Վեհանոյշ Թեքեան | Իմ երկիրս տխուր է

Քսաներկու տարեկան էի։ Շաբաթ գիշեր մըն էր. Հայկազեան Գոլէճէն քանի մը դասընկեր-դասընկերուհիներ եկան։ Մեր փողոցին միւս կողմը գիշերային ակումբ մը կար, ուր այդ օր Օմար Շարիֆ ներկայ պիտի ըլլար։ Ես չեմ ուզեր երթալ, ըսի։ Այդ գիշեր գրուեցաւ այս բանաստեղծութիւնը։ Ո՞վ կրնայ գիտնալ հոգիին ճամբան։

Այս քերթուածին անդրադարձան հայրենի գրողներ, Վարդգէս Պետրոսեան – Ծիծեռնակաբերդի մէջ Ապրիլ Քսանչորսի իր ելոյթի ընթացքին. Վահագն Դաւթեան, Նորայր Ադալեան, Դաւիթ Յովհաննէս, Շաքէ Վարսեան։ Իսկ Վ. Պետրոսեանի Գրողների Միութեան նախագահ ընտրուելուն առթիւ «Գարուն»ը – որուն հիմնադիրն ու լուսամիտ խմբագիրը եղած էր տարիներով – ողջերթի ճաշկերոյթ կազմակերպած էր Արմենիա հիւրանոցին մէջ։ Մուշեղ Գալշոյեանը դիմացս նստած էր, յանկարծ ելաւ եւ այս բանաստեղծութենէն տողեր արտասանեց։ Ինչպէ՜ս չյիշեմ։ Թող Սասունի լոյսերուն մէջը հանգչի իր մեծ գրագէտի հոգին։
Անշուշտ մետալին միւս երեսն ալ կար։ Պէյրութէն բանաստեղծ մը գրեց. « Ինչպէ՞ս թէ Երկիրը տխուր է քանի որ ինք այնտեղ չէ։ Ի՛նքն է որ պէտք է տխրի, ո՛չ թէ Հայաստանը»։
Հիմա ես ալ, Երկիրս ալ տխուր ենք։

***********************************
ԻՄ ԵՐԿԻՐՍ ՏԽՈՒՐ Է
**********************************
Իմ Երկիրս տխուր է
Քանի որ ես այդտեղ չեմ։

Պզտիկ տուներ կը յիշեմ,
թզենիներ անտերեւ
կաքաւներ որ չթռա՜ն,
հատուած դուռով ախոռներ
եւ եզներու մեռած ձայն։
Լեռներու ձիգ լանջերուն
լքուած ցուպեր հովիւի,
եւ քամիներ շառաչուն
տակառներուն շուրջ դեռ լի…
Պատերէն կախ՝ ժանգոտ թասեր
մագաղաթներ, Նարեկ ու զէնք
հողերո՛ւն տակ։

Մանկապարտէզի
տետրակներուս մէջ
միշտ ալ տուն մը կայ
ոլորուող ծուխով։

Երկրիս չգծուած սահմաններէն ներս
ինկած թագեր կը տեսնեմ
զոր ոչ մէկ հայ արքայ կրցաւ
հաշտեցնել իր գլխուն։
Բերդեր։ Շղթաներ։ Աւազներ նարնջագոյն։
Հազար անգամ խոշտանգուած քարտէսներ։
Արիւնները կը պոռա՜ն
Լռեցուցէ՛ք եթէ կրնաք
հաւատացնեմ՝ կրնաք, մարդիկ,
որովհետեւ արդէն խուլ էք։

Շնչեցէ՛ք զիս
Փրթած հեւք մը կը լսեմ
հիւծախտաւոր ծովն է երկրիս։
Ես կը տեսնեմ իր երկինքը տրտմանոյշ,
հեռադիտակը հսկայ.
Շողերու արագութեամբ
համր խճճուող ուղեղներ։
Կէսօր գիշեր առտու կէսօր
աչքեր, շրթներ չթարթող։
Հոն վանքեր կան
մերկ բադերու նազանքով,
պատեանին մէջ դարեր սեղմուած
մէկէն ցայտող Սուրին նման
2751 շատրուաններ կան,
Աւերներուն մէջ քարացած
արծիւներ կան։
Ազգ մը որուն սրտին մէջ լուռ
անդնդախոր շիրիմներ կան։
Դեռ աղօթող
խաչքարեր կան, թա՜ց խաչեր կան,
եւ սար մը կայ չքակուելիք վիրակապով։
Եւ զարմանալիօրէն
յաւիտենապէս մեծցող, մեծցող
արեւ մը կայ հոն։

Մանկապարտէզի
տետրակներուս մէջ
թռչուն մըն ալ կայ
մէկ թեւով թռչող։

Հորիզոնիդ օմեկան եմ
Կարօտս մի՛ լքեր երկիր։

Իմ երկիրս տխուր է.
Ես՝ աւելի։ Աւելի՛։

1970

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *