Նորէն կարօտցեր եմ քեզ, կարօտցե՜ր եմ.
Եղա՛ւ քսան տարի՝ հինգ զաւակներդ եւ թոռներդ երկու
գեղահմայ դէմքդ դրինք հողին տակ.
Յետոյ՝ շիրմաքար
Յետոյ ծաւալող կարօտի կամար
Յետոյ ծանրացող ցաւի կապար։
Ձայնդ տուն էր տաք
Նայուածքդ կապոյտ խաղաղութիւն կը խնկեր
Ալ ի՛նչ կ՚ուզէի։
Անսպառ եռանդ, անդադար կ՚արարէիր սննդարարը
Գեղեցկահիւսը բարձրագոյնը,
Կը սորվեցնէիր ձգտիլ միմիայն լաւագոյնին
Ըլլալ բարեգութ, աստուածավախ ու աներկիւղ։
Հիմա բանէ մը վախցած չունիմ։
Պահանջկոտ սլաքներ ունէ՛ր առօրեան
Իսկ հոգեղէն սլացքները դուն կը ստեղծէիր
Դժուար կեանքիդ մէջ բառի թեթեւ մետաքսներ հիւսելով,
Գուրգուրանքի կծիկներ, փալփլուն մանեակներ յոյսի.
Ինչ անոյշ էր երբ մեզի հայերէն պատմուածքներ կը կարդայիր,
Դրան ետեւը խոշոր սնտուկին վրայ զիս քովդ սեղմած
Կը սորվեցնէիր արտասանել, «խորախորհուրդ» բառը բացատրելով.
Պահ մը արագ կ՚ուղղուէիր բաղնիք՝ լուացքը շարունակելու
Վերադարձիդ խորախորհուրդը կը վերսկսէր։
Հազար զղջում հիմա, հազար մեղայ, ի՜նչ օգուտ
Վերջին տարիներու մօրս տագնապը ուրիշ մայր թող չտեսնէ,
Հազիւ վաթսունութ՝ խաւարեցաւ մարմրող լոյսը սրտին։
Ամէն առտու իր հօր՝ Աստուծոյ հետ կը խօսէր
Ափերը դէպի երկինք պարզած.
Ծանր իրիկնադէմին ես միայն զի՛նք ունէի խօսելու
Բայց համր կը մնայի։
Ամէն անգամ, տա՜սը տարի, զիս դատարան կը ճամբէր
Մեղմ ու յստակ՝ քաջութիւն մաղթելով.
Գիտնալով որ արդարութիւնը բաղձալի բառ էր միայն.
Ամէն անգամ Նայիրին կ՚ըսէր «Նանիկը կուլար կոր։»
«Մայր մը իր աղջկան ամէն բան կրնայ տալ,
Բացի բախտէ», կը կրկնէիր։
Բախտը կը հրաւիրէի կը հրաւիրէի, մեր տունը չէր գար,
Մեր դուռը կը զարնէին դժբախտաբեր ձեռքեր։
Կաշառքի ու սուտի թաթէն, արհաւիրքի քացիէն
Զաւակներս ազատելու տագնապը ապրեցայ
Երկարաձիգ տարիներու աքցանին մէջ։
Քու աչքիդ լոյսն էին թոռնիկներդ,
Սրտայոյզ, լուսաթաթաւ կանթեղներ։
Նոյնիսկ մահաքունիդ մէջ, անհաղորդ ու դալուկ
Հազիւ լսած որ Հայկն ու Նայիրին քովդ են
Անշարժ դէմքիդ վրա ժպիտի շուք երերաց։
Երանի թէ օ՜ր մը գայիր, ժամ մը, կէս ժամ,
Ոչ թէ հիւանդկախ ու միայնակ.
Ինչպէս երազներուս մէջ կը յայտնուիս
Այլ ինքնայատուկ ազնուական դիմագիծով,
Անձնուէր, կաթոգին
Յոյսով ու հաւատքով «խորախորհուրդ»
Եւ իմաստութեամբ լռամոյն։
Գայի՜ր պահ մը միայն
Կ՚օրհնուէ՜ր տունս, կը լուսաւորուէր Բարին
Չարը իր լէգէոնը հաւաքած կը հեռանար։
Չարին դիմաց պայքարելէն, մամա, հոգի՛ս ելաւ։
Ոմանք կ՚ըսեն հանգուցեալին հոգին կը թափառի
մինչեւ Վերջին Դատաստան. ամէն բան կը տեսնէ կը լսէ։
Ոմանք կ՚ըսեն թէ ուղղակի Աստուծոյ քով կ՚երթայ ու խաղաղ կ՚ապրի,
Չտեսներ իր սիրելիները ու չի չտառապիր։
Տառապանք կայ յուշ կը ծխէ, տառապանք կայ կը մեղմանայ,
Տառապանք կայ յաւերժօրէն կը կծէ ու կը կծէ.
Ընդամէնը՝ երկվայրկեան մը եւ
Ինծի ծնունդ տուողը դադրեցաւ շնչելէ
Դուրս ելաւ աշխարհէն
Սահման գծելով անցեալի եւ ներկայի միջեւ։
Ջերմածոր մօրս արեւը չկայ այլեւս,
Անդաստաններ կան յիշատակներու։
Երանի՜ անոնց որ մայր ունին տակաւին
Օրհնանքի եւ գորովի ակնաղբիւրներ ունին։
Երբ դուն կայիր՝ երկինքներէն ես աստղեր վար կը բերէի,
Ծովուն վրայ կը վազէի, շուշան տուներ կը շինէի.
Բառերը վարդաջուր էին, վարդերու փուշը փուշ չէր։
Հիմա՝ վախ վախի վրայ, հոգ հոգի վրայ.
Տագնապներուն սեւագոյնը հասեր է ինծի,
Մամա, գիտե՛ս ինչ կը խօսիմ։
Ոեւէ, ոեւէ մէկը զիս չսիրեց քեզի պէս,
Չկրցաւ մարել ցաւերուս կրակը
կամ մաքրել գրիչիս արիւնը.
Կեանքը նպատակ ունի եղեր,
Նպատակը կա՛յ, իսկ ո՞ւր է կեանքը։
Անդունդ կա՞յ ուր կը թաւալին անոնք որ կը տապալեն
Բան մը կլլե՞ր է հրոյ ճարակի երախը
Ըսէ ո՛ւր պահուեր են աղօթքներու խուրձերը,
Յոյս կա՞յ որ ցամքի թոյնի սրուակը.
Մոռցի՜ր կըսեն։ Ամէ՛ն օր մոռնալիք բաներ կան
Ժամանակ չկայ մոռնալու։
Ինչո՞ւ կարկտնեմ ժպիտներու ցնցոտին,
Ժամանակը այլեւս ինքզինք փրկել չի կրնար.
Ցրտագար աղմուկ է անցեալը, ներկան՝ հրագալար քաոս,
Չեմ յիշեր ե՛րբ սկսան գիշերները թափահարել ուրուի պէս։
Երէկ գիշեր կղպանքները արձակած՝ քակուեցա՜ն բառերը
Ամբողջ ցերեկը կաթնապուր բոյրդ երազեցի,
Գիշերը հասաւ կոյր պահակի պէս, սրածայր բառերով։
Մամա, կը ներես, հետդ կը խօսիմ նորէն
Որովհետեւ կը սիրես զիս առաջուան պէս։
Յուսամ Աստուծոյ քով նստած ես ցնծագին, խաղաղա՜ծ ես այլեւս։