Քրիստիան Բատիկեան | Ամառնային

Ա.

Նախ Միքքին էր:
Ամրան արձակուրդին առաջին շաբաթն է եւ ծնողներս ամէն օր կը վիճաբանին, թէ ուր պիտի անցընենք արձակուրդի շրջանը. մայրս կը պնդէ թէ պիտի ճամբորդենք, իսկ հայրս յուսահատօրէն կը ջանայ հասկցնել թէ կէս մնացած շատ գործեր ունի եւ դրամի ալ խնդիր կայ եղեր… Ասկէ աւելի մտիկ չեմ ըներ. արագ մը կլլելով նախաճաշս, կամացուկ դուրս կ՚ելլեմ տունէն, հեծիկս կ՚առնեմ եւ «իլէրէ՜, իլէրէ՜»* պոռալէն կը սուրամ փողոցն ի վար, փախցնելով աղաւնիները եւ վայելելով տակաւին քնատ անցորդներուն հայհոյութիւնները: Ղալաթիոյ շուկային հաւատարիմ շուներու վոհմակը դեռ երկար կը վազէ ետեւէս: Տուն պիտի դառնամ երեկոյեան միայն, հօրս տուն դառնալէն քիչ առաջ, եւ պիտի սպասեմ թէ երբ կը սկսի նոյն վէճը: Յաճախ հայրս եւ մայրս ինծի կը դառնան.
– Չե՞ս տեսներ որ տղան պտոյտի, աշխարհ տեսնելու կը կարօտի, նոյնիսկ տղուդ համար կը զլանաս…, – կ՚ըսէ մայրս՝ ակնարկով ինձմէ օժանդակութիւն պահանջելով:
– Իսկ դուն չե՞ս ուզեր անդրադառնալ, թէ տղադ չ՚ուզեր ընկերներէն հեռու ըլլալ, – կ՚ըսէ հայրս:
Շիտակը, երկուքն ալ կը սխալին. ոչ պտոյտի կը կարօտիմ, ոչ ալ ընկեր ունիմ: Կը լռեմ, ջանալով հնարաւորինս աննշմար դարձնել ներկայութիւնս, բայց մեծ օգուտ չկայ ատկէ:
– Տեսա՞ր, անանկ կը պոռաս, որ տղան վախէն խօսիլ չի կրնար, – հօրմէս բարձր կը ձայնէ մայրս:
– Այդ դո՛ւն տես, որ տղան չ՚ուզեր կոր պտոյտի երթալ, անոր համար կը լռէ, – կը հակադարձէ հայրս:
Քիչ վերջ երկուքն ալ պոռալու կը սկսին, ջանալով գերազանցել մէկզմէկու, եւ հայրս կտրուկ շարժումով մը պնակն իրմէ հեռացնելով կ՚ելլէ սեղանէն: Կը ջանամ չձգել որ հօրս կողմէ կոպտօրէն հրուած պնակը գետին իյնայ՝ մօրս գայթակղութիւնն առաւել գրգռելով, բայց միշտ չէ որ կը յաջողիմ:
Արձակուրդի առաջին շաբթուան վերջաւորութեան եկաւ Միքքին: Չէ, չեկաւ. հայրս բերաւ: Պտոյտէն նոր դարձած եմ եւ կը պատրաստուիմ սենեակս անցնիլ, բայց հեւասպառ ներս կը վազէ Խրիսթինան: Խրիսթինան մեր դրացին է եւ չնայած անոր որ ութ տարու է տակաւին, զիս իր ընկերը կը համարէ: Տասնամեայ տարիքիս բարձրութենէն բաւական մեծահոգութեամբ եւ նրբանկատութեամբ կը մօտենամ իրեն, չցանկալով ընկերութեան վերաբերեալ իր պատրանքները փճացնել: Խրիսթինա կարծես քիչիկ մըն ալ սիրահարած է ինծի, բայց ես չեմ կրնար փոխադարձել, ութ տարեկան է միայն, ան ալ՝ յոյն… Ինչ որ է, Խրիսթինան ներս կը վազէ եւ դրան սեմէն շատ չյառաջանալով պոռալու կը սկսի, որ դուրս ելլեմ: Անվստահօրէն կը քալեմ դէպի իրեն:
– Աճապարէ՛, – կը պոռայ հեւասպառ եւ դուրս կը սուրայ:
Երբ տունէն կ՚ելլեմ կը տեսնեմ, որ աղջիկը բաւական հեռացած է արդէն դէպի նաւամատոյց տանող ճամբայէն եւ անհամբեր նշաններով կը պահանջէ, որ աճապարեմ: Ես ալ վազելու կը սկսիմ:
– Ի՞նչ պատահեր է, Խրիսթինա, – կ՚ըսեմ շնչակտուր երբ կը հասնիմ անոր, բայց աղջիկը ոչինչ կը պատասխանէ եւ կը շարունակէ խելայեղ վազքը: Ճամբու ոլորանին կտրուկ կը կենայ եւ մատով առջեւը ցոյց կու տայ:
Հեռուէն կը տեսնեմ, որ հայրս կուգայ: Սկիզբը ոչինչ կը հասկնամ. պարզապէս հայրս է, որ աշխատանքէն կը դառնայ: Բայց քիչ վերջ կը զգամ որ տարբեր է հօրս քայլքը. յաճախ կը կենայ, ճամբան քիչ մը կը շեղէ, կարծես անտես բան մը կ՚առաջնորդէ զինք:
– Հատէ՛, – կը ձայնէ Խրիսթինա եւ նորէն վազելու կը սկսի: Այս ատեն հրաւէրի չեմ սպասեր: Մօտ յիսուն քայլ կը բաժնէ զիս հօրմէս, երբ առաջին անգամ կը տեսնեմ զինք:
Պզտիկ սեւ արարած մը, նապաստակի պէս ցից ականջներով, աչքերը ծածկած մազափունջով, որ աջ ու ձախ կը դառնայ եւ գետինը կը հոտուըտայ:
– Ամա՜ն, ասի ո՞վ է, – կ՚ըսեմ ապշահար:
– Մօտ եկուր, – կ՚ըսէ հայրս ժպտալով:
Կը կռանամ. շունը հետաքրքրութեամբ մը դէմքը դէմքիս կը մօտեցնէ եւ հոտուըտալու կը սկսի. առաջին անգամն ըլլալով մազափունջի վարագոյրէն անդին պզտիկ սեւ աչքերը կը տեսնեմ, որ ուշադրութեամբ զիս կը դիտեն: Յետոյ կը զգամ թէ ինչպէս թաց լեզուն հպանցիկ քթիս կը դպչի. հաւնեցաւ:
Մայրս ամէն բան կը հասկնայ, առաջին իսկ ակնարկէն: Ընթրիքի ատեն չեն վիճիր. մայրս ակնյայտ դժկամութեամբ մը, բայց պատուով կ՚ընդունի իր պարտութիւնը:
Եւ այսպէս. որոշուած է, կը մնանք Պոլիս: Հայրս կրցաւ իր առարկութիւններն աւելի ծանրակշիռ դարձնել:
Յաջորդ օրը Պէյօղլուի «Թուրապիպապա» թաղային գրադարանին մէջ ամերիկեան հրատարակութիւն մը կը գտնեմ, ուր շուներուն ցեղատեսակները կը նկարագրուին: Կը բանամ փնտռած բաժինը. Սգայ-Թիրիըր: Օ՜հ, իմ շունս աշխարհի ամէնէն հաւատարիմ շուներուն կարգը դասուած է: Գիրքը կը պատմէ, թէ ատենօք Սգայ-Թիրիըր տեսակէն շուն մը ապրած է, որ տիրոջը մահուընէ ետք լման 17 տարի անոր գերեզմանէն չէ հեռացած…
– Սկովտիա տեղ մը նոյնիսկ անոր արձանը կայ, – կը պատմեմ երեկոյեան Խրիսթինային:
Մեր դրան սեմի առջեւի աստիճաններուն վրայ նստած ենք: Հովը կը խաղայ Խրիսթինայի մազերը բռնած կապոյտ ժապաւէնին հետ: Խրիսթինա մտահոգ երեւոյթ ունի:
– Ուրեմն, եթէ դուն մեռնիս, ան տասնըեօթը տարի պիտի չհեռանա՞յ գերեզմանէդ…
– Այո, եթէ հիմա մեռնիմ:
– Իսկ եթէ ուշ մեռնի՞ս:
– Այն ատեն կը մնայ… է-է… չեմ գիտեր, որչափ որ իր կեանքը բաւէ:
– Իսկ ո՞րչափ կը բաւէ:
– Ի՞նչ գիտնամ, ապուշ հարցումներ կ՚ընես, – կ՚ըսեմ սրտնեղած:
Կը լռէ:
– Եթէ մեռնիս, ես ալ կուգամ քու գերեզմանիդ, – կ՚ըսէ յանկարծ: – Հոն կը մնամ:
– Ո՞րչափ ատեն. որչափ որ կեանքդ բաւէ՞:
– Չէէ՜, տասնըեօթը տարի՛:
– Իսկ անկէ վե՞րջ:
– Անկէ վերջ չեմ գիտեր…
Կը լռենք:
– Լսէ՛, բայց տակաւին անուն չես տուած անոր, – կ՚ըսէ յանկարծ:
– Ա՜հ, այո, այսօր կը մտածէի, բայց բան մը չկրցայ յօրինել:
– Աա՜ա, ես գիտեմ ինչ անուն տալ, – յանկարծ կ՚ոգեւորուի Խրիսթինա, տեղէն ցատքելով:
– Հապա՞…
– Մի՛քքի, Միքքի Մաուզ:
– Միքքի՞…
Շունը «Միքքի» անունը լսելով՝ ականջները ցից կ՚ընէ, եւ գլուխը աջ ու ձախ կը դարձնէ՝ օդը հոտուըտալով. կարծես նոր անունը կը հոտուըտայ:
– Կը կարծե՞ս, – կ՚ըսեմ անվստահ:
– Այո՛, այո՛, այո՛, – կը ցատկռտէ Խրիսթինա:
– Լաւ… թող ըլլայ:
Որոշուած է: Միայն յաջորդ օրը պիտի հասկնանք, որ Միքքին իգական սեռի կը պատկանի, բայց ուշ է ալ. անուանակոչած ենք: Իսկ հիմա Միքքի ուրախ կը դառնայ թռչկոտող Խրիսթինային բոլորտիքը:
Վերջապէս ուժասպառ ըլլալով, Խրիսթինա քովս կը նստի:
– Տաքը անցաւ, եկուր ելլենք պտըտելու, – կ՚ըսէ:
– Կը կարծե՞ս, – կ՚ըսեմ բառը ծուլօրէն երկարելով:
– Այո՜, – կ՚ըսէ ու մէկէն կ՚ելլէ տեղէն, անմիջապէս Միքքիին կապը վիզը կ՚անցընէ եւ սպասողական նայուածքը ինծի կ՚ուղղէ:
«Երեխա՜յ» , մեծահոգաբար կ՚ըսեմ մտօք եւ դանդաղօրէն կ՚ելլեմ տեղէս:
Նաւամատոյցի ճամբուն վրայ Մուշեղին կը հանդիպինք: Իր տասներկուամեայ տարիքին բարձունքէն արհամարհոտ նայուածք մը կը նետէ մեզի, բայց շուտով Միքքին կը նկատէ:
– Ասի ո՞վ է, – կ՚ըսէ հրճուած, իսկոյն կռանալով եւ շունը գգուելով:
– Միքքի՛ն է, – կ՚ըսէ Խրիսթինա:
– Միքքի Մաուզ…կը նմանի ալ, – կ՚ըսէ Մուշեղ հիացիկ, յետոյ կ՚անդրադառնայ, թէ պէտք չէր որ մանուկներուն առջեւ այդչափ տղայական կեցուածք առնէր, մեղաւոր մեզի կը նայի եւ կ՚ըսէ շուարած. – ուր կ՚երթա՞ք:
– Պտըտելու, – կ՚ըսեմ հիացումէս հեւասպառ. առաջին անգամն ըլլալով Մուշեղ խօսած է ինծի հետ: Մուշե՜ղը, կղզիին է՛ն չար տղան, պզտիկներուս հիացումի առարկան:
– Ես ալ ձեզի հետ գամ, ապահով կ’ըլլաք. աղուոր շուն է, չգողնան, – կ՚ըսէ անտարբեր:
Ես երջանիկ եմ Մուշեղին ներկայութենէն, մտօք շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Միքքիին, եւ նոյնիսկ ներողամտաբար կը ժպտիմ Խրիսթինային:
Սակայն նաւավարին օգնականը չի ձգեր որ նաւ ելլենք: Մեր թախանձանքները ի զուր կ’ըլլան. քիւրտ Թէյիպը քանի մը վայրկեան մեզ մտիկ ընելէն վերջ, ձանձրացած կռնակը կը դարձնէ եւ կը քալէ: Ափին կեցած կը նայինք, թէ ինչպէս նաւը կը հեռանայ:
– Շատ պզտիկ էք, իրաւունք չունէր…մինակ ըլլայի նէ…, – կ՚ըսէ Մուշեղ:
Ես եւ Խրիսթինա ուսերնիս կը թօթուենք: Տրամադրութիւննիս փճացած է:
– Լաւ, հոգ մի՛ ընէք, ինծի հետ եկէ՛ք, – կ՚ըսէ Մուշեղ եւ արագ քայլերով կը յառաջանայ:
Լուռ կը հետեւինք Մուշեղին: Քսան վայրկեան վերջ կղզիի հին ամարանոցներուն շրջանը կը հասնինք: Մուշեղ կանգ կ’առնէ եւ մեզի կը դառնայ.
– Հոս զգուշաւոր ըլլալ պէտք է, – կ՚ըսէ եւ ապա կ՚աւելցնէ հայերէն. – հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան:
– Ինչ ըսա՞ւ,- իսկոյն կը հարցնէ Խրիսթինա:
– Կ՚ըսէ, թէ հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան եղեր, – կ՚ըսեմ Խրիսթինային թրքերէն:
– Վարդե՜ր, վարդե՜ր, վարդե՜ր, – կը կրկնէ Խրիսթինա հիացած:
– Սը՜սսս, – կը բարկանայ Մուշեղ:
Պզտիկ եւ նեղ փողոցները դատարկ են. ամարանոցային շրջանը չէ սկսած տակաւին: Շաբաթ մը վերջ բոլոր այս տուները մարդոցմով լեցուն պիտի ըլլան, բայց հիմա պարապ է թաղը: Փայտաշէն հին տունի մը քովէն անցնելու ատեն Օքանին կը հանդիպինք: Նախ Միքքին զինք կը նկատէ, եւ իսկոյն հաջելու կը սկսի:
– Ծօ, լռեցո՛ւր անասունը, – կ՚ըսէ Մուշեղ զայրացած: Այն ատեն կը նշմարենք Օքանը, որ խնձորենիէն ճիւղ մը փրցնել կը ջանայ, ապարդիւն:
– Ի՞նչ կ՚ընես կոր…
– Ո՞ւր կ՚երթաք կոր…
Հարցումները կը խաչուին եւ օդին մէջ լռութիւնը կը մնայ:
– Հոս աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը կան, – կ՚ըսէ յանկարծ Խրիսթինա:
– Ապո՛ւշ, – չ՚ուշանար Մուշեղին արձագանգը:
– Օօ՜օ, Պօղոս աղբարին պարտէ՞զը կ՚երթաք կոր, – կ՚ըսէ Օքան աշխուժացած եւ կ’աւելցնէ. – ե՛ս ալ գամ:
– Ո՛չ…
– Չ՚ըլլա՜ր…
– Եկո՛ւր…
Կ’ըսենք երեքս միաժամանակ:
– Պապային կ՚ըսեմ, – կը սպառնայ Օքան:
Ես եւ Մուշեղ շուարած իրարու կը նայինք: Ոչ ոք կը սիրէ Օքանը: Օտար է. մայրը թուրք է: Զարեհ տէտէին մինուճար մանչը՝ Մինաս պէյ թուրք կին առաւ: Օքանն ալ ուրեմն կէս-թուրք ըլլալու է, կամ՝ լման թուրք:
– Լաւ, եկուր, – կ՚ըսէ Մուշեղ դժկամութեամբ, – միայն ո՛չ մէկուն պիտի ըսես:
– Թամամ…, – կ՚ըսէ Օքան,- …ասի ո՞վ է…
– Միքքի՛ն, – կ՚ըսենք երեքս միասին:
Քիչ վերջ Պօղոս աղբարին պարտէզը կը հասնինք:
– Իսկ եթէ տունը ըլլա՞յ, – կ՚ըսեմ սարսափահար բայց միեւնոյն ատեն արկածախնդրութեան մը սպասումէն խանդավառ, մինչ Մուշեղ արդէն պարտէզը շրջանակող պատին վրայ մագլցելու սկսած է:
– Ականջը ծանր է, աղուոր չի լսեր, – կ՚ըսէ արդէն ցանկապատին գագաթէն եւ կը ցատքէ պարտէզին մէջ:
Օքան իսկոյն Մուշեղին կը հետեւի: Ես նախ Խրիսթինային կ՚օգնեմ պատին վրայ ելլելու, յետոյ զգուշութեամբ անոր կուտամ Միքքին, զոր աղջիկը պատին միւս կողմը վարը կեցած Մուշեղին կը փոխանցէ: Անկէ վերջ միայն ես ալ կ՚անցնիմ պարտէզ: Աշխարհին ամէնէն աղուոր վարդերը ինծի պարզապէս սովորական ծաղիկներ կը թուին, բայց կը լռեմ: Խրիսթինա հիացած մէկ թուփէն դէպի միւսը կը վազէ՝ ծաղիկները գուրգուրալով, մինչ տղաքը պարզապէս պատահածը կը փրցնեն:
– Ինծի հետ կ՚ամուսնանա՞ս, – կ՚ըսէ յանկարծ Խրիսթինա՝ շիտակ աչքերուս մէջ նայելով:
Կը շուարիմ: Խրիսթինա կեցած է սպասողական վիճակին մէջ, ձեռքին խնամքով ընտրուած կարմիր վարդերու պզտիկ փունջ մը կայ:
– Հիմա չէ, երբ մեծնանք, – կ’աւելցնէ շփոթս տեսնելով:
– Խենդեցա՞ր, – կ՚ըսեմ ի վերջոյ, – չըլլալիք բան է:
– Ի՞նչու…
– Չէ՞ որ յոյն ես…
Աղջիկն անակնկալի կու գայ, բայց ոչինչ կ՚ըսէ: Ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ եւ կ՚ուզեմ իրավիճակը շտկել:
– Օքա՛ն, – կ՚ըսեմ, – դուն Խրիսթինային հետ կ՚ամուսնանաս չէ՞ մը… Ոչ հիմա, երբ մեծ ըլլաք…
– Բայց Խրիսթինա օտար է. ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, – կ՚ըսէ Օքան զարմացած:
Խրիսթինայի աչքերէն արցունքներ կը ցայտեն յանկարծ: Չգիտնալով ինչ ընել՝ Մուշեղը կ՚ուզեմ օգնութեան կանչել, երբ Միքքին կ՚ելլէ տեղէն եւ կը սկսի հաջել:
– Ծօ՛, փախէ՛ք, – կը պոռայ Մուշեղ եւ կը վազէ դէպի ցանկապատը:
Թփերուն ետեւէն կաղալէն եւ հայհոյելէն Պօղոս աղբարը կ՚ելլէ:
– Բիճ գո՛ւրուլարը**, վարդերս ամէն փճացուցի՜ք, – կը պոռայ ան:
Մուշեղ արդէն ցանկապատին միւս կողմն է, Օքան պատին գլխուն կեցած է՝ ցատքելու պատրաստ: Մենք ալ արդէն պատին վարն ենք: Խրիսթինային կ՚օգնեմ վեր ելլելու, բայց յանկարծ ոտքը կը փախի եւ վար կ՚իյնայ:
– Աուո՜ւու, ո՜տքս, – կը ճչայ:
Պօղոս աղբար արդէն մօտ է: Կ՚ուզեմ Խրիսթինան շալկել, բայց յանկարծ կը տեսնեմ Միքքին, որ աղմուկէն խեղճացած՝ կծկտեր է Խրիսթինային քով: Երկվայրկեան մը կը կենամ շուարած: Աղջկան աչքերուն մէջ կը նայիմ. «Այդպէս ըրէ՛», կ՚երեւակայեմ կարդալ հոն: Արագ շարժումով մը շունը կը գրկեմ ձախ ձեռքովս եւ աներեւակայելի վարպետութեամբ մը մագլցելու կը սկսիմ պատն ի վեր: Ակնթա՞րթ մը տեւեց միայն. չանդրադադարձայ: Արդէն պատին գլուխն եմ: Կը խորհիմ յետ հայեացք մը նետել: Չեմ ըներ: Երկու ձեռքովս ամուր կը գրկեմ Միքքին եւ կը ցատքեմ դէպի փողոց:
Մուշեղը եւ Օքանը չեն երեւիր: Վազելու կը սկսիմ անորոշ ուղղութեամբ մը: Փողոցը ամայի է, լքուած, այլ՝ գեղեցիկ: Քիչ հեռուէն պոռչտուքներ կը հասնին եւ զօրաւոր ապտակի մը ձայնը. Պօղոս աղբար հասաւ աղջկան:
Արեւը այլեւս շատ չ՚այրեր: Միքքին գրկած, կը սլանամ ծառուղիներու մէջէն, ծովէն հասած պաղ հովը դէմքս կը գգուէ եւ կը խաղայ Խրիսթինայի մազերու կապոյտ երիզին հետ, զոր աղջիկը շան վիզը անցուցած է:

* * *
Հօրս համար առտու կանուխ արթննալ շատ դժուար է: Հակառակ անոր, որ ժամը 7-ին արդէն գործատեղին պիտի ըլլայ, լաւագոյն պարագային միայն 7-ին քառորդ մնացած տունէն դուրս կու գայ: Մայրս, որ շատ աւելի ուշ պիտի արթննայ, կը ստիպուի շատ կանուխ ելլելու, որ հայրս արթնցնէ: Ամէն առաւօտ մինչեւ 6:30 սենեակէս մտիկ կ՚ընեմ հայրս արթնցնելու մօրս յուսահատ ճիգերը. սկիզբը կը համոզէ, յետոյ կ՚աղաչէ, ապա կը հրամայէ, քիչ վերջ խոհանոց կ՚երթայ սուրճը կրակին դնելու, կը սկսի պնակները իրարու զարնել եւ մասնաւոր աղմուկ սարքել: Վերջապէս հայրս կ՚ելլէ անկողնէն: Տեսնելու պէտք չունիմ պատկերացնելու համար տարիներ շարունակ կրկնուող նոյն տեսարանը. հայրս կէս-հագուած աննպատակ կը դառնայ տունին մէջ «ուշացա՜յ…ուշացա՜յ…» պոռալով:
Սակայն հեռաւոր այն առաւօտը կ՚արթննամ որ տունին մէջ տարօրինակ լռութիւն մը կը տիրէ: Կը մօտենամ ծնողներուս սենեակին, բանալիին բացուածքէն կը նայիմ. մայրս հանդարտ քնացած է, իսկ հայրս չկայ:
– Խեր ըլլայ, այսօր ինք ելաւ, գործի գնաց, – կ՚ըսէ մայրս նախաճաշի ատեն:
Մէկ ժամ վերջ մէկէ մը ստացուած հեռաձայնը լուր կուտայ, որ հայրս սրտի տագնապ ունեցած է գործատեղը:
Հայրս մեռաւ այն ամրան վերջաւորութեան, մօրս իբրեւ յիշատակ ձգելով տասնամեայ տղայ մը, տակաւին քանի մը ամսուան շուն մը եւ փայտաշէն տուն մը:

Բ.

Յետոյ Գուրթն էր:
Մայրս չկրցաւ ներել հօրս, որ մեռաւ եւ փախցուց միասին ճամբորդելու վերջին առիթը: Բայց աստուածավախ ըլլալուն, շատ չի համարձակիր հանգուցեալին հայհոյելու, անոր համար ամէն բանին մեղաւորը շունը կը համարէ: Հօրս մահուան լուրն առնելու պահէն սկսեալ, չորս տարի է արդէն, անհաշտելի թշնամութիւն մը սկսած է մօրս եւ Միքքիին միջեւ: Մայրս առիթը չի փախցներ շունը մշտելու, շունն ալ իր կարգին ամէն օր կանոնաւոր կերպով մօրս սենեակին մէջ կը միզէ, կամ սենեակին դուռը գոց գտնելու պարագային մօրս ձեռագործը կը բզքտէ:
– Աս ասանկ չ՚ըլլար, սա շունը վռնտելիք է, – կը սկսի մօրս ամէնօրեայ առաւօտեան մենախօսութիւնը:
Հակառակ անոր, որ ամառնային արձակուրդի շրջանն է, եւ կանուխէն արթննալու պէտք չունիմ, կը ստիպուիմ ծրագրածէս աւելի վաղ լքելու անկողինս եւ շունը առնելով շուտով տունէն ելլելու, մօրս տռտռոցէն ազատելու համար:
– Ծօ՛, բան մը չկերած ո՞ւր կ՚երթաս, – կը ձայնէ ետեւէս:
– Անօթի չեմ, – կը պատասխանեմ եւ արագ քայլերով կը հեռանամ:
Մասնաւոր ընելիք չունիմ. ծովափ կ՚երթամ, եւ եթէ արեւը արդէն ելած ըլլայ, կը փռուիմ խճաքարերուն վրայ, մինչ Միքքին ուրախ հոս ու հոն կը վազէ, ճայերը հետապնդելով:
Քիչ վերջ Խրիսթինան կուգայ եւ միասին քաղաք կ՚երթանք: Անցեալ տարի թոքատապէն մեռած քիւրտ Թէյիպը փոխարինելու եկած է անորոշ ազգութեամբ խոժոռ տղամարդ մը, որ միշտ տարակուսանքով մը Խրիսթինային կը նայի, բայց ես արդէն 14 տարու եմ, եւ հասակս բաւական է առանց մասնաւոր արգելքի հանդիպելու նաւով ճամբորդելու համար: Հազիւ քաղաք հասած վիճաբանելու կը սկսինք, թէ ուր պիտի երթանք: Վերջաւորութեան միշտ ես կը յաղթեմ, քանի որ Խրիսթինան 12-ամեայ չոճուխ մըն է տակաւին: Շիտակը, այս պարագան քիչ մը կ’անհանգստացնէ մայրս.
– Ծօ, չոճուխ չես ալ, այդ աղջիկին եւ շունին հետ սլքտալու փոխարէն, տարեկից ընկեր մը փնտռէ՛…
Բայց շատ մտիկ չեմ ըներ մայրս: Խրիսթինան աղուոր է, ինչ որ ըսեմ, կը համաձայնի, Կարոյին պէս չէ: Կարոն ինծի տարեկից դրացի տղայ մըն է, որուն հետ օր մը սինեմա գացինք, բայց չկրցանք համաձայնութեան գալ դիտուելիք ֆիլմին համար եւ տարբեր յայտագիրներ ընտրեցինք: Խրիսթինան տարբեր է, ճաշակաւոր է, կը սիրէ իմ հաւնած ֆիլմերս, տուած գիրքերս կը կարդայ… Թէեւ սա վերջին պարագային քիչ մը կը կասկածիմ այն բանէն վերջ, երբ սխալմամբ տուածս հայերէն գիրքը վերադարձուց հիացական խօսքերով:
– Բայց դուն հայերէն չես գիտեր, ի՞նչպէս կարդացիր, – հարցուցի զարմացած:
– Ընկերուհիի մը տուի, կարդաց պատմեց:
– Ո՞վ է ընկերուհիդ:
– Է-է…չես ճանչնար…աղջիկ մը, – ըսաւ շփոթուելով:
– Է լաւ, – ըսի, բայց տհաճ զգացում մը մնաց մէջս:
Ինչ որ է. Խրիսթինան, այդ մէկ դէպքը եթէ մոռնալու ըլլանք, հաւատարիմ, ազնիւ եւ հոգատար ընկերուհի մըն է… Բայց կ՚ուշանայ այսօր: Կ՚ելլեմ շիտակ իրենց տունը կ՚երթամ:
– Խրիսթինաաա՜, – կը պոռամ աղջկան տունը օղակող պզտիկ պարտէզին դրան առջեւ կեցած:
Քիչ վերջ Խրիսթինային մայրը պատուհանէն գլուխը դուրս կը հանէ.
– Խրիսթինան հիւանդ է, աղորիմու***, ջերմ ունի: Ներս եկո՛ւր:
– Չէ, աճապարանօք եմ, բարեւ ըրէ՛ք, – կ՚ըսեմ եւ կը հեռանամ, թէեւ բնաւ չեմ աճապարեր:
Քիչ վերջ միայն կ՚անդրադառնամ, որ առանց Խրիսթինայի ընելիքս չեմ գիտեր: Անզգալաբար դէպի նաւամատոյց կը քալեմ, հոն տոմսակ մը կ՚առնեմ եւ քաղաք կ՚երթամ:
Ժամ մը ամբողջ աննպատակ դառնալէն վերջ Սուլթանահմէտի քովնտի անծանօթ թաղերը կ՚երթամ: Միքքին կը հեւայ տաքէն, եւ արդէն կ՚ուզեմ ետդարձի ճամբան բռնել, երբ յանկարծ զարմացած կը կենամ խանութի մը առջեւ: Սկիզբը չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչու կեցայ: Միքքին զարմացած ինծի կը նայի, խանութէն աղմկոտ երաժշտութիւն մը կը հասնի: Հիմա հասկցայ. խանութի դիմապակիէն անդին տեղադրուած հեռատեսիլի մեծ պաստառին վրայ խարտեաշ երկար մազերով տղայ մը երգ մը կ՚երգէ, որու բառերը դժուարաւ կը հասկնամ: Իսկոյն խանութ կը մտնեմ, նայուածքս չհեռացնելով խարտեաշ երգիչէն:
– Շունին հետ կարելի չէ, – կ՚ըսէ վաճառողը՝ միջին տարիքի հաստ պեխերով գիրուկ տղամարդ մը:
– Ես մէկ վայրկեանի համար մտայ միայն, – կ՚ըսեմ եւ շուրջս կը նայիմ: Նոր միայն կ՚անդրադառնամ, թէ հեռատեսիլներու խանութ է:
Ներսը երգին բառերն առաւել յստակ կը հնչեն.

With the lights out, it’s less dangerous
Here we are now, entertain us
I feel stupid and contagious
Here we are now, entertain us
A mulatto
An albino
A mosquito
My libido

– Կրնա՞մ բանով մը օգտակար ըլլալ, – կ՚ըսէ վաճառողը:
– Է, չեմ գիտեր, կ՚ուզեմ հասկնալ թէ այս երգիչն ով է…
Երկվայրկեան մը լուռ եւ յոգնած ինծի կը նայի, յետոյ կ՚ըսէ.
– Ես ալ չեմ գիտեր, կեցիր, գլիփը վերջանայ, վարը անունը պիտի գրուի:
Կրկին չեմ կրնար երգիչէն հեռացնել նայուածքս. բան մը կախարդած է զիս. խարտեաշ մազերն անկանոն կերպով թափուած են դէմքին, հագուածքը անփոյթ է, բայց անօրինակ ազնուականութիւն մը կայ ամբողջ կերպարին վրայ: Եւ ձայնը…ըսես տիեզերական ոլորտներէ կու գայ. կ՚երգէ, կ’ըսես՝ կը մեռնի, կ’ըսես՝ ցաւէն կը պոռայ: Երգին բառերը տարօրինակ են, քիչ մը պարզ, բայց երեւակայութիւնս եւ այդ ձայնը տարբեր իմաստ մը կը դնեն հոն.

Hello, hello, hello, how low?
Hello, hello, hello, how low?
Hello, hello, hello, how low?
Hello, hello, hello!

Գլիփը կը վերջանայ եւ պաստառին վարը կը գրուի՝ «Nirvana»: Հաւանաբար խումբ մըն է: Արագ դուրս կ՚ելլեմ խանութէն, մոռնալով նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնել վաճառողին, եւ կ՚աճապարեմ դէպի մօտակայ ձայնապնակներու խանութը:
Nirvana խումբէն քանի մը ձայնապնակներ կը գտնեմ հոն, բայց քովիս դրամը միայն երկուքին կը բաւէ: Կ՚առնեմ եւ խելագարի պէս դէպի նաւամատոյց կը վազեմ. արեւը անխղճօրէն կ՚այրէ, ոչինչ հասկցող Միքքին հեւալէն հազիւ կը հասնի ետեւէս, իսկ ես կ՚ուզեմ փութով տուն հասնիլ: Արդէն նաւուն մէջն է, որ ձայնապնակի ծրարին վրայ առաջին անգամ կը կարդամ երգիչին անունը՝ Գուրթ, Գուրթ Քոպէյն:
Այդ ամառն անցաւ Գուրթին շօշափելի ներկայութեամբը:
Մայրս, սակայն, շատ խանդավառ չէ սա խելահան վիճակէս.
– Պիտի խուլնանք, ծօ՛, քիչ մը ցածցո՛ւր ատոր ձայնը, – կը պոռայ յուսահատ: Իսկ ես կը գտնուիմ ցնծութեան մէջ. նուագարկիչին ձայնը մինչեւ վերջին կէտը բացած, երեւակայական կիթառ մը ձեռքիս, Գուրթին հետ կոկորդս կը պատռտեմ.

Rape me
Rape me my friend,
Rape me,
Rape me again.

Ինչպէս սպասելի է, Խրիսթինան կը բաժնէ նոր սէրս: Հիմա աւելի յաճախ տունը կը մնանք: Ամէն օր համերգներ կը սարքուին սենեակիս մէջ. կ՚ելլեմ սեղանին վրայ, կ՚առնեմ «կիթառս», ձեռքով աչքերէս ետ կը տանիմ գոյութիւն չունեցող մազափունջը եւ երգելու կը սկսիմ:
Այս ամէնուն մէջ Միքքին տխուր է սակայն. անկիւն մը կը նստի եւ ոչինչ հասկցող նայուածքով մեզի կը նայի. կը կարօտնայ այն օրերը, երբ ժամերով պտոյտի կ՚ելլէինք:
Ես եւ Խրիսթինան իսկական հաւաքողներ դարձած ենք, մօրս բնորոշումով՝ աղբահաւաքներ. կը հաւաքենք Գուրթի մասին յօդուածներ, գիրքեր, նկարներ, ձայնապնակներ:
– Հէ՜յ, Շիշլիի մէթրոյին կայանը թերթ մը տեսայ, Գուրթին նկարը կար հոն, – կը պոռայ Խրիսթինա հազիւ տունէն ներս մտած:
– Ո՞ւր է, – կ՚ըսեմ անհամբեր:
– Քովս դրամ չկար, մաման ալ չտուաւ, – կ՚ըսէ մեղաւոր:
– Վնաս չունի, շիտակ տեղն ըսէ՛, – եւ կ՚ելլեմ հասնելու Կղզիներէն մինչեւ Շիշլի, ուր թերթ մը պիտի գնեմ, որուն մէջ Գուրթի պզտիկ, սեւ եւ ճերմակ լուսանկար մը պիտի ըլլայ միայն:
Ամառը կը քալէ, ես եւ Խրիսթինան ալ աւելի կը խանդավառուինք Գուրթով, Միքքին աւելի կը տխրի, մօրս գայթակղութիւնը հետզհետէ աւելի կը մեծնայ:
Այլեւս մօրս տռտռոցէն ազատելու համար տունէն չեմ փախիր. մէկէն նուագարկիչի կոճակին կը կոխեմ, եւ տունը կը լեցուի հարտ ռոքի մետաղեայ հնչիւններով:
Մօրս համբերութիւնը պիտի սպառէր օր մը:
Խոհանոցէն կը հասնի Միքքիին կաղկանձը: Փութով երաժշտութիւնը կը մարեմ եւ կը վազեմ դէպի խոհանոց: Հոն կը գտնեմ մայրս, որ աւելով շունը կը հալածէ. Միքքին կը փախի, ջանալով թաքնուիլ սեղանին տակ, բայց չարաղէտ աւելը հոն ալ կը գտնէ զինք: Մայրս այսչափ բարկացած չեմ տեսած երբեւէ:
– Ի՞նչ պատահեր է, մա՛մ, – կ՚ըսեմ, ջանալով աւելը առնել ձեռքէն:
– Ա՛լ կը բաւէ, – կը փղձկի մէկէն, – վռնտէ՛ ասոր, այլեւս չեմ կրնար ասանկ ապրիլ, վռնտէ՜…
– Բայց ի՞նչ ըրեր է…
– Ի՞նչ պիտի ընէ. ամբողջ տունն ասոր մազերն են, ատ ալ չէր բաւեր, հիմա ալ ամէնուր կը միզէ եւ կը քաքնէ…չեմ կրնար, վռնտէ՛, չէ նէ պիտի մեռցնեմ, – կ՚ըսէ եւ հեկեկալով կը փլի աթոռին վրայ:
Կեցեր եմ խոհանոցին մէջտեղը, վերջապէս մօրմէս խլած աւելը ձեռքիս, մայրս աթոռին նստած խուլ կը հեծկլտայ, շունը անկիւն մը կծկտած կը դողայ ապրած ցնցումէն: Կազօճախին վրայ թէյնիկը յուսահատ կը սուլէ, բայց մտիկ ընող չկայ: Լուռ ու մունջ շունը կ՚առնեմ եւ դուրս կ՚ելլեմ տունէն:
Կէս ժամ մը աննպատակ թափառելէ վերջ քայլերս զիս Խրիսթինային տունը կը տանին: Պատուհանէն զիս տեսնելով ան ներս կը վազէ: Կը կենամ դրան առջեւ, աղջիկը սպասելով: Վերջապէս դուռը կը բանայ. վառ կարմիր փէշ մը հագած է, յայտնի է որ մասնաւոր ինքզինքը յարդարած է:
– Ուր կ՚երթա՞նք, – կ՚ըսէ զուարթ:
– Ոչ մէկ տեղ, – կ՚ըսեմ:
– Բա՞ն մը պատահեր է, – կ՚ըսէ շուարած եւ կը նստի քովս՝ աստիճաններուն վրայ, – Միքքի՞ն ինչու ասանկ տխուր է:
– Ա՛լ վերջացաւ…
– Ի՞նչը:
– Մայրս վերջնականապէս կատղեր է, ըսաւ՝ շունը մէյ մըն ալ տեսնէ, պիտի մեռցնէ…
Լռութիւն կը տիրէ: Մեղաւոր նայուածքս Միքքիին կը յառեմ:
– Լսէ՛, – կ՚ըսէ Խրիսթինա, – հիմա ի՞նչ պիտի ընես:
– Չեմ գիտեր:
– Կեցի՛ր, – կ՚ըսէ եւ իսկոյն ոտքի ցատքելով դէպի ներս կը վազէ:
Տրամադրութիւնս այնչափ փճացած է, որ Խրիսթինային կտրուկ շարժումներն այս անգամ նոյնիսկ ջղերուս չեն դպնար: Քիչ վերջ դուրս կ՚ելլէ խանդավառ:
– Եղա՛ւ, – կ՚ըսէ:
– Ի՞նչը:
– Մամային ըսի, թէ պիտի ճամբորդէք, եւ խնդրած ես, որ շունը այսօր մեզի մնայ:
– Բայց ո՞վ ըսաւ թէ պիտի ճամբորդենք:
– Ապո՞ւշ ես, – կ՚ըսէ զարմացած:
– Ա-ա, հիմա հասկցայ… բայց յետո՞յ:
– Յետոյ նայինք, անանկ մը կ՚ընեմ, որ մաման Միքքին սիրէ եւ ձգէ, որ մեզի մնայ…
– Նայինք, – կ՚ըսեմ եւ կ՚ելլեմ տեղէս, շունին կապը Խրիսթինային կու տամ եւ կը ջանամ հեռանալ, առանց Միքքիին նայելու. բան մը կը կոտտայ ներսս:
– Կեցի՛ր, – կը կանչէ Խրիսթինա:
Չկամութեամբ գլուխս ետ կը դարձնեմ, ջանալով խուսափիլ շունին նայելէ: Խրիսթինա կը տատամսի երկվայրկեան մը, յետոյ սպասողական ակնարկս բռնելով կ՚ըսէ կարմրելով.
– Եթէ քեզ ալ վռնտէ, մեզի՛ եկուր…մաման կը համոզեմ…
Տուն կը դառնամ կէսգիշերին մօտ միայն. ամբողջ օրը թափառած եմ միայնակ: Տուն մտնելուս պէս մայրս վրաս կը յարձակի.
– Ո՞ւր էիր, ծօ՛, ժամուն նայա՞ծ ես, – յետոյ յանկարծ կը նկատէ, որ մինակ եմ, կը պաղի ակնթարթի մը մէջ եւ կ՚աւելցնէ սարսափահար, – շունն ո՞ւր է…
– Ի՞նչպէս թէ ուր է, չըսի՞ր որ վռնտեմ, ես ալ ջուրը ձգեցի, խեղդեցի…
– Խե՞նդ ես, ծօ, – կը պոռայ մէկէն եւ դուրս կը վազէ:
– Միքքի՜, Միքքի՜…, – մօրս ձայնը կ՚արձագանգէ գիշերուան մէջ եւ անպատասխան կը մնայ:
– Ծօ՛, ի՞նչ ըրիր շունը, ո՞ւր է, – կ՚ըսէ ետ դառնալով,- մազերը հովէն խառնուած են, նայուածքին մէջ սարսափի արտայայտութիւն կայ:
– Դուն չըսի՞ր…, – կը սկսիմ անհամարձակ:
– Բան մըն էր, ըսի… ատի խելքի պառկելի՞ք բան է… շունը ետ բե՛ր… արա՛գ… ի՞նչ իրաւունքով, – յանկարծ հեծկլտալու կը սկսի, ոչ այնպէս ջղացնցական, ինչպէս առաւօտեան, այլ կամացուկ եւ զուսպ, – շունը ետ բե՛ր, – կ՚ըսէ լացին մէջէն, – չամչցա՞ր, հօրդ վերջին նուէրը… ծօ՛, դուն խիղճ ունի՞ս…
Օրուան մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով կեցած եմ սենեակին մէջտեղը շուարած. բան մը կայ, որ չեմ հասկնար: Յետոյ անհամարձակ կը մօտենամ մօրս, զգուշութեամբ մը կը գրկեմ ուսերը եւ կը շշնջամ ականջն ի վար.
– Մի՛ լար, չխեղդեցի, Խրիսթինային տունը մնաց… հիմա կ՚երթամ կը բերեմ…

Գ.

Յետոյ ոչինչ կար:
Ամէն բան վերջացաւ մէկ կրակոցով միայն:
Յունուարեան պաղ երեկոյ մը հեռաձայն մը լուր կուտայ, որ Պր. Հրանդը սպաննած են:
Գաղութն ալեկոծ է. ամէնուր շշուկներ, ենթադրութիւններ, յաջորդ օրը շատ մը հայերու խանութները գոց են, առտուընէ ինչ-որ ապուշներ հեռաձայնային ահաբեկչութեան կ՚ենթարկեն համայնքը: Ամէնուն ուշադրութիւնը հեռատեսիլի պաստառներուն գամուած է. տեղ մը ցոյցեր տեղի կ՚ունենան. «Մենք բոլորս հայ ենք»:
Շաբաթ մը վերջ մայրս ամէն բան որոշած է ալ, եւ թէեւ 18 տարեկան տղայ մըն եմ արդէն, բայց իմ կարծիքս հարցնող չկայ: Շիտակը, շատ ալ չեմ ընդդիմանար:
Պիտի հեռանանք: Մեծ հօրս տէտէին պապին մեծ հայրը գաւառէն եկաւ Իսթանպուլ նոր կեանքի մը յոյսով եւ ատկէ հարիւր յիսուն տարի վերջ իր տոհմին վերջին ներկայացուցիչը՝ 18ամեայ տղեկ մը իր մօրը հետ պիտի հեռանայ քաղաքէն, հարիւր յիսուն տարուան յոյսը վերջնականապէս կորսնցուցած:
Մայրս փութով գործերը կարգադրեց, եւ պաղ առաւօտ մը, Փետրուարի վերջաւորութեան, դուռը կղպեցինք եւ սնտուկներս շալկած՝ քալեցինք դէպի նաւամատոյց:
Հակառակ անոր, որ որոշած եմ վերջին անգամ այցելել տարի մը առաջ մեռած Միքքիի գերեզմանը, չեմ երթար:
Խրիսթինան նաւամատոյց եկեր է մեզի «երթաք բարի» ըսելու, սակայն խոժոռ նայուածքս տեսնելով, չի համարձակիր մօտենալ:
Վերջին անգամ նաւուն վրայէն կը նայիմ մանկութեանս կղզիին, յետոյ միայնակ կեցած Խրիսթինային, եւ նայուածքս ուրիշ կողմ կը դարձնեմ:
Պիտի լամ, բայց տարիներ վերջ միայն:
Հոն է որ կը հասկնամ. ամառնային պատմութիւնները պիտի վերջանան ձմրան:

Օգոստոս, 2014
Երեւան

* Իլէրէ (թրքերէն՝ ileri) – յառաջ:
** Բիճ գուրուլարը (թրքերէն՝ piç kuruları) – պոռնկորդիներ, սրիկաներ:
*** Աղորիմու (յունարէն) – մանչս:

Share Button

6 Կարծիք

  • Zaven Zakarian says:

    Պատմելու շնորհք ունիս, սիրելի Քրիստիան՝ շատ բնական սրամտութեամբ զինուած… Այնպէ՛ս կ՛ապրիս եւ կ՛ապրեցնես հերոսներդ, որ ընթերցողը պատմուածքդ կարդալէ աւելի՝ կ՛ուզէ վայրկեան մը առաջ մտնել տողերուդ մէջ եւ դառնալ մասնակից ու մեղասկից եղելութեանց…

  • Ս.-Ավիկ Հարությունյան says:

    Լավն էր,շատ,անչափ լավն էր…

  • Արամ Երիցյան says:

    Երևի վերջին մի 10 տարիներին հայերենով կարդացածս ամենալավ տեքստը…

  • Anna Kartmosyan says:

    կներեք, իսկ էս տղուց ուրիշ գործեր չկան?

  • Էմիլ Զարիֆյան says:

    Anna Kartmosyan, մերոնք արևմտահայերեն բաներ մենակ նմուշի համար են տպում, երևի վախենում են, թե հանկարծ մեր պայծառ արևելահայ հեղինակները իրանց վատ կզգան,,, իզուր, գոնե մեր տղեքն էլ մի քիչ գրել կսովորեին :))) ես արդեն մի տարուց ավել ա, ինչ երևի ամիսը մեկ մտնում եմ էս սայտ, որ տեսնեմ կարող ա՞ հանկարծ էլի ինչ որ գործ տպած լինեն էս հեղինակից, բայց,,, երևի ուրիշ ավելի կարևոր հեղինակներ կան,,, հա խորհուրդ կտամ գուգլ անեք, ահագին ուրիշ գործեր ունի տարբեր տեղեր 🙂 հույսով եմ մեկնաբանությունս չեն ջնջի 🙂 նաև, հարգելի խմբագրություն, եթե հնարավոր ա, մի քիչ տեղեկություն տվեք, թե որտեղ ա հիմա ապրում և այլն, իրա մասին տեղեկություն համարյա անհնար ա գտնել:

  • Գրանիշ says:

    Հարգելի ընթերցող,շնորհակալություն մեր կայքի հետևելու և դիտարկման համար։ Քրիստիան Բատիկյանի մեր կայքում չհրապարակվելը միայն ու միայն պայմնավորված է հեղինակի անձնական ցանկությամբ։ Հեղինակի հետ կապ կարող եք հաստատել գրելով նրա էլ հասցեին` chbatikian@gmail.com:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *