Բանաստեղծությունների այս շարքը ծաղկաքաղ է Աբգար Վանիա Աբգարեան «Կրկնակի փխրուն տարի» գրքից: Համաճարակի ու պատերազմի մասին գրելը ոչ միայն աղետը բառերով վերստեղծել է, գրական տարածություն բերել, իրականության հետ հարաբերվել, պատահածը բացատրելու կամ բացատրել չկարողանալու փորձ անել, այլև արարման ձև է, որը հակառակ է համաճարակին ու պատերազմին. աղետը տառերով հաղթահարել է, կորսվածի հիշողությունը պահելու ջանք է, մոռացությանը հակառակ ընթացք։ Գրելը։ Բան-ա-ստեղծելը։
Ժողովածուում ամփոփված են ԱՄՆ-ում բնակվող նյարդաբան, գրող Աբգար Վանիա Աբգարեանի՝ ՔՈՎԻԴ-19-ի ու 2020-ի արցախյան պատերազմի ընթացքում ու դրանցից հետո գրված բանաստեղծությունները։
Անահիտ Ղազարյան
Երբեմն
Իրականութիւնը
Հանրահաւաքի ու հանրացրումի
Անհանդիպման
Ճեպազրոյցին
Անկիւնադարձէն կը բխի երբեմն։
Բառեր․․․
Գործիչները կը խօսին։
Բառեր…
Եւ ժողովուրդը կը սպասէ։
Յուսահատ
Անվերադարձի
Զուտ յուզմունք
Ձայնէդ բխած:
Օր տասներեք
Երբ յուզմունքները
Բառերու դէմ
Կը կռուին,
Ուղեղի կամուրջները
Կը ճմլուին
Կը փշրուին
Սեւ տառապանքի յուզմունքով։
Տասներեք օր ամբողջ ժողովուրդ մը,
Մի՛շտ հայը,
Ա՛նպայման հայը,
Միա՛յն հայը,
Թուրքի եաթաղանով կը հարուածուի,
Նորէն, դարձեալ
Իբր նուէր ջարդի
Հարիւրամեակին։
Արցախի անտառներէն
Մինչեւ կուրծքս
(մի քանի հազար մղոն)
Խենթացած ցաւ կը յորդի․
Մարդիկ կը հարցնեն՝
«Հարազատներդ ապահո՞վ են»։
Ի՞նչ պատասխան տալ
Երբ դարձեալ ու նորէն
Ամբողջ ժողովուրդ մը
Գոյութեան չգոյութեան
Պայքարի մէջ է․
Դարձեալ ու նորէն
Եւ նոյն թուրք
Արիւնարբուի ձեռքով։
Պատասխանը կուրծքիս ցաւն է։
Ամփոփումն խելագարուած մայրերու,
Որոնց զաւակներու արիւնը դարձեալ կը թափի։
Այս քսանմէկերորդ դարն է,
Այսինքն՝ գագաթնակէտն քաղաքակրթութեան,
Որուն փաստը
Աւելի մեծ
Աւելի արագ
Աւելիով սպանիչ
Թռչող կամ չթռչող
Պայթուցիկներու
Մահացու պարն է։
Որուն սպին
Հարիւրաւոր հայ
Որդիներ կը ջարդէ։
Նորէն
Դարձեալ
(կարծես թէ մեր դարերու պատմական պատիւն է)
Նորէն ջարդուիլ,
Նորէն չգոյութեան
Լեռնամէջքին ծայրը դիտել,
Մահանալու
Անմահանալու
Սուտով ինքնափոխուիլ,
Երբ թշնամին
Դարձեալ դաշոյնը
Կը մխրճէ կոկորդնիս։
Ես գիտնական,
Մտաւորական,
Համաշխարհային պանթէօններուն
Տարիներով դասախօսութիւն տուած եմ,
Մարդկութեան քաղաքակրթութեան
Մտածմունքին յաւերժական անդամ եմ
Եւ ահա
Տասն եւ երեք օր
Յուզմունքներս
Բառերուս դէմ
Կը կռուին
Եւ ուղեղիս կամուրջները
Արցախի անտառներուն խորքը
Կը փշրուին հայ մայրերու
Յուզմունքներով։
Քսանմէկերորդ դար,
Քաղաքակրթութեան ամենէն
Փայլուն
Ամենաարագ
Անօդաչու կամ օդաչու
Ռումբերն են
Մարդկութեան պատիւ
Մարդ սպանիչ
Գիտարուեստութիւն,
Զաւակին արիւնը
Եւ մօր արցունքը
Կը շաղախուին
Արցախին անտառներու ցեխերուն հետ.
Անմարդկային
Տասներեք,
Մարդկութեան ամօթալի օրեր։
Յայտնի է կարծես՝
Կրթութեան գագաթնակէտը
Կը փայլի պատերազմի դաշտին
Թուրքին ատելի,
Նեխած դիակներու
Կուտակումով։
Քսանմէկերորդ դար,
Նոյնիսկ նեխածը
Եթերային երկվայրկեանով
Զինադաշտէն
Ուղեղիս խորքերը կը ճեղքէ․
Ցաւը արցունքի պէտք ունի,
Եկ հեկեկանք միասին
Հայ կռուողին,
Մեզի ատող
Թուրք զինուորին,
Եկ հեկեկանք միասին
Երբ յուզմունքները
Բառերուն դէմ
Կը կռուին.
Ատելութեան դէմ
Միասին սէր սերմանենք,
Ժխտենք այն զարգացումը,
Թէ որքան արագ է թշնամիդ,
Այսինքն՝ դրացիդ,
Թէ որքան ատակ է թշնամիդ,
Կը կործանէ
Մարդկային էութիւնդ
Ամբողջութեամբ։
Ուղեղի կամուրջները
Կը ճմլուին
Խելագարուած մայրերու
Արցունքով։
Արդեօք տակաւին
Կա՞յ ուրիշ ճամբայ։
Տասներեք օր է
Ուղեղիս պոռթկումը
Քաղաքակրթութիւնն կ՚անիծէ․
Անքուն,
Դիակներու հետ
Անկողին կ՚երթամ,
Քուն կը փնտռեմ
Այրուած կամուրջներէն,
Սեւակի բառերուն մէջ
Յոյս կը փնտռեմ,
Լոյսի յոյս կը փնտռեմ
Արցախի կանաչ անտառներուն մէջ,
Լոյս կը փնտռեմ,
Յոյս կը փնտռեմ
Գոյութեան
Ապագայի,
Մարդկութեան հաւատքի։
Ձեռք ձեռքի դպչելու
Շոյանք կը փնտռեմ՝
Սեւակեան լոյս լոյսի
Յոյս յոյսի
Եւ ապագայի․․․
Ազատ անկախ
Անժահրային խաղաղութեան ապագայի։
Անպէտք
Անճար
Անպէտք
Միտքի մարդ։
Ի՞նչ օգուտ ես քու ազգիդ,
Երբ բռունցքներու,
Թանձր բռունցքներու
Ժամն է այս։
Ո՞վ կը դիտէ,
Ո՞վ կը շնչէ
Շողերու փայլքը
Արշալոյսին այս պարարտ,
Կանաչներու, դեղիններու
Շղրշանքը
Մեր Արցախի անտառներուն։
Գեղեցկութեան միտքն անգամ
Ջախջախուած է.
Ճմլուած կամուրջներէն
Այրած կամուրջներէն
Կեանքը անցողական է։
Մէկամսեայ պատերազմէն
Վերջ
Հրադադարի
Երրորդ ․․․․
Արդեօք կեանքերը
Կը փրկուի՞ն։
Գոյութեան եւ չգոյութեան
Ճգնաժամէն
Փախուստ կա՞յ․․․
Պատերազմ
Գոյութիւնն անցողական է։
Մինակ, մթութեան մէջ
Ուղեղս հոն
Եւ շունչս խռպոտած է․
Գիշերային անձայնութեան
Հանդարտութիւնը
Թնդանօթի դղրդումի
Ժխոր կը սփռէ շուրջս։
Շիքակոյի ննջասենեակս եմ,
Տաքուկ հանգիստ
Բազմած բարձերուս,
Մինչ հոգիս սարսափահար
Ատելութեան կամուրջին
Շուրջը կը տատանի։
Աշուն է՝
Թէ՛ հոս
Եւ թէ՛ Արցախի անտառները։
Ես հոս նստած
Արցախի կանաչ, դալար
Անտառներուն մէջ
Լոյս կը փնտռեմ,
Իսկ սենեակս
Լէշի հոտով պարուրուած է։
Պատերազմի արիւնոտ դաշտերէն
Սեւ ատելութիւնը կը փորձէ
Չթափանցել պատուհանէս ներս։
Հայը դարձեալ գոյութեան
Եւ չգոյութեան
Ճգնաժամի օրեր կ՚ապրի։
Եւ ես
Լէշի հոտով սուզուած
Սենեակս նստած
Կը տատանիմ։
Անպէտք միտքի մարդ,
Հանդարտի՛ր։
Այսօր քաղաքակրթութիւնը
Խառնուած է ԱԹՍը-մաթըսը կործանիչ
Մեքենաներով,
Արիւն կը թափի՝
Քաղաքակրթուած արիւնաթափ։
Չպոռթկալ կարելի չէ,
Երբ հայու արիւնը
Եթերական կամուրջներով
Հոգեկանս կը ճմլէ,
Եւ կը դիտեմ
Ստեփանակերտցի խոհեմ մայրիկը,
Որ կը պնդէ՝
«Կեանքը անցողական է,
Գոյութիւնն անցողական է»։
Այս դաժան օրերն ալ
Անպայման անցողական են։
Եւ մենք հազուագիւտ ենք,
Մանաւանդ մենք՝ հայերս,
Աւելի շատ հազուագիւտ ենք
Թէ կրկնական
Թէ մշտական
Եւ երազկոտ։
Սենեակիս սարսափահար
Մթութեան մէջ
Վաղուան արշալոյսը
Կը մտմտամ։
Գումար
Եթէ դուք կաք,
Մենք չկանք,
Իսկ եթէ մենք կանք,
Դուք չկաք։
Գումարումի պարզ հաշիւ,
Զերոյի խաղ.
Պայմանը չկան է
Եւ ոչ թէ կան,
Եւ կամ գաղափար
Որ դրացիս
Երբեք թշնամի
Ըլլալէ չդադրի։
Յաղթէ’ համաշխարհային
Ատելութիւնը,
Կեցցէ՛ անտանելիութիւնը։
Ձիւն
Գրողը գրեց
Եւ գրողը տարաւ
Հազարներով
Ամբողջ երիտասարդութիւն մը,
Տարաւ ԱԹՍներու լոյսով
Եւ ամբողջ նոր հազարներ
Մնացին անվերադարձ։
Ի՞նչ լուծումի պատասխան էր,
Երբ արեան գետը, որ թափեցաւ
Իբր ներկայի անկարելիին աղօթք։
Հադրութի պարապ թաղերը
Չեմ տեսած,
Բայց ուղեղս կ՚այրեն։
Ֆոսֆորացած այրուածք։
Զէնք, որ մեզի
Միայն թշնամի կը շինէ
Աւելի մեծ զէնքերով։
Եւ մենք նոր
Վէրքեր
Նոր սպիներ
Կը կուտակենք
Ապագայ,
Ուր դարերով նոր ցաւի
Արցունք կը նուիրենք։
Արցախի խոր
Մշուշները
Դարերով զոհերու շուքերուն
Մտմտանքները պիտի պատմեն,
Ինչպէս որ Արարատը արդէն
Դարերով անհալող լացի ձիւն կուտակած է։
Դուռեր
Դուռը կը բանան
Ու
Դուռը կը գոցեն։
Իմաստը կրկնութիւնն է։
Բայց եթէ անձնականացնես
Ճօճումը
Եւ կարգը
Դուռերու
Համեմատութեամբ՝
Ո՞ւր կ՚երթանք։
Ես իմ դուռս կը բանամ
Եւ ես իմ դուռս կը գոցեմ։
Այսինքն՝
Ամէնօրեայ սովորութիւն։
Դուն ալ քու ամէնօրեայիդ
Քու դուռդ կը բանաս
Եւ քու դուռդ կը գոցես.
Իմաստը դարձեալ կրկնութիւնն է․․․
Բայց բացումի ու փակումի
Շարքը աւելի
Զգացական նուրբ երանգներ կը ծաւալէ։
Երբ դուն դուռս բանաս
Եւ եթէ ես քու դուռդ չգոցեմ,
Յանկարծ
Տիեզերական նոր բուրմունքի
Արշալոյսներ կը բացուին։