Վե՛րջ տուր, վերջ տուր ցաւի ցաւին,
Ելի՛ր կարմիր դաւի գուբէն.
Թոյնն է կախեալ արեւի պէս
Սերմանողն ես, կանգնէ՜ նորէն։
Չարագուշակ ճանապարհներ
Խարան աղբի, կեղեքումի,
Ի՞նչ կքեցաւ վիշապի պէս
Ամայատես հայոց հողին։
Լուսաւորիչն ինկեր էր գուբ,
Կողահարը կաղ կաղ կ՚ուղղուէր,
Առանձին էր Խորենացին,
Մաշտոցը իսկ՝ տիրակալ չէր։
Խորանի տակ՝ խունկ ու պահոց,
Շրջառի շուրջ դաշոյնի հոտ,
Կախուեր էր Մեսիան երկինքէն
Եւ տեղ չունէր օդը անօդ։
Անմահնե՛րը փրկեցին մեզ
Թշնամիէն այդ այսահար,
Մեր ծուռ ցեղի գաղտնիքը մեծ
Մեռեալներու շունչէն կու գայ։
Ինկա՜ր մանկիկ, ոտքդ հատեցին
Ալ մէկ ոտքով պիտի քալես,
Նայէ որ բազուկդ չվնասուի
Եւ աչքերդ ամենատես։
Չէ, չես մոռնար ընկերներդ
Որոնց ձայնն ա՛լ չլսեցիր,
Անոնց ղրկած զուարթունէ
Ծածկոցներով հանգստացիր։
Անո՜յշ քոյրիկ, ՚թէ լոյս չկայ
Մո՛մ մը վառէ, հոգի՜դ վառէ,
Այսօր ցուրտ է եւ թէյ չկայ,
Ո՞ր հողին տակ թէյամանիդ
Ճկճկոցը ճզմուեր է։
Անկողինիդ ծիծղուն շղթան,
Զսպանակներ անժանգ, անզուսպ,
Ո՞ւր լռեցին, խափանուեցան
Այդքան հայոց անկողինի յոյս։
Վերջ տուր, վե՛րջ տուր ցաւի ցաւին
Ելիր կարմիր դաւի գուբէն,
Թոյնն է կախեալ արեւի պէս
Արեւի տեղ՝ ըմպէ՜ նորէն։
Այսօր քամին
Իր երեկուան ճամբան չունի,
Իր բազմաթիւ գլուխն առած
Կոյր կը փախչի, մինչեւ իյնայ
Վայոց Ձորէն վայրենահաջ։
Մեր երկինքի մոխրերախէն
Թո՛յնն է կախեալ հին թակոյկով,
Որբերէ ետք, ողբերէ ետք
Յաղթութեան հետ
ըմպէ՜ նորէն։
2.
Հայրենական Երկիրս
Տխուր, ամայի,
Սեւ արցունքով օծեցիր
Մոխիրն իմ ուխտի։
Լեռնե՜ր կային մեր միջեւ
Սուգիդ կանչեցիր,
Խաչին մեխուած գամի պէս
Կեանքս՝ կարծր գիր։
Առանց քեզի ապրելու
Գինը ո՞րքան է,
Քակէ միթերդ արու
Սիրտս նըման է…
Փլած տունիդ մի խառներ
Արցունքս կեանքի,
Ա՛ռ խորհուրդէս խոհ ու սէր
Որ խինդդ բացուի։
Մոռցի՛ր հողդ դաւադիր,
Նայէ երկինքիդ՝
Աստուածներ կան դեռ այնտեղ
Անձկահար՝ ձայնիդ։
Հանգոյցներու մէջ ինկած
Ցեղս շնչահեղձ,
Աստուածնե՜ր կան դեռ այստեղ
Քեզի, ինծի պէս։
՚*******
Վեհանոյշ Թեքեան