Լեռնա Գարագիւթիւք | Ան է որ կայ

Լոյս տեսաւ իսթանպուլահայ բանաստեղծուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութեանց երկրորդ հատորը՝ «ԱՆ Է ՈՐ ԿԱՅ» (Իսթանպուլ, 2019), ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐի իբրեւ չորրորդ հատոր (թիւ 4), որմէ ստորեւ կը ներկայացնենք քերթուածներու փունջ մը։

Հատորը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի վրայ, ուր առաջին անգամ լոյս տեսած են քերթուածները:

 

 

ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

անգոյ ըլլաս
սակայն տեսնուիս
դուն աստուածներո՞ւն դէմ կու գաս
անմահներուն կարգն անցած
աստուածներ չեն երեւիր
կերպարանափոխուած են
նայէ՛ դուն հայելիին
ի՞նչ փոփոխութիւն կատարել
թէ մարդ ըլլալ
մարդ, որ
երեւիլ թէ բարի
թէ չար
ձայն մը տո՛ւր, ճիչ մը
հաւատամ, թէ կաս
որ ատենօք մեծցար ներսիդիս
ծիածանին փաթթուած իջար
ամպերէն վար ու դէմս կանգնեցար
շրջապատեցիր էութիւնս
գիտեմ կաս
կերպարանափոխուեցար

 

 

 ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԵՐԳԷ

Կը լսե՞ս լռութեան ձայնը,
որ լոյսին հետ կը մրցի:
Պիտի լսես անպայման, ականջ տո՛ւր,
կ’ուզէ օգնութիւն…
թէ՞… ի՞նչ:
Մարդիկ իմաստո՞ւն.
մարդիկ անիմաստ,
յուսախաբ, խելակորոյս,
անզօր, անկար,
սակայն մարդ…
լռութիւնը ձայն ունի՞․
ան կ’երգէ:
Ականջներ կը հնչեն
խօսքով ողողուած:
Ձայն մը կը զնգայ
ուղեղին մէջ,
ալիք-ալիք
կը բարձրանայ վե՜ր.
աղաչանք է…
ո՞վ կը խօսի
եւ ի՞նչ կ’ըսէ.
խօսքեր իմաստուն,
բառեր շարժուն
մէկ կողմէն միւսը
ի՞նչ կը լսուի.
փրկութեան ձա՞յնն է.
լուռ կը խօսի:
Լռութեան ձայնը
ի՞նչ խօսք ունի…
խենթութիւն…
լռութիւնը կ’երգէ՜.
լռութիւնը խենթութիւն կ’երգէ:

 

 ՆՊԱՐԱՎԱՃԱՌԻՆ ԱՇԿԵՐՏԸ

Դիմացի շէնքին պատշգամի դուռը կը բացուի:
Նազիկն է. մուճակները կը հագնի,
կ’իջեցնէ վար կողովը խսիրէ,
կը կախուի ձողիկներէն մինչեւ կէս մէջքը:
Պարարտ ծիծերը դուրս պիտի ելլեն,
հա՛, պիտի ելլեն կիսաբաց շապիկէն:
Կը ձայնէ նպարավաճառին վերէն վար,
ձայնը ձայնանիշերու ելեւէջով
կը հնչէ փողոցին մէջ,
կը բարձրանայ դէպի երկինք:
Նայէ՛ դուն, հելէ՜,
նպարավաճառին աշկերտը
դուրս կը ցատկէ խանութէն:
-Ըսէ՛, քոյրիկ, ի՞նչ կ’ուզես, որ հայթայթեմ:
Աշկերտին ալ ձայնը կ’ելեւէջէ
Նազիկին ձայնէն… կը տրոփէ…:

Նազիկ շատ գոհ իր լսածէն,
կը ժպտի ձիւնափայլ ակռաներով՝
աշկերտին: Տղան՝ պատանի,
հոն պիտի հալի:
Ա՜հ, թեւեր ունենար եւ թռչէր քովը
կամ Նազիկը իջնէր վար,
բարակ մէջքով կանգնէր դէմը,
ձեռքերը դրած կոնքերուն…:
Տեսնողին ալ լորձունքը կը հոսի․
Նպարավաճառին աշկերտը ի՞նչ ընէ…
բոլոր փափաքները տեղը կը բերէ
սեւ մազերով, սպիտակ մորթով,
կրակոտ աչքերով Նազիկին:

Նազիկ երբ փողոց ելլէ,
պիտի հանդիպի խանութ
եւ երերալով եւ պչրելով
նպարավաճառին աշկերտին
այտին պիտի հպի
իր զոյգ մատներով:

Ա՜հ, պատանին,
ոչ միայն այն վայրկեանին,
պիտի երազէ բաց աչքերով:
Օրն ի բուն կայտառ պիտի վազվզէ:

Երբ գիշեր ըլլայ,
անկողինը մտնէ քնանալու,
յօրանջէ, ժպտի եւ կծկուի…
քունի մտնելէ առաջ
Նազիկին մէջքին փաթթուի
եւ… ննջէ…:

 

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *