Լեռնա Գարագիւթիւք ծնած է Իսթանպուլ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Տատեան Վարժարանին մէջ, ապա հետեւած է երկրորդական ուսման Սահակեան Նունեան Վարժարանին մէջ։ Հայերէնի ուսուցչուհի է։ Աւարտած է Իսթանպուլի Համալսարանի գրականութենա բաժանմունքի դասական բանասիրութեան լատին գրականութեան ճիւղը։ 2017-ին մագիստրոսական աստիճանով վկայուեցաւ Եըլտըզ Թեքնիք Համալսարանի կրթական ծրագիրներ եւ ուսուցում բաժանմունքէն։ Փոքր տարիքէն սկսած է գրել: Ունի բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հեքիաթներ, որոնք հրատարակուած են Իսթանպուլի հայկական օրաթերթերուն եւ հանդէսներուն մէջ:
ՓՈՂՈՑ ՄՆԱՑՈՂԸ
Կէս գիշերին լսուող ձայները
կը խառնուին կապարէ մթութեան.
ու կը սաստկանայ վախը ոտնաձայներուն,
շուներու հաջոցներուն ընկերակից:
Հոն, մայթին վրայ երկարած, պառկած
ստուեր մը նշմարելի է մութ.
թաց է տաբատը: Կծկուած, սալայատակին վրայ
կը միզէ ժպտելով. հանգիստի պահն է հիմա:
Ո՛չ տեղ, ոչ ալ տուն կ’որոնէ,
միայն աման մը տաք ճաշ թերեւս,
փողոցներու ոտնաձայները կից կու տան ամաններուն,
գինին է ընկերը փողոցը կծկուած մարդուն:
Ո՞Վ Կ’ՈՒԶԷ ՈՒՏԵԼ
Մարդու միս
թէեւ ծանր
սակայն հեշտ․
որքա՜ն ծանր
այնքա՜ն համով․
մի՛ կտրեր,
այլ փրցո՛ւր, բզքտէ՛,
կե՛ր։
Մարդու միս
կը սիրէ՞ք,
կերա՞ծ էք բնաւ,
ո՜վ չի խայտար
կե՛ր, կե՛ր, մի՛ կշտանար։
Ձրի է միսը,
սակայն միայն մարդու միսը։
ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐԸ
Մուրացկաններ կան, որոնք փոքր են,
բայց ստեղծած են աշխարհներ
– աշխարհ մը չէ –
հոն պատսպարուելու, պահպանուելու համար:
Կը նստին աթոռներու վրայ
փառաւոր եւ ոսկեզօծ,
ամուր փարած անոնց:
Դուռ չունին այս աշխարհները,
ոչ ալ բանալի:
Հոն կը մտնեն միայն անոնք,
որոնք ոչ դուռ կը փնտռեն, աչ ալ բանալի:
Բայց Աշխարհը մէկ է:
Իսկ աշխարհները՝ բազում,
տեսակ-տեսակ, պէսպիսուն,
մուրացկաններուն կիրքերով լեցուն:
Սակայն եթէ չբացուին դռներ,
չհնարուին բանալիներ,
եւ ուրիշներ չըմպեն անոնց բարքերէն,
անոնց կիրքերէն,
ու գովք չհիւսուի անոնց համար՝
անոնք օր մը, վերջ ի վերջոյ,
այս աշխարհներուն մէջ ողջամբ
կամ կիզուած կը վերջանան:
ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԼՈՒՌ ԿԱՅԱՐԱՆՆԵՐԸ
Իմ ապրած քաղաքիս մէջ՝
Իսթանպուլ,
կայարաններ կային,
ճամբորդներու ապաստանարան:
Կայարաններուն մէջ՝ սիրելիներ
իրարու ձեռք շարժող
եւ իրարու ետեւէ արցունք հոսեցնող:
Իմ ապրած քաղաքս
կայարաններ կային.
Իսթանպուլ:
Ցուրտին, բուքին՝ ձիւնով պատուած:
Հոն կը հասնէին շոգեկառքեր,
մարդիկ կը հասնէին իրենց բոյնը:
Հիմա քաղաքին ճիշդ կեդրոնը
անձայն լաց մը կայ
անշուք կայարաններու:
Անոնք հիմա
ուրուական են մէկական,
քաղաքին մէջտեղը, լքուած:
Ոչ մէկը ճամբայ կ’ելլէ,
ոչ ալ ճամբորդ մը կ’ապաստանի հոն:
Կայարանները խարխլած եւ առանձին
դատապարտուեցան մոռացութեան:
Քաղաքին կեդրոնը
Իսթանպուլ
պատմութիւն մը ունի
մոռցուած, լուռ կայարաններու:
ՓԱՓԱՔ
Դատարկ էջ մը կը ձգեմ
օրատետրիս մէջ
սպիտակ եւ անգիր
որ եթէ սեւնայ ամէն ինչ
էջերը իրարու ետեւէ
մելանի սեւ մրուրով
ան մասմաքուր բացուի
արեւու ճառագայթին նման
վրան գրիչին սեւ մելանը
խօսի խօսքի բերան
ինքնապաշտպան
ԵՐԹԱՍ ԲԱՐՈՎ
Ի՛նչ պատուական թիկնաթոռ մը
նետեր են փողոց, առանց բարձի,
առանց յենարանի.
թրջեր է անձրեւէն։
Թիկնաթոռին պատուականը կ’ըլլա՞յ:
Ինչո՞ւ՝ ո՛չ։
Հիմա անոր վրայ կատուներ կը բազմին:
Մինչդեռ ատեն մը
տան անկիւնը կամ գործատեղին
կը գրաւէր իր պատուական տեղը:
Սակայն եկո՛ւր, տե՛ս, որ
կը յղանան օրերը օրեր,
կը փոխուի ամէն ինչ,
կը փոխուի ժամանակը:
Կեցի՛ր, մի՛ բազմիր․
այնքան հանգիստի վարժուի՞լ:
Բոլոր կարասիներն ալ ունին իրենց վախճանը
նմանապէս՝ մարդիկ:
Ո՞վ յաւետեան է
այս անցողական աշխարհին մէջ:
Օր կու գայ,
թիկնաթոռդ, մտերիմը
անզուգական այդ յետոյքիդ,
կը դրուի փողոց, դրան մը առջեւ:
Ու ահա՛, հասաւ կարգը.
շատ փափուկ նկատած
յետոյքիդ կից մը.
այրումով պիտի հալի:
Երթաս հանգիստ ու բարով: