Վեհանոյշ Թեքեան | Նոր տարիին

Տառապեալներու, զրկեալներու, զոհերու կողքին
Ամբողջ աշխարհը ցնծութիւն կը տօնէ այսօր։
Աշխարհի վիճակը վիճակ չէ՜,
Նոր Տարին այս բաները չգիտեր
սորվելու ժամանակ ալ պիտի չունենայ,
սկիզբը աղուոր աղուոր պիտի ժպտի
բոլորին՝ բարիին չարին, աջին ձախին։
Յետոյ ձեռքով-ոտքով մէջը պիտի իյնայ
օր նոր՝ խնդիր նոր պիտի գայ գլխուն.
Որքա՜ն սուտ ու սով, խաբկանք ու արհաւիրք պիտի տեսնէ
Տխրութիւնը զսպած «հասիր Աստուած» պիտի կանչէ։

Կաղանդը գնաց, օրերու կաղութիւնն ալ գնա՞ց.
Նոր Տարին լուր իսկ չունի որ հին պիտի դառնայ
իր նախկինին բախտին պիտի արժանանայ։
Սակայն հիմա լուսազգեստ յոյսով, նարօտի խորհուրդով
զարդարուած կուգայ,
Կ՚ենթադրէ թէ աշխարհը կրնայ իրար անցնիլ բայց
Ինքը ժամանակի տէ՛րն է, ուրեմն Բարին պիտի յաղթէ.
Յայտնի է՝ չգիտեը ինչերէ՜ անցանք այս տարի։
Մէկ ձեռքին դալար դափնի միւսին՝ սուր առած կու գայ։
Սխալ բաներու համոզուած է
կը կարծէ թէ մարդ արարածը ինքնակործան չէ.
Ինչ ալ ըլլայ պատճառը՝ հակառակ է պատերազմի,
կը քաջալերէ երկխօսութիւնը
հանդուրժողութիւն թող ըլլայ, խաղաղութիւն թող ըլլայ
անոնք որ հազարաւոր նահատակներ կը ստեղծեն
թող անո՛նք ըլլան շան սատակ։
Բոլոր ժողովուրդները հաւասար իրաւունք թող ունենան
Զաւթողը կաշառողը ետ իր տեղը քաշուի, սմքի, անշարժանայ։

Չէ, այս անգամ Նոր Տարիի՛ն համար քուէարկելու ենք.
Մեր մթնոլորտը պղտոր է մութ է
«Գիտե՜մ, Արցախի համար պիտի մղկտաք
Եկած օրս իսկ ձեզի հետ հոնգուր-հոնգուր պիտի լամ
Հայը իր աշխարհէն այլեւս դուրս պիտի չելլէ։»

Նոր տարին ՄԱԿին ականջը պիտի քաշէ։

Անօթի երեխայ պիտի չմնայ
Երեխաներ պէտք չէ ենթարկուին չարաշահման
Սէքս թրաֆիքինկ-ով զբաղողները՝ շիտակ կառափնարան
Ան որ անձնասպան պիտի ըլլայ՝ մեղմացնէ վիշտը
ըսէ թէ ժամանակը կը բուժէ զինք
Բոլոր շուար հոգիներուն մեծաքանակ յոյս
եւ քանի մը շոքոլա սէր բաժնէ
Հիւանդներուն ցաւերը հաւաքէ թափէ
Պարապ դրամապանակ չձգէ։
Այլեւս անտեսուած ծերունի պիտի չմնայ
Կին անարգողին քիթէն-բերնէն պիտի գայ
Անարդարին մայրը պիտի լացընէ։

Նոր Տարուան խոստումները շատ են. անակնկալները՝ աւելի։
Այս պահուս աշխարհի մէջ ինչեր կը դառնան
քաղաք քաղաքի վրայ կը քանդուի
Որովհետեւ ամէն ղեկավար, նախագահ, վարչապետ,
Բռնատէր, խելագար
կը կարծէ թէ ի՛նքը իրաւունք ունի։
Մէյ մը քաղաքացիներուն հարցուցէք, ո՛չ թէ դուք,
այլ՝ անոնք են զոհերը,
Անոնց զաւակներն են կռուողները
Անոնք է որ Տո լաճ տնաւեր կը դառնան։
Ինչո՞ւ Զանզիպարի մէջ խռովութիւն չկայ –
որովհետեւ հոն հայեր չկան։

Պէտք է գիտնանք որ
Նոր Տարիին առաքելութիւնը ուրախացնել է պահ մը միայն,
Անկէ ետք ամէն մարդ իր տունը կարգի պէտք է դնէ։
Եթէ անդուլ պայքարինք՝ Ճշմարիտը պիտի հաստատենք
Հայոց պատմութեան դասագիրքերը մէկ գիշերուան մէջ
Ճշմարտութեան պատմուճանով պիտի յայտնուին,
Հայերէն լեզուն անխառն գինիի պէս
իր որակը, համն ու բոյրը պիտի պահպանէ։
Հայաստանը օտարներ պիտի չղեկավարեն
յայտնի ու անյայտ ցպիկներով։

Պէտք է տքնինք բարելաւելու, կանաչապատելու աշխարհը։
Եկուր նայէ որ մարդուն գլխուն կանգնած
ղեկավար ու բռնատէր
Նախագահ ու թագաւոր , անո՛նք են հոգեկան հիւանդները
Քաղաքներ կը կործանեն,
հազարաւոր տարիներու պատմութիւն կր քարկոծեն
Կ՚ահաբեկեն, մարդ կը սպաննեն հազար-հազար
գեղեցիկը բեկոր-բեկոր կ՚ընեն
Պատերազմի կը մղեն, ինչ է եղեր՝
իրենց ուզածը պէտք է ստանան, իրենց ոյժը ցոյց պիտի տան։
Բանակ ունին, տռոն-մռոն, լէգիոններու վոհմակներ։

Այն արկածը որ կը պատահի հանքերու մէջ
թող աշխարհի բոլոր զինամթերքներու, զինաշինութիւններու ,
ռումբի պահեստանոցներու երաշխիքը ոչնչացնէ։
Նայինք այլեւս ինչպէս պիտի կռուին։

Թող շո՜ւնչ մը քաշենք, Մակը դռները փակելու է։
Մակին ծակերը մեծ են։
Այլեւս պետական մեծամեծներ թող մնան անգործ։

Բայց այսպիսով չաւարտիր մեր կարծր կեանքը
գերեվարող փորձանքները.
Բնութեա՛ն աղետները կան –
Մէկէն ի մէկ կը զայրանան, կը ճաթին, կը պայթին,
երկինքէն կը թափին, երկրի խորքերէն դուրս կը ցատկեն,
կը ցամքին, կը յորդին, կ՚որոտան, կ՚որոճան։

Բայց իմաստուն ենք մենք,
Մէկ կեանք է, մէկ ճամբայ, այստեղէն պիտի քալե՛նք,
Մենք կը շարունակենք ընտանիք կազմել,
Մեր մանուկներու տարեդարձները տօնել,
առանց կործանարար ոգիներու շուքին։
Մենք կը շարունակենք Նոր Տարի տօնել։
Հին յոյսերը բերել՝ նորի՛ն փակցնել։

Նոր Տարի՛, գաւազանի պէտք չունինք մենք,
Մենք շատ բարի, օգտակար էինք,
Մենք տուն-տեղ կը պահենք, կարօտեալին կը հասնինք,
Քաղաքներ, երկիրներ կը զարգացնենք,
խորապէս տխրիլ եւ իրողապէս զուարճանալ գիտենք։
Պարելով, հապճեպով լոյսի ջահերո՜վ եկուր, Նոր Տարի։

Չեմ գիտեր մե՞նք քեզի խոստացանք, թէ դո՛ւն մեզի.
Ամէն պարագայի մեր փափաքները լուրջի առ
Կաղանդ Մաման ալ հետդ բեր, էլֆերդ ալ ալ հետդ բեր,
Մեր հայկական ճաշերը ամէնուդ համար են
Քեզի ուզածիդ չափ
Ուզածի՜դ չափ անուշապուր
Լեղի ապուր չունինք մենք։
Եւ մի՛ երթար։
Մի երթար մի հեռանար, բան մը կայուն թող մնայ
Լա՜ւ բան մը թող դեռ մնայ մեր աշխարհին մէջ։

Բերէք շամփայնի բաժակները
Բան մը թող համով ըլլայ
Մեր պատմուելիք չպատմուելիք
Անհետելու ատակ
մարդկութեան մէջ։

Բերէք Աստուածաշունչը
Բան մը թող հոգեւոր հոգեծին հոգելոյս մնայ
Թող միմիայն Բարի Հոգին գերիշխէ մեր աշխարհին մէջ։

Նոր Տարի, շուտով պիտի հասկնաս
թէ ինչու սահմռկած ենք այս գառագեղին մէջ։
Այս խօսքերը ականջիդ օղ մի ըներ, ականջդ կը ծակծկեն,
Բայց մեր արիւն-քրտինքով կերտած կեանքը
Քու տարուանդ իւրաքանչիւր օրը
Բարի գալուստ ըլլալու համար, Նոր Տարի՛
Աւետիսներուդ ղօղանջով
մեր տրտմաթախծող հոգիները լեցուր։

***

Դեկտեմբեր 31, 2023

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *