ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ | «ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿՆԵՐԻ ԱՐԵՒԸ» ՀՐԱՒԷՐ Է…

Հակոբ Պալյան

Հեռատեսիլի զիրար կրկնող մելանով ներկուած պատումներ եթէ կը փնտռէք գրական երկին մէջ, մի՛ կարդաք Հրաչեայ Սարիբեկեանի գիրքը:

Երբ 2012-ին լոյս տեսած «Երկուորեակների Արեւը» Գրողներու Միութեան նորաբաց գրախանութէն գնեցի եւ Փարիզ բերի, գիրքին ընթերցումը հաճելի թուեցաւ. հայրենասիրական, զգացական, պատմական կամ այլ մաշած դէմքեր եւ նիւթեր չկային: Տիպարներ կային, որոնք իրենց «մարդկային կացութիւնը» կ’ապրէին, կը մտածէին՝ առանց բարոյախօսութիւն ընելու: Ըսել՝ կը մտածէին, անհրապոյր եւ անվաղորդայն պիտի ըլլար, ենթակայական վիճակ մը, եթէ ընթերցողը չներառնուիր մտածելու անհանգստութեան մէջ:
Ո՞ւր կը սկսի եւ կ’աւարտի առասպելը:
Այդ առասպելը կը հոսի բանաստեղութեան եւ բանաստեղծական արձակի մէջ, հեռանալով անթռիչք իրապաշտութենէ: Պարզ երեւոյթներու մէջ անգամ հրաւէր կայ «մտածելու» անհատի եւ հաւաքականութեան մասին, դուրս գալու եսերու մէջ բանտարկուելու տխրութենէ: «Տղան», աշխարհի վրայ բացուած միամիտ հայեացքով, մեր աանմիջական ներկային մասին կը խօսի, առանց զարդարանքի, առանց տպաւորելու մարմաջի. «Տղան բակում, արեւի տակ պպզած, մրջիւնների իրարանցումն էր դիտում՝ սոյն միկրոքաղաքակրթութեան ուշադիր հետազօտութեամբ տարուած, մրջիւնների հնարամտութիւնները բացայայտելու համար ժամերով կարող էր հետեւել նրանց արշաւներին ու գաղթերին, յուղարկաւորութիւններին ու ծէսերին: Մրջիւնները սատկած մեղուի սնամէջ մի պատեան էին կրում, հապճեպ, որ թաքնուեն արեւից» (էջ 7): «Տղուն» դիտելու կեցուածքը իմաստասիրական արկածախնդրութեան առաջին քայլն է, եւ մենք կարծեցեալ իրականութեան մէջ բանտարկուելով հրաժարած ենք այդ ազնուութենէն:
Սարիբեկեան ընթերցողին տուած է բանալին: Աշխարհը «թափանցիկ աչքերով աւելի լուսաւոր տեսնել» մանկական չխաթարուած աչքերով:
Ժամանակէն եւ քարտէսէն դուրս բնակավայր մը, ուր քաղաքակրթութիւնը կայ եւ չկայ, եղած է կամ խոստում է: Իսկ մեր յարաբերութիւնները կը նմանին գաղտնասացութեան: Պապը չի լսեր քանի որ տղան կը պատասխանէ իր միտքէն…
Հետեւելու համար Սարիբեկեանի, կամ անոր հետ զրուցելու համար, կոշտ կապած մեր սովորութիւնները մոռնալով, իրեն հետ մտէք գերեզմանոց: Տարբեր մարդ կ’ըլլաք երբ այնտեղէն դուրս կու գաք: «Պապը նայում էր մահարձաններին, անբիբ կիսանդրիները հպարտ էին երեւում, հպարտ, որ մահացել են, յաւերժութեանը լռութեան երդում էին տուել: Ո՞նց են քարացել մարդկանց գլուխները, մտածում էր տղան, ո՞նց են դարձել արձան, նրանց լռութիւնը խաբուսիկ էր թուում. իրենց ետեւից պիտի փսփսան» (էջ 34):
Պարզ դէպքերու եւ պատկերներու մէջ, Սարիբեկեան կը բռնէ ոչ թէ օրը, անմիջականը, այլ լինելութիւնը, որուն մէկ օղակն է անհատը: Ժամանակակից նիւթապաշտական քաղաքակրթութիւնը կորսնցուցած է այդ լինելութենէն բխող իմաստութիւնը, բայց պապը, առանց գիտնական ըլլալու, կը կրէ զայն: Ժամանակ կը տրամադրե՞նք պապին խօսքը լսելու. «Տեսնո՞ւմ էք, թէ ինչքան շատ են էնտեղ քարերը,- ասաց պապը: Տեսնում եմ,- ասաց տղան: Իսկ տեսնո՞ւմ էք էն խաչքարերը,- հարցրեց պապը: Մատուռի պատին յենուած էր ան, մոմածածկ մի խաչքար. մոմը դարերի արտաքին շերտն է միայն, երբ հեթանոս հայը դարձաւ խաչապաշտ, նայեց իր շուրջն ու նկատեց քարերի այս առատութիւնը: Խաչքարը քարերի առատութեան եւ խաչի պաշտամունքի պարզ հանդիպման հանճարեղ արդիւնք է,- բացատրեց պապը: Լռութիւն էր, նոյն լռութիւնը, որ հարիւր դար առաջ էր եղել, նոյն ճռինչը, նոյն ծղրիդները: Շուրջն անհամար ժանգոտած քարեր» (էջ 42-43):
Կը շարունակուի երեւութապէս մանկական պատումը, երբ արդէն կը հաստատուի հաղորդութիւնը բնութեան, անցեալի, գիտութեան, հաւատքի, գիրի եւ թաւալող ժամանակի հետ. արեւի ժամացոյց:
Մտածելու առաքինութիւնը կը գտնէ ընթերցողը, «Երկուորեակներու արեւը» կարդալով: Իմաստութիւն՝ առանց անհասկնալի եւ ամպագորգոռ բառերու:
Սարիբեկեան կանգնած է ներկային մէջ, բայց միտքը հեռուն է, աստղագէտներու անհունութեան մէջ. «…մի օր անպայման կը մտնի այդ մուտքով, մի օր թունէլը (փապուղին, Յ.Պ.) կը կլանի նրան, ինչպէս Սեւ Խոռոչն է կլանելու Արեւը…» (էջ 215):
Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ գիրքը լոյս տեսնէր արեւմտահայ ընթերցողին համար, գէթ դասական ուղղագրութեամբ: Թերեւս խորքային հարցերու շուրջ մտածումներու նոյնութեան ստեղծումով, ազգի հատուածները ոչ թէ բաժակաճառով, այլ տեսիլքներով կը միանային: Եթէ մինչ այդ ընթերցողներ կիսանդրիներ դարձած չըլլան:

26 Յունուար 2014
Նուազի-լը-Կրան, Ֆրանսա

երկվորյակների արևը

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *