Վրէժ-Արմէն | Պահը

Ara012

Արա Աւետիսեան
(1923-2016)

Մայիս 30-ի առտուան ժամերուն մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ արուեստագէտ՝ լուսանկարիչ Արա Աւետիսեան։ Ծնած էր Վիեննա՝ 1923 մարտ 31-ին։ Ան որդին էր անուանի գեղանկարիչ Օննիկ Աւետիսեանի ու անուանակոչուած անոր մտերիմ ընկերոջ՝ քանդակագործ Արա Սարգիսեանի անունով։ Անոնք մաս կը կազմէին այն ուսանող սերունդին, որ Եւրոպայի մէջ մասնակից էր եղած Հայկական նեմեսիսի կազմակերպումին։
Մինչեւ 13 տարեկան Արա ապրած է հօրմէն բաժնուած՝ աւստրիացի մօր հետ, Վիեննա, ապա միացած է հօր՝ նախ Կիպրոս, ուր շրջան մը յաճախած է Մելգոնեան հաստատութիւնը, ապա Եգիպտոս, ուր աշկերտը եղած է ծանօթ հայ լուսանկարիչներու, մասնաւորաբար Ալպանի (Արամ Առնաութեան), որմէ ալ տիրացած է լուսանկարչութեան արհեստին ու արուեստի գաղտնիքներուն։
Ան 1962-ին կը գաղթէ Մոնթրէալ, երկար տարիներ կը պաշտօնավարէ լուսանկարչական կարեւոր հաստատութեան մը՝ Graetz-ի մէջ ու իր ազատ ժամերուն կամաւոր լուսանկարիչը կը դառնայ փոքրամասնութիւններու կամ քաղաքամասերու պատկանող բազմաթիւ թերթերու։ 1978-ին կ՚ամուսնանայ Մարիէլ Տըկիրի հետ, որ հաւարտարմօրէն տէր կը կանգնի ամուսնոյն մինչեւ խոր ծերութիւն՝ մինչեւ մահ։
Առանց հայ գաղութի առօրեային մաս կազմելու, Արա առանձինն Հայ դատի շրջուն յանձնախումբ մը դարձած էր ու առիթ չէր փախցներ հայութիւնը, իր մշակոյթն ու դատը ներկայացնելու շրջապատին։
Ան իր ներդրումը ունեցած է Էքսփօ 67-ի եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող ցուցահանդէսներուն հայութեան մասնակցութեան մէջ։ Գործակցած է մեր մշակութային միութիւններուն, որոնց հետ նաեւ նոյն այդ շրջապատի երգիծանկարներու տաղաւարին մէջ յաջողած է կազմակերպել իր հօրաքրոջ ամուսնոյն՝ նոյնպէս անուանի ծաղրանկարիչ Ալեքսանտր Սարուխանի մեծարանքի ձեռնարկը եւ ցուցահանդէսը, որուն յատկացուած էր տաղաւարը ամբողջ ամառը։
Աշխատակցած է «Հորիզոն» ու «Ապագայ» շաբաթաթերթերուն, այլեւ տեղական մամուլին՝ անգլերէն պատմուածքներով ու մանրավէպերով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներով։
Վ-Ա.Ա.

Արա Աւետիսեանի յիշատակին

Կեանքը պահերէ կը բաղկանայ։ Անկասկած։ Վայրկեանները կը յաջորդեն իրարու, մեր կամքէն անկախ, եւ իւրաքանչիւր վայրկեանը միւսէն տարբեր կ՚ըլլայ՝ ատիկա զգանք կամ ոչ, ատոր գիտակցինք կամ ոչ։ Տարբերութիւնները կրնան շատ փոքր ըլլալ, բայց կրնան ըլլալ նաեւ շատ մեծ՝ անակնկալներու առջեւ դնելով մեզ։ Հաճելի կամ անհաճոյ, ուրախ կամ տխուր, օգտակար կամ վնասակար։ Այդ բոլորը երկրորդական են։ Պահերը կը յաջորդեն իրարու, առանց մեզի հարցնելու, թէ ինչպէ՛ս կ՚ընկալենք մենք զանոնք։
Արուեստագէտին համար, սակայն, իւրաքանչիւր պահը ունի իր նկարագիրը, իր գաղտնի՛քը։ Ան անտարբեր չի կրնար մնալ անոր հանդէպ։ Ան աչք ունի ու կը տեսնէ, ականջ ունի ու կը լսէ, սիրտ ունի ու կը զգայ պահուն կարեւորութիւնը։ Կ՚ընկալէ, կ՚ընկալէ իւրայատուկ կերպով ու կը փորձէ հաղորդել մեզի։ Բաժնեկից դարձնել մեզ իր տեսածին, լսածին, զգացածին։ Հաղորդակցելու այդ փորձէ՛ն կը ծնին արուեստի գործերը։
Պահու զգայնութիւնը շատ կարեւոր է լուսանկարիչին համար։ Այդ տեսակէտէն ան կը տարբերի բոլոր միւս արուեստագէտներէն, բայց մանաւանդ իր արուեստին ամենէն մօտ՝ կերպասրուստի վարպետներէն։
Նկարիչը կամ քանդակագործը իր ներշնչումը կ՚առնէ ոչ միայն տուեալ պահէն, այլ յաջորդական պահերէ, որոնք տպաւորութիւն մը կը ստեղծեն անոր մէջ, կը մշակեն այդ տպաւորութիւնը ու կ՚առաջնորդեն անոր վրձինը կամ մուրճը այնպիսի ձեւով մը, որ իր ստեղծագործութիւնը արտայայտէ այդ տպաւորութիւնը, այլեւ այդ տպաւորութենէն յառաջացած մտածումը, իսկ այդ արտայայտութիւնը անոր տեսածէն շատ տարբեր կրնայ ըլլալ։ Արտաքին ազդակներն ու ժամանակին թաւալումը մեծ դեր կը խաղան անոր ստեղծագործութեան մէջ։ Այլեւ անոր տեսածը պարզապէս առիթ մը կամ պատրուակ մը կը հանդիսանայ այդ մտածումը հաղորդելու համար։ Այդպէս է դիմաքանդակներու կամ դիմանկարներու պարագային, երբ բնորդը, արտայայտութեան նիւթը ըլլալէ աւելի՝ կը հանդիսանայ այդ մտածումը դիտողին սեփականութիւնը դարձնելու միջոցը։ Օրինակ՝ Ռամբրանդտ մը, անուանի անձնաւորութեան մը դէմքը կամ ամբողջ կերպարը կտաւին յանձնելով, կրնայ դիտողին մէջ յառաջացնել նողկանք յաւակնոտութեան, գոռոզութեան կամ յոխորտանքի նկատմամբ. կամ Այվազովսկի մը իր ծովանկարներով կրնայ դիտողին փոխանցել իր զգացած ահ ու սարսափը, որ ահեղ փոթորիկը կը յառաջացնէ մարդուն մէջ։
Լուսանկարիչը չունի շքեղանքը օգտուելու յաջորդական պահերու ընծայած հնարաւորութենէն։ Ան պէտք է «որսայ» կամ «բռնէ» տուեալ պահը։ Եթէ չորսաց կամ չբռնեց՝ պահը չքացած է, ուրիշ մը յաջորդած է անոր, որ այլեւս նման չէ նախորդին, որ ներշնչած էր զայն։ Եւ ճիշտ ա՛յդ արագ շարժելուն մէջ կը կայանայ անոր վարպետութիւնը։ Երեխայի մը ժպիտը կամ արցունքը (մարդկային զգացումներու գլխաւոր արտայայտիչները), Նուբիացի գիւղացիի մը խոկումին խորութիւնը՝ ճակտին պռստումով ու մութին մէջ մնացած աչքերուն սեւեռումով, ինքնակարի մը մէջ՝ սեփական անցեալին յառող գոհունակութեա՞ն, թէ՞ զարմանքի մը յաւիտենացումը, արձանի մը գլխուն թառած տատրակի մը լրջութի՞ւնը, թէ՞ նոյն ինքն արձանի կերպարին զայրոյթը, կամ Նեղոսի ջուրերուն մէջ ցոլացող մայրամուտի արեւին թէ ափին հանգչող առագաստանաւին վրայ հակած ծառի մը արտայայտած գուրգուրանքը միայն արուեստագէտ լուսանկարիչ մը կամ լուսանկարիչ արուեստագէտ մը կրնայ ընկալել ու փոխանցել։ Պահու այդ ընկալումն է ահա անոր մարզը։
Այդ պահը բռնել կարենալուն մէջն է վարպետութիւնը։
Արա Աւետիսեանի մեզի կտակած ժառանգութիւնը այդ վարպետութեան անժխտելի հաստատումն է։
Մանրանկարներու այս շարքով ես ալ կը փորձեմ նման պահեր «բռնել» ու ընթերցողին փոխանցել՝ բառերո՛ւ միջոցով։ Որքա՞ն կը յաջողիմ, թող ընթերցողը դատէ…

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *