Անկախության տոնին ընդառաջ, երբ հայ հանրույթը փնտրում է սեփական անվտանգության ու պետականության պահպանման նոր բանաձևեր, թերևս ամենաուղիղ ու սթափեցնող հայելին մեզ համար մնում է հայ դասական հրապարակախոսությունը։ Լևոն Շանթի «Մեր անկախութիւնը» աշխատությունը, որը գրվել է դեռևս 1922-1923 թվականներին, այսօր հնչում է այնպիսի ահազանգող արդիականությամբ, ասես շարադրված լինի հենց մեր օրերում։ Շանթը մեծագույն վիրաբույժի ճշգրտությամբ դուրս է բերում հայ քաղաքական մտածողության հիմնական հիվանդությունները՝ միջազգային հանրության հանդեպ սին հույսերը, սեփական կամքի թուլացումն ու արտաքին փրկիչների պատրանքը։ «Պարտական ենք վերջապէս ամէնքս պարզ ըմբռնելու, թէ միայն մենք կրնանք տալ մեր անկախութիւնը մեզի։ Մենք ինքներս պէտք է ձեռք բերենք ե՛ւ մեր հայրենիքը, ե՛ւ մեր անկախութիւնը յարատեւ մաքառումով, յամառ կամքով ու վճռականութեամբ, իյնալով ու ելնելով, ճանկռտելով կտոր-կտոր, փրցնելով ծուէն-ծուէն։ Իսկ եթէ ձեռք բերել չենք կրնար, իրաւունք չունինք ապրելու իբրեւ ուրոյն ժողովուրդ»:
ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ
Ա. ԱՐԵՒԵԼՔ ՈՒ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ
I. Ասիա եւ Արեւելեան Քաղաքակրթութիւն
Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ծայր է տւած աշխարհիս զանազան անկիւններուն մէջ, բայց տեղի, դիրքի, կլիմայի եւ այլ աշխարհագրական-տնտեսական պատճառներով՝ բարդ ու բարձր զարգացման հասած է առաջին անգամ Ասիայի հողին վրայ, գլխաւորապէս չորս մեծ գետերու աւազանին մէջ՝ Եանցենկեանկ¹, Գանգէս, Եփրատ եւ Նեղոս, որովհետեւ Եգիպտոսն ալ առանց մեծ խղճի խայթի կարելի է կցել Ասիային, այն աստիճան կտրուած է եղեր ան Ափրիկէի միւս մասերէն եւ կապուած միշտ Ասիային թէ՛ պատմութեամբ, թէ՛ աշխարհագրութեամբ:
Չինաստանն ու Հնդկաստանը ապրած ու մնացած են մեկուսի: Քաղաքակրթութեան զարգացման տեսակէտէն մասնաւոր կարեւորութիւն ունի վերջին երկու գետահովիտներու խաղցած դերը, որովհետեւ Միջագետքի ու Եգիպտոսի ստեղծագործութեան եւ անոնց խառնուրդէն առաջացած ժառանգութեան վրայ է, որ հիմնուած ու կառուցուած է մարդկային քաղաքակրթութեան արդի հոյակապ շէնքը:
Այսպէսով Միջագետքի ու Եգիպտոսի եւ իրենց շուրջի երկիրներուն մասնաւոր առաւելութիւնը իրենց ստեղծած քաղաքակրթութեան տարբերութեանը մէջ չէ միւս երկուքէն, այլ իրենց դիրքի. կից ու մօտիկ ըլլալով այն ժողովուրդներուն, որոնք շարունակելու եւ կատարելագործելու էին անոնց թողած ժառանգութիւնը: Միջագետքի ու Եգիպտոսի քաղաքակրթութիւնը եթէ մնար միայն ասիական հողի վրայ եւ չանցնէր աւելի Արեւմուտք եւրոպական ժողովուրդներուն ձեռքը, մենք չէինք ունենար մեր արդի եւրոպական, արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը, այլ կ’ունենայինք միայն արեւելեան քաղաքակրթութիւն մը, որ իր ամենազարգացած ձեւին մէջ կը համապատասխանէ մօտաւորապէս Եւրոպայի միջնադարին. կ’ունենայինք միայն ասիական քաղաքակրթութիւն մը:
¹ Յանցզի գետը Չինաստանում: Խմբ.:
Իսկ ի՞նչ բան է Ասիան:
Ասիան աշխարհիս ամենէն խոշոր ու միազանգ ցամաքն է: Ասիան անապատներու երկար շարք մըն է՝ եզերուած ու իրարմէ կտրուած բարձր լեռներով ու սարահարթերով, սկսած Սահարայէն մինչեւ Ճափոնի ծովը: Սարաւանդ ու անապատ, այս է ընդհանուր տիպը:
Թէ՛ անապատներու եւ թէ՛ սարաւանդներու վրայ մարդկային ապրուստի գլխավոր միջոցը խաշնարածութիւնն է, իսկ հովիտներուն մէջ եւ մինչեւ մէկ որոշ բարձրութիւն՝ երկրագործութիւնը, որ իր կարեւորութեամբ կը բռնէ երկրորդ տեղը: Եւ ատոր համեմատ ալ Ասիայի բնակչութեան ստուար մասը խաշնարած է, թափառական, կամ կիսաթափառ ու քոչւոր, իսկ երկրագործութեամբ զբաղուող մասերը կտրտուած են իրարմէ անապատներով ու վիթխարի լեռներով եւ չունին իրարու հետ հաղորդակցելու արագ ու դիւրին միջոցներ, կ’ապրին ցրուած ու անջատ-անջատ:
Միւս կողմէն՝ թէ՛ խաշնարածութիւնը եւ թէ՛ խաշնարած-երկրագործութիւնը երկուքն ալ շատ միակերպ ու դանդաղ պարապմունքներ են, եւ գրեթէ դարերով որեւէ փոփոխութեան ու կատարելագործութեան չեն ենթարկուիր, կը կրկնուին նոյն ձեւով: Հետեւաբար այդ զբաղումներով ապրող ժողովուրդը, թէեւ ազատ ժամանակ ունի, բայց արտաքին դրդումը չունի, կեանքի պահանջին ճնշումը չունի իր միտքը յոգնեցնելու, իր միտքը լարելու: Հացի աշխատանքէն ազատ մնացած դադարի ժամանակը կա՛մ միտքը բնաւ չի գործեր, այսինքն՝ ինքզինքը կուտայ ծուլութեան, կա՛մ եթէ կը մտածէ՝ իր մտածումները կ’երթան ո՛չ դէպի գործնական կեանքի ու գործնական պէտքերուն շուրջը, այլ աւելի փիլիսոփայական, վերացական, ներհայեցական երազանք մը, տեսակ մը դանդաղ ու նոյն կէտին չորս կողմը շուռ եկող կիսաքուն մտոլորում:
Եւ հետզհետէ այդ վիճակը անոր համար կը դառնայ պահանջ մը սիրելի ու որոնելի, կը դառնայ իր դադարը, իր զուարճութիւնը, իր բաւականութիւնը այդ կէս-քուն, կէս-արթուն վիճակը: Հոսկէ կը ծնի հաշիշի, աֆիոնի, սուրճի, հին սօմայի, նոր ծխախոտի, ծխամորչի ու նարգիլէի եւ ընդհանրապէս կիսագրգիռ ու կիսաթմբիր տուող ամէն տեսակ միջոցներու մասնաւոր սէրը:
Այդ տեսակ միջոց մըն է նաեւ իր ամենօրեայ քանի մը անգամ կրկնուող աղօթքը միշտ նոյն անհասկնալի բառերով:
Այդ տեսակ մշուշոտ ոլոր-մոլոր մըն է ե՛ւ իր փիլիսոփայութիւնը, ե՛ւ աստուածաբանութիւնը, ե՛ւ քաղաքավարութիւնը, ե՛ւ խօսուածքին ոճը:
Ան իր մտքերուն պարզ կերպարանք մը տալը շատ չի սիրեր, այլ գալարել, պտտցնել ու իրար մէջ հագցնել՝ իր արաբեսկներուն նման, իր մոզայիկին ու իր գորգերուն նման, իր հազար ու մէկ գիշերներու մէջէմէջ հէքեաթներուն նման: Եւ երբ կը փորձէ քանդակ մը կամ նկար մը՝ ձախլիկ դուրս կուգայ եւ աւելի այլաբանական, քան իրական:
Իր աշխատանքէն ու միօրինակ կեանքէն կ’առաջանայ եւ իր հակակրա՛նքը ամէն փոփոխութեան, ամէն նորմուծութան, եւ իր պաշտամո՛ւնքը ամէն հինի, ընդունուածի, սովորական դարձածի, եւ իր խորին երկրպագութի՛ւնը հեղինակութեան:
Հաւատացող է ջերմեռանդ, եւ հարցերուն ու երեւոյթներուն քննադատօրէն մօտենալը համարած է ու կը համարէ սրբապղծութիւն, թէ՛ կրօնական հարցերուն, թէ՛ պետական, թէ՛ հանրային-իրաւական: Վերը աստուածներն ու դեւերը, վարը՝ իշխողներն ու մեծերը. այդպէս է եկեր ու այդպէս պիտի երթայ, եւ ան միշտ հլու է իր պետերուն, եւ մեծ տարբերութիւն մը չունի թէ ո՞վ է այդ պետը, որ իր մտրակը կը շաչեցնէ անոր գլխուն:
Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ իր քաղաքական կեանքը հանգիստ է եղած ու խաղաղ կ’անցնի: Ընդհակառա՛կը. մանր-մունր սահմաններ, մանր-մունր թշնամութիւններ, մանր փառասիրութիւն ու մանր անկախութեան սէր եւ խաշինք պահող մարդու յատուկ պնդագլխութիւն, կռուազանութիւն եւ խաշինք պահող մարդուն յատուկ մորթելու վարժութիւն, գողնալու ու յափշտակելու գիշատիչ ու հնաւանդ բնազդներ:
Եւ այդ միշտ ոտքի վրայ եղող խաշնարած մասը պատիժն է ու պատուհասը աւելի արդիւնաբերող, աւելի աշխատող նստակեաց երկրագործ մասին: Ուրիշներու աշխատանքը ուտելու, ուրիշներու դիզած հարստութիւնները կողոպտելու եւ ուրիշներու շէնցուցած քաղաքները աւերելու տենչը շարունակ դուրս է թափած անապատներէն ու սարաւանդներէն միշտ նոր ու նոր թափառական ցեղեր գետահովիտներու անհամեմատ աւելի քաղաքակիրթ մասին վրայ. եկեր են, ամէն ինչ մորեխի պէս կերեր ու ոչնչացուցեր եւ իրենք ալ շուտով ոչնչացեր են, տեղ տալով նոր կազմուող «պետութիւններու»: Պետութիւններ, որոնց սահմանները ամպի կտորի մը պէս մէկ կ’երկարին, կը լայնանան, մէկ կը կծկուին ու կը պատռուին ծուէն-ծուէն: Թէեւ բոլորն ալ տեւական անուանական գլուխ մը դաւանիլը բնական կը գտնեն, ինչպէս հին պարթեւական ու պարսկական արքայից արքաները, արաբական խալիֆէները, Թուրքիայի սուլթանը. եւ ինչքան հին, հեռու ու զուտ անուանական, այնքան աւելի սուրբ ու յարգելի:
Եւ տիրող խաշնարած դատողութեան իբր հետեւանք՝ այդ ժողովուրդները երբեք չեն կրցած հիմնովին տարբերել իրարմէ պետութիւնն ու կրօնը: Պետութիւնը անոնց համար ընտանիք մըն է, ցեղ մը, ցեղին պետը՝ իրենց իշխողը եւ կրօնապետը: Կրօնապետական բռնակալութիւններ են բոլորը: Եւ ընդհանրապէս ահագին է կրօնքի ուժը: Մտաւոր ամէն շարժում ու կրթութիւն կեդրոնացած ու կապուած է կրօնքին: Կրօնաւորներն են, որ կը ղեկավարեն հասարակութեան միտքը, եւ կրօնական կապն ու գիտակցութիւնը այդ պատճառով շատ աւելի խոր է եւ ուժեղ, քան պետականն ու ազգայինը:
Եւ այս պահպանողական ու բռնատիրական մթնոլորտին մէջ ընտանիքը յամառօրէն կը պահէ իր հին ձեւը՝ բազմակնութիւնը: Եւ հէնց որ կը ներեն անհատի տնտեսական պայմանները, կինը զատուած է ու բանտարկուած, այրերու հետ խօսելու իրաւունք չունի եւ ընդհանրապէս դէմքը ծածկուած: Եւ ատոր համար ալ տուները դուրսէն աւելի բանտի կը նմանին, քան բնակարանի. չորս հատ մերկ, բարձր ու կոպիտ պատերով կտրուած են աշխարհքէն:
Աս է Ասիան:
II. Եւրոպա եւ Արեւմտեան Քաղաքակրթութիւն
Հիմնովին տարբեր է պատկերը, երբ Փոքր Ասիայի ափերէն դէպի արևմուտք կը նետենք մեր հայեացքը: Եւրոպան ցամաքի բզկտած կտոր մըն է, որ իր բազմաթիւ ձեռքերովն ու ոտքերով, խրուած է ամէն կողմէն ծովուն գիրկը, կազմելով մեծ ու փոքր թերակղզիներ, կղզիներ, ծոցեր ու խորշեր:
Եթէ Ասիայի ծովերն անգամ ցամաքային են, ինչպէս Վանը, Ուրմիան, Կասպիականը, Արալը, Բայքալը, ընդհակառակը Եւրոպայի ամենացամաք մասին անգամ ազատ ծովը ճիգ է ըրած մօտենալու. հիւսիսէն՝ Պալթիկը իր թեւերով, հարաւէն՝ Սեւն ու Ազովը: Եւ ընդհանրապէս ամբողջ եւրոպական ցամաքին վրայ զգալի է ծովուն շունչը, կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը: «Եւրոպական» ըսուած կեանքը ծովուն նուէրն է, եւրոպական քաղաքակրթութիւնը իրեն յատուկ եղող կողմերովը ծովային քաղաքակրթութիւն է:
Եթե հետեւինք եւրոպական ժողովուրդներու խաղցած պատմական դերի յաջորդականութեանը, կը տեսնենք, որ դերակատարութիւնը կանոնաւոր կերպով կ’րթայ դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս, միշտ քսուելով ծովուն. Յունաստան, Հռոմ, Միջնադարեան Իտալիա, որուն վրայ յենած է գերմանական սրբազան կայսրութիւնը, Սպանիա, Փորթուգալ, Ֆրանսա, Հոլանտա, Անգլիա, եւ հիմա ալ նորէն ծովուն քսուելով, Գերմանիայի ու Հիւսիսային երկիրներու վրայով, կը քալէ դէպի Ռուսաստան:
Եւ անշուշտ պատահականութիւն չէ, որ հիմա՝ ծովու տիրապետութեան այս դարաշրջանին՝ աշխարհիս մեծագոյն պետութիւնը, քաղաքակրթութիւնը վարողը Անգլիան է ու Անգլօ-սաքսոն ցեղը, այսինքն՝ հիւսիսային Եւրոպայի ամենէն աւելի ծովային երկիրը եւ ծովային ժողովուրդը:
Եւ մինչեւ որ եւրոպական ժողովուրդ մը ծովը չէ դուրս եկած, մարդկային քաղաքակրթութեան համար չէ ստացած այն կարեւորութիւնը, ինչ որ ունի: Յունաստանը ծովու վրայ է եղեր շատ կանուխէն, Հռոմը մինչեւ չհեծաւ նաւերը՝ Կարթակինէն քանդելու ու Միջերկրականի միահեծան տէրը չդարձաւ, պատմութեան մէջ երկրորդական դեր ուներ, Փորթուգալի փառքը իր «արկածախնդրութիւնն» է ովկիանոսներու վրայ, Սպանիայի, Հոլանտայի ու Ֆրանսայի մեծութիւնը սնուցողը ծովն է եղած իր ծոցի հեռաւոր գաղութներով: Անգլիայի բարձրացումը կը սկսի այն օրէն, երբ կը նետուի ծովը, իսկ իր համաշխարհային կայսրութիւնը՝ մէկ-երկու ծովամարտէ:
Գերմանական հոգիին մէջ քաղաքական խոշոր դեր մը խաղալու տենչը արթնցաւ թէ չէ, իր առաջին պահանջն էր նաւեր շինելը:
Ծո՜վ: Ով իր հացը կը հանէ ծովէն կամ ծովուն վրայով, պէտք է կռուի ծովուն հետ, պէտք է միշտ արթուն ըլլայ, խիզախ, արագ, ձեռներէց ու հնարամիտ: Չէ՞ որ տախտակի կտորի մը վրայ է միշտ: Եւ ինչքա՜ն աշխատանք, խնամք, մտածում, արհեստ ու կատարելագործում կը պահանջէ այդ տախտակի կտորը:
Նաւուն վրայ ապրիլ կը նշանակէ շարունակ տեղափոխուիլ, շարունակ շփման ու յարաբերութեան մէջ գտնուիլ բազմաթիւ ժողովուրդներու հետ, տեսնել, լսել, առնել, ծախել. այսինքն՝ դիտողութեան հարստացում, մտքերու հարստացում, գրպանի հարստացում: Ապրանքներ ու պահանջներ, որ ինքը նոր կը տեսնէ, ապրանքներ ու պահանջներ, որ ինքը ամէն տեղ իր հետը կը տանի: Նոր պահանջներուն նոր գոհացում տալ պէտք է, նոր ապրանքներուն՝ նոր կիրառութիւն:
Ինչքա՜ն աշխատանք եւ ի՜նչ աշխատանք. ո՛չ միօրինակութիւն ունի, ո՛չ հանգիստ ու սահման, միշտ պէտք է նախատես ըլլաս, միշտ պէտք է մտածես, գտնես ու հնարես, միշտ ղեկավարես: Ու կը գործեն միտքն ու ձեռքը, ու կը գործեն մեքենաները այդ երկուքի հրամանին տակ:
Եւ այդ բոլոր աշխատանքը գործնական հիմքի վրայ. գործնական միջոց մը, ելք մը, արդիւնք մը ձեռք բերելու համար:
Նոյնիսկ վերացական ու փիլիսոփայական մտածումը կը կատարուի, առանց իրականէն ու բնականէն բոլորովին կտրուելու, տեսակ մը դրական փիլիսոփայութիւն, ուր ամէն բան մարդուն շուրջը կը դառնայ ու մարդէն անդին շատ չի հեռանար:
Ծովուն տիրողն ու հրամայողը, ծովը զսպողը պտտիկ մարդն է իր պտտիկ տախտակի մը կտորին վրայ: Մա՛րդը, ծովո՛ւ մարդը, կը դառնայ բարձրագոյն ըմբռնումը. աստուածները բոլորովին կը մարդկայնանան, Ոդիսեւսն ու Պալլաս Աթէնասը կը խառնուին իրար, որովհետեւ երկուքն ալ ծովու մարդու իտէալացումն են: Իր աստուածներուն պէս իր գեղարուեստն ալ մարմին ունի՝ մարդկային մարմին, յստակ ձեւեր, յստակ գծեր, որոշ շրջագիծ, իսկ գիտական մտածումը՝ յստակ բաժանումներ, յստակ կատեգորիներ, կանոնաւոր շէնք, լրիւ կառուցում ու պարզ սիսթեմ. ամէն ճապաղ, անորոշ, մշուշոտ խճողուած բան բաւարարութիւն չի տար, կը նկատուի թերի:
Մարդը իտէալ, մարդը յաղթական, մարդը ձեռներէց, մարդը հնարող, ասոնք զանազան բառեր են արտայայտելու համար միեւնոյն բանը, արեւմտեան հոգիի անհատականութեան պաշտամունքը: Ամէն նաւավար, ամէն նաւագնաց, ամէն նաւաստի իր յատուկ ճամբան ունի, որ ինքը կը բանայ, ի՛ր գլուխը ունի, ի՛ր մտածումը, ի՛ր ծրագիրը: Եւ հետզհետէ ամէնքը կը քննեն ու կը քննադատեն եւ ամէնուն ձեռքի չափն ու կշիռը իր անհատականութիւնն է ու իր փորձառութիւնը: Նոյնիսկ աստուածներու ըսածներն ու ըրածները կ’ենթարկուին դատումի ու կը հեգնուին, նոյնիսկ ազգային մեծագոյն հերոսները եւ ամենապատկառելի դէմքերը: Ո՛չ մէկը չուզէր իր մտքի անկախութիւնը զիջել ուրիշին:
Հոսկէ քայլ մըն է միայն դէպի քաղաքացիական անկախութիւնները: Ա՛յս աստիճանի ինքնուրոյնութեան հասած միտքը ինչպէ՞ս կրնայ ենթարկուիլ հնադարեան թագաւորի մը քմահաճոյքին եւ հետզհետէ ընդհանրապէս ուրիշներու հրամանին: Ամէն մէկը կ’ուզէ, որ իր տեսակէտը յաղթանակէ. ուրեմն ամէնքը պէտք է մասնակցին հանրային գործերու որոշումին, պետական նաւի ղեկավարումին: Դեմոկրատիզմը, Աֆրոդիտէի նման, ծնած է ծովէն, միայն ո՛չ փրփուրէն, այլ ծովուն հետ մաքառելէն, պայքարելէն:
Նոյն պատճառներէն ու նոյն խորքերէն է, որ դուրս կը պղպջայ կրօնական ազատամտութիւնը: Որովհետեւ քննադատութիւնը կը ծնի սրբագրելու պահանջ, սրբագրութիւնները՝ բազմազանութիւն: Իսկ միեւնոյն բանի այդքան բազմատեսակ ըմբռնումներուն առաջ կը ծնի ճակատագրական հարցը. «Արդեօք այս բոլորը մեր հնարած բաները չե՞ն»: Եւ կամաց-կամաց սրբազան կուռքը կը դառնայ հեռաւոր աստծու մը արձանը, աստծու արձանը կը վերածուի բարոյական գաղափարի մը մարմնացումին, մինչեւ որ կ’երթայ ու կը տեղաւորուի գեղարուեստական միւզէի մը մէկ պատուաւոր անկիւնը:
Ահա՜ Եւրոպան:
Անշուշտ Եւրոպայի բոլոր մասերը հաւասարապէս եւրոպական չեն, ո՛չ ալ բոլոր դարերն ու բոլոր ժողովուրդները նոյն քաղաքակրթական արժէքը կը ներկայացնեն: Ինչպէս եւ Ասիայի հին ու նոր ժողովուրդներուն ու ժամանակաշրջաններուն մէջ ասիականութիւնը խոշոր տարբերութիւններ ունի եւ այս ու այն յատկութիւնը շեշտուած է կամ ոչ՝ տեղական ու ցեղական մասնաւոր պատճառներով, բայց իր հիմնական գծերովը բոլորի վրայ դրած է նոյն քաղաքակրթութեան կնիքը:
Եւրոպա ու Ասիա, այսինքն ծով ու ցամաք, շարժում ու թմբիր, յառաջդիմութիւն ու պահպանողական ոգի, անհատական ճիգ ու հեղինակութիւն, դեմոկրատիզմ ու բռնակալութիւն, մարդկայինի հպարտութիւն ու «քու ոտքիդ փոշին»: Մէկ կողմը շարժուն դրամագլուխ, գործարաններուն մուխը եւ ապրանքներու շրջանառութիւնը, միւս կողմի հարստութիւնը, խաշինք ու հող: Հոս օր օրի շատցող կրթական, գիտական ու մասնագիտական կրթարաններ, վարժարաններ, փորձարաններ, տնկարաններ ու համալսարան, հետզհետէ աւելի անկախ ու աւելի ազատ թափով, շունչով ու աշխատանքով. հո՛ն նոյն կրօնական հաստատութիւնները եւ կրօնաւորներու փէշին փակած մոնթերը, ամէն մէկուն ձեռքը նոյն անհասկանալի լեզուով գրուած խրթին ու հաստափոր սուրբ գիրք մը, որուն անունը թէեւ դարերուն ու ժողովուրդներուն հետ կը փոխուի, բայց որուն էութիւնը միեւնոյն է յաւիտեան:
Աս է զուգակշիռը Յոնիական ծովէն դէպի Արեւմուտք ու դէպի Արեւելք եղող աշխարհներուն. այսինքն՝ գրեթէ կատարեալ հակադրութիւնը իրարու, եթէ մտնենք հոգիներու ու իրերու էութեան խորքը: Ատոր համար է, որ Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար լեզու չեն հասկնար, իրար չեն համակրեր, թէեւ իբրեւ տարօրինակութիւն եւ իբրեւ շահագործելու նիւթ կը հետաքրքրուին իրարմով: Բոլոր արտաքուստ շռայլուած քաղաքավարութիւններուն հակառակ՝ ներքուստ կ’արհամարեն իրար, եւ ամէն տեսակի գրաւոր ու բանաւոր ցուցադրուած բարեկամութիւններուն հակառակ՝ խորապէս թշնամի են իրար:
Երկու տարբեր քաղաքակրթութիւն, կամ աւելի ճիշդը, նոյն քաղաքակրթութեան երկու տարբեր տարիքները: Մէկը ծեր, վրանգլուխը հինցած, աչքերը ափսոսանքով յառած իր ետին, դէպի «հին ու բարի ժամանակները», միւսը՝ երիտասարդ, նոր ու տարօրինակ զգեստներով, աչքերը սեւեռած միշտ դէպի առաջ, դէպի խորհրդաւոր հեռուները: