Նարինջի գանգուր կեղեւներ կախուեր են
պատուհանի ձողէն
Խոհանոցին՝ ուր մայրս քարիւղէ օճախը կը վառէ։
Կաւէ ամանին մէջ մածունը տաք է դեռ.
Երկար աստիճանը բերանը դրեր է մարանին
Ուրկէ ուրուականներ
կը ճախրեն անծայրածիր, ամայի տան մէջ։
Պատերը փլած են քաղաքին ուրկէ արծիւները հեռացան,
Փեղկերը փետտուեցան, հալեցան մայրի ծառերը,
Եւ յիշատակի հրճուանքը՝ վիրաւոր թռչունի պէս
հողէ հող կը թափառի։
Հիմա ամէնքս միասին կը քալենք։ Հասկցանք որ
երկիրները բազմաթիւ են.
Կը քալենք մեր ձեռքերուն մէջ
արիւնամած արմատներ բռնած,
Չենք գիտեր դեռ քանի՛ հարիւր արեւ պիտի մարի,
Քանի՜ միլիոն դիակներ եւ գերեզմաններու լոյսեր
թողուցինք մինչեւ որ հոս հասանք։
Որոշեցինք ալ արցունքներ չցանել,
Տեղ տալ փուշերուն որոնք պէտք է բացուին.
Խօսիլ մեծ վէրքերու մասին
որոնք փոքրիկ երկինքին դէմ կը կռուին։
Այստեղ արեւր կ՚այրէ տխրութիւնս
որովհետեւ չհասկնար անոր տաքութիւնը,
Տաքութիւնը՝ երբ կը դիտեմ հօրս աթոռը,
Բազկաթոռը գոց սրճագոյն, խսիրով հիւսուած
հինցած բազմոցով,
Ուր հայրս իր կարճ սրունքներով եւ ծովի չափ
լայն ճակատով
Ձմրան գիշերներուն կը կարդար
Դժուար կեանքերու մասին
անմահութեան մասին.
Կը կարդար զանազան լեզուներով որպէսզի չմոռնայ
-ի՞նչը –
Նստեր է աթոռին վրայ իր սիրած կարմիր շորթով
Թոռնիկները կը վազեն իրեն,
Կը բանայ ափերը ուր այբուբենը կրակով փորագրուած է.
– Հա՛յր, կ՚ուզէի՞ր հոս գալ, կ՚ըսեմ,
Իր աստղափշուր նայուածքը կ՚ընդարձակուի
պատուհանէն,
Եւ իր յիշատակը սիրտս կ՚ուտէ հին քուրմի մը
ափին մէջէն։
Հօրս աթոռին վրայ Ժամանակը բազմած է,
կը դիտէ նարինջի կեղեւները, դեռ բա՜ց է պատուհանը.
Արդէն հասած է պահը
Երբ յուշահար հորիզոնը յուզումով կը գրկէ արեւը
անոր մար մտած պահուն։