Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան | Բարեւ մարդ կա՞յ

Մեր բարեւները, երկիր մոլորակէն կը յղենք ձեզի. Մեր երկրագունդէն դէպի տիեզերք, դէպի եզերք չունեցող անծանօթ աշխարհ, ուր նշաններ կան կեանքի գոյութիւնը հաստատող․․․
Աղմուկ կը լսենք, ճառագայթներուն մէջ թաքնուած, լոյսի ելեւէջներուն միացած վերիվայրող ծովալիքներու նման աղմկող լիցքեր։ Լոյսի մեղեդիացած ազդանշաններ։
Տիեզերքը իր երգը ունի, որ կարելի չէ գաղտնի պահել. նոյնիսկ խուլ ականջներուն համար լսելի երգ կամ զգացողութիւն, թերեւս ալ եօթներորդ կամ ութներորդ զգայարանքով հասկնալի,մեր նախնիներէն բնազդաբար մեզի փոխանցուած հեռազգայութիւն․․․
Մեր նմանը փնտռելու կու գանք ու մեր երկրագունդին արտացոլանքը կամ երկուորեակը գտնելու, ուր կարենանք հանգիստ ոտք կոխել ու շունչ մը քաշել, բարեւել մեր նմանակիցին, մեզմէ քիչ մը տկարին կամ ալ զօրաւորին , որ պատրաստ է յարգանքով օգնելու մեզի, ճշմարտութիւններ բացայայտելու.հոգ չէ թէ տարբեր քաղաքակրթութիւններէ եղած ըլլանք․․․
Կը լսէ՞ք մեր ձայնը…
Ձայն տուէք, դուք, ով որ ալ ըլլաք, էք, կամ կը ձգտիք ըլլաք։
Հիմա ամէն ժամանակէ աւելի յստակօրէն կը տեսնենք վազվզող անթիւ եւ անհամար մոլորակներ․իննն բիւրապատկուած՝ միլիոններու վերածուած։ Մեր արդիական սարքերով կը տեսնենք միլիոնաւոր նոր ծնած մոլորակներ…
Առանձի՞ն ենք ․․․
Թերեւս ալ մէկը կը փորձէ գտնել մեզ, կամ ինչու չէ, գտնել իւրաքանչիւրս՝ առանձին առանձին։
14 միլիառ տարեկան կապոյտ մեր մոլորակին վրայէն ձեզմէ որեւէ մէկը չ՛անցա՞ւ․ ոչ ոք չտեսա՞ւ մեզ։ Այլմոլորակայիններ, ո՞ւր էք, ձայն տուէք․․․
Գուցէ ցնորական են մեր այս մտածումները, մենք միակն ենք ու հպարտ ըլլալու ենք որ յատուկ ենք եւ իւրայատուկ ձեւով ստեղծուած, բոլորէն տարբեր, բոլոր մոլորակներէն հեռու մեր փոքրիկ անկիւնին մէջ սիրով գոյացած անհասկնալի բարի «էութեան» մը կողմէ ՝որ կը փորձէ իր նմանակները ունենալ։ Մէկս միւսին բնաւ նման չենք, իւրաքանչիւրս յատուկ ու անկրկնելի էակներ ենք, ինչպէս իւրաքանչիւր մոլորակ իւրայատկօրէն գեղեցիկ եւ զանազանուող միւսներէն, բայց նաեւ այնքան նման ենք իրարու մենք մարդիկս՝ ինչպէս մոլորակները իրենց արտաքինով։
Թերեւս ալ մեր մոլորակին առանձնայտկութիւնը ըլլալու է, իր մէջ՝ այս այնքան յատուկ արարածը, մարդը կրելու պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը։
Թերեւս ալ այդ բարի «էութիւն»ը մեզմէ հիասթափած, մեզի նմանակից էակներ փորձած է զետեղել, իր նոր գոյացուցած այդ մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ գունդերուն, արժէքաւոր գնդիկէ խաղալիքներ յիշեցնող հրաշալիքներուն վրայ, որոնք անիմաստ կամ աննպատակ ըլլալէ շատ հեռու կը թուին ըլլալ։
Իսահակ Նիւթոն կը հաւատար հրաշքներուն եւ կը հաւատար, որ երկրագունդը ստեղծիչ մը ունի, որ հովանաւորն է անոր, եւ ամէն անգամ երբ խանգարում կամ հարց յառաջանայ, ան անմիջապէս միջամուխ կ՛ըլլայ մեր այս մեծ եւ հսկայ տան նորոգութեան ու կարգաւորման համար, փոխելով հաշուարկներն ու օրէնքները անոր․ եւ այն ատեն ալ կը պատահի հրաշքը։
Կրկին ներքին անհանգիստ ու անինքնագոհ մեր ձայնը կը մտածէ եւ կ՛արտայայտուի․-ո՞վ կը դիտէ մեզ․․․
Բնական է, որ մեր մոլորակն ու տիեզերքը հետապնդողը իր տեսադաշտին կեդրոնը պահողը, հսկայ մը ըլլայ, ո՛չ ֆիզիքական հասկացողութեամբ, թերեւս իմացական եւ հոգեկան ամբողջականութեամբ վիթխարի կարողութիւն , որ հնարաւորութիւնը ունենայ տիեզերական ահազդու հիասքանչ գոյակցութիւններ հմտութեամբ կառավարելու եւ տնօրինելու անոնց փոփոխութիւններն ու անոնց մէջ իմաստ ու նպատակ դրած ըլլայ։
Հայելապատ երկինքէն, միլիառաւոր տարիներ սահած են ու պիտի սահին, հեռուներէն, մարդանման, մեզ հասկցող, մեզ նկատող ոչ մէկ աչք չունեցա՞ւ արդեօք մոլորակը մեր իւրայատուկ։
Ու հիմա կրկին մեր նամակներով, մեր մոլորակային ձայներով եւ մեղեդիով, մեր պատգամը կը յղենք ձեզի, ով բնակիչներ տիեզերքի արդէն քանի երրորդ անգամ․կը լսէ՞ք մեզ…
Կը խնդրենք պատասխան տուէք․
․․․․․
Ատեն ատեն, քերծուածքներէ խանգարուած խտասալիկի խշխշոցներու նման ձայներ կը լսուին, ու ետքը․․․
Ձայն բարբառոյ յանապատի․․․
Մեր մոլորակի բնութեան ձայնը կը ղրկենք ձեզի, կայծակնային ամպրոպի բարկաճայթ որոտը․ ծովերու ահագնացող ալիքներուն գոչիւնը, ծառերու տերեւներուն խշշոցը․․․․
Կեանքի առաջին կայծը կայ մեր բառերուն, մեր ձայնի ելեւէջներուն մէջ եւ մարդ արարածի, այս մոլորակի գլխաւոր դերակատարին եւ հերոսին, անոր թանկարժէք կերպարին ծիծաղը, այո մեր ձայնի ամենամեծ առանձնայատկութիւնը մեր ծիծաղը, որ այնքան թանկ է եւ մեր սէր խոստովանող երկու այն բառը, որ բառ ըլլալէ աւելի զգացում է, ապրում եւ կեանքի իմաստ․արդեօք այդ մէկը հասկնա՞լի է ձեզի։ Այսինքն կեանքին իւրայատկութիւն եւ իմաստ տուող թրթիռը. եթէ այդ մէկը հասկնաք, մնացեալ բոլոր բաները, այդքան ալ մեծ արժէք չեն ներկայացներ, ուրեմն թերեւս կարենանք հասկցուիլ իրարու հետ։ Ճշմարտութիւնը վէճերէ չ՛ախորժիր, ան միմիայն յարգանք ու սէր կը պահանջէ։

Մարդ չկա՞յ հոն․․․
Մեր իմաստուն բառն, ու կշիռք ունեցող խօսքը կը ղրկենք՝«խաղաղութիւն ձեզի», չենք ստեր․․․
լսող չկա՞յ․ լսելու ականջ ունեցողը թող լսէ, թերեւս ալ լսած է եւ կը պատրաստուի պատասխանել․․․
Որքան դժուար է, երբ կը լսեն բայց չեն պատասխաներ։ Անպատասխան կը ձգեն, քեզի համար ամենակարեւոր հարցումը․ կարծես կ՛արհամարհեն քեզ, թերեւս ալ կը զգուշանան պատասխանելէ, կամ պատասխանատուութիւն վերցնելէ, կամ ալ իրօք խանգարու՞մ գոյութիւն ունի հեռահաղորդակցական կապերուն միջեւ։ Բոլոր պարագաներն ալ յուսահատութիւն եւ ցաւ կը յառաջացնեն, նաեւ յարատեւելու կորովը կը կասեցնեն։
Թերեւս դուք այնքան մեծ էք ու ամենակարող, որ արհամարհէք մեր ձայնը, տագնապն ու թրթիռը եւ ի վերջոյ մեր սէրն ու համագործակցութեան հրաւէրը։ Մեր եւ ձեր միջեւ ոչ թէ անանց լեռներ կան, հապա անանաց անջրպետներ ու տիեզերական անչափելի տարածութիւններ, բայց կը հաւատանք, որ եթէ սէր ունենանք այս անկատարութիւնը վերջ պիտի գտնէ․ եթէ սէր ունենաք ձեզ պիտի տեսնենք դէմ առ դէմ ու պիտի ճանչնանք ձեզ, ձեր յստակ ձայնը պիտի լսենք, որ բարեկամութիւն եւ գործակցութիւն կ՛առաջարկէ մեզի։ Ձեր յստակ ու ջինջ ձայնը, որ ալ ուրիշ բացատրութեան կարիք չըլլայ։
Եթէ սէր չունենաք, նոյնիսկ եթէ հրեշտակներու լեզուով խօսիք մեզի հետ, տարբերութիւն մը չէք ունենար պղինձէ շեփորէն որ կը հնչէ կամ ծնծղաներէն որ կը ղօղանջեն։ Իսկ մեր գիտութիւնը ոչինչ պիտի արժէ եթէ սէր չունենանք: Սէր ունեցողը միշտ կը հաւատայ, միշտ կը համբերէ եւ միշը կը յուսայ։
Սէրը անվախճան է․․․իսկ գիտութիւնը օր մը վերջ պիտի գտնէ։ Կը յուսամ որ օր մը դէմ առ դէմ նստած, միասին հաց կը կտրենք եւ անարգել կը շրջագայինք այս անհուն ու անծիր տիեզերքով մէկ․․․
Ով մեծութիւն կամ աներեւոյթ բազուկ, կամ մեզ դիտող, կամ մեր վրայ ծիծաղող, ամէն պարագայի, այս խտասալիկը իբրեւ բարեկամական ձայն, իբրեւ աղերսանք կը ղրկենք ձեզի, արդէն քանի երրորդ անգամ, փոխադարձ բարեկամութեան եւ հասկացողութեան իբրեւ նշան։ Պատասխանեցէք, ինչպէս կը պատասխանուին մեր անկարելի կարծուած խնդրանքներն ու կ՛իրականան անոնք. ինչպէս մեր աղօթքներուն պատասխանները որոնք կը հասնին մեզի զարմանալիօրէն ու հրաշք կ՛անուանենք այդ բոլորը, ինչպէս մեր անլուծելի հարցերուն հարթուիլը երկվայրկեանի մը մէջ․ պատասխանեցէք կը խնդրենք․․․արդեօ՞ք հրաշքը միայն յատուկ է մեր մոլորակին ։
Ձայն մը շատ հռուներէն կը լսուի, որ կ՛ըսէ, այսպէս աւելի երջանիկ էք դուք՝ մարդիկ, մի փորձէք հասկնալ անհասկնալին, կամ զանոնք ձեր մտացածին ձեւրով փորձել ընկալել…Քանի որ եթէ հասկնաք ամէն բան,այդ օրն իսկ պիտի սկսիք նմանիլ այս բոլորը ստեղծողին եւ զարմանալու ոչինչ ու ոչ մէկ առիթ պիտի ունենաք այլեւս․․․

 13 Յուլիս 2017, Հալէպ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *