25 սեպտեմբեր 2023
Կավաֆիսը իր առաջին բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ Ֆիլոստրատոյէն նախադասութիւն մը կ՛արտագրէ, իբր նշանաբան՝ «Չաստուածները ապագան կը զգան, մարդ արարածները՝ ինչ որ կը պատահի, իմաստունները ինչ որ մօտահաս է»։ Իմաստունները, չաստուածներուն – կամ մասնագէտներուն – կը թողուն միշտ հեռաւոր ու խեղաթիւրուող ապագայի նախատեսութիւնը, իսկ թղթակիցներուն՝ ներկայի – ընդհանրապէս շատ շփոթ – ճանաչողութիւնը․միայն մերձեցողն է, մօտահասն է որ իրենց կ՛առնչուի, կը հպի։
Վճռակամ պահը, այն որ իսկապէս մեզ կը հետաքրքրէ ու կը յուզէ, այն չէ ուր ապագայ, ժամանակագրական միջոցին մէջ տեղ մը զետեղուած եղելութիւն մը կը նախատեսենք, որքան ալ ծանր ըլլայ ան (նոյնիսկ եթէ աշխարհի վերջը ըլլայ, ինչ որ մարդիկ անդադար աւետած են ու կ՛աւետեն, նոյնիսկ թուական կը ճշդեն) – այլ մանաւանդ ան է՝ երբ կը զգանք որ բան մը մօտահաս է։
«Թագաւորութիւնը մօտեցած է (eggiken)» կ՛աւետէ Մկրտիչը, Մեսիայի գալստեան ակնարկելով։ Յունարէն բայը՝ eggizo, վաղեմի eggye անունէն կը սերի եւ ուստի շատ մօտ բան մը կը նշէ, որու կրնաս գրեթէ ձեռք տալ։ Մօտահաս ըլլալը թագաւորութեան էութեան մաս կը կազմէ (եւ վերջաւորութեան անոր զուգադիպող)։ Ամէն բան որ մեզ կը շարժէ ու կը յուզէ (իտալերէն՝ che ci muove e commuove), մերձենալու, մօտահաս ըլլալու կերպարանքը ունի։
Մերձաւորութիւնը որու մասին կը խօսինք այստեղ, առարկայականօրէն չափելի չէ սակայն, ժամանակագրական առումով պարզապէս նուազ հեռաւոր չէ ։ Եթէ այդպէս ըլլար, միշտ ապագայի մէկ կերպարանքը պիտի ըլլար ան, այն ապագան որու մասին իմաստունները չեն ուզեր կամ չեն կրնար իմանալ։ Մերձաւորը մանաւանդ բան մըն է որու հեռաւորութիւնը կրճատած ենք, որը մօտեցած է։ Մտածումը այս հեռաւորութիւնը յապաւելու կարողութիւնն է, բանի մը մասին մտածելը -կարեւոր չէ թէ ժամանակի մէջ որքան մերձաւոր կամ հեռաւոր – կը նշնակէ զայն մերձակայ դարձնել, եզերել։ Մերձաւորութիւնը ժամանակի չափ մը չէ, այլ անոր կերպարանափոխումը, իր գործը դարերու կամ օրերու չի առնչուիր այլ, տեւողութեան փորձառութեան մէջ, տարբերութեան եւ փոփոխութեան մը։
Անչափելի – եւ սակայն միշտ մերձաւոր – նման ժամանակ մը, նոյնինքն ժամանակը հաշուող ու համարակալող chronos/Χρόνος-էն զանազանելու համար, յոյները Kairos-Καιρός կը կոչէին, զայն նկարագրելով որպէս մեր ուղղութեամբ, ոտքերուն թեւերը թափ տալով արագ վազող մանուկ մը որ կրնաս միայն ճակտի կախ մազերու խուրձէն բռնել։ Սոյն պատճառով լատինները զայն կ՛անուանէին՝ occasio, «բաներու կարճատեւ առիթը․եթէ կարենաս վրայ հասնիլ կը բռնես, բայց հազիւ ձեռքէդ փախչի, ոչ իսկ գերագոյն Giove-ն (կամ յոյներու՝ Ծեւսը) կրնայ զայն ձերբակալել»։ Իսկ “երկինքէն նշան” մը ունենալու Փարիսեցիներու հարցին ի պատասխան, Յիսուս զայրացած կ՛ըսէ՝ «կարող էք դատել անձրեւի կամ պայծառ երկինքի նշանները, սակայն kairoi-ի, մօտահաս ժամանակներու նշանները չէք կրնար տեսնել»։ Եւ երբ Պօղոս մեսիական կեանքի փոխակերպումը կը փորձէ սահմանել, հետեւեալը կը գրէ՝ «ժամանակը՝ kairos-ը կարճցաւ, կծկուեցաւ» (գործածած բայը կը խորհրդանշէ թէ՛ առագաստներու խճճումը եւ թէ՛ նախ քան ոստումը, կենդանիի մը դնդերներու պրկումը)։
Ի վերջոյ, ճիշտ այս է որ կեանքի, մտածողութեան ու քաղաքականութեան մէջ էական է – մօտահաս եղելութեան մը նշաններ կանխատեսել, բանի մը որու ժամանակը չէ այլեւս այլ միայն առիթը, ստիպողականութեան մը, վերահասութեան մը յայտնազգացութիւնը որ վճռակամ շարժում կամ արարք կը պահանջէ։ Իսկական քաղաքականութիւնը այս փոյթին, այս աճապարանքին կամ հոգատարութեան ու այս յատուկ մերձաւորութեան շրջարկն է, եւ այսպէս է որ պէտք է ընկալենք Ուկրանիոյ կամ Ղարաբաղի պատերազմը․քիչ թէ շատ հեռաւորութեան մասին չէ խօսքը այլ բանի մը որ կը մօտենայ եւ որու աստիճանական մերձեցումը անսասան է։ Խօսքը kairos-ի մը մասին է․ որ է՝ ըստ Իպպոքրատէսի մէկ ասացուածքին, բանի մը մասին «որու մէջ քիչ chronos կայ, քիչ չափելի ժամանակ»․ եւ ճիշտ այս ժամանակի գրեթէ աննշան պատառիկը բռնելու ([ըմ]բռնելու) կարողութիւնը պէտք է ունենանք։
[Իտալերէն բնագիրէն թարգմանեց Մինաս Լուռեան, Զադել Չերնամորյանի խնդրանքով։ Ագամբէնի այս յօդուածը որ մի քանի օր առաջ լոյս տեսած է, Quodlibet հրատարակչատան նոյնանուն պարբերականին մէջ, ուշադրութեանս յղած էր Վազրիկ Բազիլ]։