ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ,
այս լոյսերուն դէմ հոսանուտ,
որ կը սողան
սարսըռուն,
կը թեւթափեն պատերն ի վար՝
յղփացած, լուռ անգղերու, օձերու պէս կեղծաբար։
Երկինքն ամբողջ կախաղան՝
հսկայական շուքերու, երկինքն ամբողջ կը բաբախէ…
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝
այս գիրերուն դէմ հըրակէզ,
գորշ տուներուն ճակատներէն բխող այս նոր տեսիլքներուն
ալիքներուն շէկ մետաղէ
եւ մայթերուն թաց, թափանցիկ, որ կը հնչեն
գիշերին մէջ այս թաւալուն՝
ամբոխներուն, որ կը սուրան լոյսին մէջէն,
խըմորումին դէմ այս՝ համայն
փայլատակման՝
շէնքէ շէնք,
նոր թոյներու պատրաստութեանը մէջ այս նենգ։
Ահ, ինչպէս քիչ-քիչ բոլոր
կը գունատուին էն վսեմ գաղափարները անգամ.
Դեռ դար մ’առաջ հոս մոլոր
ամբոխին տեղ այս՝ պոռաց բիրտ, յոգնատանջ, արնաքամ
ուրիշ ամբոխ մը, որուն
աղաղակը համակեց ամբողջ աշխարհը խաւար
եւ մարդկութիւնը խորունկ
թշուառութեան մէջէն իր՝ պահ մը եղբօր, փրկարար
երկարող ձեռք մը զգաց։
Ելեկտրական կեղծ ծաղկանց
պըսակներու տեղ թուղթէ՝ դեռ դար մ’առաջ իրական
յաղթանակի պըսակներ
ու դըրօշներ էին կռուի դրօշներուն տեղ այս ուրուական,
ծովեր էին սուրերու մերկ
ու մորթըւած, նիզակամբարձ գըլուխներ։
Խորտակում էր բանտերու հին, պար, գինարբո՛ւք, բուք թմբուկի,
Ազատութեան, Եղբայրութեան, Ճշմարտութեան սէր էր անգին։
2
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Պարողներու քայլերուն տակ, փրփըրուն՝
ապագային հոսելիք հեղեղներուդ ձայնն է արդէն,
որ կը լսեմ։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝
երկինքին դէմ, որ մորթըւած, արիւնացայտ իբրեւ նոխազ՝
կը թաւալի սրըսկելով լոյսեր դէզ-դէզ.
Հնձուած աստղեր, աչքեր կարմիր անհամար,
ծառեր գոյն-գոյն, կայծակնահար տապալող վար,
շատըրուաններ ահեղավազ –
Ուրախութեան այս վայրենի, ծաղիկներուն այս հըրեղէն,
այս լոյսերուն, որ ինծի մերթ
մըտաբերել կու տան հողէն
ժայթքող լաւան
եւ մերթ կռուի դաշտ մը հրակերտ,
այս երգերուն ետեւէն՝ լուռ, անջնջելի կ’աճի, կ’աճի
անասնական ու բնական
բընազդը սուր՝ դահիճի…
Հսկայական այս երկաթէ շուշաններուն,
որ կ’որոտան
կախուած՝ բոլոր պատերն ի վար,
սաղարթներու մէջէն թուղթէ,
ցնցելով գոռ իրենց ձայնով՝ ժիր պողոտան,
պոռչըտալով մինչեւ հեռուն…
Անիւներուն, յառաջադէմ մեքենական այս աշխարհին
ետին՝ խաւար
չարիք մ’արդէն մետաղային բիրտ արմատներ կը նետէ։
3
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Աւելի հոծ՝ այս ամբոխէն,
թմբուկներէն քառատրոփ՝ յուշերը զիս կ’ողողեն ու կը տանին զիս հեռուն
անիւներէն ալ արագ ինքնաշարժին,
որ կը սահի քովէս՝ իբրեւ անդնդագոռ ու հրագէս մոլորակ։
Միլիոնաւոր լոյսեր վըրաս,
միլիոնաւոր տենչեր մթին կը հասնին ինձ՝
վիհին մէջէն կուրծքիս, ուր գաղջ՝ կը ճզմըւին ճառագայթներ…
ԹԱԽԻԾ, ԹԱԽԻԾ։
Ա՜հ, կ’երեւայ որ ես տարբեր,
տարբեր տարբեր ու տարուբեր նժդեհ մըն եմ,
բեկոր մըն եմ ես՝ յարածուփ, այս լոյսերուն մէջ դժխեմ։
Արմատախիլ, հրաթեւ՝
կը թեւթափեն մըթին տենչեր՝ կուրծքիս ետեւ,
բաբախող տաք սալարկներէն ալ արագ,
մինչ փողոցները հեռուն, դաժան՝
կոկորդալիր կը խնդան։
(Հսկայ, հսկայ հենգանք մը կայ ուրախութեան երգերուն մէջ,
ամառնային օդին այս գէջ,
նուագներուն, որ կ’արտասուեն,
կ’ուռին հովէն,
կը հեծկլտան դիտմամբ, դիտմամբ՝
չարչարելու համար կարծէք՝ զիս աւելի խստութեամբ։)
Հառաչանքներ կը կուտակուին կուրծքիս ետին,
Ժայռերուն մէջ ճամբայ փնտռող ու զսպըւած գետին պէս։
Լռութիւն է տըխուր ու վէս
Ժխորին մէջ այս անընդհատ
ու մենութիւն՝ այս խելագար ամբոխին մէջ,
որ կը պարէ
արձաններու շուրջ մարմարէ։
(Հեգնանք մը կայ.
Կ’ուռին հովէն, կը տատանին լոյսերուն տակ խնդապատար՝
կը փաթթըւին փողոցներուն ծառերն իրար՝
կը մագըլցին դէպի երկինք,
կը կուտակուին իրարու վրայ ցնցոտապատ ու պատառուն՝
ծառերը ծուռ, ծեր խեղկատակ,
ծառերը խենթ ճօճուող կապիկ։)
Իմ ոտքերըս թեթեւ-թեթեւ, ճառագայթէ ճառագայթ՝
ստուերներու մէջէն շրջուն՝ տեսիլներու,
պարապութեան մը մէջէն կ’երթան աշխարհ մը օտար։
Աւելի բիրտ՝ հրթիռներէն,
որ կը սուրան իժագալար,
իբրեւ հնչուն հըրեղէն լար ու կ’ընկղմին
փըսորելէն, խայթելէն տաք մութն ու քամին,
կ’անձրեւեն բորբ, վառ զղջումներ,
յիշատակներ կը ցայտեն վեր։
Կը նըւաղի, կը բռընկի
ամէն վայրկեան հոգիս մոլար՝
հասակիս հետ, որ կը սուզուի ծովերն ի վար այս կըրակի
կծկըւելով մերթ՝ լուռ, դողդոջ,
ոտքերուս տակ,
գերաններու ու լաստերու ետին լոյսի,
երկարելով մերթ, յորդելով…
Յոյս մը արագ
եւ յանկարծ խոր յուսաբեկում մ’ու ընդվզում մը՝ ամբողջ
ուրախութեան, ճոխութեան մէջ այս շրջակայ,
պարապութիւն մ’որ կը հոսի
վէրքի մը պէս տենդոտ ու մեղկ։
Սէր մը արնոտ եւ մերթ յանկարծ հեղեղ մը մեղք,
որ կը պոռթկայ
նախանձավառ ալիքներով փրփըրուն…
Օ՜ բընութիւն.
ինչպէ՞ս կրնամ պախարակել աներեւոյթ քու թելերէդ
կախուած այս խեղճ ու սեթեւեթ
ուրախութեան խամաճիկները՝ իրենց
խոր կիրքերուն համար բոլոր,
երբ կեանքն ամբողջ յօշուտում եւ քայքայում մըն է մեծ,
երբ ամէն օր
զոհեր պէտք են եւ զանոնք փարատող բիրտ երախներ։
4
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Ազատութեան տօն է այսօր. հոգեհանգիստ.
առաւօտուն տողանցեց
զինուորներու թափօր մը մեծ,
թնդանօթներ որոտացին առաւօտուն
ու տունէ տուն,
լռութեան մէջ հանդիսաւոր ու խռով,
դըրօշներու մէջէն անթիւ, հողմածածան՝
մեռելներու բանակներ, հեղեղատներ հոսեցան։
Կամարին քով
Յաղթական – սրբազան փիղ, հսկայ մագնիս –
բոցի մը շուրջ, որ կը ցայտէ զինուորին ոսկորներէն
անծանօթ՝ մեծ ժողովուրդ մ’այս առաւօտ
փառաբանեց իր մեռելները բոլոր։
Վիրաւորներ, հին ռազմիկներ, փշրած դէմքեր անցան այսօր՝
սաւառնակներ մխրճեցան երկինքն ի վեր՝
զանգակներու ձայնին մէջէն ահեղագոռ
ու ամպերու, որ կուրծք տըւած՝
լոյսի հզօր հեղեղներու` կը սահէին յամրընթաց։
Սաղաւարտներ, սուրեր, փողեր ու սմբակներ շողշողացին
այս առաւօտ՝ ի պատիւ հոգիներու մեծ բոցին։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։
Գաւառներուն, երկիրներուն ու ծովերուն
վըրայ՝ հեռուն՝
անթելները տարածեցին ալիք-ալիք՝ այս առաւօտ
պատգամաբեր ու կորովոտ
ձայնը՝ կառքին իրենց շըքեղ ընկողմանած պետերուն,
մինչ իմ ձայնըս կը խեղդըւէր,
կը գալարուէր կուրծքիս ետին։
Անհունութեան հով մը այսօր,
դիւցազնական երգ մը վըհատ, եղունգներով
ճամբայ փորող մահապարտի պէս կ’ընդհարէր
պատի մը դէմ, կը ճանկռտէր մըթին ժայռեր։
Հեգնանք մը կար վշտոտ ու բիրտ՝
այս առաւօտ, դէմքիս վըրայ, մինչ կը ծըփար
շուրջըս՝ յար
ու սրտէ սիրտ՝
անսահման խանդը անսահման ժողովուրդին,
որուն վրայ շիլ, դիւային՝
Նոթր Տամի կատարներէն հրէշները լուռ կը նայէին։
5
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Դատաստանի օր էր այսօր.
հինցած, մաշած ոսկորի գոյն՝
Նոթր Տամի ցուրտ քարերէն ցցուող հազար երախներուն
ճիրաններուն հանգոյն հըզօր՝
մղձաւանջներ կը պոռթկային
կարկամելով մոլեգնաբար՝
լոյսի մը մէջ երկնային,
անդունդն ի վար իմ յուշերուս անհամար,
մինչ վարէն վէս
երգեհոնի մը – վիթխարի օդանաւ –
կը ծաւալէր ձայնը դանդաղ՝ կամարներու տակէն խոնաւ,
կը բարձրանար իբրեւ ծով՝
գահավիժող ստուերներու զերթ հեղեղատ,
ցնցելով փոշիապատ քանդակներուն փայլփլուն՝
միսերը սեւ ու աղքատ,
արձանացած սուրբերուն։
Լոյսի շիթեր կը պայթէին աչքերուս մէջ։
Շրթունքներէս արիւնատենչ՝
գինովութեան տենդի մը պէս, շրթունքներուս վըրայ հուրեր
դառըն մաղձեր կը վառէին,
մինչ վանդակին մէջ, ձողէ ձող
վայրագօրէն թեւածող
կապիկներու, շագալներու ու անգղերու պէս անհամբեր՝
կը շարժէին արեանըս մէջ հըրէշային
կերպարանքներ, կը նայէին,
կը սպասէին դամբաններէն բարձրանալիք մեռելներուն։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։
Կը ջըլատէր զի՝ ամբոխին խինդը, այսօր։
Կարօտ մըն էր տրտում, հզօր…
Կը ցանկայի ցցուիլ, ճչալ՝
գըլուխներուն ծովածաւալ՝
առջիս ձըգած անգերեզման մեր մեռելները բոլոր։
Հոգիս դժկամ, մինակ, մոլոր՝
կը տառապէր մինչ յաղթական, խնդումներես՝
կ’անցնէր թափօրը կորովի՝
ծաղիկներու, դըրօշներու, ժըխորներու մէջէն ծովի,
ձիւթին վրայէն մետաքսէ մեղկ, որ կ’ուռենար արեւին տակ,
մինչ սաւառնակը կ’որոտար՝ հովերէն,
տեղատարափ փամփուշտներէն ալ վայրագ՝
կը սաւառնէր արծիւներէն ալ վերէն,
սըղոցելէն ամպերը լուռ եւ ուրուաթեւ,
մինչ վարը վառ ապակիի լերան ետեւ՝
լուսաթաւալ անիւներուն ու փոկերուն շողշողուն,
լըրագրական գըլաններուն տակէն վարար՝
թուղթի գետեր, շըքեղ տառեր կը յորդէին ահեղաբար։
Գաւառներուն, երկիրներուն ու ծովերուն՝
շարժանըկար գործիքները փոխանցեցին այս առաւօտ
հազար շըքեղ նկարներ՝
մինչ աչքերուս մէջ՝ արիւնոտ
կը սահէին ցընորաբեր
տեսիլները, որ չկրցան
ու չուզեցին տեսնել բընաւ՝
այս հոգիներն արիւնադաւ,
գերի՝ կարօտ՝ ուրախութեան։
6
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Թմրեցընող քամի մը տաք ու յարաճուն՝
երակներուս մէջէն կ’անցնէր տարօրինակ թոյն մը օտար։
Ի զուր հոգիս յորդիլ կ’ուզէր,
ոգեկոչել հին խոստումներ։
Քարացընող պժգանք մը կար
սրտիս վըրայ՝ հոգիներու այդ քաոսին՝
ուրկէ մէկ-մէկ՝ կը հոսէին,
կը սահէին վիժած յոյսեր,
հողերը մեր թափուր եւ մեր
գունդերու պէս թափառական ու հողմավար
գանկերը չոր,
գետերը մեր եւ անոնց մէջ ծըփացող յար՝
կոյսերը մերկ,
իբրեւ փշրանք եւ իբրեւ աղբ եւ աւելորդ իբրեւ մըթերք՝
նաւակներով ծովը թափուած մեր մանուկները բոլոր
ու ձորէ ձոր, արիւնաքամ՝
գահավիժող ամբոխը հեզ.
կոյուղիի ջուրի նըման,
քշուած դէպի ամայի պիղծ անապատի մը ոռոգման՝
հեղեղը մեր արեւահար, բզկտըւած միսերուն,
խնդուքը բիրտ թշնամիին քայքայող մեզ,
որ կը լըսուի հեծկլտացող հոգիներու ճիչին մէջէն,
որմէ հաճոյք մը ան կ’առնէր,
խըրախճանքի անասնական ախորժակներ։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։
Պիտի գա՞յ,
օր մը, մէկը մեր որբերէն պիտի ճըչա՞յ,
թշնամիին արօրին տակ ցցուող անմեղ ոսկորին պէս,
օր մը մէկը՝ փոսփորափայլ ու հըրաչեայ՝
պիտի կանգնի՞ ապագայ մարդկութեան դէմ,
ատելութեան դէմ ընդհանուր՝ որ մեզ խաբեր է ու տանջեր։
Օր մը մէկը պիտի հասնի՞,
որ խաղաղի սիրտըս, ուր լուռ՝
կը ճզմըւին այնքան տենչեր։
Օր մը մէկը պիտի կանգնի՞ իր հասակովը դիւցազնի,
որ ես անոր ձայնին ի լուր՝
ուրախանամ, տեսնեմ անգամ մըն ալ պայծառ՝
այն որ հըզօր՝ շողաց երբեմն
իմ մանկական աչքերուս դէմ՝
որպէս հրաշքի, հերոսներու, հսկաներու լուսէ աշխարհ։
Հոծ, ալեկոծ օձերու պէս կը ցցուէին բոցերը մեր՝
որոնց լոյսը մինչեւ երկինք ուրուականներ կ’երկարէր։
Կը ցցուէին կոյրերու պէս մերկ, առխարխափ ու հըրակէզ
ծառերը մեր՝ որոնք ներկայ եղան անցնող արհաւիրքին,
որոնց վրայ դեռ կը տեւեն դողն ու ճիչերն իրենց կապուած
եւ մորթըւած մեռելներուն, որոնց մէջէն դեռ կը հոսին արիւնները նահատակաց։
Քարացընող պժգանք մը կար
սրտիս վըրայ, ընդվզում մը վիժած, տկար։
Օր մը մէկը պիտի սուրա՞յ
ռումբի նըման հըրահոսան ու որոտուն՝
որպէսզի մեզ հեգնող մարդիկ իմանային,
թէ վատութիւն մը չէր բընաւ,
երբ մեր ցեղը սիրով տարաւ
զարհուրանքը այդ դիւային,
ընկղմեցաւ խաղաղասէր՝ աստուածային յոյսին հըլու։
Ճակատաբաց՝ օր մը մէկը պիտի ելլէ՞ պոռալու,
որ մեր ազգը՝ պզտիկ, փըլած եւ բոլորին կողմէ լքուած՝
աւելի շատ զոհեր տըւաւ
ու հերոսներ աւելի մեծ,
աւելի բիրտ դեւեր ճզմեց,
յաղթանակներ տարաւ արդար,
որ ձորէ ձոր, քարանձաւէ քարանձաւ
մեր ժողովուրդը կը պոռթկար,
հայրենաբաղձ՝ կու լար ամէն մէկ զինուոր,
կը շողային մեր բանակները – գիսաւոր,
ու խենթեցած մոլորակներ՝ հեղեղատներ ադամանդէ –
ու հողն ամբողջ՝ քունէն զարթնող հսկայի պէս կը շարժէր.
որ հոն՝ հանգիստ չառած դեռ՝
յոյս մը արդէն նոր տեսիլքներ կը կերտէ։
7
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Ուրկէ՞, ուրկէ՞ մարտիրոսի այս պարտասուն,
այս լռութիւնը վշտահար.
ամբոխին դէմ այս՝ որ մենք – օտարական այպանուած –
պաշտպանեցինք` թնդանօթին երբ կ’ուզէին զայն օր մը տալ,
ամբոխին դէմ այս՝ որմէ սպասեցինք դարէ դար՝
արդարութիւն մը հըզօր։
Գութ մըն էր մեծ, վեհանձըն, խոր,
պարտեալ մարդու գորով մըն էր յաղթողներուն համար բոլոր։
Յաղթանակ մ’էր սրտի՝ տարուած՝ դաշինքներուն,
կեղծիքներուն, չարիքներուն վըրայ մարդկանց։
Հմայաթափ նայուածք մըն էր
յաւերժութեան սահանքն ի վեր։
Զզուանք մըն էր։
Կարելի է՞ր տանիլ այսքան օտարոտի ու անարդար ուրախութիւն։
Կարելի՞ էր որ այսքան շուտ մոռցըւի մեր
մեծ պատուհասը, որ ոչ հրաշք, ոչ պատահար,
եւ ոչ պատիժ մըն էր արդար,
այլ պարզ հաշիւ՝ տարբերութիւն մը Գուրանի
եւ Սուրբ Գիրքի, մտքի, սրտի։
Կարելի՞ էր, կը խորհէի, որ կարենան մարդիկ՝ ասդին
հպարտանալ, երբ հոն բռնի՝
կը ճզմըւին բոլոր ճիգերն ազատատենչ
ժողովուրդի մ’որուն մեղքը եղաւ միակ
իր մեծ հաւատքն՝ հանդէպ բոլոր այս լոյսերուն սընամէջ։
Մեր հողերուն հիմնայատակ՝
վայրագաբար տիրած, վատ ու մարդկութեան մակաբոյծին
ինչպէ՞ս կրնան ձեռք երկարել՝ մտերմաբար,
այս չարիքէն վերջ, տակաւին,
որ անարգանք մ’է առյաւէտ՝ քաղաքակիրթ մարդոց համար։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։
Քաոս մը՝ ես՝ տրտում, ծփուն յուշերու դէզ
ու պատմութիւն, շրջուն տեսիլք, հեզ՝ հողի պէս,
կը տանէի յաղթանակի վիժած երգեր, հերոսներ վէս,
երկիր մը մեծ՝ որ վիժեցաւ դեռ հազիւ հազ յաղթանակած,
ափսոսալով տօն մը հսկայ՝ տօներուն վրայ բոլոր մարդկանց
իշխող կատար մը սրբութեան, որուն նըմանը դեռ չըկայ,
որոնելով սփոփանք մ’ասպնջական, կորովի
ամբոխներուն մէջէն բոլոր, ամենէն որբ մեր ամբոխին,
ամենէն խոր անարգըւած ու սփռըւած ամէն հովի,
երազելով՝ կըտոր մը խինդ եւ քաջութիւն։
8
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Քաոս մը ես՝ ալեկոծուած՝ վշտագալար կարօտներով,
կը տանէի եղբայրներուս, որ պիտի գան ինէ հզօր երգելու
մեր այս դարը այլասերման, նեխման, խըռով,
կը տանէի փշրած երգեր եւ իմ սէրըս արնոտ, հըլու,
քեզի՝ լքուած, աներեւոյթ իմ հայրենիք,
իմ մեծ սէրըս, գորովըս խոր, որ կ’արծարծի
ի տես կեանքին այս, դիմացի։
Կը տանէի իմ վիշտըս մեծ.
մեր ճիգերը անցան ի զուր, ջըլատուեցան,
մեր հողերը ընկղմեցան հըրակործան,
ու անոնց հետ, անոնց պէս, լեռնէ ի լեռ գաղթական՝
ժամու դուռէ ժամու դուռ
մենք փլեցանք, դիզուեցանք մեր սարսափին անձնատուր՝
ծալլըւեցանք մենք մեր վըրայ, թաւալեցանք դառնագին,
մեզ հրդեհեց մալարիան,
ճահիճներու պէս տղմուտ բորոտեցաւ մեր հոգին,
հայը հայուն եղաւ թոյն,
նահանջներու փոթորկոտ թշուառութեան ճամբէն վար՝
ծիծաղելի՝ մեր զօրքն հերոսը եղաւ թատերգութան մը տըմոյն։
Կը տանէի իմ ցաւը մեծ,
մեր այս դարը յաւակնութեան, ուր ամէն ոք, ամէն թշուառ
ինքզինքն իշխան կը կարծէր։
Դժբախտութիւնը մեզ քամեց
եւ մեր կորովը կեանքի,
որ ոչ մէկ բիրտ արշաւանք, մահացու ոչ մէկ հարուած
կրցաւ քանդել դարերն ի վեր մթագին՝
մեր կորովը յարանորոգ՝ սմքեր՝ արդէն,
ներքինացեր է խեղճօրէն։
Քաոս մը ես՝ մութ, անթափանց։
կազմըւելու դեռ անկարող,
եւ անկարող ժայռի մը պէս կուրծքըս տալու մեր ցաւերուն՝
կ’երազէի կըտոր մը շող,
եղբայրութեան առաքինի քիչ մը հուր,
համախմբում մ’ընդհանուր։
9
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Աւելի վառ յարձանավար մեքենայի մը բորը փոկէն՝
դուն կը յորդիս ու կը հոսիս երակներուս մէջն, արդէն
կը տանիս զիս դուն խօլաբար ու կը խեղդես՝ արգելափակ։
Դուն կ’ողողես – զսպուած եռանդ –
ու կը թաղես հոգիս համակ։
Ա՜հ, ինչ դառն է անցնիլ մինակ,
երիտասարդ՝
ուրախութեան մէջէն, որուն կարելի չէ ա՛լ մասնակցիլ։
Ապակիի ծովերու տակ
աճող ծիլ-ծիլ՝
այս անտառը տարաշխարհիկ լոյսերուն,
կ’արհամարհեմ փրփըրուն
այս գիշերը բերկրութեան խենթ՝
պարողներուն,
բաժակները հեղուկներուն այս խարդախուած,
փողոցներուն ճիչերը վառ, վաւաշ կնոջ,
ու հրթիռներն՝ որ կը ցայտեն ձողերու պէս ոսկի, դողդոջ։
Ու սիւնէ սիւն ու ծառէ ծառ, դէմ դիմաց
պատշգամէ պատշգամ օրօրուող ցանցը թուղթէ
շղթաներուն,
նուագածուն՝ որ կը սըտէ
ու կը կապկէ ցատկռտելով, ծամծմելով երգ մը օտար։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝
ուրացումի երբ ազդարար աքլորին պէս
թաւսըրինգներ կը ճչան թեւածելով թառէ թառ,
երբ հոգիներ թոյլ ու հոսուն՝
կ’ուրախանան նըման այս մեղկ կարագի պէս լոյսերուն։
Այնքան զոհեր տուինք մենէ, արմատախիլ իմ սերունդէս,
որ մինչեւ վեր կը փայլակեն դէմքեր տրտում
Ու ամէն դի ցաւ մ’է կարծես,
սարսուռ մըն է ախտավարակ,
տրտունջ մըն է վաղամեռիկ հոգիներու։
Նաւաբեկում մըն է լոյսի ու խաւարի,
յաջորդական ալիքներու մէջ թեւածող տանիքներու,
ծխաններու վիթխարի։
Կոծ, քայքայում, ալեկոծում մըն է վայրագ՝
որ իրեն հետ կը տանի վար՝ հոսանքներէն ցընորական,
բեկորակերպ, սահուն շուքեր ու նաւաբեկ լաստեր տատան,
առագաստներ, որ կը ցցուին, կը թեւթափեն կատաղօրէն,
կը մաքառին զիրենք կիզող լեզուներուն դէմ հըրեղէն։
Ողբերգութիւն մըն է հսկայ.
Է՜ն գեղեցիկ աղջիկներն իսկ,
Է՜ն զըւարթուն երգերն անգամ
կը խաթարուին մըտածումէն ահա՝ մահուան։
Կ’այլակերպուին դէմքերն՝ ահա՝ լոյսերուն մէջ այս բեմական,
կը դառնան մոմ, յախճապակի ու փղոսկըր՝ մեռելափայլ։
Կը դառնան խորթ է՛ն կախադրիչ պարերն անգամ,
որոնց ի լուր՝ հիմա կը զգամ
պատրանքներու ու յուշերու բեռ մը միայն,
մինչ, քայլ առ քայլ,
կը տառապիմ չկրնալով նետուիլ՝ կրկին,
երբեմնի մեծ, խօլ խայտանքին,
որուն սովոր՝ կ’ալեկոծին միսերս համայն՝
չկրնալով սեղմել կրկին՝ կին մ’որուն դէմ սիրտս անվեհեր,
կ’ուռէր լոյսով մը՝ երբեմն, երազավար կը սահէր։
Թնճուկ մըն է աներեւոյթ շղթաներու,
որուն միջեւ կ’երթայ, կու գայ
պարողներու կախարդըւած՝ բերկրութեամբ լի՝
անգիտակից բանտարկեալի
այս հոծ զանգուածը շրջակայ,
մինչ մահը յար անոր ետին գաղտ՝ սառնաբար կը ժպտի։
Վալս մըն է մերթ՝ որ երազել կու տայ մութին
մէջ թռչունի նըման թառած պառաւներուն,
վերյիշումներ՝ տրտում, մթին։
Պիկին [1] մը մերթ՝ ու ցնցումներ, գալարումներ անմիտի,
թամթամներու կոծով պարող մերկ խափշիկի գինովութիւն
ու մերթ՝ թանկօ մը մահամերձ երեկոյի մը դաշտային շշուկներով առլըցուն,
տաք, վաւաշոտ արեանը պէս աղջիկներուն խառնածին,
պրազիլիական արեւներու բոցով օծուն.
ջութակ մը մերթ՝ մեղմ հառաչող, Կապոյտ Թռչուն,
ընդհատ, ընդհատ պատմըւած սիրային վիշտ՝
խոր արձագանգ՝ արեւելեան հուրիներու երաժիշտ,
հնչուն, փլչուն, բիւրեղներու, գոհարներու պէս հոյաշէն,
հին տրտմութիւն՝ որմէ ի զուր կ’ուզեն տարուիլ
արիւնէ զուրկ այս աղջիկներն, որ ոչ մէկ ցաւ կը յիշեն,
ու նըւաղուն, արուեստական աչքերով շիլ՝
վերացումներ կը կեղծեն։
Ջրվէժ մըն է երկինքն ի վար՝ արցունքներու հըրահոսան,
շառաչուն վէժ՝ հրեղէն վըտակ,
հեղեղ մը տաք՝ որ կը ժայթքէ երկնի ծոցէն,
տերեւաթափ՝ արտասուաթոր ուռիներու, որ գլխահակ՝
եղերամայր կիներու պէս վշտագալար՝ կը փսփըսան։
Սղոց մըն է լոյսի վայրագ, որ կը խոցէ միսերը տաք,
կը սըղոցէ ու կը ցնցէ տուներն համայն։
Տանիքներէն սողալէն վար լոյս մը կ’իջնէ, հըրէշի ձագ։
ու փողերը կառքերուն խօլ ճիչ կ’արձակեն, դեւերու ձայն։
________________________________________
[1] Պիկինը լատին-ամերիկեան ժողովրդային պար մըն է, իբր նորոյթ տարածուած էր միջ-պատերազմեան Եւրոպայի մէջ:
0
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Լուսէ ցանցեր ու նենգամիտ
սարդոստայններ են նետեր
թաղերէ թաղ
ու փեղկէ փեղկ՝
սրճարանները բոլոր, հրեղէն ճօճուն սաղարթներ
– վաստակի տենդ – կախեր են գոյն-գոյն լոյսեր՝
գոհարներ կեղծ ու խարդախ, կպչուն, խէժի պէս ու մեղկ։
Սեղաններ են շարեր, շտկեր՝ պարասրահներ բացօթեայ։
Հեղեղներ են սփռեր դիւթիչ տռփանքներու բազմանուրջ,
մագնիսներ են լարեր լոյսի՝ խելակորոյս պարողին շուրջ։
Հըրատոչոր, արնագոյն՝ ահա իրար կը փակչին
Հազարաւոր շրթունքներ։
Ու սարսըռուն հազարաւոր պորտեր ահա՝ տարուբեր,
ցայտուն զիստեր, որ կը դառնան, կը թաւալին հեշտագին։
Թոյլ, քրտնխաշ ու կիսամերկ ահա հեղեղ մը մսեղէն
ու շունչերու գետ մը՝ նըման գաղջ, առնական սերմերուն։
Խնդուքներ ժիր ու տռփագին։
Մեղրեր, սերեր ու գինիներ՝ որ կ՛ողողեն,
հայելիներ՝ որ կը յորդին լուսածորան։
Գինիներու շիշերու պէս կը փրփըրին ահա եռուն
ծառերն ամրան։
Հուր կը ցանէ երկինքն՝ հեռուն, սերմնացանի յաղթ թեւերով։
Բնազդը կ’այրէ միսերն՝ ահա։
Ու մայթերէն արտաբուրող արեւահամ օդը կ’այրէ
այս իրանները վայելքի սիրահար։
Ահա կ’ելլեն ամէն վայրէ՝
դէմքերուն սուտ, թաց ժպիտ,
ապակեփայլ ու զօրաւոր աչքերով
պոռնիկները խռպոտ, կոպիտ,
գեղեցկութեան հրէշները պերճ, մագիլներով արիւնոտ։
Ստուերներու նըման խըռով՝ ահա կ’անցնին ախտագին,
ծերունիներ՝ պարարտ զիստեր ու մետաքսներ շոյելէն։
Կ’ելլեն կեանքին թարախոտ՝ կղկղանքները ամէն։
ԾԱՐԱՒ, ԿԱՐՕՏ…։
Գինին կ’այրէ միսերն ահա ու գարշահամ՝ դուրս կը մըխայ բերաններէն։
կ’առաջանան երանադէմ, գինով մարդեր՝ լարախաղաց,
հընարամիտ խեղկատակներ, որ կը ցցուին,
ու կը ճառեն, երգեր կ’երգեն զառամած։
Հընամենի, բորոտներու հովիտին
հիւանդներուն պէս յամրընթաց կը քալեն
շրջմոլիկները՝ զրկըւած իրենց նինջէն բացօթեայ,
կեանքէն՝ որ ճոխ՝ իրենց դիմաց կ’որոտայ։
ոճրագործներ, խենթեր, գողեր, հիւանդոտներ,
պաշտօնեաներ փոքրոգի,
ուսանողներ թեթեւսօլիկ, որ կը վազեն,
շղթայ կազմած՝ կ’անցնին ահա՝ կաղկանձելէն,
փաթթըւելէն աղջիկներուն պոռչըտալէն պատերն ի վեր։
11
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
այս մեծ, եռուն կաթսային դէմ,
այս խառնուրդին բաբելական։
Ձողերէ կախ լապտերներու լոյսին տակ,
ջահերու տակ օձագալար՝ առաջացող այս ձեւական՝
կ’ատեմ ճերմակ նըւագախումբն ու հետեւող իր խեղկատակ,
դըրօշազարդ թափօրն արանց աւանդապահ ու հաստափոր,
թմբուկները, երգը անոր,
հայրենասէր տողանցն անոր՝ ունայնամիտ ու յաւակնոտ,
հպարտութեան խոյանքը կոյր՝
որ կը խլէ աղաղակներ, կու տայ կեանքին մեծ հըրապոյր։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝
դըրամապաշտ երբ կը տեսնես
պատրանքներու, թոյնի կարօտ՝
այս ամբոխը բանուոր, որուն ցանկութիւնն է
հագուիլ, ուտել, գրկել կիներ,
խօսիլ, հոսիլ, խընայել դրամ, խաղաղաւէտ՝ երազել տուն,
գետ մը գիւղի՝ որուն առջեւ առտուընէ մինչեւ իրիկուն
գինիի շիշը կողքին՝ նստած՝ ան ձուկ պիտի որսայ,
այս ամբոխը խաբուող յաւէտ, կեանքին նայող թեթեւօրէն,
ճոռոմախօս, բայց միշտ հըլու…։
Վաղն իսկ արդէն՝ երբ սկըսի մեծ առօրեան,
վաղն իսկ արդէն՝ անբուժելի մեծ երազէն
ան կ’ունենայ լոկ՝ յիշելու՝
բոյր մը միայն դառնութեամբ լի եւ ոչ իսկ այդ՝
հուր մը գուցէ համբոյրներու, սէր մը շըւայտ,
յիշատակ մը լոկ՝ վայելքի՝ աւելի քաղցըր եւ սուրբ՝
քան իտէալը, որ ան ի զուր
հոս կը տօնէ ու կ’արծարծէ խօլաբար։
Ա՜հ, ինչ ծանր է անցնիլ մէջէն ժողովուրդի մ’որուն հաւտալ,
փարիլ այլեւս դուն չես կրնար,
ու չես կրնար կտրել կապերըդ բոլոր՝
որ հիւսուեցան հոն՝ հեռուէն, պատանեկան լոյսերով,
երազներով հոգեթով,
եւ կը դառնաս միշտ՝ մոլոր,
ինչպէս մէկը, որ արթուն՝
սիրելիի մը անձնասպան՝
ձգած արնոտ հետքերուն մօտ – օ՜ մարդկութիւն –
կը թափառի շըւարուն՝
չկրնալով անդամատել տառապող միսը անոր,
ազատել զայն իր վէրքէն խոր ու թունաւոր,
չկրնալով տանիլ առանց զայրոյթի՝
խենթացողի դէմքը անոր, որ քիչ առ քիչ կ’աղօտի։
12
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Մթութիւն է տըխուր ու վէս,
աշխատանք մը՝ ներքին, խաւար,
որ կը սպառէ ամէն եռանդ՝ սրտիս մէջ,
մինչ փողփողէջ, ադամանդէ ու կապարէ՝
կ’անցնին լոյսի գերանդիներ
ու երկինքէն կը թափին վար՝
զարնըւելով տանիքներուն,
կը փշրըւին, ցըրիւ կու գան տարօրինակ ուղտափուշեր։
Հակակշռող ուժ մ’է գաղտնի, անյայտ օրէնք մը հոգեկան։
յաւերժավէժ՝ կը գըլորի սիրտըս, խոշոր ժայռին նըման,
ու շարունակ Աստուած մը զայն
վեր կը հըրէ իր ուսերով կորովի։
Ա՜հ, ինչ դառն է, երբ կը դաւեն քեզ՝ խորքերէդ
խաչաձեւող հոսանքները, կ’այլակերպեն քեզ՝ յաւէտ։
Հրձիգ սրտիս տեղ երբեմնի,
որ կը տենչար
դառնալ մաղձի ուրական մը հուժկու ու չար,
թաթառ մը վիթ՝ արիւնի
ու թաւալիլ լերան նման, կուտակելով դէզ առ դէզ՝
այս քաղաքները բոլոր, քայքայելով այս գոռոզ
ամբարտակները բոլոր
եւ մեր սէրը կոյր, դարաւոր։
բարբարոսի կ’ուզէր եռանդ մը մոլեգին.
կ’ուզէր որ յորդ՝ թուքըս ըլլար քարիւղի ժայթք մ’անսպառ
եւ ձայնըս՝ բիւր վիշապներու մռնչիւն,
եւ կուրծքըս՝ խոր ու մըխացող մահուան փոս…
եւ մենութեան մէջ գիշերուան,
երբ, խոնջէն իր ստրկութեան,
աշխատանքէն, զրկանքներէն, կարօտներէն իր՝ ամբողջ,
կը բաբախէր թոյլ, ուժասպառ ու դողդոջ՝ ան կը տենչար,
երկինքն ի վեր ան կ’երազէր սաւառնակով մը խոյանալ՝
հոգիներուն մէջէն ծփուն ու շունչերուն ծովածաւալ,
մեր պապերուն, որ կարօտով կը թափառին
դեռ, մեր երկրին վըրայ աւեր.
ան կը ցանկար նետել պատանք մը խաւար՝
ծուխի, կազի սփռել հեղեղ մ’երկինքն ի վար՝
մոնկոլական վիժուկներուն.
կռուի, ոխի սիրահար հին սրտիս տեղ իմ արծուաթիռ,
հիմա այս լայն եւ անօգուտ կուրծքիս ետին՝
աղաւնի մ’է որ բոյն դըրեր եւ կ’երգէ իր ողբը մըթին,
հսկումներու տրտունջը տաք։
Ի զուր յորդիլ սիրտըս կ’ուզէ,
ցցուիլ ցուլի նման դժխեմ՝ յոյսերուն շէկ ծըփանքին դէմ
այս արօրուող երկինքին տակ,
ուր ամէն պահ կեղծ արեգակ մը կ’ընկղմի
թեւթափելով թեւեր լուսէ։
Ի զուր սիրտըս վեր կը նետուի, արծարծուելով ամէն հողմի,
երբ հըրափայլ զերթ կացինի՝ լոյս մը կ’անցնի
ու ճաթելով կը ճարճատի երկինքն յանկարծ՝ մեռելադէմ։
Գետի մը դէմ, ուր գիսաւոր՝ կը բաբախեն,
կը թպրտան շղթայակապ մոլորակներ,
գոհարազարդ կամուրջներուն, որոնց կողէն,
փիղի հսկայ
ոտքերուն տակ ուռող, ցցուող ու ճզմըւող ջուրէն՝ տարտամ՝
մեռելներու ձայն մը կու գայ,
այս բարձրաբերձ, կայծակնաթիռ
աշտարակին դէմ, որ հպարտ իբրեւ պատգամ
եւ լուսեղէն իբրեւ հովիւ՝ զուր կը ցցէ հասակը իր,
պերճութեան դէմ, ոսկիներու այս կուտակման,
հարստութեան դէմ այս համայն, –
կ’առաջանամ ահա՝ բեկուած
կորովիս մէջ, որ միշտ մերժեց
խանդերը կոյր, կիրքերը վառ, սէրն անարիւն եւ անկասկած
պոռչտուքներն յոխորտամիտ, օրօրները ոլոր-մոլոր,
աշնան լալկան օրերու պէս սիրոյ երգերը բոլոր,
յոյսերը մեծ.
կ՛առաջանամ մըտածելէն,
մերթ չարութեան եւ բարութեան մերթ՝ անձկագին,
մահուան, կեանքին,
կ’առաջանամ ըստորերկրեայ հուրերու պէս, որ կը փորեն
հողեր, կ’այրեն արմատներ պիրկ,
ճզմելէն յար՝ ամէն խըլուրդ, օձի ամէն բոյն, ամէն դիրք,
կ’առաջանամ մխրճելով իմ մագիլներըս ցաւի,
կարօտ օդին, լոյս աշխարհին,
արշալոյսին իրական, որ ծերպի պէս հրաբխային,
արգանդի պէս պէտք է բացուի։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ.
կուտակում է, ամբարում է եւ կայլակ,
խմորում է խորհուրդներու՝ այս տանջանքին,
այս բեկման տակ։
Փիւնիկն հուրէն կը ծնի։ Ծառերն աղբէն կը ծաղկին։
Շունչըս ծանր է փոթորիկի օդի նման,
կուրծքըս լեցուն՝ աղմուկներով՝ ուռող, պատռող հողի նըման։
Քաղցր է ցաւը, դառնութիւնը անսահման,
կախարդանքը, որ կը տանի զիս այսպէս։
13
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
լուսաբացի, բոցի գոյն,
հուր՝ թանձրամած դարբնոցի.
լուսափ անծիր՝ կ’ալեկոծի
ուր՝ պատմութիւն մը հընագոյն,
հնամենի ու փրփրադէզ.
գինի՝ որ զիս պրկեցիր, ըրիր երբեմն գինով,
արի՛ւն լեցուն արեւով, մետաղներով թանկագին,
հոգիներու Ծիր Կաթին՝
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ։
Ո՛վ կը քալէ այս աշխարհէն քայքայուն,
ո՛վ մտքին մէջ նեխած յուշեր
եւ զերթ փուշեր ունի նախանձ,
յուսաբեկում ու զղջումներ ունի՝ արի՛ւն,
ան կրնայ դեռ յուսալ կեանքէն։
Ո՛վ օրերով անգործ՝ են տուած, հրմշտկուած է բրտօրէն
եւ զրկանքէն չորցած սրտին
մէջ զգացեր՝ ցաւի երէն,
յոգնած մարդոց խորշակաբեր շունչը վըտիտ,
ո՛վ տըւած է ինքզինք մահուան,
յուսահատած՝ ամէն ինչէ,
ան կարող է պոռթկալ յանկարծ,
հասնիլ հոգւոյն ծայրը մինչեւ,
դառնալ հոն բարձր ու թանձր հրդեհ։
Ո՛վ աներկիր է ու նժդեհ,
ո՛վ կը տեսնէ այս պժգալի մխումները քրտինքներու,
հարուստ ու լի շէնքերն հսկայ,
պողոտաներն արու, եռուն,
թշուառութիւնն, որ պար կու գայ,
ան չի կրնար սէր մը չզգալ,
դէպի բարին,
չհաւատալ՝ արնաթաթախ, մշտանորոգ մեր այս կեանքին,
ճշմարտութեան ազատարար ու մաքրարար հով մը չըղձալ.
ան չի կրնար չմըտածել մեծ երկունքի մ’արիւններուն,
որոնց մէջէն փառաւորեալ՝ պիտի ծընի
լոյսը կրկին՝ խաղաղութեան ծիածանի.
ան չի կրնար չխորտակել անդրաշխարհիկ երազը մեղկ,
որ կը խեղդէ ամէն կորով՝ գլորելով մեզ մեղքէ մեղք.
ան չի կրնար չզարնըւիլ առանձնութեան պատերուն հաստ,
որոնց ետին տկարութիւն, վատութիւն է ու երազ։
14
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։
Հիւանդի մը սիրելի, օրհասական՝
բերանին մէջ որուն տժգոյն
զառանցանքներ կը խլրտան
ու հեղձուցիչ կը տապալին հողէր հրակէզ,
ձայներ տարտամ ու հեռաւոր, ձայներուն պէս
տարաշխարհիկ՝ անթելին.
հիւանդի մը ըստուերակոծ սնարին
լուսաշխարհներ տանող թռչուն ու հեւացող, հծծող ճըրագ՝
որուն ձէթէն խմել վայրագ, մրըրկաշունչ դեւեր կու գան,
մխիթարա՛նք ես, կախարդ հա՛նք ես,
բնա՛զդ ես, ազդու փա՛ստ ես, արի՜ւն,
գայլը վանող դուն կըրակ ես գիշերին մէջ այս այլանդակ։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ.
դուն կը հսկես ու կը սըրես սիրտըս քարի մը թաւալուն
նայուածքներուն, քըսելով զայն մոխիրներուն,
ուրախութեան դէմ այս կոպիտ,
որպէսզի մենք՝ նոր հաւատքի մը սուրհանդակ՝
ըլլանք պատրաստ առաւօտեան
մեծ արեւին դիմաւորող,
որ պիտի գայ արեւելքէն՝ ոռոգելու ամէն հող,
նորոգելու ամէն միտք։
Նոր խորհուրդներ ծիլ կը նետեն աւիշներով առհաւական,
կը ձգտին վեր վըրէժներէն աւելի,
պըսակներէն՝ յաղթանակի ու փայլի,
ուր կը դառնայ մարդը մարդ եւ կ’ըսէ Ես՝
իրապէս։
Հին հանգոյցներ կը քակուին մերթ՝
ինէ գաղտնի, ինէ հեռու քու ծըփանքիդ մէջ հըրակերտ ու անհանդարտ։
Սիրտըս կը զգայ
արտասովոր շունչ մը դողդոջ,
սարսուռը մեծ միջոցներուն, որոնց ծովին մէջ կը ծնի,
կը կազմըւի աստղ մը հսկայ։
Սիրտըս կը զգայ ուրախութիւն մ’յղի կնոջ,
հարուածներըդ ստորերկրեայ, ձայնըդ ահա՝ գաղտ, շինարար,
որ կը հոսի միսերս ի վար։
Սիրտըս կը զգայ, որ կը վարեն զինք հեղեղներդ՝ արի՛ արիւն,
նպատակի մը հեռաւոր ափերուն
եւ ի զուր չեն, ի զուր չեն
խլրտումներն, տատանումներն իր այսքան,
իր սուզումներն յուզումներուն ընդմէջէն։
ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ, ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՉԸՅԻՇԵԼ ՔԵԶ՝ Օ՜ ԱՐԻՒՆ։