Զաւէն Պիպեռեան | Պուրունսուզ Քատրիյէն

Զաւէն Պիպեռեան– Աղտոտ օդ, ըսաւ կուզ լրագրավաճառը` երկինք նայելով:

– Փոշիի պէս անձրեւ, պատասխանեց ընկերը: Աղուոր հարբուխ կ’ընէ:
Խոյեցաւ, ճարտար շարժուձեւերով մը թերթ մը քաշեց խաւաքարտէ պատեանէն, որ կաշիէ փոկով մը վիզէն կախուած էր, մարդու մը երկարեց: Մարդը առանց բառ մը արտասանելուՙ Մարդը առանց բառ մը արտասանելու տասնոցը անոր ափին մէջ դրաւ, առաւ թերթը, շտապեց դէպի շոգենաւ:
Տաքքա, Կէճէ, Սոն Սաաթ, մռլտաց կուզը:
Անցորդները արագ-արագ շոգենաւ կ’երթային: Ելեկտրական զանգը կը հնչէր ջղայնացուցիչ յամառութեամբ: Կէս վայրկեան կար շոգենաւի մեկնումին: Կամուրջին երկու կողմորէն, սանդուղներէն, տակէն, վրայէն, ուղեըորները կը հոսէին, կը գահավիժէին, կը խոյանային վազնիվազ: Աղմուկը գագաթնակէտին էր հասած:
Սոն Սաաթ, Կէճէ, Տաքքա, Կէճէ
Զանգակը լռեց: Կիշէներու ծակերը փակուեցան մետաղեայ շառաչով, վարագոյրները քաշուեցան ճամբորդներու քթին բերնին: Հակառակ ատոր, քանի մը հոգի տակաւին կիշէներու ապակիներուն կը զարնէին սրտմտութեամբ, որպէսզի տոմսակ շնորհէին խոժոռ պաշտօնեաները: Ոմանք ալ առանց տոմսակի շոգենաւ կը վազէին տուգանքը աչք առնելով. մարդ երբեմն կրնայ կէս ժամ առաջ միանալ իր ընտանիքին, երբ ի վիճակի է քսանի տեղ քառսուն ղրուշ վճարել փոխադրամիջոցի մը: Նաւամատոյցին երկաթափեղկերը իրարու ետեւէ գոցուեցան: Պաշտօնեային սուլիչը հնչեց:
Անձրեւը կը մաղուէր երկինքէն:
Նաւամատոյցին դուրսին դին ամայացած էր: Հիմա ա՛լ յայտնի էր թէ ո՛վ էր ուղեւորը և ո՛վ` սլքտացողը: Լրագրավաճառներն ալ լռած էին:
Ոստիկան մը կ’առաջանար չորս կողմը նայելով, վռնտելու համար դատարկապորտներին ու շրջուն վաճառորդներին:
– Նորէն կուգայ կոր, մրմնջեց կուզը:
– Մեզի ի՞նչ:
– Ոստիկանին համար չեմ: Պուրունսուզ Քատրիյէն կուգայ կոր:
– Հա՜: Ձգէ՛ Աստծուածդ սիրես: Աշխարհի վրայ կնիկ չմնայ նէ մատս րեմ դպցներ:
Քիթը բերանը թթուեցուց նողկանքով, հեռացաւ:
Պուրունսուզ Քատրիյէն կուգար կամուրջին ծայրէն:
– Բարեւ, երիտասարդ, ձայնեց ձկնորսին, որ ամանի մը մէջ թարմ ձուկ կը ծախէր:
– Բարեւ, ծաղիկ, ըսաւ երիտասարդը առանց կնոջ երեսը նայելու, և դարձաւ անցորդներուն.
– Հայտէ, կու տամ կոր, ամէնքը երեք ոսկի: Անձրեւ եկաւ, ասանկ եղաւ:
– Աղուոր ձուկեր են, հառաչեց Պուրունսուզ Քատրիյէն:
– Հը՛:
Պուրունսուզ Քատրիյէն քովընտի ակնարկ մը եւս նետեց ձուկերուն, քիչ անդին կեցաւ, փէշը վեր առաւ, թափթփած կոշտ գուլպաները վեր քաշեց: Ծակ մը երեւան ելաւ կրունկին մօտ: Բայց գուլպան րշտկուեցաւ, նորէն թափթփած մնաց, որովհետեւ աղեղնաձեւ դարձած սրունքները չափազանց նիհար էին, կմախքի պէս: Այտերը փոսացած, աչքերը փոսացած, շրթները կծկուած և բերանը դէպի այտերը քաշուած: Կէս քիթը բոլորովին կմախքի երեւոյթ կուտար իրեն: Շտկուած ատեն բեռնակիրի մը բախեցաւ:
– Աչքդ կո՞յր է, պոռաց զայրոյթով:
– Հոգի՜ս, պատասխանեց մարդը և հեռացաւ:
Պուրունսուզ Քատրիյէն քանի մը քայլ ևւս առաւ,նաւամատոյցի մուտքին առջեւ կեցաւ մաշած վերարկուն սեղմելով մաշած մարմնին շուրջ: Աչք մը ըրաւ պոպսթիլ երիտասարդի մը որ մաւամատոյց կուգար: Երիտասարդը նայեցաւ իրեն, փախաւ:
– Խուշի՛կ, ըսաւ Պուրունսուզ Քատրիյէն:
Կուզ լրագրավաճառը քովէն անցաւ:
– Գործ չկա՞յ, հարցուց ծուռումուռ ժպիտով մը:
Նէ ս… հայհոյեց Պուրունսուզ Քատրիյէն:
Կուզը քըս-քըս խնդաց քիթին տակէն, անդին գնաց մրթմրթալով. «Տաքքա, Կէճէ»:
Անձրեւին կաթիլները հետզհետէ զգալի կը դառնային: Դուրսը գրեթէ մարդ չէր մնացած: Բոլոր ուղեւորները, թափառաշրջիկները, գործ ունեցողներն ու չունեցողները սպասման սրահ մտած էին ցուրտէն ու խոնաւութենէն խոյս տալով: Պուրուսուզ Քատրիյէն ալ ներս գնաց:
Գալորիֆերը և բազմութիւնը տաքացուցած էին սրահը: Ծուխը և շնչառութիւնը պղտորած էին մթնոլորտը: Նաւամատոյցը կրկին կը լեցուէր արդէն: Քսան վայրկեան կար յաջորդ շոգենաւին մեկնումին: Թաց ասֆալթին վրայ` ոտնամաններու անվերջ շշնկոց:
Պուրունսուզ Քատրիյէն կորսուեցաւ աղմուկին, բազմութեան մէջ: Վերարկուն քակեց, առջեւը բացաւ: Իրա՛ւ որ ցուցադրելիք մեծ բան չունէր: Հագուստը կախուած էր տափակ մարմնին վրայ: Կը մնար ժպիտը զառամած շրթներուն: Առատօրէն շռայլեց զայն աջ ու ձախ, հերաթափ գլխովը շարժումներ ըրաւ, աչք քթթեց: Մարդիկ մէկ կողմ կը քաշուէին, իրեն չքսուելու համար: Գնաց ինկաւ պատին տակի նստարաններէն մէկուն վրայ, այրերու և կիներու խումբի մը քով:
Կիներէն ամէնէն երիտասարդը նոր հարս ըլլալու էր: Վրայէն կը վազէր որ նոր հարս էր.- նորաձեւ գլխարկ` վրան թռչունի բոյնով մը և պտուղներով, սեւ թիւլ մը, միննչեւ աչքերը, մուշտակազարդ սեւ վերարկու, երկայն կրունկներ: Քովիկը` նոր փեսան, անտարակոյս. կապոյտ, տաքուկ, հաստ վերարկու, թանձր, քրեփ ներբանով յիսուննոց կօշիկ, նոփ-նոր Պորսալինօ, ձեռնոց: Քիչ մը ձախ քաշուեցաւ երբ Պուրունսուզ Քատրիյէն իր քովը նստաւ: Ալեկոծումի մը պէս տարածուեցաւ շարժումը. Իրմէ ետք` մանկամարդ կինը քաշուեցաւ: Յետոյ` քովի պատաւ կինը: Յետոյ` պառաւին քովի աղջիկը: Վերջապէս` ձախ ծայրի մարդը: Սեղմուեցան, պզտիկցան, իրարու վրայ ելան, ու փեսային և Պուրունսուզ Քատրիյէին միջեւ կէս մեթրի մօտ բացութիւն մը յաջողեցան գոյացնել: Պառաւը ձեռքերը իրարու միացուց, գալարեց, կաղկանձեց մեղմաձայն.
– Քավո՛ւյ, աղջիկ, օտքդ պագնեմ, աս վո՞ւրկէ էկաւ…
– Ամա՛ն մամա, սուս էղի, մեզի ի՞նչ:
– Ընտո՞ր քեզի ինչ, աղջիիիի՛կ, քիթը չե՞ս տեսնար կոր, քի՛թը… Սուրբ Աստուածամայրս, աս ի՜նչ պան էր կլոխնուս էկաւ…
Երիտասարդը պառաւին դարձաւ փութկոտ.
– Մայրիկ, եթէ կ’ուզէս, ելլանք:
Պառաւը հեծեց սարսափահար.
– Չ’ըլլար տղաաա՜ս, պիտի հասկնայ իրեն համար էլալնիս: Յիսո՜ւս Քրիստոս, տո՛ւն հասի… Ասոնց պոչին կոխել չ’ըլլար, տուն չիյտես կէշերը…
Աչքերը երկինք բարձացուց: Ձախ ծայրը նստող մարդը քովի աղջկան երեսին նետեց ցած և խիստ ձայնով.
– Մը նայիր քա՛, շամառը կ’իշնամ հիմա:
– Աման օ՛ֆ, չեմ նայիր կոր:
– Ինտո՛ր չես նայիր կոր…
Նոր հարսը թէեւ կը ջանար պահել իր պաղարիւնը, բայց գոյն կը փոխէր անընդհատ: Սկսած էր դիտել Պուրունսուզ Քատրիյէն, հետաքրքրութեամբ:
– Մամա քա, նայէ ինտոր աչք կ’ընէ կոր ասնող տարձողին:
– Խե՞նթ էս տուն, ինչո՛ւ էրեսս նայեցար տէյի մարդը կը ծեծեն անոնք…
Երիտասարդը ձեռնոցները հագաւ հանդիսաւոր կերպով, շնորհքով մարդու ինքնագոհ լրջութեամբ: Մուշտակ էր մէջի կողմը:
Պատերուն տակ, մութ անկիւնները ռատիաթորներուն կռթնած կամ կէս մը ընկողմանած, ամէն տարիքէ բոկոտներ կը մրափէին, կը խոկային իզմարիթ կուտային-կ’առնէին, հեռաւոր ակնարկներով կը դիտէին Գատըգիւղցիները: Որ մէկը կը քերուըտէր: Ոջիլը տաքին կը կատաղի: Քանի մը լաճեր բազմութեան մէջ կը սլքտային, ասոր անոր փէշէն կը քաշէին, ճիտ կը ծռէին, ափ կ’երկարէին. ո՛չ ոք տասնոց կուտար: Նոր փեսան մատները շփելով տեղաւորեց ձեռնոցը, քրթմնջեց.
– Սա վիճակը նայէ: Իբր թէ սպասման սրահ… Ոստիկանութիւն չկայ որ…
Շուրջ տասնամեայ ստահակ մը կանգ առաւ:
– Մէկ ղուրուշ տուր, աղբարիկ, հաց պիտի առնեմ:
Նոր փեսան յօնքերը պռստեց:
– Մէկ ղուրուշով հաց կ’առնուի՞:
Շուրջիններուն նայեցաւ խորամանկ ժպիտով մը:
– Հայրիկ մայրիկ չունի՞ս դուն:
Ստահակը դժգոհութեամբ չափչփեց զինք:
– Քեզի ի՞նչ:
– Քեզ չե՞ն հոգար:
Ստահակը չպատասխանեց, քիթը քաշեց սրտնեղութեամբ:
– Հա՛տէ գնա աշխատէ, չե՞ս ամչնար այս տարիքիդ կը մուրաս: Աշխատէ՛:
– Վռնտէ՛ սըւիկա, կաղկանձեց պատաւը: Օջի՛լ ունի, ի՛նչ ունի:
Ստահակը երիտասարդին երեսը նայեցաւ շեշտակի, քիթը քաշեց: Ցիրուցան մազերը անձրեւէն թրջուած, աղտոտ ճակատին փակած էին: Արտայայտութիւնը փոխուեցաւ, հեգնական նշոյլ մը ծնաւ բիբերուն մէջ: Ճիտը շտկեց, հասակը ցցեց, պատռտած թեզանիքովը սրբեց խլլինքը, ակնարկը սահեցաւ Պուրունսուզ Քատրիյէին, որ գորովով կը նայէր իրեն, բերանը ճեղքուեցաւ չարաճճի ժպիտով մը.
– Քիթդ տո՞նը ձգեցիր…
Պուրունսուզ Քատրիյէին դէմքը կարմրեցաւ, կատաղի շարժում մը ըրաւ ստահակին վրայ խոյանալու համար: Տղան արդէն հեռացած էր աշխուժօրէն, ամերիկեան վերջին նորաձեւութեան համաձայն հագուած երիտասարդի մը թրենչքոթին փէշէն կը քաշէր.
– Աղբարիկ, սիկարա մը չտա՞ս:
Երիտասարդը ստահակին նայեցաւ, խնդաց: Սիկարա մը տուաւ ոսկեզօծ տուփէն: Ընկերներն ալ մէյմէկ հատ տուին: Ստահակին աչքերը փայլեցան լիւքս գլանակները տեսնելով:
– Ապրի՛ս, աղբարիկ, բացագանչեց, ու վազելով հեռացաւ:
– Վելե՛տ, ծիծաղեցաւ վայելուչ երիտասարդը:
Ընկերները ծիծաղեցան:
Նաւամատոյցին ծխավաճառը, որ իր կրպակին պատուհանէն կը դիտէր տեսարանը, ծիծաղեցաւ.
– Փի՛ճ, ըսաւ:
– Աստուած, տարձի պերէ, հառաչեց պառաւը:
Պուրունսուզ Քատրիյէ բարկութիւնը մոռցած, երազկոտ դիտածէր տեսարանը: Երբ լաճը անհետացաւ գլանակները ափին մէջ սեղմած, դէմքը քով դարձուց.
– Սիկարա մը ունի՞ս, երիտասարդ, հարցուց:
Նոր փեսան ցնցուեցաւ: նստարանին վրայի հինգ գլուխներն ալ Պուրունսուզին դարձան միաժամանակ:
– Մեղա՛յ, մեղա՛յ, շշնչաց պառաւը:
– Չեմ գործածեր, պատասխանեց նոր փեսան խիստ շեշտով մը, առանց Քատրիյէին երեսը նայելու:
Նոր հարսին յօնքերը պռստեցան այս անգամ: վերէն վար չափչփեց «կէշ»ը:
– Օտքդ պագնեմ, փորձանք մը չեկած էլլանք սըւկէ, փսփսաց պառաւը սարսափահար:
Նոր փեսան ոտքի կանգնեցաւ: Տժգունած էր:
Պուրունսուզ Քատրիյէ քովիններուն դէմքերը քննեց, բերանը ծռմռտկեց, քթին տակէն անբացատրելիօրէն արհամարհական ծիծաղ մը արձակեց, ոտքի ելաւ:
– Անհանգիստ մ’ըլլար, տատրա՛կ: Ես արդէն պիտի կորսուիմ:
Երերալով ելաւ դուրս, ուր մութ էր ու խոնաւ: Ուր անձրեւը կը փայլեցնէր ասֆալթը, կամուրջին դեղին սալաքարերը ու կը պղտորէր ծովուն մակերեսը: Շոգենաւը կը մօտենար նաւամատոյցին:
Պուրունսուզ Քատրիյէ այլեւս չէր ժպտեր, աչք չէր ըներ շուրջիններուն: Վերարկուին մէջ փաթթուած, մարմինը տախտակի մը կը նմանէր: Ուրուականի մը պէս անցաւ կիշէներուն առջեւէն: Չոր հազ մը կը ցնցէր իր չոր կուրծքը:
Ոստիկանը դուրսի քննութիւնը կատարած, նաւամատոյց կը վերադառնար: Խիստ ակնարկ մը ջգեց Պուրունսուզ Քատրիյէին վրայ:
– Նորէ՞ն հոս ես դուն:
– Հա՛, ի՞նչ կայ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ եղեր:
– Պահակնոց տանիմ նէ կը տեսնե՛ս ինչ պիտի ըլլայ:
– Ինչո՞ւ պիտի տանիս եղեր: Որո՞ւ ինչ կ’ընենք կոր:
– Չեմ գիտեր ա՛լ: Չուէ՛: Այս կողմերը մի՛ սլքտար շատ:
– Հասկցաք: Կ’երթամ կոր արդէն:
Ատելութեամբ, արհամարհանքով, սրտնեղութեամբ լեցուն մռայլ ակնարկ մը նետեց ոստիկանին, անպառկառ շարժուձեւերով հեռացաւ: մութին, մշուշին մէջ, գորշ ստուեր մը կռթնած էր կամուրջին սանդուխին:
– Ձուկերդ չկրցա՞ր ծախել դեռ, հարցուց Պուրունսուզ Քատրիյէ:
Ձկնորսին տրամադրութիւնը շատ գէշ էր: Ա՛լ չէր կանչեր յաճախորդները: Անձրեւի կայլակներ կը փայլէին պեխերուն մէջ: Պուրունսուզ Քատրիյէ կեցաւ անոր առջեւ, ձուկերուն նայեցաւ, ձկնորսին նայեցաւ,արտայայտութիւնը բոլորովին փոխուեցաւ:
– Այս օդին կը սպասուի՞, մրմնջեց: Թրջեր ես:
Ձկնորսը դէպի երկինք վերցուց թաց դէմքը, ուր խորշոմներ կը կտրէին այտերը: Շոգենաւի մը լուսարձակը յամեցաւ դիմագիծերուն վրայ, ձերբակալեց բերնէն ժայթքող թանձր շոգին: Պուրունսուզ Քատրիյէի աչքերը յանկարծ կենդանացան:
– Ծօ՛, տղա՛յ, ըսաւ, ձգէ ծախելը, եկուր երթանք ինծի, քեզի եփեմ այդ ձուկերը, համով հոտով կեր, անուշ ըլլայ: Միասին ուտենք:
Ձկնորսը սանդուխներէն վար իջնող ուղեւորներուն նայեցաւ երազկոտ: Երկարած մօրուքը կը սեւցնէր այտերը: Քատրիյէ յարեց հառաչանքի մը պէս…
– Այնքա՜ն անօթի եմ որ…
Ժպտեցաւ: Ձկնորսի գլուխը անդին դարձուց, քովէն անցնող այրերուն, կիներուն հետեւեցաւ ակնարկովը: Դէմքին մկանները կը պրկուէին:
– Շա՞տ անօթի ես, մռլտաց:
– Երէկ իրիկուընէ ի վեր ծոմ եմ: Եկուր միասին քէյֆ ընենք այս գիշեր: Սենեակս քեզի յարմար չէ, կտրի՛ճ, բայց ի՞նչ ընենք, պակասութեանս չես նայիր: Հէ՞, ծօ՛,ի՞նչ կ’ըսես…
Ձկնորսը, ակնարկը յառած գէր մարդու մը` որ կը շտապէր դէպի թաքսիներուն կայանը, թղթեասակ մը հանեց, ձուկերը մէջը լեցուց, Պուրունսուզ Քատրիյէին ձեռքը դրաւ:
– Գնա, եփէ, կեր:
– Դուն չե՞ս գար:
– Ոչ:
– Չե՞ս ուզեր…
– Ոչ:
Պուրուսուզ Քատրյէն ուսերը թօթուեց, ժպիտը մարեցաւ:
– Ալ մի՛ կենար, մանչս, մսիս պիտի, ըսաւ, ձայնին մէջ ոխի անզգալի շեշտով մը:
Քանի մը քայլ առաւ, ուսերը կրկին թօթուեց, բաներ մը մռլտաց քիթին տակէն: Թղթեքսակը արդէն թրջած էր անձրեւէն: Զայն երկու ձեռքով բենեց օդին մէջ, ուշադրութեամբ: Ջուրը, ցեխը, ծակ ներբանով կօշիկէն ներս թափանցած, թացութիւնը գուլպաներէն վեր կը մագլցէր:
Յանկարծ ետ դարձաւ: Մոռցէր էր սիկարեթ մը ուզել: Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ հատ մը ծխել, փորը լաւ մը կշտացնելէ ետք:
Ձկնորսը մեկնած էր արդէն: Սանդուխին տակը` խաւարը և անձրեւը բռնած էին երիտասարդին տեղը:
Պուրուսուզ Քատրիյէ ծամածռութիւն մը ըրաւ: Գլուխը կախեց, դէմքը կախեց: Ծեր կին մըն էր այդ պահուն: Շրթունքին կարմիրը սրբուած, աչքին սիւրմէն կոպերն ի վար կը վազէր անձրեւին կաթիլներուն հետ: Քիթին խոռոչը գերեզման մըն էր:

1952

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *