Հետզհետէ հրճուանքը կտրեցաւ ճարահատ ճիւղի պէս
Արձագանգը չուեց թառեցաւ Բանի մէջ
Հողմը կաղնիին բունը խլեց լքեց
Արմատը տրտում բայց տոկուն մնաց
Տարիները դէմքերը աղօտեցին
Ժամանակի շրջանկարները մնացին
Հին տարուան մակոյկը արդէն գնաց
Պարոյկը օդէն կախուած մնաց
Կենսախայտ հողը դարձաւ արիւնի լաւայ
Հին հողին վրայ կամուրջը կ՚երերայ
Անուրջները ջնջուեցան վիշտով սորվեցանք
Մահէն հեռու մնալու արուեստը
Արեւափար մակոյկն ու
Հաստատակամ կամուրջը
Կիզակէզ անուրջը եւ
Ի՞նչ պիտի ըլլայ-ի պարոյկը
Հմայիչ էր հեռաւոր Միջերկրականը
Ցունամի դարձեր կլաներ է օրերը
Յաւերժի կապոյտ ջահ էր երկինքը
Բարիի ոյժէն Արարիչն ելեր է դուրս
Մնացեր է դրանս՝ սին գոյժը սեւաքուրջ
Այլեւս թող գա՜յ Նոր Տարին պատմուճանով ծիրանի
Որ մարմրած Լուսաւորչի Կանթեղէն
Հայու կեանքին ինքնակիզուած պատրոյգին
Հոգեկանն ու անհատնելին լուսարձակէ
Բարին բերէ, Չարը վանէ։
*
**
***********************************************