Սպաննեց։ Անհանդուրժելի դարձած էր։
Բառագունդերը լեցուց թնդանօթեայ բերանին ու արձակեց ճիշդ գլխուն, որ ուղեղը փշրուի։ Վստահ ըլլալու համար բազմապատիկ հարուածեց։ Յետոյ հանգստացաւ։ Արձակուեցաւ իր գնդակին պէս։ Ազատեցաւ անտանելի այս արարածէն, որ բարեկամի ծանրութեամբ նստած էր ուսին։ Ալ սկսած էր կքիլ անոր ներողամիտ համբերութեան տակ, սկսած էր ընկճուիլ քմահաճոյքները քոյրաբար կուլ տուող անոր ստամոքսին փարթամութենէն, խանգարուիլ սրտի բաբախումին մաս-մաքուր հնչող մեղեդիէն, որ ատեն-ատեն իրե՜ն համար սիմֆոնիի կը վերածուէր։ Ի՞նչ պիտի ընէր այսքանը. աւելորդ էր, շատ էր, չափազանց էր, ու դեռ կ’աճէր։ Կը կտցահարէր քունքը, կը կրծոտէր խիղճը, կը ճմռթկէր տրամաբանութիւնը, կը խծբծէր երեւակայութիւնը։ Բարի էր, զինք վերերը կը հանէր։ Օր մըն ալ միասին ելան բարձրերը, այնքան բարձր միւսներէն, ուր աչք-ականջի տեղը չէր։ Եւ այնտեղ, ամայութեան մէջ բիւրեղեայ, երազած պահը հասած համարելով, իր վրայ ունեցած վստահութենէն ընդլայնած անոր ջիղերը շօշափելէն ետք, կուտակած բառերով զայն շանթահարեց։ Անոնք սլացան ուղղակի գաղտնիքին մէջ ուղեղին, որ կը պահէ ամէն բան, իր գտնուած տեղը նոյնիսկ։
Սառ տեղաց յանկարծ։ Մսեցաւ խոցուածը, թէեւ բառերն հրդեհեցին այտերը։ Քրտնեցան ափերը, չորցաւ բերանը, լեզուն ճեփ-ճերմակ դարձաւ։ Դողդղաց զարմանքէն, սմքեցաւ, հիւթերը կորսնցուց, տապալեցաւ, երկուքին համար իր ձեռքերով հիւսած գագաթէն գլտորեցաւ վարերը։ Սարսռած։
Տեղ չունէր այս հողին վրայ։ Ինչո՞ւ կ’ուզէր յամառօրէն ի՜րն ունենալ, իր տարածքը, իր լեզուն, իր ոճը, բխումին ելեւէջները, խօսքը, միտքը, իր ինքը, օ՛հ … ո՞ւր հասցնելու, որո՞ւն հասցնելու։ Միամիտ …։ Չունէր պատճառ այս գետինը կայնելու։ Պէտք է վերնար։ Վերացուց։
Ու ասկէ ետք կը լռեն, քանզի ամենահզօրը այս է։ Վէրքերէն չէ, այլ ասկէ ան կը սպառի։ Քանի որ լռութիւնը իր փորին մէջ կ’աղայ եղածը չեղածի վերածելով ու չեղած մը աճեցնելով ի ցոյց ինքզինքին։ Ատոր արմատները ճանկեր են, որ պիտի զսպեն անդադար եղածին բողոքը դեռ գլուխ չբարձրացուցած։ Պզտիկներուն մեծութիւնն է ասիկա։ Եւ հզօր է, պէտք չէ խաբուիլ անունէն։ Ու շատ գեղեցիկ։
Չեղածն է գեղեցիկը։ Մինչդեռ ան ըլլալով տգեղցուց զայն։ Աւրեց անշօշափելիին անմատչելիութիւնը, որ հաւատքին դռները կիրքին կը բանայ։ Ո՞վ կրնայ իշխել չեղածի կամքին, չհպատակիլ անոր անկուշտ որկորին, ան որ կենդանին կը խրէ դիակներու շտեմարան ու կոխոտել կու տայ անունը անտեսումի կրունկներով։
Չեղածի տիրակալութիւն, ո՞վ էր ան դիմացդ, որ համարձակեցաւ ըլլալ իրական, ինքզինք, շեղուածք, սլացայտ։ Կեղտ։
Պէտք է մաքրուէր։ Բառակոծուեցաւ։