Բոլորս ալ, մեր կեանքին մեծամասութիւնը կ’անցնենք նայուածքնիս սեւեռած ապագային:
Զինք կը ցանկանք, աչքերնիս քթթելով անոր քողին մէջէն կը փորձենք տեսնել, զիջումներ կ’ընենք յանուն իրեն: Օրուան ընթացքին քանի՞ անգամ անհամբեր մեր նայուածքը կ’ուղղենք ժամացոյցին մտքերնուս մէջ հաշուելով ժամերը մինչեւ որ դպրոցի կամ գործի մեր օրը աւարտի: Ես ալ ապագայամոլութեան օղակին մէջ ինկած եմ: Կ’ամչնամ խոստովանելու որ շատ անգամներ արթննալուս պէս արդէն ժամերը սկսած եմ համրել մինչեւ որ անկողինս վերագտնեմ: Փափաքած եմ որ մօտակայ ապագային արհեստագիտութեան յառաջացումները մարդկութեան պարգեւեն ժամանակը առաջացնող գործիք մը, որպէսզի մեր սերունդը պերճանքը ունենայ ցատկելու մեր անձնական կեանքին նուազ հաճելի պահերը:
Այնքան տարուած ենք մեր առօրեայ հեւիհեւ վազքով, որ չենք անդրադառնար որ այս աշխարհին վրայ դրուած երկվայրկեանէն սկսեալ, բոլորս ալ, շատ հաստատ ու համաչափ քայլերով դէպի առաջ կ’երթանք: Ոչ արտօնութիւն ունինք դադար առնելու, ոչ տեղքայլ ընելու, ոչ իսկ ետ դառնալու: Կեանքի անխախտ օրէնքն է այս մէկը, որուն ակամայ կը հնազանդինք: Բոլորս, մեծ ու պզտիկ, երիտասարդ ու չափահաս, կը քալենք միեւնոյն ուղղութեամբ և ուշ կամ կանուխ պիտի հասնինք անոր: Վերջ ի վերջոյ պիտի յանձնուինք մահուան:
Սիրելի ընդերցողներ, արդե՞օք կը հարցնեք որ ինչու այսպիտի տրտում նիւթի մասի ընտրեցի գրել: Նախ, բնաւ չեմ ընտրեր գրութիւններուս նիւթերը, միշտ իրենք զիրենք կը պարտադրեն ինծի: Հակառակ զիրենք անտեսելու մտադրութեսնս, ընդհանրապէս ներքին մաքառում մը տեղի կ’ունենայ որուն աւարտին կը նահանջեմ և գլխիկախ պարտութիւնս կ’ընդունիմ: Այս նիւթն ալ, ըստ սովորականին, գրիչին և թուղթին կը վստահիմ, բայց հոս ձեր դերը աւելի եւս անհրաժեշտ կը դառնայ, սիրելի ընդերցողներ: Այս տարի, յատուկ յարաբերութիւն մը մշակեցի մահուան հետ, ցանկացածէս աւելի իսկ մտերիմ: Նոյնիսկ ամենէն անտարբեր ունկնդիրները դուրս կ’ելլեն իրենց անտարբերութենէն: Կամ կը զարհուրին պատմածովս և կը մերժեն լսել շարունակութիւնը և կամ իրենց հետաքրքրութիւնը այնքան քրքրուած կ’ըլլայ որ հարցումներով կը ռմբակոծեն զիս: Երկու պարագաներուն ալ, միշտ պատմածս կ’ընդհատուի: Կարծես պէտքը կը զգամ ո՛չ թէ ձերբազատուելու ապրումներէս, ալ ուրիշի մը հետ բաժնելով անոր բերը թեթեւցնելու: Ուստի, դուք, ընդերցողներս կը դառնաք վերջին ելքս՝ միակ փրկիչս, քանի որ թուղթի միջամտութեամբ ձեզի պիտի ներկայացնեմ մարդ արարածի անձերբազատելի բարեկամին տարբեր երեսը:
Ճիշդ է, որ մահը ամէնահաճելի նիւթը չէ: Սակայն, ան շատ յաճախ սենեակի կեդրոնը կանգնած փիղն է, որ կը որոշենք անտեսել: Բոլորիս գլխուն վերեւ սաւառնող սպառնալիք մըն է ան, որուն ներկայութիւնը կը զգանք, նա մանաւանդ երբ եկած է մեր ծանօթներէն մէկը տանելու:’ Կեանքիս մէջ, բախտաւոր եղած եմ, քանի որ մօտիկ հարազատներ չեմ կորսնցուցած դեռ: Ճիշդ է որ հօրս կողմէ մեծ մայրս մահացաւ բաւական մանկամարդ տարիքիս, բայց բաւական մտահաս չէի ըմբռնելու մահուան վճռական նկարագիրը: Կը յիշեմ որ արցունք կը թափէիորպէսզի դրսեցի չզգամ, քանի որ շուրջիններս դադրած էին զիրար խօսելէ, իրենք իրենց մէջ կը կծկուէին և կու լային: Լալը ժամանց դարձած էր որուն կը մասնակցէի:
Այս տարի, քանի մը առիթներով հարկադրուեցայ նայիլ մահուան աչքերուն մէջ և այլեւս պերճանքը չունէի նայուածքս հակառակ ուղղութիւնը դարձնելու: Չեմ գիտեր ի՞նչ ածական կրնայ նկարագրել մահուան հետ իւրայատուկ շփումս: Արդեօ՞ք առանձնաշնորհում մըն է, կամ ընդհակառակը, արդե՞օք ակռաները քծնելիք դժբախսութիւն մը: Կրնայ տարօրինակ թուիլ ձեզի, բայց անձնապէս հարստութիւն կը նկատեմ այս փորձառութիւնս: Նախ և առաջ բացատրեմ թէ ինչ պայմաններու բերումով հարկադրուեցայ ժամադրուիլ սարսափազդու մեր բարեկամին հետ: Իբրեւ բժշկութեան առաջին տարուայ աշակերտուհի, գիտակից էի, որ վերջ ի վերջոյ ան մաս պիտի կազմէ իմ առօրիայիս, բայց չէի ակնկալեր որ մեր հանդիպումի օրը ըլլար այսքան կանուխ և յանկարծակի:
Յետադարձ ակնարկով, կ’անդրադառնամ որ որոշ իմաստով, բարիք մըն էր որ մինչեւ վերջին վայրկեանը տեղեակ չէի մեր հանդիպումին մասին: Ճիշդ է որ հոգեպէս առիթը չունեցայ պատարաստուելու, բայց իրականութեան մէջ, մտմտալ, փորձել իր դիմագիծը պատկերացնել և իր հանդէպ իմ վարուելակերպս ճշդել անօգուտ պիտի ըլլար, միմիայն տաքնապի զգացումս կրկնապատելով:
Բնաւ պիտի չմոռնամ այդ պահը, որ իրականութեան մէջ հասուննալու մէկ կարեւոր հանգրուան ներկայացուց մեր դասարանին համար: ‘ Մեզի միշտ կը կրկնէին որ Մգկիլ համալսարանը իր դասական դաստիարակջութեան ձեւերուն հաւատարիմ մնացած ըլլալուն համար ծանօթ է: Իրականութեան մէջ տնօրէնութեան կողմէ ճարպիկութիւն մըն էր, մեր գլխուն գալիքը նուազ ցնցիչ դարձնելու, բայց պէտք է խոստովանիմ որ շատ յաջող չէր իրենց փորձըԱռաջին շաբթուայ աւարտին, մեզի յայտարարեցին որ բախտաւոր պէտք է զգանք, քանի որ մենք առիթը պիտի ունենանք ուսունմասիրելու և դիազննելու մարդ արարածի սիրտ մը: Այս լուրը լսեով, հրճուեցայ և անհամբեր կը սպասէի ափսէյի վրայ դրուած իսկական սիրտ մը աչքովս տեսնել, ծամուած ու վերածամուած չոր դասընդացքներուն և դասագրքի մէջի կարդածներուս կենդանի պատկեր տալու համար: Սակայն, որքան որ ակնկալած օրս մօտենար, այնքան տարօրինակ դասանիւթեր կը սերտուէին: Սիրտի գործողութիւն կատարելու մասին մանրամասնութիւններ կը բացատրուէր մեզի, ինչ որ շատ յարմար դասանիւթ չէր նկատուէր առաջին տարուայ աշակերտին համար: Ուստի, կասկածի սերմ մը ցանուեցաւ մտքիս մէջ, որ ամրապնդուեցաւ երկրորդ տարուայ աշակերտներուն կողմէ: Սիրտը որ պիտի ուսունմասիրէինք մեզի ափսեներու վրայ պիտի չբերուէր, այլ իւրաքանչիւր խմբակ պիտի յանձնուէր դիակ մը, որուն կուրծքը ճեղքելով, սրտին պէտք էր հասնէինք…
Յիշողութեանս մէջ միշտ փորագրուած պիտի մնայ այն հանդիսաւոր պահը, երր երկու շարքով սպիտակ վերարկու, կապոյտ ձեռնոցներ և ակնոց հագած մուտք գործեցինք լապորադորիայի դռներէն ներս: Կարծես հեռատեսիլի սփրած ոստիկանական showերուս աշխարհէն ներս մտած ըլլայի: Մեր երկու կողմերը մետաղէ սեղաններու վրայ կանաոնաւոր կերպով զետեղուած էին կանաչ տոպրակներ, որոնց ձեւէն իրենց պարունակութիւնը երնթադրելը շատ դժուար չէր:
Սաստկացող սրտիս տրոփները թոյլ չէին տար որ տեղս քարանամ, այլ կը ստիպէին որ քայլերս իրենց տուած չափին ենթարկէի, մինչ գրտինքի կաթիլները այնքան դանդաղ վար կը գլորէին Ճակատէս, որ կրնայի իրենց գծած ընդացքը նկարագրել: Կը յիշեմ որ ինքզինքիս կը խօսէի՝ նախ հագստանալու և յետոյ վստահ ըլլալու որ տրամաբանութեանս նօսր թելը դեռ փթթաց չէ: «Լորա, դուն կրնաս, ամէնադժուար բաժինը անցաւ: Լորա, սենեակէն ներս մտար, այլ էտ դառնալը անկարելի է:»
Իրականութեան մէջ, ինքքզինիս կրկնած խօսքերս այնքան ալ սուտերով շղարշուած չէր: Ամէնէն դժուար բաժինը սենեակէն ներս մտնելն էր: Մարմինին վրայէն ծածկոցը վերցներլն ու առաջին անգամ դանակով մորթը կտրելու պահուն բոլոր ճիգերս կեդրոնացուգած էի անհագստութիւներս շուրջիններէս պահելու վրայ, հաւատարիմ մնալով հպարտ և քիչ մըն ալ ինքնահաւան բժշկութիեան ուսանողներու երկար աւանդութեան:
Յաջորդ շաբաթներու ընդացքին, զարմանքով անդրադառցայ որքան արագօրէն անհանգստութիւնս անհետացաւ, կամ ալ գոնէ նուազ զգալի դարձաւ: Սկիզբի շրջանը, մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէի դիակին երեսը ծածկելու, վստահ ըլլայով միմիայն աշխատած մարմնի բաժինին վրայէն ծածկոցը վերցնել: Կը փորձէի նոյնիսկ կրթնելու ատեն իր ձեռքերուն չքսուիլ: Անգիտակիցիս յղացած ձեւն էր դիակին անհատականութիւնը անտեսելու: Ինծի համար, անձի մը դէմքն ու ձեռքերը են որ իւրաքանչիւրիս կը բնորոշէ: Գիտէի որ զանոնք տեսնելուն պէս, պիտի անդրադառնայի որ դիմացս անշարժ իր մը չէ, այլ անշունչ անհատ մը: Ուրեմն, երկար ժամանակ ինքզինքս իրականութիւնէն անջատելու վարպետը դարձած էի:
Կ’անդրադառնամ նաեւ որքան դիւրին է առօրիայի սպարեցուցիչ վազքով տարուիլ: Որքան տարին կ’առաջանար, այնքան քննութիւններու բեռը կ’աւելնար, որուն հետ կը կրկնապատկուէր անքնութեան և մրցակցութեան շալակը: Այս բոլորը նպաստեցին ստեղծելու գոնէ իմ մօտս զգայլազուրկ աշխարհ մը, ուր միտքս շատ հոգնած էր անմիջական և նիւթական մտահոգութիւննեէնս անդին մտածելու:: Ծնունդի արձակուրդը շատ մօտ էր, ամէնածանր նիւթերէն մէկը՝Neurology կ’աւանդուէր և մեր վէրքը աւելի եւս կոտտացնելու համար, մեզմէ զատ, բոլոր համալսարանի ուսանողները արդէն արցակուած էր արցակուրդի:
Ընկերուհիներուս խմբակը և ես լապորադորիային մէջ աշխատելակերպ մը որդեգրած էինք: Մեր դիակները բոլորը գլխատած էինք քանի որ խէլքը և գանկը պէտք էր ուսումնասիրէինք: Ուստի, բոլոր գլուխները մասնաւոր խորունկ ամաններու մէջ կը դրուէին, ուր թաթղուած կը մնային բճացումը արգիլող հեղուկի մը մէջ: Երկու հոգիով կ’երթայինք գլուխ մը բերելու, մինչ խմբակին միւս անդամները գործիքները կը պատրաստէին գործողութիւնը կատարելու: Ես ամփսէն բռնած էի, իսկ դասընկերուհիս ծրած գլուխներու մէջէն «մերը» կը բնտրէր, մինչ մեր ետեւ սպասող անհամբեր աշակերտներու շարքը կ’երկարէր: Կռնակը ծրած, հեւքով կը բնտրէր և իրարանցումին մէջ, գրպանէն մատանի մը ինկաւ ջուրին մէջ: Կրնաք երեւակայել բաւական ծիծղաղելի և ցաւալի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ: Վեց հոգիով, մէկ մէկ գլուխները սնտուկէն կը հանէինք, կը խուզարկէինք նախքան գետին ափսէյի վրայ դնելու: Վերջ ի վերջոյ գոնէ մեր ճիգերը անարդիւն չեղան և մատանին գտանք գլուխներու սնտուկին յատակը, մէկ ժամ բնտռտուքէ ետք: Այս բոլոր իրարանցումին մէջ, մոռցանք բնտրել «մեր» գլուխը և զայրոյթով անդրադառցանք, որ ուրիշ խումբակ մը, առանց մեր արտօնութեան, մերը կ’օգտագործէր: Արդէն տարօրինակ օրը կարծես աւելի անմոռանալի դարձնելու համար, ան աւարտեցաւ մեծ վէճով մը գլխուն սեփականատէր խմբակի անդամներուն և աւազակներուն միջեւ, քանի որ անոնք համարձակութիւնը ունեցած էին «մեր» գլուխը գողնալ:
Այս բոլորը երգիծական շեշտով կը պատմեմ, բայց իրականութեան մէջ, այս պահուն է որ անդրադառցայ որքան կորսնցուցած ենք և իրականութենէն անջատուած: Կեանքիս մէջ, ֆիզիքապէս նոյնքան մօտիկ չեմ գտնուած մահուան, բայց միւեւնոյն ատէն, հոգեպէս այնքան հեռու: Տարուան սկիզբէն շփում ունեցայ մահ կոչուած խորհուրդին հետ, բայց կը մերժէի զգալ անոր ներկայութիւնը:
Հասաւ տարուան երկրորդ կէսը և քանի մը առիթներ ունեցանք բժիշկի մը hսկողութեան տակ հիւանդանոցի մէջ հիւանդներու այցելել, ուր կրկին դէմ դիմաց եկանք մահուան: Երկու անգամ հիւանդներու ծանօթացայ հիւանդանոցի palliative care unit-ը, ուր բժիշկներու պարտականութիւնը այլեւս բուժել չէ, այլ հիւանդի մը ցաւերը մեղմացնելն է, միւս աշխարհ իր փոխանցումը դիւրացնելու համար:
Առաջին հիւանդի սենեակը յուզիչ տեսարան մը մեզի կը սպասէր: Ութսուն տարեկան ծերունի կին մը նստած էր անկողինին մէջ, իսկ քովը աւելի երիտասարդ կին մը, հոգնած դիմագիծով և ուրած ակնակոպերով, որ զսպուած ժպիտով մը մեզի դիմաւորեց: Սենեակի սպիտակ պատերը զարդարուած էին Աստուածածնի նկարով և խաչերով: Իր կողքը, պատուհանին եզերքը ծաղկեբունջեր, շրջանակի մէջ ընտանեկան դիմանկարներ և մանուկներու գոյնզգոյն գծագրութիւններ: Հիւանդանոցի պատասխանատու անձնակազմը մեզի տեղեկացուց որ մեր հարցումները հիւանդին չէինք կրնար ուղղել, քանի որ միմիայն չինարէն կը խօսէր, բայց կնոջ աղջիկը բարիացակամօրէն ընդունած էր թարգմանիչի դերը ստանցնել: Երեք ժամուայ ընթացքին, մեր առջեւ պարզուեցաւ ազնիւ ընտանիքի մը դիմագրաւած տխուր ճակատագիրը, որ այսօր իրենց բանտարկած էր այս չորս պատերուն միջեւ գարնանային հրաշալի օրով մը: Աղջկիը վկայեց դժբախտաբար շատ սովորական դարձած պատմութիւն մը: Ան մեզի ներկայացուց մահուան որդեգրած արդի դարու սովորական դիմակը՝ քաղցկեղը: Մահը «քաղցկեղ»ը ծածկանունի ետին պահուըտած,օձապտոյտ ու փշոտ ճամբաներէ կը քաշքշէ ո՛չ միայն հիւանդը, այլ նաեւ իր հարազատները: Ապա, կը ձեւանայ նահանջել, կը հրճուի տեսնելով որ հիւանդին յոյսերը կը բարձրանան և այդ պահուն է որ անգութ կերպով կը վերադառնայ, իր առաքելութեան հաւատարիմ մնալու համար: Ուստի, աղջկան խօսածը նոյնքան յուզիչ չէր որքան կեցուածքը, որ հայելին էր իր ներքին աշխարհին: Ան երկու խօսք չէր ըսեր առանցմօրը երեսը շոյելու, ձեռքը առնելու իր ափին մէջ և համբուրելու: Իր արտաքինը վկայ էր հաւանաբար մօտակայ անցեալի ապրած իր դժուար օրերուն՝ վաղաժամ խորշոմներ և աչքեր կարմրցած անքնութեան ու լացի խառն ացդեցութեան տակ: Հազիւ մայրը բերանը բանար, ան իսկոյն կը դադրէր մեզի խօսելէ և ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէր իր վրայ: Երբեմն խօսքը կ’ընդհատուէր և անզուսպ կը հեկեկար ու կը հեծկլտար՝անպաշտպան մանուկի մը պէս: Դերերը որ մինչեւ հիմա փոխանակուած էին, իրենց իսկական սեփականատէրներուն վերադարձան: Մայրը կը մխիթարէր իր աղջկան, գիտնալով հանդերձ որ ինքն է անոր հսկայ վիշտին աղբիւրը: Վկայ եղանք մօր ու աղջկան միջեւ խորհրդակցութեան մը, որ թէեւ մեզի համար անմատչելի լեզուի մը մէջ տեղի կ’ունենար ականջ կախած մտիկ կ’ընէինք հասկցողներու նման: Աղջիկը յետոյ մեզի բացատրեց, որ մայրը միշտ իրեն կը կրկնէ որ ինք պիտի յաղթահարէ քաղցկեղը , քանի որ իր անցեալին մէջ շատ աւելի դաժան փորձարութիւններէ անցած է այս մէկը դիմագրաւել չկրնալու համար: Մենք, այս մէկը լսելուն պէս, իսկոյն բողոքեցինք քանի որ մեզի ըսուած էր որ palliative care unit-ը ընդունուելու նախապայմաններէն մէկն է որ հիւանդը ընդունած ըլլայ որ այլեւս բուժում պիտի չստանայ և որ մահը աչքի առած է: Աղջիկը մեզի ըսաւ որ մայրը գիտէ որ իր մահը անմիջական է, բնաւ չէ վախցած անկէ, միմիայն կը ձեւանայ հերքել իրականութիւնը իր ընտանիքին ցաւը մեղնացնելու համար: Մեր հանդիպումը վերջ գտաւ երբ մայրն ու աղջիկը զիրար աչքերու մէջ կը նայէին և զգալով որ մեր ներկայութիւնը աւելորդ է, կամացուկ մը դուրս սահեցանք սենեակէն:
Երկրորդ հիւանդը հանդիպեցանք ամիս մը ետք, միեւնոյն հիւանդանոցը, միեւնոյն յարկը և առաջին անգամուայ յիշատակներու ստուերները վերակենդանացան մեր մէջ: Սակայն, մեր դիմաց պարզուեցաւ հակապատկեր մը, որ ոչ մէկ նմանութիւն կը բաժնէր անցեալի մեր վկայած տեսարանին հետ: Այս անգամ, մեզ դիմաւորողը միջին տարիքի մարդ մըն էր, ֆրանսախօս տեղացի մը: Ան ժպտուներես էր, լաւ տրամադրուած: Շատ հանգիստ զգացինք, քանի որ իր վարուելակերպէն յայտնի էր որ ուրախ էր հիւր ստանալուն համար: Մեր այցելութիւնը շատ աւելի երկար տեւեց, որովհետեւ խօսակցութեան նիւթերու շարքը անվերջ էր, և մէկը միւսէն աւելի հետաքրքրական: Նիւթ չմնաց որ չարծարծեցինք՝ մարզական արդիւնքներ, կատակներ, հանելուկներ, հետաքրքրական առօրեայի վերաբերող մանրադէպեր: Գոնէ երկու ժամ անցած էր երբ հիւանդապահուհի մը ներս մտաւ իրեն թեղ տալու համար և կարծես մեզի յիշեցուց թէ որտեղ կը գտնուինք: Անդրադառցանք որ մեզի պարտականութիւն տրուած նիւթերէն ոչ մէկուն մասին խօսած ենք: Ուստի, շուտով սկսանք խօսակցութեան ղեկի ուղղութիւնը փոխել կեդրոնանալով մեզի բարեկամացած մարդուն հիւանդի դերին վրայ: Նիւթը փոխուելուն պէս, կարծես մեր խորհրդակիցն ալ փոխուեցաւ: Սորվեցանք որ ան հազիւ յիսուն տարեկան էր, բայց իր երեսի խորշոմները փաստ էին իր տիրապետութենէն անկախ իր մէջը զարգացող և զինք սպարող քաղցկեղին: Ան մնաց քաղաքաւար ու նոյնքան մարդամօտ, բայց հիմնական տարբերութիւն մը զգացի: Իր ձայնը կարծես զուրկ էր խորհրդաւոր տարրէ մը, որ փորձած եմ սահմանել, պիտակել, մատնանշել, բայց փորձերս ձախողած են: Ուստի, չեմ կրնար ձեզի բացայայտ կերպով նկարագրել ինչ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ձայնը, բայց կրնամ ձեզի վերագրել իր միօրինակ շեշտով պատմածը:
Ըսաւ որ հազիւ վեց ամիսներ առաջ, աղիգներու ցաւի պատճառով հիւանդանոց այցելեց ուր բժիշկները իրեն յայտարարեցին որ քաղգկեղը իր ցաւին պատճառն է եւ իսկոյն սկսան զօրաւոր դեղեր տալ իրեն: Երեք ամիս պայքարէ ետք, բժիշկները ըսին որ այս մէկ դեղը արդիւնաբեր չեղաւ և որ պիտի փորձեն ուրիշ դեղերու տարբերակ մը, ալեւի ազդեցիք, բայց նաեւ աւելի թունաւոր: Հոս է որ մեր մարդուն խօսքերը զարմացուցին զիս, առանց որ վստահ ըլլամ իրենց դրական կամ ժխտական բնոյթին:
«Այն ատէն, բժիշկներուն հարցուցի եթէ այլընտրանք կայ: Բժիշկները ինծի ըսին որ կարելի է palliative care unitը փոխանցուիլ, ուր հանգիստ ձեւով մահս կրնամ դիմաւորել: Ես ալ զայրացայ որ ինչու այս մէկը ինձմէ գաղնիք պահած էին մինչեւ հիմա: Եթէ տեղեակ ըլլայի որ այսպիսի փոխընտրութիւն գոյութիւն ունէր, չէի իսկ վարաներ և առանց երկրորդ մտածումի, սկիզբէնկը մերժէի բոլոր ձեւի բուժում:»
Շուարած, մենք հարցուցինք թէ արդեօք չի վախնար մահէն:
«Ինչու՞ վախնամ մահէն: Կեանքիս մէջ, երիտասարդ տարիքէս ի վեր, մտայնութիւնս հետեւեալը եղած է՝ ես հասարակ մարդ եմ, ո՛չ ուրիշներէն վերադաս, ո՛չ ալ ստորադաս: Ապրած եմ միջին մակարդակի կեանք, տեսած ուրախ և տխուր պահեր, մեծ երազներ կամ ակնկալութիւններ չեմ ունեցած կեանքէն և այդ պատճառով ալ, միշտ գոհունակ եղած եմ:»
Կրկին հարցուփորձեցինք հասկնալու համար թէ ինչպէս յաջողած է ընդունիլ մահը այսպիսի երիտասարդ տարիքին, երբ իրմէ շատ աւելի տարեցներ կեանքէն բաժնուելու դժուարութիւն ունին:
«Ամէն մարդ պիտի մեռնի: Մահը համաբնոյթ է: Հիմա մեռնիմ, կամ քանի մը տարի ետք մեռնիմ, ի՞նչ տարբերութիւն:»
Փորձեցինք լուսաբանել իր պարագան աւելի ճշգրիտ հարցումներ ուղղելով: Հարցուցինք իր անձնական կեանքին մասի, բայց իր պատասխանները միշտ հակիրճ եղան ու անցողական: Մեր խումբէն մէկը համարձակեցաւ իր անձնական կեանքէն մաս մը բաժնել մեր հետ, այն յոյսով որ փոխարէնը մեր բարեկամն ալ հանգիստ զգայ ու բացուի: «Հայրս ալ ձեր տարիքն է և շատ պիտի ցաւէի եթէ գիտնայի որ ինձմէ պիտի հեռանայ առանց ապագայիս մղոնաքարերուն ներկայ գտնուելու: Ձեր հարազատները ձեզի պէս նոյնպէս դիւրութեամբ ընդունեցի՞ն լուրը: »
«Ինծի հոգ տանող և շաբաթը անգամ մը այցելող հաւատարիմ բարեկամս գիտէ որ չոր գլուխ ունիմ և իրեն որոշումս յայտարարելուն պէս գիտէր որ միտքս փոխելը անկարելի պիտի ըլլար:»
«Բայց ընտանիքի անդամներ չունի՞ք»’
«Արդէն պատասխանեցի ձեր հարցումին: Ըսի որ ընկերս ունիմ», ըսաւ աչքերը ոլորելով:
Անբացայայտ կերպով իր փափաքը մեզի փոխանցեց և մենք ալ մեր քայլերը դէպի դուռ ուղղեցինք:
Palliative care-ի երկու այցելութիւններէն ետք, խումբով բժիշկի ղեկավարութեամբ խօսեցանք մեր տպաւորութիւններուն մասի: Իբր բժշկութեան առաջին տարուայ աշակերտ, ոչ մէկ ձեւով մարզուած էինք հիւանդ դարմանելու մասի մեր կարծիքը արտայայտել, ուստի միակ նպատակնն էր մեզի հիւանդանոցի իրականութեան ծանօթացնել մեր ուսման ճանապարհի սկիզբներէն:
Ժողովը վարող բժիշկը հիւանդանոցի Palliative care-ի պատասխանատուն էր: Ան բացատրեց որ ինք այս մասնագիտութիւնը ընտրած է, քանի որ տարիներու ընդացքին անդրադարձած է որ բժշկութեան բոլոր մասնաճիւղները ուշ թէ կանուխ կը մղեն Palliative careի, ինչ որ հորետես բայց իրապաշտ տեսանկիւն մըն է: Բժիշկներու մեծանասութիւնը գոհունակութիւն կը գտնեն իրենց արհուեստին մէջ հիւանդներ դարմանելով, բայց բժիշկի մը վարպետութիւնը շատ անգամներ կը հանդիպի մահ կոչուած անյաղթահարելի խոչընդոտին: Ուստի, ըստ մեր առաջնորդին, շատ աւելի գոհացուցիչ է հիւանդինցաւը կասեցնելով, կարելիութեան սահմաններէն ներս լաւ որակի վերջին օրերու պարգեւը տալ իրեն, որպէսզի իրեն վերջին բաղձանքները իրականացնէ, հրաժեշտները մաղթէ և հեռանայ կեանքէն հանգիստ խիղճով, առանց զղջումներու:
Ուրեմն ի՞նչ են չափանիշները գիտնալու համար որ եթէ բժիշկ մը ձախողած կամ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ, եթէ վերջաւորութիւնը մահն է բոլոր իր հիւանդներուն համար: Մեզի բացատրուեցաւ Քուբլէր Րոսի յղացած վիշտի հինգ հանգրուաններուն մասին: Առաջինը՝հերքում և մեկուսացում, երկրորդը՝բարկութիւն ուղղուած Աստուծոյ, շրջապատին կամ նոյնիսկ ինքնիր դէմ, երրորդը՝սակարկութիւն Աստուծոյ հետ («Եթէ խոստանամ այս մէկը ընել, կրնաս ետ առնել կորուստը), չորրորդը՝ խոր տխրութիւն, իսկ չորրորդը՝ընդունում: Ուստի, իտէալ աշխարհի մը մէջ, իւրաքանչիւր հիւանդ պիտի յաջողութեամբ ճեղքէ հինգ հանգրուանները հասնելու համար ընդունելութեան և պիտի հեռանայ այս աշխարհէն խաղաղ ու հաշտ:
Այս բացման խօսքերէն էտք, թաղուեցանք խորհրդակցութեան մէջ: Շուրջ երկու ժամէ ետք, հասանք այն եզրկացութեան որ մեր երկրորդ հիւանդը հասած է մեր ճշտած իտէալին: Խմբակէն ոմանք նոյնիսկ երանի տուին որ երբ ժամանակը գայ, իրենք իրենց կարգին միեւնոյն վերաբերմունքը մշակեն մահուան հանդէպ՝այսինք դրական և անվախ մօտեցում:
Խմբակս այս հաւաքական համաձայնութեան հասաւ և բոլոր անդամները համամետ էին, բացի մէկ անձ՝ես: Թերեւս պատճառը այն է որ բժշկութեան ուսանողներու մեծանասութիւնը գիտական մտածելակերպ ունին մինչ ես միշտ պայգարած եմ զգացողական չափանիշներու համաձայն դատելու իմ բնական միտումիս դէմ:’Զարմանքով նկատած էի որ որ երկու սենեակներէն դուրս ելլելուս ժամանակ, միւեւնոյն զգացումը ունէի՝ անորոշ տխրութիւն:
Քիչ մը աւելի գիտութիւն փորձեմ աւելցնել որդեգրած մօտեցումիս որպէսզի բժիշկները բոլորովին չյուսահատին ինձմով: Քանի որ վայել չէ բաղդատական կատարել զգացումներու որակին միջեւ, , ուսումնասիրենք անոր քանակը: Չինացի կնկան սենեակէն դուրս ելայ տխուր, բայց տխրութեանս աղբիւրը կրնայի մատնանշել, յստակ կերպով բացատրել: Իսկ մեր բարեկամին հետ տեսակցութենէն ետք, հսկայ տագնապ մը կը քալարէր զիս: Սակայն, հակառակ առաջինին, չէի կրնար տոչորումիս աղբիւրը ճշդել, ինչ որ աւելի մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէր մէջս:
Կրնամ ըսել որ միայն այս պահուն է որ իսկապէս ծանօթացայ մահուան: Ենթագիտակիցին կարողութիւնները միշտ զարմացուցած են զիս և ըստ ինծի, իր առաջին և կարեւորագոյն դերը մեզ պաշտպանելն է, բայց երբեմն մեզ կոյրացնելու գնովԻնձ միշտ տպաւորած է ինչպէս բժիշկներ կը դիմագրաւեն մահը առօրեայ դրութեամբ և կը յաջողին հոգեպէս զօրաւոր մնալ: Յաճախ ինքզինքիս հարց կու տամ որ եթէ բնաւ պիտի յաջողիմ հաստ մորթ ունենալ, ես որ ներկայիս արտասուահերց կ’ըլլամ երբ շարժապատկերի մէջի հերոսներէն մէկը մահանայ: Սակայն, մեր ենթագիտակիցն ալ ճարպիկ է և նոր ձեւեր կը գտնէ դիմագրաւելու կեանքի ներկայացուցած մարտահրաւէրները, բայց ըսել չէ որ միշտ լաւ որոշումները կ’առնէ մեզի համար: Տարուան սկիզբը, ես ալ զոհ գացած է ենթագիտակիցիս, անգիտակցաբար համաձայնած էի անտեսել մահը: Գիտեմ նաեւ որ հաւանաբար շատ դիւրին կերպով կրնայի բժշկութիւն ուսանիլ և ապագային, իբրեւ բժիշկ գործել միւենոյն անձողական վարուելակերպով: Սակայն, կարծեմ մարդկային արժէք մըն է, իրականութենէն չփախչիլը և հոգէպէս պիտի աղքատանայի թէ իբրեւ բժշկուհի և թէ իբրեւ անհատ եթէ իրականութենէս անընդհատ փախուստի մէջ ըլլայի:
Տարուան առաջին կէսը, մեռելներու հետ կ’աշխատէի առօրեայ դրութեամբ, բայգ միայն վեց ամիս վերջ արտօնեցի որ մահուան մասի մտածումներ իրենց մուտքը գործեն մտածումներուս մէջ: Խառն զգացումներու շարք մը ապրեցայ, բայց արդեօ՞ք կրնամ յստակօրէն իրենց կարգը թուել, ինչպէս գիտութիւնը կը պահանջէ: Ադեօ՞ք կրնամ պատուիրել որ իւրաքանչիւր անձ միեւնոյն ճանապարհը և կեցուցածքը որդեգրէ: Ո՛չ: Մահը իսկապէս խորհուրդ մըն է, որուն կը մօտենանք նախապաշարումներով և մեր անցեալի փորձարութիւններով: Վերյիշեցի մեծ մօրս մահը և պատկերացուցածս զարմանալիօրէն շատ մօտ էր մեր ծերունիին տեսարանին: Չեմ կարծեր մեծ մայրս ընդունած էր հեռանալ այս աշխարհէն, ոչ ալ մենք ընդունած էինք իր հեռանալը: Մահացաւ, ստիպուեցանք հաշտուիլ իրականութեան հետ, քանի որ կեանքը դաժան է, հաւատարիմ կը մնայ իր շարունակական նկարագրին, բայց այդ վէրքը, նոյնիսկ տասնամեակ մը ետք, շատ յաճախ կը կոտտայ: Չեմ կարծեր կարելի է դարման մը գտնել խորունկ վէրքի մը, չեմ ալ գիտեր եթէ ցանկալի է զայն գտնելը: Թերեւս շատեր պիտի նախընտրէին որ մահուան սեմին հասած արդէն բոլորս ալ ո՛չ թէ վէրք, այլ սպիներ կրէինք վէրքի մը որ արդէն հնգերրորդ բուժումի հանգրուանը բոլորած է. սակայն այս մէկը չպատահեցաւ: Մեծ մայրս վեհերոտ չէր, բայց կառչած էր կեանքին: Կեանքի կայծը միշտ տեսած ենք իր աչքերուն մէջ և անոր նուաղելուն դէմ է որ բոլորս կ’ապստամբէինք: Ան անհամար պատճառներ ունէր կեանքը տակաւին շարունակել ուզելու, անհամար մղոնաքարեր իր զաւակին և դոռնիկներուն կեանքին մէջ որոնց վկայ կը փափաքէր ըլլալ:
Երկար մտածումներէ ետք, կարծեմ հաստատեցի ուրկէ կը բխէր տխրութիւնս մեր բարեկամ հիւանդին նկատմամբ: Բոլորս կը ծափահարէինք զինք և կ’ուզէինք որ ամէն հիւանդ իր ոտնաքայլերուն հետեւի: Սակայն, այն զգացումը ունէի որ կամ շատ պարզամիտ էր կամ ալ ապագայէն շատ ակնկալելիք չունէր, ինչ որ աւելի եւս տխուր է:
Ուրեմն ի՞նչ է եզրակացումս: Ճիշդ հարցումը այս պարագային պիտի ըլլար՝արդեօ՞ք եզրակացութեան մը հասայ: Ո՛չ, չեմ կարծեր կրնամ կեցուաք ճշդել մահուան նկատմամբ, բայց անոր ներկայութիւնը ընդունեցի և այս մէկը առաջին, ամէնադժուար և միեւնոյն ատեն անհրաժեշտ քայլն է: Նա մանաւանդ ինծի համար, մահուան հետ յարաբերութիւն մշակելը կարեւոր է, քանի որ մնայուն կերպով արհեստիս մաս պիկի կազմէ ան և աւելի դաժան դիմակներով պիտի ներկայանայ, ինչպէս մանուկի կամ տարեկիցներուս մօտ: Բժիշկները անզգամ և դաժան անձ դառնալու կարողութիւնը ունին: Շատ անգամներ, լուրերէն կը լսենք որ բժիշկներ իրենց ընտանիքին կեանքը առնելէ ետք անձնասպան կ’ըլլան: Այս մնայուն վտանքը գոյութիւն ունի և յառաջ առնելու համար, չեմ կարծեր որ մահը անտեսելը ամէնէն լաւ կեցուածքն է: Այս արհեստին մէջ, ամէնէն կարեւոր բնաւորութեան գիծը որ կ’արժէ իւրացնել հաւասարակշրութիւնն է: Պէտք է սորվիլ երկու ծայրահեղութիւններէն խուսափել, մնալ անզգամութեան և չափազանց զգայնականութեան ճիշդ մէջտեղը, կացութեան համաձայն մանր տեղափոխումներ կատարելով:
Մահը ամէնէն հակասական երեւոյթներէն մէկն է, բայց որքան սարսափելի ըլլայ, նոյնքան ալ անհրաժեշտ է: Մահուան գիտակցութիւնն է որ կեանքը գունաւոր ու համեղ կը դարձնէ վերջ մը ճշդելով: Ան մեզի ժամանակը մսխելու պերճանքը չէ պարգեւած: Իւրաքանչիւրիս յանձնած է սահմանաբակ վայրկեաններ և մեր միակ պարտականութիւնը անոնցմէ իւրաքանչիւրը վայելելն է:
* Ազգությամբ կես հունգարուհի, կես հայ Լորա Փաթաքֆալուին ապրում է Կանադայում, գրում է հայերեն։
Հետաքրքրական է թափանցել բժիշկի մը զգացական հոգիին, յոյզերուն, մանաւանդ այն գիտակից բժիշկներու, որոնք կեանքն ու մահը խորապէս ուսունասիրելու առիթ ունին: Բայց ինծի համար տակաւին հարցական է, թէ զգացական անձ մը ինչպէս կրնայ յաջող բժիշկ ըլլալ, երբ իր առօրեան առնչուած է զանազան յուզիչ եւ սրտաճմլիկ երեւոյներու…