Վեհանոյշ Թեքեան | Կարօտը լեռան ձայնին

Ո՛վ լեռներ, գլուխնիդ բարձր բռնեցէք,
Լիճե՛ր, գեղեցկագոյն մեղեդիներ հնչեցուցէք։
Պահպանած էք ժողովուրդ մը հինգհազարամեայ
Որ քաջարի ու երկնամերձ թեւերով
Խնկեց, կերտեց
Սուրբ Մեսրոպի յարալոյս խորան
Վեհանիստ մատենադարան
Բիւրականի բիւրաչք կամար։

Ով լեռներ, ձեր հոգին թող չմարի,
Լիճե՛ր, կապոյտ ապակի, ձեր ձայնը թող չպապակի.
Պիտի գա՛յ փառքի օրը
Պիտի գայ փառաւո՛րը
Ու կենարար մանանաներ պիտի տեղան
հերոսներու շիրիմներուն,
Ըմբոստներու ուսերուն,
Պայքարողներու ձեռքերուն։
Արծիւներն իսկ պիտի երգեն այդ պահուն։

Լեռներ, ձեզ սուգի մէջ թաթխեց օտար թշնամին
երիտասարդ դիակներ փռելով ձեր լանջերուն,
Մեզ սուգի մէջ թաթխեց ներքին թշնամին
Յախուռն ու ամբարտաւան,
Կարծես օրօրոցի մէջ դրուած էինք
մէյ մը այս կողմ
մէյ մը այն կողմ։
Լեռներ սգապատ ու համրաղաղակ
Լիճեր, հազար-հազար արտասուքի վտակ,
Հաստա՛տ կեցէք որ երկինքը չփլի։
Արծիւները սուրերու պար պիտի բռնեն,
Թիթեռնիկներն իսկ պիտի երգեն,
Պիտի սուրճի հոտ բարձրանայ մեր սգապատ պատերէն,
Նորածիններ մամա-պապա պիտի կանչեն,
Ու մեծմայրեր առանց կծող տրտմութեան
իրենց թոռնիկը գրկեն։
Ճամբան մոլորած Յաւերժութիւնը
Պիտի վերադառնայ, շունչ պիտի քաշէ,
Պիտի բոյն շինէ։

Բայց պիտի մնա՛յ սեւ մագաղաթը,
Զոհուածներու անթարթ նայուածքը,
Անձնասպաններու համրացած վէրքը,
Յիշատակներու կարօտ արտօսրը,
Փակ դռներու անկուղպ լռութիւնը։

Անկախութիւնը գրկեցինք
Ու հոգատար ընտրեցինք։
Խաչուեցաւ ժողովուրդը,
Պիղատոսներ իրենց ձեռքերը լուացին,
Աւազակներ լողացին տոլարի աւազանին մէջ,
Ապարանքներ կաղնիացան անտուն ու սոված
աչքերու առջեւ։
Չարաշշուկ Յուդա մը յայտնուեցաւ
թաւիշներու մէջ փաթթուած,
Անոնց տակ տատասկներ կային թաքնուած։
Մենք՝ ծակոտկէն սրտով, մտքով
Կարկտնեցինք Յոյսը նորէն։
Սասունցի Դաւիթը ուղղած է իր աղեղը –
Մե՛րն է Արցախը
Մեր թոյրն ու բոյրն է
Մեր բոյնն ու որջն է։
Վախը ծնաւ ստրկութիւն
Ստրկութիւնը ցաւ կամ անտարբերութիւն։
Եթէ ըսես որ արդարութիւն չկայ,
Անիկա քեզի պիտի չգայ։

Ո՛վ լեռներ, գլուխնիդ բարձր պահեցէք։
Գիշերը մեր սուգը երգեցէք, Հայոց լեռներ
Ցերեկը մեր փառքը երկնեցէք,
Արիութիւն ու հաւատարմութիւն
Խիղճ ու համեստութիւն աւանդեցէք, Հայոց լեռներ։
Հոն՝ էն վարը, ստորոտը
Թշնամիները ձեր ատամներուն տակ ճզմեցէք
որ հողին տակ անցնին երթան վերջանան։
Ձեզի աստուածներ հայթայթած ազգին
սազ ու տաւիղ հնչեցուցէք։

Քերթողնե՛ր հայոց
Քնարները իրենց տուփերէն դուրս հանեցէք,
Եթէ հանած էք՝ հնչեցուցէք.
Լարերը չեն մաշիր, բառերը չեն մաշիր.
Յարաշունչ լեռները կարօտցե՜ր են քաջ քերթողներու
ձայնը հրաշունչ։

Փետրուար, 2023

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *