Զապէլ եւ Հրանտ Ասատուրներ | Սիրային նամակներ

[ԶԱՊԷԼ ԽԱՆՃԵԱՆ-ՏՕՆԷԼԵԱՆԻՆ]

Սրտի անբաւ ըղձանք մըն է որ կը դրդէ զիս գրել քեզ, Զապէլ, երբ ընկերութեան անողոք օրէնքներուն հլու, հարկադրուած կը զգամ ինքզինքս քեզմէ հեռու անցնել այս ժամերը, որոնք ամբողջ քու յիշատակովդ, քու սէրովդ կը յորդին: Առաւօտէ ի վեր, այն անուշ զարթումէն ի վեր, որ քեզմով երանութիւն կը բերէր ինծի, քու անունդ կը զգայի շրթունքներովդ օծուած շրթունքներուս վրայ, ինչպէս երբեմն, մանկութեանս անապակ օրերուն Աստուծոյ անունը, երբ կ՚աղօթէի տաճարին մէջ: Այսօր տաճարին մէջ էի ես օրն ի բուն, Զապէլ, ու կ՚աղօթէի անդուլ անդադար, աղօթք մը որ աւելի նուիրական կ՚երեւար ինծի քան բոլոր աղօթքները իմ մանկութեանս. դէմքդ աչքիս առջեւ էր միշտ, ձայնդ անընդհատ հնչելով ականջիս, եւ գուրգուրացող ակնարկիդ արտայայտութիւնն հոսեցնելով սրտիս մէջ քու բոլոր խանդաղատանքդ, որ կը խառնուէր ու անբաժան կը միանար իմ անհուն խանդաղատանքիս: Ու կը մտածէի թէ ինչո՞ւ մեր անձերն ալ, մեր գորովին պէս, չէին կրնար խառնուիլ իրարու անբաժան, այնպէս որ իրարու հետ մնայինք միշտ, իրարմով սփոփուած, իրարմով երջանիկ:
Կը կարծէի, Զապէլ, թէ ա՛լ հրաժեշտ տուած եմ կեանքի այն ուժգին զգայութիւններուն որոնք թարմ ջղային դրութեան կուտան գրգանքի գերագոյն վայելքներն, որոնք աչքերէն հեշտութեան արցունքներ կը խլեն եւ սըրտին մէջ կը դնեն չյագեցող տենչանքներու անուշ անձկութիւնը. կը կարծէի թէ ա՛լ յափրացած, սպառած, մեռած են զգացումներս, եւ թէ սէրն, իր ամենէն նիւթական ձեւին տակ միայն կրնայ ցնցել փտացած ջիղերս, առանց տաքցնելու մարմար հոգիս. կը կարծէի թէ, աշնան գոս տերեւին պէս, ինծի վիճակուած էր ա՛լ բաժնուիլ ոստէն, քայքայուիլ, տարտղնիլ, փոշի դառնալ ու երթալ խառնուիլ հողին: Բայց դուն եկար, շունչդ կենդանացուց, զօրացուց, երիտասարդացուց զիս, շրթունքիդ հպումները առոյգ արիւն բերին երակներուս մէջ, եւ ուղեղս ու սիրտս կազդուրեցին, անոնց ամենէն նուրբ ջիղերուն անգամ նոր աշխոյժ տալով. եւ հիմա, առաջին սիրոյ տպաւորութեան տակ գինովցած պատանիին պէս, ներսիդիս կը գտնեմ խորհրդաւոր աշխարհ մը, նոր սարսուռներ, նոր տենչեր, նոր յոյսեր, անխախտ հաւատք մը երջանկութեան որ միշտ ցնորք երեւցած էր աչքիս, կեանքի սէրն եւ ապրելու երանութիւնը: Ձայներ կը լսեմ ներսէս, որոնք մինչեւ հիմա երբեք հնչած չէին ականջիս, արտասովոր սիրալի երաժշտութեան մը մեղեդիներ: Ու ա՛լ չեմ վախնար պատրանքէն, Զապէլ, քանի որ դուն կը սիրես զիս, ու քանի որ կը հաւատամ, այնպէս ինչպէս կը հաւատամ մօրս առաքինութեան, թէ զիս միայն կը սիրես ու զիս չի պիտի խաբես երբեք:
Ա՜խ, այս հաւատքը. այս հաւատքը իմ ապաւէնս է, իմ յոյսս է, իմ բոլոր երջանկութիւնս է: Նախանձոտ ինչպէս որ եմ, ես ի՜նչ պիտի ըլլայի եթէ վայրկեան մը տարակուսէի թէ սիրտդ ուրիշի մըն ալ կրնայիր տալ, թէ աչքերդ ուրիշի մըն ալ կրնային նայիլ այնպէս ինչպէս կը նայէիր ինծի անցած իրիկուն, թէ ուրիշի մը համար ալ կրնայիր ունենալ գուրգուրանքի այն անմոռաց արտայայտութիւնը, որուն յիշատակն անգամ բոլոր ջիղերուս կծկումներ կուտայ:
Կը տեսնե՞ս, Զապէլ, որ տղայ կ՚ըլլամ, տղու պէս կը խօսիմ քեզ. բայց սրտիս մէկ պէտքն է ասիկա, ներէ՛ ինծի: Խնդա՛ վրաս, եթէ կ՚ուզես. մտածէ՛ թէ ինծի պէս դրական մարդ մը խենդեցած ըլլալու է ասանկ բաներ գրելու համար1. բայց կարդա՛ այս տողերը, ու ետքը պատռէ՛, եթէ կ՚ուզես: Կարդա՛, որովհետեւ քու սուր միտքդ, սիրող սրտիդ բոլոր խորատեսութեամբն ու հոգեբանութեամբը, պիտի տեսնէ ասոնց մէջ թէ ինչ խորունկ, ինչ անսպառ, ինչ յարատեւ սիրով մը կը սիրեմ զքեզ. թէ այս զգացումը, որ աներկբայ վերջինն է ա՛լ եւ մինչեւ գերեզման կեանքիս մեծագոյն մխիթարանքը պիտի ըլլայ, թերեւս առաջին իրական սէրս է, չորս տարի թաքուն պահուած սէր մը, ամբողջ չորս տարիներ աչքերովդ, ձայնովդ, արցունքովդ գոհացող սէր մը, առանց բան մը պահանջելու քեզմէ, եւ ոչ իսկ ձեռքի մեղմ հպում մը: Հաւատա՛ ինծի, Զապէլ, երբեք սիրած չեմ ես այնպէս ինչպէս որ զքեզ կը սիրեմ, եւ կամ թերեւս ես երբե՛ք սիրած չեմ՝ քեզի ճանչնալէ առաջ: Տարփանք չէ միայն որ ունիմ քեզի համար. կը զգամ որ, եթէ ուզես, եթէ համոզուիմ որ այնպէս միայն կրնաս երջանիկ ըլլալ, կը զգամ որ կրնամ համբոյրներէդ զրկուելու անհուն զոհողութիւնն իսկ ընել. բաւական է որ աչքերդ տեսնեմ, լսեմ ձայնդ, ձեռքերդ ձեռքերուս մէջ զգամ, ու ըսես թէ կը սիրես զիս, զիս միայն, ու եթէ վշտեր ունենաս՝ մխիթարեմ զքեզ: Այս սէրը, Զապէլ, աննիւթական հեշտութիւն մը կուտայ ինծի, քու հոգիդ հասկնալու խորին գիտակցութեան հեշտութիւնը, որ վաղանցիկ չէ միւսին պէս. կը զգամ թէ ամենէն բուռն ըղձանքներս պատրաստ են կանգ առնել ու ծնրադրել քու սրտիդ ու մտքիդ առջեւ, ու անոնց հպումին մէջ միայն յագեցում որոնել: Այս զգացումը չի պիտի ծերանայ ուրեմն, եւ այս գաղափարը չես գիտեր որչափ երջանիկ կ՚ընէ զիս: Մեր մարմինները կրնան հոգնիլ, բայց այս կապը որ հոգիս քու հոգիիդ կը միացնէ, այն կապն անքակտելի պիտի մնայ միշտ:

Բէրա, 23 Մարտ 1895.
Հրանտ Ասատուր
Հինգշաբթի գիշեր

[ԶԱՊԷԼ ԽԱՆՃԵԱՆ-ՏՕՆԷԼԵԱՆԻՆ]

27 Մարտ 95.

Քեզմէ բաժնուելէս ետքը, քեզ նորէն տեսնելու յոյսն ու տենչն է որ կ՚ապրեցնէ զիս, Զապէլս: Ժամերը կը համրեմ, ու ժամերը չեն անցնիր, ու ժամանակը որ կը սուրայ երբ քո մօտդ եմ, յուսահատիչ դանդաղութեամբ կը քալէ երբ հեռու եմ քեզմէ: Այն միջոցը, որ մեր տեսակցութիւնները կը բաժնէ, երկարատեւ գիշերւան մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ վրաս, եւ անքուն հիւանդի մը բոլոր անձկութիւնները կը կրեմ, անհամբեր սպասելով արշալոյսին: Հազիւ բաժնուած քեզմէ, քու գրկիդ մէջ աշխարհը մոռնալու անհուն ըղձանք մը կը համակէ, կը գրաւէ զիս. ու ա՛լ բան մը չեմ խորհիր, բայց եթէ նորէն տեսնել զքեզ, ձայնովդ ու շնչովդ կենդանանալ:
Ինչ որ քեզմով կը զգամ բոլորովին նոր է սրտիս համար: Կը կարծէի ճանչցած ըլլալ սիրոյ կեանքին բոլոր յուզումները եւ վայելքները, բայց քեզմէ առաջ ես ոչ ո՛ք սիրած եմ եղեր, հետըզհետէ կը համոզուիմ ասոր: Յանցանքը ի՞մս է եթէ մինչեւ հիմա չէի հանդիպած այն էակին որ իր մտքովը, սրտովը, մարմնովը մտատիպարս ըլլար. երեք չորս տարուան թաքուն լռիկ պաշտումիս մէջ կը խոստովանէի ես ինծի թէ դուն էիր այդ էակը, ամենէն բարձրը, ամենէն գերագոյնը: Տարակոյս մը միայն ունէի. կը վախնայի որ կեանքի կսկիծներն եւ անձկութիւններն ջնջած ըլլան զգացումը սրտիդ մէջ, դեռ չի ծլած ծաղկին պէս զոր կարկուտն կը ջախջախէ. կը վախնայի որ ամենէն անձնուէր, ամենէն յարատեւ սէրը չի կարենա՜ր քու սիրտդ շարժել: Բայց հիմա որ կը ճանչնամ այն անհուն գորովը որուն կարող ես դուն, գերանուրբ զգայնութիւնը ջիղերուդ, որոնք կը թրթռան ամենէն փափուկ գգուանքին տակ, հիմա կը զգամ որ աշխարհի միակ էակը, զոր կրնայի խորապէս, յաւիտենապէս սիրել, սրտիս բոլոր աւիւնովը սիրել, դո՛ւն ես, Զապէլս: Ամէն այն յիշատակները զորս կը գտնեմ անցեալիս մէջ, տղու յուզումներ, երիտասարդութեան կրքեր, մարմնական ըղձանքներ, ամենքը միացած, չեն տար սրտիս մէկ փոքրիկ մասն իսկ այն խորունկ զգայնութեան զոր կ՚ունենամ մտածելով քեզի:
Անցած օր երկիւղ կը յայտնէիր որ մեր զգացումը կըրնայ տկարանալ ապագային: Այդ մտածումդ, այն օրէն ի վեր, սիրտս կը կրծէ: Իրա՞ւ, Զապէլ, կրնա՞յ ըլլալ որ օր մը դադրին մեր փոխադարձ անձնուիրութիւնը եւ բարեկամութիւնը, զորս սէրն չաղարտեց բնաւ, եւ քայքայուի մեր սրտին ու մեր մտքին հզօր միութիւնը, զոր յաւէտ նուիրագործեց մեր տարփանքին խորհրդաւոր ներդաշնակութիւնը:

29 Մարտ 95: – Երէկ գիշեր, Զապէլ, երբ սեղանիդ առջեւ, դիմացդ նստած, քեզ հետ խօսիլ սկսայ, հոգիս կը փրփրար, ու մշուշապատ ուղեղիս մէջ հազիւ կ՚ընդնշմարէի այն գաղափարները որոնց վրայ ժամերով մտածեր էի, զորս դասակարգեր էի մտքիս մէջ քեզ գալէ առաջ: Քու մօտդ չի կրցայ պարզել քեզ բոլոր այն խանդաղատանքը որ քեզ համար կայ ներսս, քեզ համար ունեցած ամբաւ անձնուիրութիւնս, զոր երբեք ունեցած չեմ կեանքիս մէջ եւ ոչ մէկ էակի համար: Անուշ ակնարկէդ հմայուած, լսելով ձայնդ որ սրտէդ կուգար ու սրտիս մէջ արձագանգ կը գտնէր, գինովնալով շունչիդ բուրումներէն որոնք ինծի կը բերէին յիշատակը բոլոր անուշահոտ ծաղիկներուն, կը մոռնայի ես ամէն բան, ու տղու պէս կը խօսէի քեզ, նախանձոտ, կասկածոտ մարդու մը տպաւորութիւնն թողլով վրադ, առանց վախնալու որ այդ տպաւորութիւնը կրնայ սիրոյդ վնասել: Անհուն պէտք մը կը զգայի հոգիիս ամենէն թաքուն ծալքերն քեզ պարզելու, երեւալով քեզ այնպէս ինչպէս որ եմ, իմ բոլոր տկարութիւններովս, իմ բոլոր թերութիւններովս: Երբ հակառակ ատոնց կը սիրես զիս նորէն, այդ ապացոյց է թէ սէրդ գիտակից զգացում մըն է մէջդ, ու պատրանքի պիտի չի հանդիպի. եւ ատո՛ր համար առանց խորհրդածելու, առանց ըսածներս վերլուծելու, միամտօրէն խօսեցայ քեզի: Այն տարտամ նախանձը զոր թերեւս նշմարեցիր երէկուան խօսքերուս մէջ, թեթեւ մտածում մըն էր, թափանցիկ նուրբ ամպին պէս, որուն ետեւէն միշտ կապոյտ երկինքը կ՚երեւայ պայծառ. պէտք է գիտնաս, Զապէլս, որ նկարագրիս գլխաւոր յատկանիշն եղող տարակուսանքը՝ քու տաք սիրոյդ առջեւ՝ հալած ցնդած է, եւ անկեղծութեանդ անբծութեան խորունկ հաւատքը միայն կը մնայ սրտիս խորը:

[ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ]

31 Մարտ/95

Սիրելի Հրանտ
Առաջին անգամն է կեանքիս մէջ որ սիրոյ նամակ կը գրեմ, եւ ասիկա կը շփոթէ զիս այս տարիքիս ու կացութեանս մէջ, որ կը գըտնուիմ: Ինչո՞ւ աւելի կանուխ չճանչցայ զքեզ, երբ զգալու եւ ապրելու երազանքն ունէի, եւ երբ սրտիս ամենէն բուռն եւ ամենէն յիմար տենչերուն վրայ խօսիլը յանցանք մը չպիտի ըլլար ինծի համար:
Հիմա միեւնոյն բանը չէ, Հրանտ. սիրոյս վրայ քեզի գրելու համար՝ նախ զայն արդարացնելու պէտքը կը զգամ, եւ զիս խինդեցնող այս զգացումը՝ որուն հոգիս նեղ կուգայ, փոքրիկ բառերու մէջ սղմեցնելու ճիգ կ՚ընեմ. որպէսզի շատ չերեւայ աչքիդ: Որովհետեւ պէտք չէ որ անոր մեծութիւնը ճանչնաս. կը բաւէ որ բնութիւնը հասկնաս: Կուզեմ անոր մէկ մեծ մասը սրտիս մէկ ծածուկ ծալքին մէջ պահել, միակ տեղը ուր չկարենաս թափանցել՝ էութեանս մէջ, եւ ուր կարենամ ազատ համարձակ սիրել զքեզ առանց նայուածքէդ սարսռալու, կամ կրելիք տպաւորութենէդ վախնալու: Չեմ ուզեր որ չափես սրտիս խորունկ զգացումը, որովհետեւ պիտի սոսկաս անկէ, ինչպէս ես սարսափած եմ, երբ այսքան տարիներէ ի վեր դէմ առ դէմ մենակ մնացած եմ անոր հետ գիշերուան լռիկ ժամերուն մէջ: Քեզի համար՝ գիտեմ թէ սէրը հաճոյք մըն է կեանքիդ մէջ. իսկ ինծի համար՝ նոյն իսկ կեանքն է: Քեզի համար՝ կեանքիդ պատմութեան մէկ էջն է, իսկ իմ կեանքիս ամբողջ եւ միակ պատմութիւնը: Քեզի համար սիրելի էակ մըն եմ ես. իսկ դուն ինծի համար միակ իտէալը, որուն վրայ կուգան կ՚ամփոփուին երիտասարդութեանս երազները եւ չափահաս կնոջ ամէն սէրերն ու ամէն խանդաղատանքը: Կեանքիս մէջ, Հրանտ, ոչ իբրեւ զաւակ, ոչ իբրեւ քոյր, ոչ իբրեւ կին, ոչ իբրեւ մայր սիրուած եւ երջանիկ եղած չեմ: Ինչ գորով ինչ ջերմութիւն եւ կրակ որ ունէր հոգիս մարեցաւ, մոխիրներու տակ թաղուեցաւ այն ցուրտ շունչերուն ներքեւ, որոնք պաշտօն ունէին ոգեւորելու զիս: Ամէն բանի համակերպեցայ, ճակատագրիս բոլոր քմհաճոյքներուն հպատակեցայ, առանց վայրկեան մը անոր ինծի ցոյց տուած շաւղէն դուրս ելնելու:
Միշտ խոյս տուի սուտ երջանկութիւններէ, եւ երբեք հետամուտ չեղայ կեանքիս տրտմութիւնը փոխելու, բայց սէրը եկաւ զայն լուսաւորել: Ես չփնտռեցի զայն, Հրանտ, վասնզի ոչ սիրտ ունէի, ոչ ալ ժամանակ: Առողջութիւնս խանգարուած, զբաղումներս շուրջս սառած, գլուխս մտատանջութիւններով բեռնաւորուած, սիրտս ցաւէն մաշած էր երբ զքեզ ճանչցայ: Կ՚երդնում քեզի. որ անձնասպան ըլլալու միջոց մը կը փնտռէի, խեղճ աղջկանս անպատիւ անուն մը չձգելու համար2՝ գաղտնի միջոց մը, եւ դուն ապրեցուցիր զիս: Կեանքս քուկդ է, Հրանտս, ա՛ռ զայն, իրաւունքդ է, ըրէ՛ ինչ որ կ՚ուզես, մէկ բան մը միայն չեմ կրնար տալ քեզի, անուանս պատիւը, որ աղջկանս է, անկէ դուրս՝ երջանկութիւնս է քեզի համար չարչարուիլ, քեզի համար զոհուիլ, նոյնիսկ եթէ չսիրես զիս: Վասնզի, կը կրկնեմ քեզ, թէ սիրուելու յուսով չեմ սիրած, այլ սըրտիս անզուսպ բերումովը: Ուստի պարտական չես դուն համահաւասար զգացում մը տածել ինծի նկատմամբ, ոչ ալ ինքզինքդ ինծի կապուած համարել: Պահէ՛ սրտիդ, կեանքիդ բոլոր ազատութիւնը, եւ անոր մէջ՝ եթէ ունենաս վայրկեաններ, որ անկեղծ եւ անձնուէր սրտի մը պէտքն զգաս, միշտ պատրաստ պիտի ըլլամ պարագային համեմատ մօր, քրոջ, կնոջ բոլոր գորովանքովը, բոլոր պաշտումովը զքեզ գրկւոյս մէջ ընդունելու: Որովհետեւ կեանքիս միակ հրապոյրը, միակ գաղափարը, միակ նպատակը եւ միակ սէրն ես դուն, Հրանտս, քու տառապանքովդ պիտի տառապիմ եւ քու երջանկութեամբդ երջանիկ պիտի ըլլամ: Քու անձդ, քու հաճոյքդ, քու հանգստութիւնդ միայն մտածէ, եւ զիս մտածած պիտի ըլլաս: Եւ ասոնք կարդալէն ետքը, եթէ կուզես, աղւոր աչքերովդ նորէն աչքերուս մէջ նայէ ու հարցուր ինծի թէ միշտ պիտի սիրե՞մ զքեզ: Քովդ եղած վայրկեաններուս մէջ ըսածներս նշանակութիւն չունին: Այնքան կը դիւթես զիս, որ ինքզինքէս կելլամ եւ ըսածս չեմ գիտեր: Նամակներուս մէջ պիտի գտնաս <բոլոր> ճշմարտութիւնը, այսինքն ճշմարտութեան կէսը, որովհետեւ ըսի արդէն որ սիրոյս մէկ մասը ծածուկ պիտի պահեմ քեզմէ:

Զապէլ

[ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ]

 5 Ապրիլ/95 դշ[աբթի] գիշեր

 Սիրելի Հրանտս

Երբեք երջանիկ եղած չէի այնքան որքան մեր վերջին տեսակցութեան օրը, ուրիշներու ներկայութեան վայելելով քու ներկայութեանդ հրապոյրը, իրարմէ հեռու նայուածքնիս այլուր՝ սրտիս մէջ զգալով կարծես սրտիդ բաբախումները, եւ ձայնիդ հնչումին մէջ յափշտակուելով այն շեշտերէն, որոնք հոգիիդ ու շրթունքներուդ բոլոր քաղցրութիւնը կը բերէին ինծի: Եւ քեզի հետ ունեցած գաղտնիքս խորհրդաւոր բարձրութեան մը կը հասնէր մտքիս մէջ: Գերբնական պաշտումի մը բոլոր վեհութիւնը կստանար իմ կողմէս իտէալ էակի մը համար, որուն վրայ կուգան կը միանան բոլոր հիացումները նայուածքին, բոլոր ըղձանքները հոգիին: Քեզի համար ունեցած անհուն սիրովս հպարտ՝ գոհ էի որ ուրիշներն ալ կը տեսնէին աննման ձիրքերդ. թէպէտ ապահով եմ թէ ոչ ոք աշխարհի վրայ կրնայ զանոնք գնահատել ինծի չափ: Միակ արժանիքս է, Հրանտս, անհամար արժանիքներուդ փոխարէն զքեզ ամէն մարդէ աւելի աղէկ հասկնալու կարողութիւնս, եւ երբ այն օրը անոյշ սրտիդ գորովանքը կ՚արտայայտէիր ընտանիքիդ, մօրդ համար3, աւելի կը յուզուէի քան բոլոր սիրոյդ յայտնութիւններէն ինծի ուղղուած: Չես գիտեր, Հրանտ, թէ որքա՛ն պաշտելի ես այդ զգացումներովդ, եւ թէ թերեւս անոր համար է որ կը սիրեմ զքեզ: Այնքան վարժուած եմ շուրջս անսիրտ, անձնասէր, բիրտ մարդիկ տեսնելու որ կը մտածեմ թէ երա՞զ մըն ես դուն արդեօք, այն երազներէն մին, զոր մարդ իր սրտին մէջ կստեղծէ ու մինչեւ գերեզման չկրնար բաժնուիլ անկէ: Եւ կզմայլիմ, կը գուրգուրամ վրադ, ու սէրս կ՚աճի օրէ օր, ժամէ ժամ բոցի մը պէս հովին դէմ, որ կը մեծնայ, կը լայննայ, կը ծաւալի անդադար: Մինչդեռ կզգամ որ պիտի մարէր ու պիտի հատնէր եթէ նուազ բարի ու նուազ ազնիւ ըլլայիր: Եթէ կը սիրեմ քու դէմքդ, Հրանտ, պատճառն այն է որ հրեշտակի դէմք մըն է, եթէ կը սիրեմ աչքերդ, պատճառն այն է որ անոնց ջինջ պայծառութեան մէջ կրնամ նայիլ առանց վախի առանց կասկածի, եւ շըրթունքներդ կը համբուրեմ որովհետեւ գիտեմ թէ անոնք սուտ չեն խօսիր: Տրամաբանական սէր մըն է իմ սէրս, որովհետեւ զքեզ սիրելով ամենէն գերազանց բաները կը սիրեմ աշխարհիս վրայ, որոնք հետզհետէ կը խանդավառին եւ կ՚արբեցնեն զիս, եւ մտքի յափշտակութեան անանկ աստիճանի մը կը հասցնեն որ ալ ինքզինքիս տէրը չեմ. կերպարանափոխ կըլլամ բոլորովին. տարիներու համոզումներն ու հաւատքը կը խախտի իմ մէջը ամէն բան կործանելով ամէն բան փլչելով, միակ բան մը տիրելով հոգւոյս, միակ բաղձանք մը ընձիւղելով հոն. զքեզ երջանիկ ընելու ըղձանքը: Ու կ՚ուզեմ որ մեծ բաներ ընեմ քեզի համար, կ՚ուզեմ որ յանցանքս սիրոյս չափ մեծ ըլլայ. դեռ ըսե՞մ, կ՚ուզեմ որ դուն չը սիրես զիս, եւ իմ տառապանքովս արժանի ըլլամ քեզի: Յետոյ կուգան խօլ իղձերը, երազները: Կաւրի հոգւոյս երեւակայութիւնները, որուն բան մը չէ բաւեր:

Վայրկեաններ կան որ ինծի այնպէս կուգայ թէ մարդկային սիրոյ յարաբերութիւնները շատ անկատար բաներ են. թէ պէտք է սիրուած էակին հետ միեւնոյն անձն ըլլալ, հոգիդ անոր հոգիին մէջ դնել, եւ նայուածքդ երբեք նայուածքէն չբաժնել որպէսզի օտար բաներ չը մտնեն անոնց մէջ կատարեալ նուիրումի սրբութիւնը պղծելով: Ու կը մտածեմ նորէն որ եթէ այդ ալ ըլլար, կեանքը շատ կարճ պիտի գար <այդ[քան]> զիրար սիրելու համար: Ա՜խ դեռ ի՜նչ գիտնամ, շատ մը տենչանքներ, տարտամ, ստուերոտ, որոնք անհունին, յաւիտենականին երազը ունին իրենց մէջ քու պաշտումիդ նուիրելու համար:

Ասոնք ամենը կ՚ապրեցնեն զիս սակայն, եւ զարմացկոտ ապշութեամբ մը կը դիտեմ կեանքիս այն օրերը, ուրկէ բացակայ էր քու գաղափարդ: Ինչպէ՞ս կրցած էի տանիլ կեանքի դատարկութիւնը: Սա ճշմարիտ է թէ զքեզ ճանչցած սակաւաթիւ տարիներուս մէջ մնացորդ օրերուս հարիւրապատիկը ապրած եմ սրտի կեանքովը, որուն մէջ արցունքը սին ուրախութիւններէ աւելի կ՚արժէ: Եւ երախտապարտ եմ քեզի, Հրանտս, ոչ թէ սիրոյդ համար, (որովհետեւ անոր վրայ յոյս չեմ դներ) այլ նոյն իսկ գոյութեանդ համար, ինչպէս շիւղին ու շաղին մէջ պահուըտած յետին արարածը երախտապարտ է արեւին, ոչ թէ զինքը սիրելուն՝ այլ տաքցնելուն ու լուսաւորելուն համար: Եւ հոգիս լեցուն խանդաղատանքով՝ զքեզ օրհնելու պէտքը կզգամ. որ թերեւս վսեմագոյն արտայայտութիւնն է իր սլացումի ու վերացումի կարողութիւններուն:

Զապէլ

Աշխատասիրութեամբ ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *