Յակոբ Նալպանտ Տլտլեան | Դանդաղութեան երգը

Այլմոլորակի Մտորումներ

Տեսնես այս մաշած
Եւ արիւնլուայ
Տիեզերքի մեծ
Եւ չքարտէզուած յաւերժ շարժի մէջ
Կեանքով եռացող
Իրենց արեւի
Չորս կողմը դարձող
Մոլորակներ կա՞ն
Տեսնես այնտե՞ղ ալ
Արու եւ էգի համակարգ մը կայ
Տեսնես կանացի իրաւունքներն
Այնտեղ պահուա՞ծ են
Եւ պաշտպանուա՞ծ են
Տեսնես այնտե՞ղ ալ
Իշխող գեր ուժեր
Եւ շրջափակուած
Ու ցեղասպանուած
Երկիրներ ա՞լ կան

 

***
Տեսնես այնտե՞ղ ալ
Կրօնքի անուան եւ շղարշի տակ
Իրար սպաննող
Եւ իրար մորթող
Ժողովուրդներ կա՞ն
Տեսնես այդ հողի
Սէրն ինչպէ՞ս է
Եւ սիրեկանի պատուհանի տակ
Սէրէնատ երգող
Ծաղիկ նուիրող
Այլմոլորակի սիրեկաններ կա՞ն
Տեսնես այդ հեռու
Անանուն վայրի ուրախութիւնը
Ի՞նչ երանգ ունի
Տեսնես այդ վայրի ծնունդն ի՞նչպէս է
Երկունքն ի՞նչպէս է
Ցաւոտ կամ անցաւ

 

***
Ամուսնութիւն ու
Ապահարզանն
Այնտեղ ինչպէ՞ս են
Երկնակամարն այդ մոլորակի
Արդեօք լեցուա՞ծ է
Ծիծեռնակներու ծլվլոցներով
Գարունն ինչպէ՞ս է
Եւ խոր ձմեռը
Տեսնես պանքերու
Ծանր վարկերու
Բեռերու ներքեւ
Կքած
Խեղդուած
Եւ սնանկացած
այլմոլորակի էակներ ալ կա՞ն
Տեսնես այնտեղ ալ
Գաղթականներ կա՞ն
Կամ ծովերու տակ
Խեղդուած
Ուռած
Փախստականներ գոյութիւն ունի՞ն

 

***
Տեսնես այնտեղ ալ
Բանաստեղծութեան ախտէն տառապող
Ընտրեալներ կա՞ն
Բանտեր կա՞ն այնտեղ
Եւ բանտապահներ
Եւ Սուրբ օրէնքի
Գերիշխանութիւնն
Ունի գոյութիւն
Տեսնես այնտեղ ալ
Հին-հին աստուածներ
Եւ սատանաներ
Միշտ յաւերժական մրցակցութեան եւ
Լուռ ու թաքնուած համաձայնութեան
Դաշինքի մէջ են
Տեսնես այնտեղ ալ
Մահեր կան դաժան
Եւ կամ հերթական
Եւ Յարութիւններ
Վաղ առաւօտեան…
15.11.2021
Ք. Հալէպ

 

Էքոկրաֆիկ Սէր

Սէրդ սիրելիս
Ինչքան նման է
Էքոկրաֆիական փոքրիկ նկարի
Սեւ ու սպիտակ
քիչ լուսաւորուած
Իր մէջ ամէն մէկ
Մանրուկ նկարած
Եւ պարունակած
Բայց անզէն աչքով
Ոչինչ երեւող
Անհասկանալի
Նոյնիսկ արդիւնքի ներկայութիւնն ալ
Խիստ կասկածելի
Սէրը երբեմն ուրուագծերով
Էքոկրաֆիական անյստակութեամբ
Ճամբայ կը գտնէ
Կը շարունակէ
Մաքրուած կ’ըլլայ
Կեղծ ժպիտներէ
Թանկարժէք
Գունեղ զարդարանքներէ
Եւ բարձրորակ megapixel-ի
Ոսպնեակներէն
Լոյս աշխարհ եկող
Լուսանկարի շքեղութենէն
Հոն կայ խորութիւն
Եւ էքոկրաֆիկ
Անհրապոյր պաղ լուսանկարի
Ճշգրտութիւն ու
Թափանցիկութիւն
Երբ մենք կը տարուինք
Անվերջ կը սուզուինք
Եւ կը կորսուինք
Սիրոյ ձեւական
Եւ երանգաշատ դղեակներու մէջ
Ինչպէս մանուկը
Խաղավայրի մէջ
Հրապոյրին մէջ
Ուր մանկութիւնը
Շուտ շուտ կը հալի
Ինչպէս որ սիրոյ
Անուշ երազներ
Եւ այդ ժամանակ
Խաղավայրերը
Եւ սիրոյ կարմիր
Տաք դղեակները
Մեծ մեզ լքած կ’ըլլան
Եւ էքոկրաֆիկ պատկերին վրայ
Արդէն կը գծուին
Պահեր ախտածին
Եւ անհամաչափ դատարկութիւններ
Զգագումներու
Եւ ապրումներու
Իսկ մեր պարզ ու ջինջ
Էքոկրաֆիական տեղեկագիրը չքնաղ սիրելի
Միշտ յստակ կ’ըլլայ
Եւ ժամանակի
Դժուար պատնէշը
Փորձութիւնները
Միշտ յաղթահարած
Կայացած կ’ըլլայ
Եւ սեւ-սպիտակ դղեակներու մէջ
Կը շարունակէ
Ան գոյատեւել
Էքոկրաֆիական բծախնդրութեամբ
Եւ ճշգրտութեամբ
Ամէն առաւօտ
Սիրոյ խախտուած
Պատկերն ու պահը
Կը շարունակեն
Ինքզինքնին մատնել
Էքոկրաֆիական
Այս անհրապոյր
Սակայն ճշմարիտ պաստառի վրայ
30.12.2021
Ք. Հալէպ

 

Դանդաղութեան Երգը

Ժամանակն այդքան
Դանդաղ կը հալի
Եւ կը մահանայ
Ինչպէս հրէական
Բանտերու խորքը
Մահուան հացադուլ
Յայտարարած եւ մահը սպասող
Պաղեստինի քաջ
Խիզախ հայդուկի
Դատարկ աղիքի
Պրկումներու մէջ
Դանդաղ սողացող
Մայր ժամանակը
Եւ ժամանակը
Կը ճմռթկուի
Ան կը պլլուի
Եւ կիսակլոր լուսինի նման
Ան ալ կը դառնայ
Կիսակլորուած
Կիսապլլուած
Ինչպէս հրէական բանտախցի մէջ
Իր ցուրտ երկաթեայ
Մահիճի խորքը
Կիսակլորուած
Սովէն պլլուած
Քաջ պաղեստինցի
Այդ հպարտ գերին
Ժամանակն այդքան
Դժուար ու դանդաղ
Ծանր կը լողայ
Շատ վտանգաւոր եւ միապաղաղ
Ինչպէս հեռաւոր
Որբանոցի մը
Ցուրտ
Անհիւրընկալ սենեակներու մէջ
Միս-մինակ ապրող
Եւ կեանքէն կառչիլ
Դարձեալ փորձող որբերու համար
Որոնք սառոյցի մայր զանգուածէն
Պոկուած
Լողացող սառցալերան պէս
Կը ծփան այդպէս
Անկողմնացոյց եւ
Աջ-ձախ զարնուող
Եւ ճակատագրի
Ալեկոծութեան ովկիանոսի մէջ
Դանդաղ մահացող
Ժամանակի պէս
Դանդաղ կը շարժին
դէպ անյայտութիւն
Ես ժամանակի
Խորշոմներուն մէջ
Կը շարունակեմ
Դանդաղ նկարել
Մահացող օրուայ
Աղաղակները
Եւ փոքրիկի մը
Ձեռքերուն մէջը
Շատ արագ հալող
Պաղպաղակի պէս
Շատ արագ հալող
Դանդաղ մահացող
Այս հակասական
Ժամանակի թոյլ պղպջակները
15.01.2022
Ք. Հալէպ

 

Ոչինչ կը փոխուի

Մահուանս օրը
Երկրի վրայ
Ոչինչ կը փոխուի
Դատարանները
Կը շարունակեն վճիռ արձակել
Փաստաբանները
Զայն կը բողոքեն
Իսկ վճռաբեկը
Կը շարունակէ
Որոշումներու բեկանումներու
Եւ արդարութեան
Վիրաւոր
Հպարտ
Փնտռտուքները կը շարունակուին

 

***
Իսկ կրօնական
Դասի ծառաներ
Կը շարունակեն
Մեր մեծ մեղքերը
Քաւել ու քաւել
Եւ մեր Աստուծոյ
Բարձր անունով
Մեզ կը շնորհեն
Մեղքէն թօթափուած
Թափանցիկ օրեր
Բոզանոցները
Կը շարունակեն հիւրեր ընդունիլ
Լրագրողները
Կը շարունակեն հեւ ի հեւ վազել
Լուրի ետեւէն
Պրոքերները փողի ետեւէն
Գիւղացիները հողի ետեւէն
Ոստիկաններն ալ գողի ետեւէն

 

***
Մահուանս օրը
երկրի վրայ
Ոչինչ կը փոխուի
Նորաձեւութեան հարթակի վրայ
Սիրուն աղջիկներ
Մարզիկ տղաներ
Կը շարունակեն անխոնջ ցուցադրել
Մեր ժամանակի նոր հագուստները
Եւ նոր գոյները
Որոնք կը ծածկեն
Մեր յաւերժական մերկութիւնները
Մահուանս օրը
Երկրի վրայ
Ոչինչ կը փոխուի
Հմուտ բժիշկներ
Հիւանդութիւններ կ’ախտաճանաչեն
Դեղագործները դեղ կը վաճառեն
Իսկ աշխարհի խուլ
Անկիւններուն մէջ
Թերսնուցումէն
Դեղահատերու սակաւութենէն
Փոքրիկ մանուկներ
հոգի կ’աւանդեն
Մահուանս օրը
Երկրի վրայ
Ոչինչ կը փոխուի
Պարզապէս հողի
Խոնաւ սրտի մէջ
Բահեր բրիչներ կը մխրճուին
Ու յաւերժական շնչող մայր հողի
Աղիքներուն մէջ
Իմ ննջարանը կը պատրաստեն
Բայց իմ գրիչը
Իմ որբ ակնոցը
Իմ բառարանը
Եւ իմ սեղանը
Անոնք կը դառնան
Յաւերժի որբեր
Իսկ իմ ազատուած
Եւ ճախրող հոգին
Անջրպետային մշուշներու մէջ
Լուռ կ’ողջագուրուի
Մեր մեծ Չարենցի
Ակսէլ Բակունցի
Կարսիա Լորգայի
Մեծ հոգիներուն
Եւ պոետական տառապանքներուն
Մահուանս օրը
Երկրի վրայ
Ոչինչ կը փոխուի
22.11.2021
Ք. Հալէպ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *