Աւագ Շաբթուան այս օրերուն անգամ մը եւս ձեռքս կ’առնեմ Պերճ Զէյթունցեանի «Յիսուս Նազովրեցին եւ նրա երկրորդ աշակերտը» թատերգութիւնը, զոր տարիներ առաջ կարդացած եմ: Ան գրուած է 2000 թուականին, քրիստոնէութեան՝ Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակման 1700ամեակին առիթով: Այս ընթերցումս կտրականապէս կը տարբերէր նախկինէն, անով որ եթէ նախորդ ընթերցումով աւետարանական հասկացողութենէն անդին չէի կրցած թափանցել, այժմ Յիսուսի երկրորդ աշակերտը, յանձին՝ Յուդայի, դէմս կը պարզուէր բոլորովին այլ կերպարանքով՝ հոգեկան ներաշխարհի իր բոլոր շերտերով: Հեղինակը սոյն թատերգութեամբ մանրամասնօրէն կ’ուզէ պարզել այն դրդապատճառները, որոնք մատնութեան մղեցին Յուդան:
Թատերգութիւնը կը բաղկանայ երկու արարներէ. իւրաքանչիւրը՝ եօթը տեսարանով: Կը սկսի նախադրեալով մը, ուր կը ներկայացնէ Յուդային անձնական կեանքի տուեալները, ուր մեզի համար կը յստականայ, թէ ինչո՞ւ միւս աշակերտներուն մէջ Յուդան էր յարմար թեկնածուն մատնութիւն գործելու: Այնուհետեւ կու տայ Յիսուսի ողբերգական մահուան կանխանշանները («երբ ժամանակը գայ ես քեզի նշան կը տամ» (էջ 17), որոնք ընթերցողիս մօտ սարսափ, անորոշութիւն եւ մտահոգութիւն կ’առթեն միանգամայն: Նիւթի խորացումով թատերգութիւնը հետզհետէ զարգացում կը կրէ՝ մանաւանդ երկրորդ պատկերին մէջ, երբ սատանան փորձութեան կը մատնէ Յիսուսը: Թատերգութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Յուդայի մատնութեամբ եւ Յիսուսի ձերբակալութեամբ: Յիսուսի չարչարանքով հանգոյցը կը քակուի, ապա Անոր խրատականով ու ժողովուրդին ուղղուած օրհնութեամբ ու կարճ վերջաբանով գործը կ’աւարտի:
Թատերգութիւնը կ’ընդգրկէ երկու հիմնական տարբեր բեւեռներ. բարին՝ Յիսուսը եւ չարը՝ Յուդան: Երկրորդական տիպարներու կողքին, այս երկու գլխաւոր տիպարներն են, որոնք գրութեան ընթացքը առաջ կը տանին, միեւնոյն ատեն ընթերցողին մօտ ստեղծելով հոգեկան տարբեր տրամադրութիւններ:
Աւետարանէն գիտենք, որ Յուդան աչքածակութեան եւ ագահութեան խորհրդանիշն է, որ կը հաւատայ նիւթի իշխանութեան ու այդ համոզումէն մեկնած երեսուն արծաթի փոխարէն համբոյրով մը կը մատնէ Յիսուսը: Պերճ Զէյթունցեան, սակայն, ինչպէս վերը յիշեցի, Յուդային կերպարը կը հրամցնէ բոլորովին այլ դիտանկիւնէ մեկնած: Յուդա նոյնպէս զոհ մըն է, ապիկար, ճակատագրի քմահաճոյքին ենթակայ: Ահա թէ ինչո՞ւ հոգեկան ծանր ապրումներ կ’ապրի, երբ կ’իմանայ, թէ ինք սկիզբէն իսկ ծրագրուած արարքի մը ընդամէնը «գործիք»ն է, այն պարագային, երբ կը կարծէր որ ինք «գերմարդ» էր:
Իսկ թէ ինչո՞ւ աշակերտներուն մէջ ինքը Յուդան ընտրուեցաւ իբրեւ մատնիչ: Հեղինակը անոր արմատները կը պեղէ եւ մեր առջեւ կ’ուրուագծէ երազի մը տեսարանը, թէ ինչպէս Յուդային մայրը տեսիլք կ’ունենայ, որ իր արգանդին մէջ պահած զաւակը «արատների բուն եւ Հրէաստանի ժողովուրդի կործանման պատճառը» (էջ 12) պիտի ըլլայ: Ու այս երազին իբրեւ հետեւանք զայն անմիջապէս ծնելէ վերջ, մայրը կը հրաժարի Յուդայէն ու զամբիւղի մը մէջ դնելով զինք ծովը կը նետէ, որմէ ետք ան կ’որդեգրուի այլ կնոջ մը կողմէ. «Ես ապօրինի զաւակ եմ, դրա համար էլ հարցեր ունեմ տալու, իսկ Յիսուս հարցեր չունի, միա’յն պատասխաններ» (էջ 11):
Ահա այդ հարցումներու տարափն էր, որ խլեց հոգեկան անդորրութիւնը Յուդային: Ան ամէն գնով կ’ուզէր դուրս գալ այդ երազին բարդոյթէն, ինքզինք համոզելով, որ ինչ որ կ’ընէր՝ ոչ թէ ի սկզբանէ երազէ մը անիծուած ըլլալուն հետեւանքն էր, «Այլ՝ ես, ե’ս, միայն ի’մ կամքով, միայն ի’մ խելքով: Ես ստուգում եմ ինձ: Պիտի վերջ ի վերջոյ իմանա՞մ թէ ով եմ ես» (էջ 24):
Իսկ թէ ինչո՞ւ ան Յիսուսի երկրորդ աշակերտը կը նախընտրէ ըլլալ, մենք կը տեղեկանանք Կայիափային հետ կատարած երկխօսութեան ընդմէջէն. «…Առաջին տեղի համար շատ թեկնածու կայ, միթէ՞ այդպիսի չնչին մեղքով կարելի՞ է մարդ մնալ, իսկ երկրորդն ազատ է միշտ: Ես տարբեր եմ իր միւս անգոյն ու անհամ աշակերտներից» (էջ 24) եւ ինքզինք գերադասելով Յուդա կը փորձէ ինքնուրոյն ըլլալ, տարբերիլ միւսներէն, խախտել Ուսուցչին պատգամը եւ ըլլալ «գերմարդ»: «Ես գիտեմ մեղք գործելու, արգելուած սահմանն անցնելու հնարը: Ես ծառից պոկելու եմ պտուղը, եւ ոչ ոք, ի տարբերութիւն թուլամորթ Ադամի, ինձ չի դրդել դրան» (էջ 24) :
Զինք շարունակ մտատանջող հարցումներուն պատասխաններ որոնող Յուդան ահա թէ ինչպէ՞ս կ’արդարացնէ Յիսուսի իր կատարած մատնութիւնը: «Ինչո՞ւ է նա այդքան անթերի, այդքան ազնիւ, այդքան մաքուր… Միթէ՞ այդ անհասանելիութիւնը արդար է… Միթէ՞ դա նրան չի խորթացնում, չի հեռացնում մեզնից… Միթէ՞ անիրաւ նախատինք չի՞ դառնում մեզ…եթէ իրօք սիրում ես ինձ, այդքան մի տարբերուիր ինձնից… Սէրը դա է Կայափա, եւ ոչ թէ նրա անմատչելի կատարելիութիւնը» (էջ 25):
Եւ ահա հարցումներէն մէկը լուծած համարելով, Յիսուսի խաչելութեան պահուն, յաղթական բացագանչութեամբ մը կ’ըսէ. «Նա այնքան հարազատ էր ինձ իր տառապանքին մէջ…Այնքան համակրելի էր՝ ինձ…Ես նորից սիրեցի նրան…որովհետեւ նա վերջապէս ինձ թոյլ տուեց իրեն խղճալ…ես նրան խլեցի Աստուծուց եւ մեզ վերադարձրի… Նրա մէջ այլեւս ոչ մի առեղծուած չկար… Նա իմ եղբայրն էր այդ պահին…» (էջ 33):
Յաղթութեամբ գինովցած Յուդային, սակայն, շուտով կը յաջորդեն մտքի սթափումն ու հոգեկան ծանր տուայտանքները: Յատկանշական է, որ Պերճ Զէյթունցեանի նշանակած վայրերն ու ժամանակները ուրիշ բան չեն հետապնդեր, քան այլաբանօրէն տիպարին ներքին աշխարհի արտացոլացումը: Հոն, ուր մութ ու խաւար է, Յուդան հոն է իր խաւարած ու աղօտ հոգիով: Ու ան սուզուած խոր մտածումներուն մէջ կը սկսի վերլուծել Յիսուսի՝ իրեն ուղղած խօսքերը ու կրկին հարցադրումներու գիրկն իյնալով՝ կը փորձէ պարզել առեղծուածը թէ «Ինչո՞ւ Յիսուս ասաց երբ ժամանակը գայ՝ ես քեզ նշան կը տամ ու ինչո՞ւ յատկապէս ի’նձ ասաց» (էջ 34) կամ Յիսուսի խաչելութեան պահուն, երբ իր հոգին հրճուանք կ’ապրէր ի տես Ուսուցչի չարչարանքներուն, ինչո՞ւ Յիսուս իրեն դիմեց ըսելով. «Դու այլեւս անելիք չունես» (էջ 32):
Ու իր որոնումին մէջ Յուդա որքան քնձռոտ, մատնիչ ու մարդասպան զգաց. «Ծուղակ լարեցին իմ դէմ, ու ես անզօր թպրտում եմ այդ ծուղակին մէջ»: «Ինձ դարձրին սովորական մատնիչ» (էջ 52). մինչդեռ իր նպատակը մատնիչութիւն ընելէ շատ աւելի անդին էր: «Եթէ մատնիչ լինէի, խորհրդանշական գումար չէի պահանջի քեզնից…» (էջ 23), առիթով մը ըսած էր Կայիափային: Փաստօրէն Յուդան հասկցաւ, որ իր ըրածը ազնիւ քայլ մը եղաւ նոյնիսկ, որովհետեւ նախագրուած էր, որ այդպէս ընէր. «Այ քեզ նոր առեղծուած» (էջ 54):
Յուդայի մենախօսութեան տեսարանին մէջ հեղինակը կը յաջողի Յուդայի միջոցով մեզի հաղորդել կեանքի փիլիսոփայութեան մասին իր գաղափարները. «Ես յոգնեցի առեղծուածներից…Տէր Աստուած, այս ինչ առեղծուած ես տուել մեզ, որ ոչ ոք չի կարողանում լուծել… Հապա ինչո՞ւ այսքան յանցանք կայ աշխարհում, այսքան մեղք, սրանց կողքին՝ երբեմն ազնուութիւն, երբեմն մաքրութիւն…Որովհետեւ ամէն կողմից ուզում են իւրովի լուծել առեղծուածը… բայց ոչ յանցագործն է լուծում, ոչ սուրբը… Չի լուծւում…» (էջ 53) :
Այս իսկ պատճառով, Յուդային հրճուանք չեն պատճառեր մատնիչութեան առ ի հատուցում վաստկած իր արծաթները եւ փոխարէնը ան կը նախընտրէ պարանէն կախուելով անձնասպանութիւն գործել. «Թող ուրիշները գան, փորձեն լուծել…Ես յոգնեցի, յոգնեցի» (էջ 53):
Թատերգութեան երկրորդ բեւեռը կը հանդիսանայ առաքինութիւնը, համեստութիւնը, խոնարհութիւնը, բարեգործութիւնն ու սէրը մարմնաւորող Յիսուսի կերպարը, որ կու գայ թատերգութեան նպատակը ամբողջացնելու. «Սիրոյ համար եմ եկել աշխարհ: Պիտի մարդկանց սիրել սովորեցնեմ, սա է իմ ամենամեծ պատուիրանը» (էջ 20): Յիսուսի կերպարին ընդմէջէն հեղինակը մեր առջեւ կը բանայ շնորհքի դռները իր անսահման սիրով ու ներողամտութեամբ: Ան չարագործ համարուեցաւ մեղաւորներուն համար, որպէսզի զանոնք վերադարձնէ իր փարախը եւ առաջնորդէ յաւիտենական կեանքի: Ճիշդ ասոր համար ալ Ան խաչին վրայ շրթունքները հազիւ շարժել կարենալով Աստուծմէ խնդրեց, որ ներէ անոնց, որովհետեւ «նրանք չգիտեն ինչ են անում» (էջ 58):
Կասկած չկայ, որ Պերճ Զէյթունցեան յաջողած է սոյն գործը հրամցնել հասարակութեան՝ քրիստոնէական բարոյագիտութեամբ համակելու համար անոնց սրտերը: Անոր լեզուն ու ոճը պարզ ու հասկնալի են, իսկ Աւետարանէն քաղուած բառերն ու արտայայտութիւնները ներկայացուած են իրենց ինքնատիպ ձեւով ՝ պահելու համար անոնց թաքուն արժէքն ու հարազատութիւնը:
Գործը կ’աւարտի կարճ, սակայն յուսադրիչ վերջաբանով մը: Տէրունական աղօթքին զուգընթաց, պահը առաւել խորհրդաւոր կը դառնայ նորածինի ճիչով մը, որ խորքին մէջ վերածնունդը պիտի ըլլայ ողջ հասարակութեան: Եւ մարդիկ իրենց ապրած պղծութենէն դուրս գալով պիտի մաքրուին ու աստուածային շնորհքներով ապրին, հաւատալով մանաւանդ Յիսուսի տուած պատգամներուն.
«Նեղ դռնից ներս մտէք, քանի որ լայն է այն դուռը եւ ընդարձակ է այն ճամբան, որ դէպի կորուստ է տանում – եւ շատուոր են նրանք, ովքեր այդ դռնով են մտնում: Բայց նեղ է այն դուռը եւ նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք է տանում եւ քիչ են նրանք, ով այս են ընտրում» (էջ 56):
«Սիրեցէք միմեանց, ինչպէս եւ ես սիրեցի ձեզ» (էջ 56):
«Աղը լաւ է, բայց եթէ աղը անհամանայ, ինչո՞վ պիտի համեմուի: Արդ դուք ձեր մէջ ունեցէք աղը եւ իրար հետ խաղաղ եղէք….» (էջ 56):