…
Ի՜նչ փոյթ լեզուն …
Երբ արտեւանունքներս են թաց.
Երբ ամէն տարի յօնքերս կտրելու համար
Պատերազմ պիտի սարքեմ ապիկար սափրիչներուն հետ:
Սափրիչները բոզի լեզու ունին
Կը բամբասեն ոչինչ բաներու մասին…
Հիները թերթ կը կարդային եւ Ա. Թ. –ի յօդուածները անգիր կ’ընէին Լորձնաշուրթն հարցեր տալու համար ..
Մինչ էժան գնուած կարմիր յովհաննէս քալողին շիշը կը մնար սալյատակին.
Պէրպէր, լա՞ւ ես,
Պէրպէր ամերիկացիներուն ես .. …
Հա ճիշդ ես,
Պէրպէր վարուժան նալբանդեանի ատամները թափեր են:
Թարմ կաթը քանի դրամ է որ ..
Պէրպէր գրողները կիրթ պէտք է ըլլան.
Պէրպէր մամաս անդամալոյծ պիտ ըլլայ օր մը,
Տորաաաա՜՜՜՜՜՜՜՜աաաաաա,
Արագ ռիթմով մեռնող իմ քաղաք
Դէմքդ հազար անգամ փոխող քաղաք .
Բոզացող քաղաք .
Տորա,տորա, տորա :
…..

Նաւահանգիսներէդ աղբի գարշահոտ կ’առնեմ
Դուն կ’ուրախանաս որ,
Սուտանցի քաղբանտարկեալները
խոնաւ խոնավասէրներու նման կ’անցնին թաղերէդ
Մինչեւ արթննայ խիղճդդ որ քեզմէ հեռացաւ….
Ու կրօնքդ որ դարձաւ պատերուն փակցուած ծանուցում
Առաւելագոյնը մարոնիթ նոր սուրբ մը ծնելու համար .
Մինչ մենք մեր սուրբերը կը կախաղան կը հանենք .
Տորա, Տորա ինչպէս մտնեմ քու արգանդէդ ներս
Տան վարձքերը բարձր են.
Հոն կը բնակին աշխարհի լքեալ սեւ ու գեղեցիկ կիները…
Տորա, տորա, տորա….

Մեղքի շտեմարան
Քու մէջ Ուորլտ Վիժընը չի բանիր …
Միայն սեւ ձէթով տապկուած սուիս րոլլերոն
Հոտը կը գրգռէ ախորժակս …
Փաթթուած անմարմին հայատառ թերթի մը մէջ:
Բոլոր խմբագիրները,
Իւղոտած թերթի լաթթերով պիտի փաթթեմ.
Յատկապէս անոնք որոնք կը մերժեն բանաստեղծութիւններս…
Ու աներեսաբար,կը զանգահարեն
Որ այլեւս եթէ կը հաճիք -ի հարկէ – կոմունիստական սուտլիկ բծախնդրութեամբ-
Այլեւս բանաստեղծութիւն մի ղրկէք….
Ես ողորմի կը կարդամ հին ընկերներուս
Որ բառին իմաստը գիտէին .
Գիտէին ազատութեան գինը
Գիտէին որ հնոցներէն ինչ կիրք կը հանէի….
Գիտէին աչքերուս գոյնը շիթ առ շիթ
Գիտէին այն անձրեւներուն տեսակը,
Որոնց տակէն կ’անցնէի շատ արագ .
Իսկ հիմա …
Հիմա,
Ունիմ միայն ճերմակ բիս օթո մը.
Ունիմ բոսուռաներ գլխուս վրայ
Ունիմ մանիշագոյն թեւեր
Որոնցմով կը թռչիմ
Ունիմ Զարեհ սրբազանին ինծի նուէր տուած աղօթքս,
Ունիմ Էրիթրիաէն ինծի նուէր բերուած, կաշիէ խաչը,
Ունիմ անստոյգ հարցազրոյյզներու ահագին դէզ մը
Եւ Տորա, ունիմ ամէնէն շատը
Քեզ լքելու, քեզմէ դէպի զիս ճամբորդելու հին երազը
Որ կ’աճի ամէն օր,
Որովհետեւ դուն սէր ես եւ ատելութիւն
Դուն սպունք ես ու յիմար քարերու կոյտ
Դուն որձ ես Տորա
Որձ ես եւ էգ…..
Քո գոյներդ շփոթ կը յառաջացնեն մէջս .
Կը յիշեմ Վարուժան Խտըշեանի հետ մեր կռիւները,
Սեղանին քաթթի սարքի կանաչ շիշն էր
Սեղանին Վարուժանի սիրտն էր .
Քաղաքի ամբողջ սէրն ու ատելութիւն՝սեղանին…
Տորա, հոգ չէ որ որդ մը կը պտըտի ակռաներուս մէջ….
Ես ապահով տու ն եղայ անոր
Իսկ դուն չեղար, չեղար, չեղար….
Փիւնիկէն այդպէս է.
Հայրենիք չի դառնար
Լողաւազան է երկերու եւ ցաւերու…..
Չեղար ձայնիս համար բարձրախօս,
Որ ես կանգնելով հրապարակներուդ կեդրոնը,
Պոռայի աշխարհի երեսին :

Տորա,
Ամէն բան գիտցող խմբագիրներու զգօնութիւնը կ’ատեմ ,
Կ’ատեմ անոնց զգօն աչքերը եւ աւելորդ հարցումները ինծի …
Տորա, Տորա, Տորա .
Յուսահատութեան թելը կարմիր է
Կը մտնէ ան երակներէս….
Ներէ զիս,
Ներէ այն մեղքերուն որ կրնամ գործել ….
Ներէ, որ յիմար բաներ կ’ընեմ մայթերուդ…
Լեզուիստակն է ցաւդ ու համդ միաժամանակ:
Տորա,
Կը քրտնիմ կիրքի պահերուն,
Որովհետեւ գիրն է վաւերական….
Իսկ ես առնուազն ճամբորդող բոսուռայ եմ.
Լեզու հանող բոսուռայ…
Որ գիտէ հեգնել
Ուրիշ զէնք չունիմ,
Ուրիշ տեղ չունիմ,
Ուրիշ դէմք չունիմ
Ախ՜՜՜՜՜՜՜խխխխխխխխ կ’ըսէ մէկը ներսէն …
Տորա:

Տորա,
Երբ բերանաբաց ու դժգոհ աքաղաղները
Կը մաքրեն կոկորդներն իրենց
Սա այն ժամն է որ ոգին սրբութեան
Կը փռուի սաւանի պէս երկրին վրայ.
Առաւօտեան ցօղը կը մաքրէ վէրքերուն թարախները
Եւ մարդիկ կէս քուն կէս արթուն
Ոգեհարցի պէս կը յայտնուին երազներու անագէ լռութեան մէջ…
Խաղա՜ղութիւն ձեզի
Խաղաղութիւն երբ ձեր բերանները կը խօսին կիրքի կարօտէն,
Երբ մամոնայի չար ու վաւաշոտ դարուն
Դեռ անօթի ու տնանկ երեխաներ
Կապոյտ ծովու աւազներուն կը ստորագրեն իրենց անունը
Խաղաղաութիւն երբ կրօնքն ու արդարութիւնը չեն հանդիպիր իրարու :
Ամէն ինչ ճերմակ է հիմա,
Կարծես աչքերս միայն ճերմակ կը տեսնեն
Քանի -քանի բանաստեղծներ կը գամուին ստեղանաշարին առջեւ
Աղօթելու պատերազմներուն որ հատնին .
Ես չէի գիտեր որ պատերազմը խոր վէրք պիտի դառնար ինծի
Ու ամէն ծորումէն յետոյ ափսոսանքով պիտ վերյիշէի՝
« Ալ Սաֆիր» օրաթերթի խորագիրները .
Աչքերէս պիտի թախիծը գլտորէր ու բնակէր ձեր տան նկուղը,
Ուր թերթերրդ թէզ -թէզ կը սպասէին վերջին դասաւորումի….
Մինչ դուն,պիտի չուզէիր վերադառնալ գիրի անմահութեան
Եւ պիտի նախընտրէիր որ սատկի բանաստեղծութիւնը որ դուն ապրիս .
Կը յիշես դուն էիր չէ որ ըսիր,
Բանաստեղծութիւնդ թող մեռնի ոչինչ….
Ես այն կը թաղեմ ձեր պատշգամը,
Ու յետոյ կը ձայնեմ տէրտէրներուն,
որոնց պիղծ լեզուներուն վրայ դեռ՝
«Սուբբեր պրազիլ» սուրճին հետքերը կան ….
Որ պատրաստեն թաղման թափօրը էլիսարի մէջ ուր կ’ապրինք:
Երկար ու ցասկոտ թաղման թափօր
Հանգիստ պիտի տան քեզի ով սպիտակ ու աղաւնակերպ գօտիով կապուած բանաստեղծութիւն:
Քեզ կ’երազէի տեսնել մանիշակագոյն շապիկով եւ դեղին փողկապով
Որ նախանձը շարժէիր Տորայի անմահ բայց մամահոտ մարդուկներուն …..
Խաղաղութիւնը պրծաւ .
Ընկեր մը ֆէյսպուքի վրայ , նորէն կը խնդրէ որ արեւմատահայերէն գրեմ միայն.
Ես տանը սակայն, արեւտմահայերէն գրէմա չունիմ
Ունիմ բազրիք մը որմէ կախուած է՝
Յուշատախտակը նահատակ գրագէտներուս.
Ու ես որպէս բարեկամն անոնց
Հայհոյելով եւ աղօթելով
Միջնադարու ծաղկած նշենները կը հաւաքեմ .
Որքան ամուր է բազրիքը
Ու ինչքան երկար է ճանապարհս
Մեղքերս շատ
Վէրքերս մեծ եւ դէմքս վիրաւոր …
Տորա, տորա,տորա
Քանի մանուկ քու անունիդ տակ
Քու կամուրջիդ,
Քու հասակիդ,
Քու խանութներուդ
Քու հայատառ ցուցանակներուդ տակ
Որոնց մասին գրեց արծուիկ բախչինեանը
Քանի երեխայ պատմեց իր բոզ մօրը մասին
Եւ քանի սեւ հարս սլքտաց,
Մեռիմ քեզի համար
Դուն մանկութեանս սադայէլն ես
Ես վաղուց քու հետ չեմ խօսած….
Անկարելի է մեր զրոյցը
Եւ դուն մահէն ալ վատ ես
Դուն տեսակ մը ախտ ես մարմնիս մէջ ….
Տորա գունաթափուող Տորա
Կարծես մագաղաթ ըլլայիր,
Որուն գոյները պղծուած են, եւ ուժը սպառած…
Տորա,
Ինչ բառերով բացատրեմ,
Քու չարութեանդ ակունքէն բխող սեւ երգերը,
Քաղաք որ առաւօտեան երգ չունի
Քաղաք որուն խիղճը ճամբորդած է բռնաբարուելու համար
Քաղաք որուն մուրացկանները երկար մօրուք կը պահեն
Շփոթուելու համար անօթի բանաստեղծներուն հետ…..
Տօրա ըսէ շատ է այսքանը քու մասիդ
Դուն մեր պատանեկութեան հարսն էիր
Քեզ արգիլեցին կարդալ որ այսպէս անբան մնաս.
Ու լողաս տգէտութեան կեղտաջուրերուն մէջ…
Քու գիրքերդ միայն խոհանոցի խոհագիրներն են
Տորա, Տորա….
Ինչքան փոխուեր ես դուն .
Ես նոյնն եմ,
Նոյն դիրքերէն ձախ ձեռքս ստեղնաշարի ծայրը աչքս զբաղ է տառերդ շարելով եւ աչքերս մտածկոտ բայց խաղաղ…
Զարմանալով սա պօէմին կատարելութեան վրայ
Բիբերս լոյսին հետ կամաց -կամաց կը բացուին,
Մայրս ներսը կը հազայ
Քաղաքական հազ, իմ փոխարէն .
Քանի գիշերներ անքուն մնաց
Երբ զբաղ էի ճանապարհները որոնելու փորձութեամբ
Տորա,
Թեւերս կամաց- կամաց կը պատրաստուին գրկելու քեզ
Հիմա առաւօտ շուտ կրնամ համբուրել քու ճակատդ
Որ լուսապսակ է, Տորա…
Գաֆէինի հրեշտակը ուր որ է, կը հասնի լեցուելու համար կատարեալ իմացութեանս մէջ….
Ու ես նոյն սովորութեամբ մայթերոուդ վրայ,
Հին անօգնական ու հաւատալէն ձանձրացած մօրուքով կը փնտռեմ այն ճամբան
Որ զիս պիտի տանի վեր….
Կամ առնուազն պիտի նետէ ընկերներուս մօտ
Տորա, Տորա
Այսքան անպիղծ բոզ ես չէի տեսած
Խորշոմներուդ մէջ…
Կայ նաեւ մեր պատանեկութիւնը
Մեր անցեալն ու անհաս, անաւարտ երգն անփայլ…
Կ’երկարի մօրուքս հաւատալու ձանձրոյթով ծանրացած …
Տորա, կ’երկարիս դուն մինչեւ աշխարհի միւս ծայրը ..
Մինչեւ որ ջնջես բոլոր ցուցատախտակները
Որ գրուած են նախահայրերուս լեզուով
Տորա, Տորա, Տորա …
Այսքան երկար եղունգներով
Տորա, Տորա,Տորա
Այսքան անհաւատ աչքերով ….
Գրկէ հիմա լոյսին ձաւը,
Գրկէ զիս:

ՏՈՐԱ* – Պէյրութի Հայահոծ՝ Պուրճ Համուտ Թաղամասի մուտքին գտնուող բանուկ փողոց:

Share Button

5 Կարծիք

  • HAYK HAMBARDZUMYAN says:

    Տորա,
    Ինչ բառերով բացատրեմ,
    Քու չարութեանդ ակունքէն բխող սեւ երգերը,
    Քաղաք որ առաւօտեան երգ չունի
    Քաղաք որուն խիղճը ճամբորդած է բռնաբարուելու համար
    Քաղաք որուն մուրացկանները երկար մօրուք կը պահեն
    Շփոթուելու համար անօթի բանաստեղծներուն հետ…..
    Տօրա ըսէ շատ է այսքանը քու մասիդ
    Դուն մեր պատանեկութեան հարսն էիր
    Քեզ արգիլեցին կարդալ որ այսպէս անբան մնաս.
    Ու լողաս տգէտութեան կեղտաջուրերուն մէջ…

    Ծանր էր մի քիչ, բայց լավն էր: Արեւմտահայերեն ուրիշ է հնչում էլի ամենինչ. բառը մի տեսակ համ ու հոտ ունի ու այդ համն ու հոտը արեւլյան քաղաքին է հենց սազում: Ասենք այս լեզվով Երեւանի մասին երեւի գրել չլինի:Մի տեսակ ուրբանիստական պոեզիա է՝ մեռնող անցյալի, մեռնող համերի ու հոտերի մասին ու ամենագլխավորը՝ մեռնող լեզվով մեռնող լեզվի մասին:

  • r.p. says:

    apsos vor hayerov djvar enk haskanum, kardum irar lezu, shat apsos, shat, shat.apsos.
    կուզեի ավելի կարճ գրվածք կարդալ նույն գրողից, որ ավելի հեշտ-հասանելի լիներ ժանգոտած ուղեղիս համար.
    պետք է արեւմտահայերեն դպրոցում անցնենք.

  • i enjoy your verse.
    i would translate your first line thus:

    “How do i penetrate
    your bearded grotto
    with my bonnie-johnnie!”

  • Toros Sefilian says:

    Yerp Bourj-Hammoud-e hakadz e arten ir sev votch artougvadz shabig-e,inch gareli e esel krotch Dora-in…
    Yerp Azkayin garouytsner-e (Bankruptcy) metch yen arten ,inch esenk joghovourtin?
    Yerp Mayr hayrenik-e (Bankruptcy) hrttchagel e,inch gareli e esel krotch Spyrkin?

  • Aharon says:

    Knatadeluc hesht ban chga Cangali e urakanuchur mart era masnagidutyanp zpaxi vor zizaxeli chtva hasaragutyan.
    Banastexzn zpaxvi banastexzuryamp.
    Kaxakaketn kaxakaganutyamp.
    Vosgerijhnel vosgerjutyamp.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *