Մաս 2
Բ. ԱՍԻԱԿԱՆ ՈՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ՄԵՆԱՄԱՐՏԸ
I. Առաջին Երկու Հազարամեակները
Արեւելք ու Արեւմուտք՝ երկու թշնամի:
Եւ այդպէս եղեր են մի՛շտ:
Եւրոպայի ծնած օրէն, այսինքն՝ արիական ժողովուրդներու Միջերկրականի կապոյտին վրայ երեւցած օրէն, եղեր է միշտ այդ երկուքի փոխադարձ թշնամութիւնն ու հակառակութիւնը, իրար զգետնելու, իրար տիրելու փոխադարձ ձգտումը:
Եւ, երբ ուշադրութեամբ կը դիտես պատմութիւնը՝ տեսակ մը կանոնաւոր ետ ու առաջ շարժում կը տեսնես այդ երկուքի ընդհարման մէջ: Երբեմն մարդկութան պահպանողական կուսակցութիւնն է, երբեմն յառաջդիմակա՛ն, որ կը յաղթէ, առաջ կուգայ, իր ձեռքը կ’առնէ համամարդկային գերիշխանութիւնը եւ ի՛ր սկզբունքներուն կ’ենթարկէ քաղաքակրթութեան ընթացքը. նո՛յն ձեւով մօտաւորապէս, ինչպէս անգլիական պարլամենտին մէջ կանոնաւոր կերպով վիգերն ու թորիները իրար ձեռքէ կը խլեն երկրին կառավարութեան ղեկը ու իրար կը յաջորդեն:
Բնականաբար բախումը տեղի կ’ունենայ այն կէտերուն վրայ, ուր երկու քաղաքակրթութիւնները երես երեսի կուգան:
Սկիզբը խօսքը Արեւելքինն է:
Յոյներու Յոնիականի ափերը ոտք դնելէն սկսած մինչեւ Ալեքսանդր Մակեդոնացին, այսինքն՝ շուրջ հազար տարի, քաղաքականութեան ու քաղաքակրթութեան վարիչը առաջ Նինուէն է ու Բաբելոնը, ետքը՝ Պարսկաստանը: Վերջինս իր իշխանութեան տակ կը միացնէ ասիական այն բոլոր երկիրները, որոնք ինկած են Միջերկրականէն մինչեւ Հնդկաստան ու միջին-ասիական անապատները, Եգիպտոսն ալ մէջը առած, ինչպէս հիմա կ’անուանենք՝ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքը, այսինքն՝ Ասիայի միակ մասը, որ մշտական շփման մէջ է եղած Եւրոպայի հետ մինչեւ նորագոյն դարերը:
Այս միջոցին արեւմտեան հոգին, ստեղծագործութիւնն ու պետականութիւնը արդէն այնքան ուժեղցեր, կազմաւորուեր ու հարստացեր էր Յունաստանի մէջ, որ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին պարսիկ թագաւորներու գխաւոր ջանքն ու երազանքը յոյներու անձին եւ ունեցածին տիրելն էր, որը մասամբ միայն յաջողեցան, գրաւելով Փոքր Ասիայի ափերը եւ Թրակիան, իսկ մնացած մասերուն վրայ առաւել կամ նուազ անուանական գերիշխանութիւն մը:
Այս հազար տարուան արեւելեան առաջնութեան կը յաջորդէ երկրորդ հազարամեակ մը, մակեդոնական արշաւանքէն մինչեւ արաբական պետութեան մը ասպարէզ գալը, երբ գերիշխանութիւնն ու քաղաքակրթական ղեկավարութիւնը կ’անցնի արեւմուտքի ձեռքը:
Նախ՝ Ալեքսանդրի չափազանց տիպիկ արշաւանքը, ետքը՝ Սելեւկեան ու Պտղոմեան տները, ետքը՝ Հռոմայեցիք, վերջն ալ՝ Բիւզանդիոնը: Այսինքն՝ սկիզբը Հելլենիզմի տիրապետութիւնը, ոգին ու քաղաքակրթութիւնը, իսկ վերջը՝ քրիստոնէութիւնը:
Քրիստոնէութիւնը իբրեւ դաւանանք ու պաշտամունք խառնուրդ մըն է ու եզրակացութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի եւ յունահռոմէական բոլոր կրօնական ըմբռնումներուն ու ձգտումներուն: Իսկ իբրեւ բարոյական ու ընկերային իտէալ բոլորովին նոր թռիչք մըն է մարդկային մտքի ու զգացման. ծովու բերած քաղաքակրթութենէն ալ անդին անցնելու ոստում մը:
Կեանքի ու ծովու փոթորիկները յաղթահարելու իր փորձերէն ետքը՝ մարդու հոգին ճիգ կ’ընէ իր ներսի դին, իր խորքերուն մէջ փոթորկող կրքերուն ծովն ալ զսպելու. ընկճել կ’ուզէ իր եսական ձգտումները, իր անձնական վայելքները, ուրիշները շահագործելու ներքին բնազդը: Ուժի, վայելքի ու եսի տիրապետութեան դէմ բուռն բողոք մըն է, ու քարոզ մը սիրոյ, անձնուիրութեան ու ալտրուիզմի: Խոր, ջինջ ու ծաւի բարոյականութիւն մը իր շուրջի ծովուն նման եւ հեռաւո՛ր բարոյականութիւն մը, մեզի համար դեռ շա՛տ հեռաւոր ու ետ-ետ փախչող բաց ծովերու հորիզոնին նման:
Բայց Արեւելքի մէկ կարեւոր մասին տէր դառնալը, արեւելեան ժողովուրդներու հասկացողութեանն ու ճաշակին հետ մօտիկ ու տեւական շփումը, ինչպէս եւ ներքին քաղաքացիական կռիւները եւ տնտեսական պատճառները հետզհետէ բաւական կ’աղճատեն արեւմտեան ոգին նոյնիսկ բուն իր հողին վրայ: Իսկ Քրիստոսի երրորդ դարէն սկսած՝ հիւսիսէն անվերջ դէպի հարաւ խուժող գերման ցեղերու ողողումին տակ, հռոմէական կայսրութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կամաց-կամաց կը վերածուին փլատակներու, եւ ծովու հոգեբանութիւնը կը մարի վերջանականապէս:
Եւրոպան դարձած է Ասիա, այսինքն՝ ցամաք, այսինքն՝ միջնադար:
II. Երրորդ կամ Մահմետական Հազարամեակը
Եւ ճիշդ այդ վայրկեանին է, որ Մերձաւոր Ասիան ոտքի կ’ելնէ նոր թափով: Արաբիայի անապատներուն մէջ կը ծլի նոր կրօն մը, ու նոր պետութիւն մը, որ մէկ-երկու տասնեակ տարիներու միջոցին տէր կը դառնայ Հինդիքուշի լեռներէն մինչեւ Ատլանտիկ տարածուող աշխարհին:
Սահարայի խորքերը ու Սահարայի շուրջը, Միջին-Ասիայի անապատները եւ այդ անապատներուն շուրջը ամէ՛ն տեղ յաղթական է այդ նոր կրօնապետութիւնը, մահմետականութիւնը, եւ բոլոր այդ մանր ու խոշոր ժողովուրդները կը քաշէ ու կը կապէ իրարու: Որովհետեւ ինքը ծնունդ է անապատի, որովեհետւ իր դաւանանքը խիստ պարզ է ու մատչելի, որովհետեւ չի հարկադրեր որեւէ լուրջ զրկանք ու պարտաւորութիւն. ընդհակառակը, կը խոստանայ ամէն բարիք ու վայելք թէ՛ այս եւ թէ՛ միւս աշխարհին մէջ, բաւական է, որ հետեւիս իրեն: Իսկ չհետեւողը դուրս է ամէն օրէնքէ եւ իր անձն ու գոյքը ուղղափառներու տրամադրութեան տակ. տիրէ՛, խլէ՛, առեւանգէ՛, ջարդէ՛ ու յափշտակէ, այսինքն՝ ամենաընտանի բարոյականութիւնը ամէն մարդու, մանաւանդ կիսավայրենի ժողովուրդներու ուժի ու եսի բարոյականութիւնը, գիշատիչի հին ու հնաւանդ իտէալը:
Եւ երբ արագ կերպով կը սկսի աճիլ արաբական քաղաքակրթութիւն մը, արեւելեան կեանքի ու ճաշակի, արեւելեան մտքի ու զգացումներու նոր ու փարթամ ծաղկում մը, իր ձեռքն առնելով ե՛ւ առուտուր ե՛ւ արհեստ, փիլիսոփայութիւն ու բժշկութիւն, ե՛ւ գիտութիւն ե՛ւ արուեստ, անդի՛ն արեւմուտքի մէջ միայն քրիստոնէութիւնն է, որ ապրած է հինի աւերակներէն եւ կամաց-կամաց կը տարածուի ամբողջ Եւրոպայի ցամաքին վրայ, հետզհետէ ցածնալով ու յարմարուելով կիսակիրթ նոր ցեղերու ճաշակին ու բարքերուն: Եւ շատ չանցած Արեւելք ու Արեւմուտք գաղափարները կը նոյնանան մահմետական ու քրիստոնեայ բառերուն: Եւ կը սկսի անհաշտ ու երկարատեւ կռիւը այդ երկուքին միջեւ դարեր ու դարեր յանուն Քրիստոնէութեան եւ յանուն Մահմետականութեան, թէեւ այդ Քրիստոնէութիւնը մեծ տարբերութիւն մը չունի Մահմետականութենէն: Որովհետեւ թէ՛ Բիւզանդիոնը եւ թէ՛ պապականութիւնը, թէեւ շարունակութիւնը հին արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ ղեկավարը Քրիստոնէութեան, բայց ինքնին իրենց ոգիով եւ ըմբռնումով դարձած են բոլորովին արեւելեան:
Հիմքը հեղինակութիւնն է, քարացած դոկմաները եւ աստուածապետական սկզբունքները. նո՛յն սէրը փարթամութեան ու վայելքի նոյնիսկ հոգեւորականութեան մէջ, նո՛յն ծարաւը յափշտակելու ու ջարդելու եւ նո՛յն անյագուրդ վէճը աստուածաբանական նրբութիւններուն շուրջը: Պապականութիւնը բուռն ձգտում մըն է նմանուելու արեւելքի խալիֆայութեան: Եւ ժամանակի ամենէն աւելի արեւմտեան, ամենէն աւելի ծովային ոգի ունեցող կտորը, այսինքն՝ Լոմպարտական քաղաքները անոնք ալ նուազ արեւելք չեն. նոյն շունչը՝ ամէն տեղ:
Դարաշրջանը վարողը Ասիան է: Երբ արաբներու ուժը կը սպառի, Մահմետականութեան դրօշակը Մերձաւոր Արեւելքի տիրապետութեան հետ կ’անցնի Միջին Ասիայի անապատներէն դուրս յորդող թուրանական ցեղերու ձեռքը: Անոնք իրենց զարգացման ցած աստիճանովը ոչինչ չեն բերեր մահմետական քաղաքակրթութեան, բայց իրենց խաշնարածի թարմ կռուասիրութեամբ տէր կը դառնան ե՛ւ խալիֆներու հաւաքած հողամասերուն ե՛ւ արաբական ու պարսկական կուլտուրայի արտադրութիւններուն, կը քշեն մինչեւ Պոլիս, կը տիրեն Բալքանները, մինչեւ Դանուբի ջրերը եւ անկէ անդին մինչեւ Վիեննայի պարիսպները. այսինքն՝ կը հասնին Արեւելքի յառաջխաղացման ամենալայն սահմանները:
Վայրկեան մը ամբողջ Եւրոպան Ասիայի սուրին ու սպառնալիքին տակն է: Հոտկէ ալ արագ կը սկսի անկումը Օսմանեան կայսրութեան:
Այսպէսով եօթներորդ դարէն մինչեւ տասնըեօթերորդը, ուրեմն նորէն մօտաւորապէս հազարամեակ մը, Արեւելքն է գերիշխողը ե՛ւ իր զէնքով ե՛ւ իր դիրքովը ե՛ւ իր ըմբռնումներովը:
III. Արեւմտեան Նոր Դարաշրջանը
ԺԵ-րդ դարէն արդէն կամաց-կամաց կը պատրաստուի Արեւմուտքի նոր զարթօնք մը, արեւմտեան մտքի ու արեւմտեան մարդու նոր շարժում ու գործունէութիւն: Եւ այդ զարթօնքը նորէ՛ն շնորհիւ ծովերուն, մեծ ծովերուն, ովկիանոսին:
Փորթուգալն ու Սպանիան ծովային նոր ճամբաներ կը փնտռեն, կ’ուզեն հասնիլ Հնդկաստանի հարստութիւններուն ու համեմներուն՝ ծովու ճամբով: Վասկօ-դէ-Կաման Աֆրիկայի շուրջը կ’ընէ եւ Եւրոպայի առաջին նաւը կը մտնէ Հնդկաստան: Քրիստափոր Քոլոմպոսը կը ձգտի աւելի կարճ ու շիտակ ճամբի, միշտ Արեւմուտք երթալով Արեւմուտքը հասցնել Արեւելք: Կը գտնուի ե՛ւ այդ ճամբան, բայց մինչեւ այդ ճամբան գտնուիլը, կը բացուին Ամերիկան, Աւստրալիան, եւ, եթէ կ’ուզէք, նաեւ Աֆրիկան, այսինքն՝ աշխարհիս ուղիղ կէսը:
Ի՜նչ ցնցում մտքի ու հոգիի, ի՜նչ շարժում. միջնադարեան ըմբռնումներու եւ ասիական հեղինակութեան ամբողջ շէնքն է, որ կը փլի: Նո՛ր հորիզոններ, նոր երկիրներ, նոր մարդիկ, նոր բարքեր, նոր հարստութիւն, նոր բոյսեր ու կենդանի եւ հետզհետէ նոր-նոր գաղութներ, նոր խառնուրդ ժողովուրդներու, ապրանքներու, կեանքի ձեւերու եւ հոգեբանութեան: Եւ նոր մշտական հաղորդակցութիւն այդ բոլոր նորութիւնները իրարու կապող, մի՛շտ ծովով: Ասպարէզը ծովու մարդունն է, գերիշխաննութիւնը՝ ծովուն վրայ ամենէն բարձր կարողութիւնը ցուցադրողին: Փորթուգալ, Սպանիա, Հոլանտա, Ֆրանսա ու Անգլիա կը մրցին իրարու հետ. բոլորն ալ կ’ապրին ովկիանոսին եզերքը, բոլորն ալ իրենց դէմքը դարձուցած են դէպի նոր երկիրները, դէպի նոր ծովերը, դէպի նոր ճամբաները, որ կը տանին Ասիա:
Եւ ասկէ ետքը մեծ ազգերու բախտը կը վճռուի ծովուն վրայ, կռիւները կ’ըլլան գաղութներու համար: Մեծ պետութիւններու բարձրացումն ու անկումը կը պայմանաւորուին իրենց գաղութային քաղաքականութեամբ, իրենց հզօրութիւնն ու արտադրութիւնը կը սնուին գաղութներու հարստութեամբ: Հազարաւոր մղոններով հեռու կղզի մը, հանք մը, շուկայ մը, յարմար դիրքով ծովուն մէջ ցցուած ժայռի կտոր մը շատ աւելի մօտիկ ու կարեւոր է յաճախ, քան դրանցի ընդարձակ տարածութիւններ:
Այդ ծովային կռիւներուն, արշաւանքներուն, երթեւեկին, առուտուրին ու արկածախնդրութիւններուն մէջէն ահա՜ կը ծնի նորէն հի՛ն արեւմտեան ոգին, հի՛ն յունահռոմայեցին, հին եւրոպացի մարդը. միայն շա՛տ աւելի լայն հորիզոններով, շա՛տ աւելի լայն ազգութիւններու մասնակցութեամբ եւ շա՛տ աւելի լայն ու խոշոր աշխատանքով: Եւ բնական կերպով կը վերակենդանանան հին պետական աւելի ազատ ձեւերը, հին կրօնական ազատախոհութիւնը, հին ժողովրդավար սկզբունքները, մարդկային արժանիքի ու բարձրութեան հին ըմբռնումը, հին պաշտամունքը անհատականութեան, հին տիրող հոգին ու գործնական մտածումն ու փիլիսոփայութիւնը, ինչպէս եւ գործի, շարժման ու աշխատանքի սէրը:
Եւրոպայի այս նոր բարձրացումը, որ ծայր կուտայ ԺԵ ու ԺԶ-րդ դարերէն եւ կ’ամրանայ ԺԷ ու ԺԸ-րդի ընթացքին, ԺԹ-րդ դարու սկիզբէն բացարձակ տէրն է աշխարհքի:
Եւ այս նոր ու բուռն գործունէութեան դէմ, գիտութեան ու տեխնիկի այս յանդուգն զարգացման դէմ, պետական ու վարչական այս նոր ըմբռնումներուն ու կարգերուն դէմ եւ այսքա՜ն ազգերու միահամուռ ու միակամ արշաւանքին ու կամքին առաջ, Արեւելքի կազմն ու ոգին անկարող էր դիմադրելու մանաւանդ իր արդի խարխլած ու հնադարեան վիճակին մէջ: Պէտք է խոնարհեր գլուխը եւ մասնաւորապէս Եւրոպայի հի՛ն ախոյեանը՝ Մերձաւոր Արեւելքը:
Բոլոր մահմետական պետութիւնները անխտիր կա՛մ բոլորովին ենթարկուեցան եւրոպական իշխանութեան, կա՛մ պահած են թէեւ արտաքին երեւոյթը անկախութեան, բայց իսկապէս խաղալիքն են եւրոպական պետութիւններու, եւ եթէ դեռ կը տեւեն, արդիւնք է պարզապէս եւրոպական պետութիւններու միջեւ եղած մրցակցութեան:
Այսպէսով՝ արեւելեան ոգիի երկրորդ տիրապետութիւնը, այսպէս ըսենք, մահմետական ծաղկումը, արդէն շատոնց փակուած պատմութիւն մըն է, իր մօտաւորապէս հազար տարուան գերիշխանութենէն ետքը Արեւմուտքի հանդէպ: Այդ գերիշխանութիւնը առնուազն երկու դարէ ի վեր անցած է Եւրոպայի ձեռքը, ինչպէս եւ մարդկային քաղաքակրթութեան ու յառաջդիմութեան ջահը:
Եւ ինչպէս որ մահմետական հազարամեակին նոյնիսկ մեր պապերն ու Բիւզանդիոնը, նոյնիսկ Վենետիկն ու Ճենովան ու խաչակիրները ենթարկուած էին արաբական ու արեւելեան ըմբռնումներուն, ձեւերուն ու ոգիին, առանց գիտակցելու, մինչեւ անգամ Մահմետականութեան դէմ կռուիլ ուզած միջոցին, այնպէս ալ հիմա մահմետական երկիրները, իրենց գոյութիւնը պահպանել կարողանալու համար գոնէ իբրեւ երկրորդական պետութիւններ, ստիպուած են փոխ առնելու Եւրոպայէն զէնքեր, մտքեր, հաստատութիւններ, պարլամենտներ ու տնտեսական ձեւեր բոլորովին հակառակ իրենց էութեան ու հոգեբանութեան:
Բայց ուրիշ ճար չկայ: Եւ ասիական ժողովուրդներէն միայն անո՛նք կրնան հիմա դեր մը խաղալ պատմութեան մէջ եւ արժէք մը ներկայացնել քաղաքակրթութեան համար, որոնք իրապէ՛ս իւրացնել կարողանան արեւմտեան ոգին: Մինչեւ հիմա միայն Ճապոնն է այդ ժողովուրդը, եւ բացատրութիւնն ալ շատ պարզ, չէ՞ որ ծովու զաւակ է, ան Եւրոպան է Ասիայի ամենաարեւելեան ծայրին:
Արդեօք եւ այդ երկրորդ արեւմտեան գերիշխանութեան ու քաղաքակրթութեան շրջանը ունենալու է իր խորհրդաւոր հազարամեակը, ինչպէս եղեր է մինչեւ հիմա նախորդ կրկնակի փոխանցումներու ժամանակ, թէ՞ տեւելու է աւելի կարճ կամ աւելի երկար հարց մըն է, որ գուշակութիւններու աշխարհին կը պատկանի:
Այսքանը միայն կրնանք ըսել այժմ, որ սկսուածը դեռ խիստ նոր ու թարմ շարժում մըն է, դեռ դարերու ապագայ ունի իր առջեւը եւ իրենց ուժերը դեռ լիովին չգործադրած ժողովուրդներ կը սպասեն հերթի:
Երբ յոգնի ու խոնարհի Անգլօ-սաքսոն տարրը, ետեւը կեցած է Գերմանիան եւ Հիւսիսը, խիստ աշխատող, մտածող, կազմակերպող ու ձեռնարկող ժողովուրդներ: Իսկ գերմաններու ետեւը սլաւոն տարրը, ռուսները մասնաւորապէս, այնպէս որ դեռ շատ մեծ են եւրոպական մտքի ու ոգիի պահեստի ուժերը եւ պատմական հնարաւորութիւնները:
Շարք մը դարերէ ետքը հաւանական է այս կամ այն ձեւով կրկին վերադարձ մը՝ պահպանողական գերիշխանութեան, ցամաքային ոգիին, ասիական տեսակէտներուն. նորէն տեսակ մը նահանջ՝ դէպի ետ, տեսակ մը էջքի ու հանգստի շրջան:
Թէ ուրկէ՞ պիտի փրթի փոթորիկը՝ իհարկէ կը պատկանի նորէն գուշակութեան աշխարհին: Եւրոպայի մէջ միշտ սուտ ու իրաւ վախ մըն է եղած «դեղին վտանգէն», այսինքն՝ Հիմալայեան պատնէշին ու չինական պարիսպներուն ետեւը սուսիկ-փուսիկ կծկտած ժողովուրդներէն, որոնք քիչ-քիչ սկսած են խլրտիլ: Ո՞վ գիտէ, արդեօք պատմական նոր զարթօնք մը ունենալու չէ՞, նոր Կոնֆուցիոսով մը խթանուած, այդ սարսափելի լուռ 400 միլիոնը, եւ ողողելու չէ՞ իր հեղինակութեան ու պահպանողականութեան պաշտամունքովը եւ անապատի ու սարաւանդի իր հասկացողութիւններովը մինչեւ Ատլանտեանի ափերը:
Այն ժամանակ մեր խեղճ անհատականութեանն ու ազատամտութեանը միակ փախուստի ճամբան կը մնայ իր ծովը. դէպի Ամերիկա՝ դէպի կղզիները:
Բայց ենթադրութիւններուն ներուած խախուտ սահմանը չափէն աւելի անցած չըլլալու համար դնե՛նք վերջակէտ:
Գ. ԱՐԴԻ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ
I. Իր Բնորոշ Գծերը
Հիմա մենք կ’ապրինք արեւմտեան քաղաքակրթութեան եւ ծովու տիրապետութեան դարաշրջանին մէջ: Այդ դարաշրջանի սկիզբն ենք, այդ դարաշրջան ելքին վրայ: Ան իր բովանդակ ուժը, բովանդակ ծաղիկը չէ բացած դեռ, եւ հասուն պտուղը դեռ շատ է հեռու: Դեռ շատ կան նախորդ շրջանէն ու ցամաքային քաղաքակրթութենէն մնացած ձախորդ ու յետամնաց ժառանգութիւններ, որոնք պէտք է աւլուին մէջտեղէն տեղ բանալու համար նորերուն ու ժամանակի պահանջին:
Եւ որովհետեւ ծովն է առանցքը արդի քաղաքակրթութեան՝ բոլոր ցամաքներն ու կղզիները ո՛չ թէ ծովերով կը բաժանուին իրարմէ, ինչպէս որ կ’ըլլայ ասիական տիրապետութեան շրջանին, այլ ծովերով կը կապուին իրարու: Եւ կը ստացուի սերտ շփում ու գործակցութիւն աշխարհիս բոլոր մասերուն միջեւ, քաղաքակրթութիւնը կը դառնայ համամարդկային, միջազգային, իրարու հիւսուած, իրարու հագցուած, իրարու կապուած: Եւ հսկայական չափերու կը հասնի միջազգային տնտեսութիւնը, որուն ազդեցութեանը կ’ենթարկուի ամէն ազգային տնտեսութիւն եւ ինքն ալ ակամայ կը ձգտի միջազգային դերի:
Այդ համատարած կապն ու շփումը, այդ ապրանքներու, ձեռնարկներու, արտադրութիւններու գիշեր ցերեկ դադար չունեցող երթեւեկը խթան կը դառնայ ամէն հարստանալ ուզող, ամէն դեր խաղալ ուզող ազգի, որ զբաղուի ամենէն առաջ արդիւնաբերութեամբ ու առուտուրով: Աշխատութեան շեշտը դաշտերու ցանքսերէն ու լեռներու արօտներէն կը փոխադրուի գործարանները, նաւահանգիստները եւ հաղորդակցութեան կապ ներկայացնող քաղաքները: Ու քաղաքները կը դառնան աշխարհքներ, ուր տեղի նեղութենէն խեղճ բնակչութիւնը իրարու քով ապրելու անկարող՝ հարկադրուած է ապրելու իրար գլխու:
Այս տնտեսութեան եւ այս երթեւեկին թէ՛ նոր-նոր նիւթեր, թէ՛ նոր միջոցներ հայթայթելու համար մարդկային միտքը լարուած աշխատանքի վրայ է: Եւ գիտակա՛ն աշխատանքի, այսինքն՝ բնութիւնը ուսումնասիրելու, եւ տեխնիկակա՛ն աշխատանքի, այսինքն՝ բնութիւնը կապկելու եւ իրեն ծառայեցնելու: Ասոր արդիւնքն է, որ օր չկայ, որ նորութիւն մը չբերէ, որ նոր գիւտ մը չելնէ մէջտեղ:
Նորելու, փոխելու, հնարելու, կատարելագործելու այդ անհանգիստ տենչը ընդհանուր է ամէն տեղ ու ամէն բանի մէջ ժամանակիս մարդուն հոգիին խորքը: Մեր դարը շեշտուած յառաջադիմական դար է: Ամէնքը առաջ կը նային ու կը ձգտին դէպի վեր: Հոգիները սլացք ունին, յանդգնութիւն, վստահութիւն եւ հաւատք մարդկային ուժին: Եւ ով ամենէն աւելի ունի այդ սլացքը, յանդգնութիւնը եւ հաւատքը իր հոգեկան ուժերուն՝ ա՛ն է, որ կը յաղթէ այս դարաշրջանին մէջ:
Եւ ճիշդ այդ պատճառով մեր դարաշրջանը անհատականութեան դար է. հիմնական պահանջը՝ անհատի ազատութիւնը, հիմնական ձգտումը՝ բանա՛լ ճամբաները ամէնուն առջեւը, որպէսզի ամէնքը կարող ըլլան դէպի վեր շարժուելու, ամէնքը կարող ըլլան կրթուելու եւ ընտրելու իրենց յարմար եկող աշխատանքը, ամէնքը կարող ըլլան գործադրելու իրենց շնորհքը, իրենց տաղանդը, իրենց ուժերը, ամէնքը հնար ունենան լսելի ընելու իրենց ձայնը, ըսելու իրենց մտածումը, եւ ասպարէզը բաց ըլլայ ամէն մրցումի:
Դեմոկրատիզմ բառը կը նշանակէ «ճամբա՛ տուէք ամէնուն». եւ դեմոկրատիզմի իդէալն է՝ տա՛լ հնարաւոր լայն աստիճանը անհատներու ազատութեան, որպէսզի հանրութիւնը շահի, եւ օղակե՛լ հանրութիւնը սերտ ինքն իր մէջ եւ զարգացնելը համայնական զգացումն ու գործունէութիւնը, որպէսզի բոլոր անհատները օգտուին:
Այս ներքին դրդումներուն համեմատ ալ ձեւուեր են ու կը ձեւուին մեր արդի կառավարութիւնները եւ պետական կազմը: Գերագոյն սկզբունքն է ժողովուրդի տիրայնութիւնը. ամէն ինչ ժողովուրդի համար ու ժողովուրդի կամքով: Որով ամէն պետական ու վարչական մարմնի հիմքը կը դառնայ ընտրութիւնը, ընտրական սիսթեմը, իսկ ձեւը՝ ժողովը, ամէն տեսակի մեծ ու փոքր պարլամենտներն ու համաժողովները: Եւ դարուս բոլոր ներքին քաղաքական մաքառումներն ու յեղափոխութիւնները վերջ ի վերջոյ կը դառնան այդ երեք իրարմէ բղխող իրաւական գաղափարներուն տրուելիք իմաստին ու սահմանումին շուրջը. ժողովուրդ, ժողով եւ ընտրութիւն:
II. Ազգերու Անկախացումն ու Դաշնակցումը
Նոյն ներքին զսպանակներուն համեմատ ալ ժողովուրդներու արտաքին քաղաքականութեան, ձգտումներուն եւ իրար հետ ունեցած փոխադարձ յարաբերութիւններուն վրայ տիրող սկզբունքը հետզհետէ կը դառնայ ազգային գաղափարը: Նախորդ դարաշրջանին ժողովուրդներու ներքին քաղաքականութիւնը հիմնուած է տիրող թագաւորական տան մը իրաւունքներուն վրայ, եւ ժողովուրդը ձայն չունէր, նոյն էլ եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերմամբ: Այսինչ իշխող տունը՝ խլելով կամ ժառանգելով՝ տէր էր դարձած որոշ երկիրներու եւ ժողովուրդներու, առանց որեւէ կարեւորութիւն տալու այդ ժողովուրդներու ցանկութեան:
Բայց, երբ կուգայ ժողովուրդներու ինքնիշխանութեան գաղափարը, երբ քաղաքակրթութեան զարգացումը կը սկսի պահանջել թէ ժողովուրդ մը ի՛նքն է, որ պէտք է որոշէ իր կազմն ու կառավարութիւնը, բնականօրէն ինքնին կուգայ տիրուած ու բռնի կերպով միացուած ազգութիւններու անջատման պահանջը, եւ նոյն ազգութեան բռնի կերպով բաժնուած մասերը միացնելու պահանջը. որով հետզհետէ պատմութիւնն ու իրականութիւնը կը բռնեն ազգային ճամբան, այսինքն պետական միութեան հիմքը կը նկատուի ազգային միութիւնը: Ամէն ազգ ինքն է տէրը եւ ինքը պէտք է ընտրէ ինչպէս իր ներքին կառավարութեան եղանակը, այնպէս ալ իր պետական արտաքին վիճակը:
Այս ըմբռնումի առաջին արդիւնքն է բազմաթիւ «հպատակ» ազգերու ազատագրուիլն ու առանձին պետութիւններ կազմելը ԺԹ-րդ դարու ընթացքին եւ այս վերջին պատերազմին իբրեւ հետեւանք: Այդ ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակուելու վրայ է, եւ մեր անկախութեան հարցն ալ հիմա հերթական է, ո՛չ միայն անոր համար, որ մենք կը ձգտինք, եւ որ կան գուցէ մեզի նպաստաւոր ուրիշ ազգերու շահեր, այլ եւ այն մեծ ընդհանուր պատճառով, որ մարդկային քաղաքակրթութեան դրած պահանջն է ատիկա. մեր ժամանակի ոգի՛ն է, որ կը պահանջէ:
Նոյն ըմբռնումէն կը բխի միջազգային քաղաքականութեան մէջ արմատ ձգող երկրորդ կարեւոր երեւոյթ մը: Տիրապետութիւնը, ուրիշ ազգերու գլուխն տիրելը, մէկ անգամէն մէջտեղէն վերնալ չի կրնար. նախ որովհետեւ ամէն պատմական երեւոյթ իրականութիւն կը դառնայ յամառ դիմադրութեամբ եւ աստիճանական երկարատեւ զարգացմամբ, միւս կողմէն ալ այդ դանդաղութիւնը որոշ չափով անհրաժեշտ է քաղաքակրթութեան զարգացմանը եւ ապահովութեանը համար: Այնպէս որ տիրապետութիւնը դեռ երկար կը մնայ, բայց տիրապետութեան հին ձեւը այլեւս երկար մնալ չի կրնար: Բռնակալութիւնները, բացարձակ տիրապետութիւնները, ժողովուրդներու ստրկացումը, ապազգայնացումը եւ դիմազուրկ դարձնելը կը նկատուին հակառակ դարուս ոգիին, իբրեւ թշնամանք մարդկութեան, իբրեւ արգելք քաղաքակրթութեան զարգացման եւ իբրեւ անբարոյական երեւոյթ:
Եւ ճիշդ ատոր համար ալ քաղաքակրթապէս ամենէն բարձր կեցած ամենէն մեծ տիրապետութիւնը կը ջանայ իր կայսրութեան վրայէն վերցնել տրապետական ու բռնակալական տեսքը, եւ հետզհետէ կը վերածուի դաշնակցային ձեւի, տալով իր հպատակ ժողովուրդներուն կա՛մ լայն ինքնավարութիւն կա՛մ կէս-անկախութիւն կա՛մ գոնէ անկախութեան մը արտաքին երեւոյթը: Անխուսափելի կերպով Անգլիային հետեւելու են այն միւս ազգերը, որոնք գաղութներ ունին եւ հպատակ ազգեր, որովհետեւ անկարելի է դիմադրել հասունցած ըմբռնումներուն եւ ժամանակի հրամայական ստիպումին. քիչ մը աւելի ուշ կամ քիչ մը աւելի կանուխ, բայց բոլորն ալ պէտք է երթան այդ ճամբով:
Տիրապետութիւններու դաշնակցային պետութեան վերածուելուն զուգահեռ, եւ անոր ազդեցութեան տակ, տեսակ մը անոր մեծ ուժին հակակշելու համար, արդէն ծայր է տուած միջազգային երրորդ ըմբռնում մը, որ է փոքր ազգերու դաշնակցութիւնը, խմբակցումը, իրենց շահերը պաշտպանել կարողանալու համար, իրենց ձայնը անհրաժեշտ եղած չափով լսելի դարձնելու համար: Բալքանեան դաշնակցութիւնը, փոքրիկ անտանդը, Միջին Ամերիկեան դաշնակցութիւնը, Բալտիկ երկիրներու դաշնակցութիւնը, կովկասեան դաշնակցութիւնը այդ կարգի փորձեր են ու ճիգեր:
Եւ այս երկու ձեւի դաշնակցային ուղղութեան քովէն կը քալէ չորրորդ միջազգային ձգտում մը, այդ բոլոր դաշնակցութիւններն ու ազգերը իրար կապելու համամարդկային մէ՛կ եւ ընդհանուր դաշնակցութեան մը մէջ. այդ ձգտումի առաջին մարմնացումն է, թէեւ դեռ շատ թոյլ ու թերի, Լեմանի ափին տեղաւորուած Ազգերու Լիգան:
Այսպիսով ժամանակի ոգին մեզի կը տանի մէ՛կ կողմէն դէպի մանրացումը պետութիւններու, դէպի փոքր, անկախ ու ազատ ազգերու առաջացումը, եւ մի՛ւս կողմէն այդ անկախ ազգութիւններու զանազան աստիճանի կապակցումն ու դաշնակցումը իրարու հետ:
