Պոեզիա

Վեհանոյշ Թեքեան | Ափոքալիփս

ՃՇՄԱՐԻՏ ՃՇՄԱՐԻՏ Կ՚ԸՍԵՄ ՁԵԶԻ Ամենէն առաջ Վախը պիտի ուռճանայ ու ծռմռի Արեւը կռնակին վրայ պիտի պառկի ցՆցում լաւա հեղեղ երբ ժայռերը գոռան լեռներրը պիտի երերան ու լոյսը հարաւ- հիւսիս զարնուելով պայթի պիտի Արեւելքէն եօթ փող հնչեցնող հրեշտակներ պիտի ուռին ու չպայթին…

• 4 րոպե

Վեհանոյշ Թեքեան | Ափոքալիփս

ՃՇՄԱՐԻՏ ՃՇՄԱՐԻՏ Կ՚ԸՍԵՄ ՁԵԶԻ
Ամենէն առաջ Վախը պիտի ուռճանայ ու ծռմռի
Արեւը կռնակին վրայ պիտի պառկի
ցՆցում լաւա հեղեղ
երբ ժայռերը գոռան
լեռներրը պիտի երերան
ու լոյսը հարաւ- հիւսիս զարնուելով պայթի պիտի
Արեւելքէն եօթ փող հնչեցնող հրեշտակներ պիտի ուռին ու չպայթին
եօթ զոյգ կոտոշներով մինչեւ մէջք ծռած պիտի քալեն
շլմորած աչքերով
Արեւմուտքէն Նեռը պիտի յայտնուի վրան եօթը պատմուճան
եօթը օձէ գաւազան
օդէն կախուած աւազան
մէջը՝ Նեռը ամէնազօր սրբազան
Պզտիկ գլուխ երկար լեզու
Փրթած լեզու կատղած նայուածք
Պղտոր աչքեր հալած նայուածք
Պիտի անդին շպրտէ իր մօտ համախմբէ
Տաս լէգէոնի ոյժ ունի
Գազան պիտի դառնայ հինգ ոտքերով
Երկգլխանի գոմէշներ զայն պիտի պաշտպանեն

Մուկերը պիտի առնետներու մատները կրծեն
գող աւազակ ոճրագործ
Ստախօս ու դաւադիր
Դրամ կլլող ինչ օձ որ կայ
Սարսափազդու ինչ գազան կայ
Ոտքը փրթած եղնիկներ պաֆըլօներ ճերմակած
Ընձուղտներ անվիզ առիւծներ անբաշ
Վախցած խլուրդներ սմքած սողուններ
Բուերը բուներու փաթթուած պիտի բօթեր ցափռտեն
Իժերը պիտի փաթթուին փիղերու իրանին
Լիճը կապոյտ ժայռաշար
լեռան շղթաները պիտի փշրտէ
Երեւելիներրը յանկարծ աներեւելի պիտի դառնան

Մինչեւ իսկ շողը կարմիր կրնայ ըլլալ
Հողը թափանցիկ երկինքը հողագոյն
Տէրը թափառաշրջիկ աստուածները անցողիկ
Ծաղիկը անփերթ թուփը փշապատ
Ճամբան գետնափոր մեռած արծիւներով
Դաշտերուն մէջ կանաչ ոչինչ պիտի մնայ։

Ովկէանոսը կը տարածուի քաղաքներուն վրայ
անոնց ցանցերը մէկ վայրկեանի մէջ փրթած են
Ամէն կողմ կապոյտ ու պղտոր կ՚երեւայ
Մարդկութեան բոլոր լեզուները
Բոլոր գիւտերն ու նուաճումները
Կաճառներն ու տաճարներն ու բանտերը
Գիտաշխանատեցներն ու մատենադարանները
Շէնքերը քար քարի վրայ պիտի տապալին
աստղերրը պիտի գաղթեն
Լուսինը փորհարութիւն պոտի ունենայ
Ոչ երկրաշարժ չեղաւ
Մարդկութիւնը ինքզինք տապալեց
Ու վերջապէս Վախն ալ վախճանեցաւ

Երրորդ Աչքն է ամենատեսը
կը տեսնէ բնաջնջումը
Բայց մարդ չկայ որուն պատմէ
Աստուած սարսափած անկիւն մը նստած է
Ախտապութները ցատկռտելով կամ կաղալով մէկ շարքի վրայ պիտի յառաջանան
Շանաձուկերը պիտի սկսին քալել աւազներու վրայ
փիղերը փոկերը բորենիները մեծ-միջակ-փոքր որոնց նախահայրերը
մեր նախահօր Նոյին հետ նոյն տապանին մէջ ապրեցան
պիտի անձայնանան

Յիշողութիւն պիտի չմնայ
քաղաքները իրենց անունները պիտի կորսնցնեն
Անտառները պիտի փ,նգտան ու չորս դին փսխեն
Թռչողը պիտի գետնին փակչի
Բոլոր լեռները պիտի հալին կամ հրդեհուին
Միայն Արարատը անարգել պիտի մնայ.
Երկրագոունդին մէջ վերջինը՝ Արարատը պիտի մնայ։
Նոյեան տապանը վրան
Ցամքած ջրհեղեղ
Գլխատուած անտառներ
Ճաքճքած տապան

Կեանքը պիտի անկեանք դառնայ
Մահը պիտի անմահ դառնայ
Ինչ որ կը շարժի՝ պիտի անշարժանայ

Ճշմարիտ ճշմարիդ կ՚ըսեմ ձեզի
Իմաստութեամբ ապուշցած մարդկութեան
Ի՞նչը պիտի պաշտպանէ ահեղագոռ լռութենէն
Ոչ աւազը ոչ կոհակը
Ոչ հողմապտոյտը ոչ սունամին
Ոչ ռումբերը ոչ տրոնները
Ոչ լեռն է յաղթանակողը ոչ ովկէանոսը
Ոչ աստուծաբանական գիրքերը
ոչ արուեստները ոչ լեզուները
ոչ կամքը ոչ դժկամութիւնը,
ոչ սրբութիւնը, ոչ լրբութիւնը
Ոչ ատելութիիւնը ոչ արդարութիւնը
Ոչ յեղափոխութեան բռունցքը
Ոչ գաղափարներու ուռուցքը
Ոչ հաւատքը ոչ յոյսը ոչ ալ սէրը այդ մեծագոյն ոյժը
Գիտութիւնը որ մենք մեծցուցինք պիտի դատապարտուի

Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի
Ոչ քաղաքակրթութեան նուաճումները պիտի փրկեն մեզ
Ոչ հանճարը ոչ անճարը
Ոչ թռիչքը ոչ անկումը
Ոչ ալ զգացական լռին կծիկները
Ոչ բարկութեան փոթորիկն ոչ քնքշանքի զեփիւռը

Պիտի ցնծագնի երազի այգը
Բայց պիտի ցնդի ցնորքի այցը
Զգօնութեան սանձն ու թմրութեան մաղձը

Ո՞վ պիտի կատարէ զտումի փորձը
հաւատացեալին ու մեղադրեալին
տեւականին եւ անցողիկին

Կարծր ու քարացած է հանգիստի բարձը

Ո՞վ է ո՜վ կայ ո՛վ կայ հէհէ՜յ
Նոյ-մոյ չկայ
Հրեշտակները յոգնած կը խռկան
Սատանաները թմրամոլ՝ զիրար կը խածնեն
Ռումբերը կլլած են օդին թթուածինը

Վախճանը հասած է, վախճանը ոռնո՛ց է
Վախճանը անշաժ ափ է անագորոյն գոռում գոչում է
Վախճանը լեզուներու կայծ ու կրակ է
Փայլուն ակռաներով հալած աչքերով գանկ է
Ի՞նչ պայթեցաւ պայթեցուեցաւ պայթցրուեցաւ

Աւարտած էր գինին բաժակը հոն էր
Ստեղծագործութեան առաջին օրէն ապրող բաժակը
փշուր փշուր եղաւ

Ամենազօր մարդը այրած փոշի դարձաւ

Բայց մարդ չկայ որ տեսնէ այս բոլորը
Մէկը չկայ որ հաւատայ
Հաւատք չկայ որ լոյս ըլլայ
Լոյս չկայ որ բարին իշխէ
Իշխող չկայ որ զղջայ
Իշխողները տապալեցին
Կոյր ուղեղով նենգ սրտով
Ի՞նչ կուզէին խաղաղ ապրող մարդկութենէն

Միայն մարդն է որ կրնար Չարին ու Բարիին տիրապետել
Բարին ետ բերել
անմահութեան մէջ լուսաշող սփռել

Անջրպետի արեւը աչքերը գոցեր է
Երկրագունդի խաւարին թաթերը թմրած են

Ով որ գնաց՝ չեկաւ
Ինչ որ գնաց՝ չեկաւ

Քաոս մը կար անկանգ
Ան ալ անշարժացաւ

Ինչ որ եղաւ՝ չեղաւ
Ինչ որ չկար՝ եղաւ։

Ուղեղը գոց է
Բիբը գոց է
Տենդը գոց է
Տենչը գոց է
Յոյսը գոց
Վհատութիւնը գոց
Ձայնր գոց
Լռութիւնը գոց
Աւետիսր գոց
Մատեանը գոց

Էջը գոցէ՜՜

***************************

Սեպտեմբեր, 2026

Թողնել մեկնաբանություն