Վեհանոյշ Թեքեան | Օրօր երիցս նահատակներուն

Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Պատուհան չկար որ լուսինը շողար
Արեւի շողն իսկ ճանապարհ չունէր,
Քարասիրտ մարդիկ քարին փռած էին ձեզ եօթը ամիսներ։

Դուք չքնացաք վախճանման նիրհով
Ու չհանգչեցաք մայր հողի գիրկին,
Երբ քաղաքակիրթ որեւէ երկրի
Անասո՛ւնն անգամ զինք թաղող ունի։

Պապանձեր էին երկինք ու երկիր։
Ձեր ծնողները դուռէ դուռ ինկած
Յուսահատութեան թոյնը մերժելով
Իրենց զաւակին ո՛ւր գտնուիլը,
Ինչպէ՛ս ըլլալը կը պահանջէին
Մարդոցմէ որոնք նենգ ու անտարբեր
Անվարան տուին թոյնը խաբկանքին։

Փետտուած հոգիով ծնողներ անքուն
Կը յիշեն ինչպէս ոչ վաղ անցեալին
Իրենց զաւակին օրօր կ՚երգէին։

Քնի՜ր իմ բալաս։ Անէ՛ծք այն մարդոց
Որ պատանքի քօղն անգամ զլացան,
Ու տոպրակներով յանձնեցին ձեզի խուցի մը խոցին։

Թող ձեռքերն այն որ արհամարհեցին գոյութիւնը ձեր
Փշրափշրուի՛ն վրէժի ապառաժի տակ,
Սիրտերնին ճաշա՛կ ըլլայ գազանի,
ձեր մաքրամաքուր հոգին ուրացող աչքերը անոնց՝
թող հայոց զարթնած, զայրացած աստուածները փորեն։

Տակաւին կեանքի խնծիղը չվայելած
Ինկաք վիհին մէջ դաւաճանութեան.
Դուք Գաղափարի զինուորագրեալ, ուխտի նուիրեալ
Դեռ չհասկցած ինչո՛ւ էք լքուած ռազմադաշտի մէջ
երկինքը գոռգոռան յանկարծ խլացաւ։

Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Երազ ունէիք, խայտանքի խարիսխ,
Ծնողք ու զաւակ, քոյրեր եղբայրներ
Տաքուկ տուն, ընկեր, դպրոց ու ձիրքեր:

Դուք պարծանքի սիւն, ընտանիքի հայր պիտի դառնայիք,
Տապալեցին ձեզ կեանքի լոյս շեմին,
Օ՛ միայն անո՛նք գիտակից էին
Որ պատերազմ չէր այս
Այլ՝ ծրագրուած սպանդ, պատուհաս,
Պարտութիւն էր ծանր ու անկասելի։

Օրօր իմ բալաս, կը լսե՞ս հիմա
Կինդ կ՚արտասուէ ու մայրդ կու լայ,
Ձագուկիդ աչքը՝ նկարիդ վրայ,
Հօրդ լռութիւնը ջրվէժ է անձայն։

Քուն եղիր բալաս, անմեղ աչքերով
Սիգապանծ սիրտդ դիր մօրդ կուրծքին,
Թող սուգ մայրիկիդ քու լռած ձայնիդ զեփի՜ւռը հասնի։

Թող արցունքս դողահար հողդ թեթեւցնէ,
Որ վանկ վանկ երգեմ ձեր նիզակահար
ու կայտռուն կեանքի մահուընէն ետք իսկ
որբացման գոյժը,
Հայատրոփ արեան յաւերժի բոցը։

Հինգ հազար կեանքով ուռած Եռաբլուր,
Իւրաքանչիւրը՝ բեկուած ապագայ,
Ահա դրօշները կ՚արտասուեն անդուլ։
Մարմինն է թաղուած
Բայց կը բաբախէ հոս Սի՛րտը ցեղին,
Եւ Եռագոյնը թեւերով ծածան
Համբո՜յր կը ղրկէ ձեր սուրբ հոգիին։

Խաղաղութիւնը խախտած մեր հայրենիքին մէջ
Գոնէ դուք, ազգին մատաղներն անմեղ, ննջեցէք խաղաղ։

Քուն եղիր բալա՜ս, ա՛լ թաքնուած չես,
Օրօր ու նանի
Հողիդ գիրկին մէջ քո՜ւնդ կը տանի։

Յունիս 2
ԱՄՆ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *