Զարեհ Որբունի | Կոչ սփիիռքահայ գրողներուն

Որբունի, Բեյրութ 1967, ԳԱԹ արխիվ

Այսօր, մօտ քառասունըհինգամեայ սփիւռքը տակաւին գըրականութիւն չունի: Ի հարկէ, գրողներ շատ կան, բայց անոնց ամբողջութիւնը գրականութիւն մը չի կազմեր։ Չկայ գրական մթնոլորտ մը, առանց որուն կարելի չէ գրական սերունդներու դիմագիծ մը տեսնել։Ահա այս դիմագծի, դէմքի բացակայութիւնն է որ գրականութիւնը անծանօթի մը վերածած է։ Կղզիացած ինքն իր մէջ, զուրկ ժողովուրդին հետ տեւական կապէ, իբրեւ անծանօթ, անդէմ, կը մնայ հայ կեանքէն դուրս: Գրականութիւնը ժողովուրդին մէջ իր յարուցած խմորումներով է որ դէմք մը կրնայ ստանալ։ Եթէ մարդուն վրայէն հանէք դէմքը, անդին ուրիշ բան չի մնար:
Հոս տեղը չէ պատճառները փնտռելու։ Իրաւ է որ առանց պատճառները գիտնալու կարելի չէ եզրակացութիւն մը հանել։ Ըստ-իս գլխաւոր պատճառը գրողի իր հանգամանքէն հրաժարումն է: Իր կամաւոր կամ ակամայ մեկուսացումը մեր իրականութեան զանազան մեկուսացումներուն մէջ իսկ։ Մեր իրականութիւնը կը նմանի ովկիանոսի մը մէջ ցրուած կղզեակներու, որոնցմէ ամէն մէկը իր կարգին կղզիացած է զանազան կղզիացումներու մէջ, ուր գրողը տնային վարկ մը կրցած է ստանալ միայն, երբ անոր խօսքը ազգային է, իր գործիքին, լեզւին իսկ հանգամանքովը, որ ազգին կալուածն է և ժողովուրդը անոր կալուածատէրը։
Դիւրին է շարունակ ամբաստանել ժողովուրդը գրականութեան հանդէպ անոր ցոյց տուած անտարբերութեանը համար։ Թերեւս աւելի հպարտ չըլլայ հայ գրողը, եթէ պահ մը տարուի մտածելու թէ ժողովուրդէն ճանչցուելու համար պէտք է դէմք մը ունենալ, ոչ թէ իբրեւ գրող, այլ իբրեւ գրականութիւն։ Գրականութեան դիմագիծ մը:
Արդ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր գրականութեան դիմագիծ մը տալ և այդ ձեւով տալ անոր նաև վարկ մը, որ իր պատգամին ճանաչումէն յառաջ պիտի գայ, հարկ է որ գրողները ձգեն պահ մը իրենց կղզիները, գաղութներն ընդհանրապէս և ներքին գաղութները մասնավորապէս ու կազմակերպեն հանդիպում մը միասնաբար վիճաբանելու համար գրականութեան ներդաշնակութեան հարցերու շուրջ: Պետք է դուրս բերել գրականութիւնը իր անելէն:
Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակը ապացոյցը տուաւ որ հայ ժողովուրդը կենսական հարցերու շուրջ կարող է միասնականութիւն մը կազմել։ Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան կարօտը ունի միասնականութեան որքան հայ ժողովուրդը, որ ինքզինքին կը վնասէ ուրիշ ժողովուրդներու ընթացքը որդեգրելով։ Հայ ժողովուրդը, ամենէն անտեսուածը, չի կրնար նմանիլ ուրիշներուն։ Իր բացառիկ և եզակի դիրքին մէջ ան պետք է սեղմէ արմուկները, շաղախէ իր միութիւնը յանուն իր գոյութեան։ Եւ ասիկա պատմական այն պահուն, երբ հայրենիքը իր բարգաւաճման ներկայ ընթացքին մէջ կը պատրաստուի հինգ միլիոննոց ազգ մը ըլլալու։ Ասիկա կը նշանակէ արդէն որ այդ կողմէն ալ միութեան գաղափարը իրականութեան բովին մէջ մտնելու վրայ է, քանզի, այս պարագային, սփիւռքն է որ պիտի կազմէ պահեստի ուժը։ Հայկական սփիւռքի գրողը, այս պայմաններուն մէջ, իրաւունք չունի թաղուելու իր մեկուսացման մէջ, առանց հայութենէն հրաժարականը ստորագրելու։
Ասիկա ԿՈՉ մըն է բոլոր հայ գրողներուն, ուսումնասիրելու համար հանդիպման մը կարելիութիւնները: Պէտք է որ հանդիպումը անհրաժեշտութեան զգացումը ներշնչէ բոլորին, որպէսզի շարժումը կարենայ ծայր առնել։
Այն պարագային ուր այս հանդիպումը անհրաժեշտ նկատուի, ես յանձն կ՚առնեմ սկիզբը յարաբերութեան մէջ դնել յայտնուող ուժերը, որոշել վայրը, Փարիզ կամ Պէյրութ, ըստ իս, յետոյ որոշել կազմակերպչական մարմիններ գաղութներու մէջ, որոնք պիտի շարունակեն միասնաբար իրականացնել առաջադրանքը։

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *