Զահրատ | Մայմուն

Մայմուն

Մայմուն որ կ´ըսեմ կապիկ չը կարծէք
Տան սև փիսիկին անունն է
Փիսիկ որ կ´ըսեմ աղուոր չը կարծէք
Աշխարհին ամենէն տգեղ կատուն է
Սեւ է որ կ´ըսեմ սեբ-սև չը կարծէք
Սեւութեանը մէջ աչքերը դեղին են
Դեղին որ կ´ըսեմ արեւ չը կարծէք
Արեւը մեկ է-աչքերն երկու են
Երկու որ կ´ըսեմ զատ զատ չը կարծէք
Երկուքին խորն ալ երազը մեկ է
Երազ որ կ´ըսեմ մեծ բան չը կարծէք
Մարդու մը կողմէ սիրուիլն է

 

ՀԱՃԸ ՊԷՔԻՐ

Ցուցափեղկին առջեւ կեցեր էին
– Կը նայէր –
Մայրը բռնեց քաշեց ձեռքէն
– Իրենց տունը չէր մտներ –

Երբ տուն գացին Միհրանիկ
Փոխեց Փիչոնին անունը – «Լոխում» դրաւ

 

 

 

ՅՕՐԱՆՋ

Կենսունակ –
Արեւն ի վեր – լոյսն ի վեր –
Կանանչ ծիլ մը կը մագլի
Շիլն ի վեր
Շիլին գծած ծիրն ի վեր
Անջրպետ մը կերկարի

Տօպրէ ութրա կ՚ըսէ մին
Միւսը կ՚ըսէ կուտ իվնինկ
Պարապին մէջ կ՚ագուցուին

Փորը կուշտ –
Արեւն ի վեր – լոյսն ի վեր –
Կատու մը կը յօրանջէ

 

ՍԻՎԱՅԻՆ ՄԱՀԸ

Ուշացայ –
Երբ գերեզման հասայ կը վերադառնային
– Լմնցա՞ւ – հարցուցի
– Լմնցաւ – ըսին
Ըսել է փոս իջեր էր դագաղը
Եւ վրան հողով լեցուցեր էին –
Գացի որ տեսնեմ
Այդտեղ – հողին տակ
Քանի որ ոչ կորով կայ կեանքը ապրելու
Ոչ գորով կայ կեանքը սիրելու
Եւ ոչ ալ հաւատք լոյսին նայելու
– այդտեղ – հողին տակ
Ան չէր
Ինծի պէս հետաքրքիր
Սեւ կատու մըն ալ
– աչքերը կլոր կլոր բացած –
թարմ հողը կը հոտուըտար
հասկնալու համար թէ ինչ
ինչ նորութիւն կայ կեանքէն դէպի մահ

 

ԱՆՊՏՈՒՂ ՍԱԼՈՐԵՆԻՆ

Սալորենին որ գարնան պտուղ չտուաւ
Ամչցաւ –
Տխուր նայեցաւ իր տերեւներուն
Իր լերկ ճիւղերուն
Ու լացաւ
Եւ լաճերը թաղին – պտուղի գող –
Ոչ մէկ քար նետեցին
Արհամարհանքով ծառին նայեցան
Ու գացին
Այդպէս լքուած ու այդպէս առանձին
Սալորենին
Անոնց ետեւէն նայեցաւ կարօտով
Ու լացաւ
Եւ Պարոնները Տիկինները թաղին
Չնշմարեցին
Հէք սալորենին
Որ այդպէս անպէտ – այդպէս յանցաւոր
Լացաւ
Միայն կատու մը սեւ – շուքի բարեկամ
Արեւի նման դեղին աչքերով
Երկար նայեցաւ սալորենիին
Ու տուն տեղ եղաւ
Չորս հատ ձագ բերաւ ծառին ստուերին
Հիմա սալորենին
Խանդով կ’երկարէ իր զով հովանին
Որ ձագուկներն ամրան կիզիչ արեւէն
Չըլլայ թէ այրին

 

ԿԱՐՄԻՐ ՁՈՒԿԸ

Կարմիր ձուկը ծովէն ելաւ ծով մտաւ ու ապուշ կատու մը սոված

որ դիրք բռներ

լարուած զսպանակ էր դարձեր

ծովափի խութին վրայ յուսահատի ձայներ հանեց

Եւ ոչ միայն կատուն

նաեւ Սմբատ էֆէնտին

որ կարթը ծովը նետած

պարապ կը սպասէր կէս ժամ է
ու Տիկին Մալվինէն

եւ իր զոյգ աղջիկները

որոնք կը հաւատան թէ եթէ ձուկ ուտեն

իրենց մորթը պիտի գեղեցկանայ

Ձայնակցեցան կատուին

Յետոյ – բացի կատուէն –

Բոլորն ալ մէկ մէկ թէյ ապսպրեցին

սպասեակին

– Կարմիր ձուկը ծովէն չելաւ հեղ մըն ալ

 

ՄԷԿ ՔԱՐՈՎ ԵՐԿՈՒ ԳԱՐՈՒՆ

Դեղին կատուն
քար մը նետեց
ծառն ի վեր
Երկու գարուն ինկաւ ծառէն
Մէկը քեզի – մէկը ինծի
Աւա՛ղ – նորէն բացը մնաց
խեղճ կատուն

 

ԿԱՏՈՒԻ ՄԸ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԻՆ

Եթէ թաղին մէջ տասը կատու կայ
Մէկ հատը դուն ես
Եթէ թաղին մէջ հարիւր կատու կայ
Մէկը նորէն դուն
Սակայն այս անգամ հարիւրէն մեկն ես
Իսկ շոյանքիս տակ լոկ մէկ հատ կատու
Հարիւրին հարիւր
Այդ կատուն դուն ես

ՊՈՉ

Թովմասի սիրտը կը նեղանար
Տեսաւ կատուն որ կը խաղար պոչին հետ
Վեր նայեցաւ – Տէր ըսաւ
Ինչ կ’ըլլար եթէ զիս ալ պոչով ստեղծէիր

 

ԿԱՏՈՒՆ՝ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Կատուն՝ ուսուցիչ
Որքան որ մուկ կայ գլխուն հաւաքեր
Դաս կու տայ անոնց

Ու դասն առաջին –
Ինչպէս խուսափիլ կատուին ճանկէն
եւ ինչպէս պրծիլ

Որքան որ մուկ կայ իրեն աշակերտ
Բոլորն ալ ուշիմ
եւ աշխատասէր
իրենց դասերը լաւ մը կը սերտեն
ու վկայական կ՚առնեն ոսկեզօծ
կատուին ձեռքէն

Երբ կ՚երթան կատուն լուրջ լուրջ կը խորհի
Խոշոր սխալ մը կայ այս գործին մէջ –
Սխալ մը – բայց ի՞նչ

 

***
Ի ծնէ բանաստեղծ է
Ինչ որ գրէ խորունկ կը թաղէ
Դեղ կը կարծէ – դրացիին կատուն

 

ԱՐՈՒԵՍՏ ՔԵՐԹՈՂԱԿԱՆ
I
Երբ գրել փորձեմ
Միտքս կ՚իյնայ «լոյս» բառը նախ
յետոյ «կատու»ն –
կը խորհիմ
– ինչ կապ կայ երկուքին միջել –
ու կը գրեմ
– կատուն լոյսը կերաւ –
– սենեակը մնաց մութին մէջ –

Կատուին հոգը չէ
ան կրնայ տեսնել մութին մէջ
Բայց կատուին տէրը դժգոհ է
Խարխափելէն
կ՚երթայ կ՚առնէ հացին դանակը
կատուին փորը կը ճեղքէ
ու սենեակը կը լուսաւորուի

Կատուն երդում կ՚ընէ
հեղ մըն ալ լոյսը չուտել
Բայց արդէն շատ ուշ է –
–Ահա այսպէս կը գրեմ
Վերջին անգամ մըն ալ կը կարդամ
ու գամբիւղը կը նետեմ

II
Կամ թէ կը գրեմ
– լոյսը կերաւ կատուն –
– Սենեակին մէջ կատու չմնաց –
ու կատուին տէրը տխուր է շատ
ու մազերը կը փետէ
զայրացկոտ կ՚երթայ կը մարէ
լամբարները բոլոր
ու խոր մութին մէջ
ձայն մը կ՚իմանայ
– մըռնաւ – ես հոս եմ
Մարդը կը վազէ կատուին քով
զայն կը շոյէ – կը սեղմէ կուրծքին –
Կատուն կը խորհի թէ
որքան երջանիկ են
իր տէրն ու ինք
եւ թէ ապահովուած է իր ապագան
թէ այլեւս
կրնայ պոչը տնկել ազատօրէն –

– Կը գրեմ ահա այսպէս ալ –
ու զամբիւղը կը նետեմ

 

ԿԱՏՈՒԻ ՄԸ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԻՆ

Եթէ թաղին մէջ տասը կատու կայ
Մէկ հատը դուն ես
Եթէ թաղին մէջ հարիւր կատու կայ
Մէկը նորէն դուն
Սակայն այս անգամ հարիւրէն մեկն ես
Իսկ շոյանքիս տակ լոկ մէկ հատ կատու
Հարիւրին հարիւր
Այդ կատուն դուն ես
Տեսնել թարգմանությունը

 

ՎԷԼԱՍՔԷԶ

Դուռս թակեց – բացի
– Ես Վէլասքէզ կատուն եմ – ըսաւ –
Այդ ինչ տեսակ անուն էր

– ըսի – գոնէ էլ Կրէքօ ըլլայիր

անիկա յոյն էր ու հետը կրնայինք

սիրթաքի պարել

– Իրաւ որ յանցանքը իմս չէ – ըսաւ –
արդէն տէրս մտադիր էր անունս փոխել
Բայց մեռաւ

այնպէս որ անունս Վէլասքէզ մնաց

Բայց եթէ քեզի հաճոյք պիտի պատճառէ

Կրնաս զիս էլ Կրէքօ կանչել – կու գամ –

Եթէ սորվեցնես սիրթաքի ալ կը պարեմ –

– Լաւ – ըսի – խորհիմ այդ ուղղութեամբ

– Հիմա ինչ կրնամ ընել քեզի համար

– Դուն ալ կրնաս քու անունդ փոխել – ըսաւ

– Ես անունէս գոհ եմ ըսի

եւ նպատակ չունիմ ուրիշ մէկը ըլլալու

– Ուրախացաւ –

Մնաս բարով Վէլասքէզ – ըսաւ
ու գնաց

 

ՄԱՅՄՈՒՆԻՆ ՄԱՀԸ

Աչքերը բաց – սակայն
պիտի չտեսնէր
արեւը որ զինք տաքցուց դեռ երէկ
բարձը որուն վրայ կը պառկէր խաղաղ
ու փլաստիկէ պնակը խորունկ
ուրկէ ջուր կը խմէր
Տախտակամածը պիտի մաքուր մնար
որովհետեւ այլեւս պիտի մազ չթափէր
Գորգ ու կարասի մնային նոփ նոր
քանի որ այլեւս ճանկ պիտի չանցընէր
Բայց ամէն մաքրութիւն
եւ կամ ամէն նոր բան
կը դառնար անիմաստ
Քանի որ այլեւս
Մայմունը չկար
28.10.1975 – 18.12.1976

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *