Վերջին տասնամեակներուն հետզհետէ սկսաւ թափ առնել Հայաստանի մէջ Նիկողոս Սարաֆեանի քերթողութեան ճանաչումը: Ալեքսան Թոփչեան եւ յա՛տկապէս Արթուր Անդրանիկեան մեծ ջանք թափեցին սփիւռքահայ այս մեծ բանաստեղծին գործին հրատարակութեան եւ ծանօթացման: Վերջերս, աւելի երիտասարդ սերունդէն, Դաւիթ Մոսինեան հրատարակեց Նիկողոս Սարաֆեան ի խոյզ կորուսեալ միջավայրի ուսումնասիրութիւնը: Փաստօրէն, նաեւ Հայաստանի մէջ սկսած է հրապարակային քննութեան առարկայ դառնալ Սարաֆեանի քերթողու-թիւնը, եթէ նոյնիսկ ժողովրդային մակարդակի վրայ լայն ընկալում չունի: Այս առումով վերատեսութեան ենթարկեցի Սարաֆեանի առաջին ամբողջական բանաստեղծական գործերուն առթիւ 1983-ին հրատարակուած յօդուածս՝ փոքր փոփոխութիւններով:
1982ին լոյս տեսած Նիկողոս Սարաֆեանի «Չափածոյ երկեր»ը[1] հաւանաբար առաջին ընդհանրական ձեռնարկն է, ըստ արժանւոյն գնահատելու համար սփիւռքահայ ամենահետաքրքրական բանաստեղծական անհատականութիւններէն մէկը, գուցէ՝ կարեւորագոյնը ։
Փարիզի մէջ հրատարակուած Անջրպետի մը գրաւումը (1928), 14 քերթուած (1933), Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւնը (1939), կամ Միջնաբերդը (1946), հասկնալիօրէն, հեռու կը մնային հանրութեան հասողութենէն, եւ զանոնք կարելի էր գտնել կարգ մը անձերու մօտ կամ գրադարաններու մէջ միայն։ 1971ին՝ Պէյրութի մէջ «Ահեկան» պարբերականի կողմէ լոյս տեսած Միջերկրականը, որուն նոյնանուն բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած էր «Բագին» ամսագրին մէջ, 1962-ին, աւելի լայն տարածում կը գտնէր եւ կարծէք բիւրեղացումը կը բերէր Սարաֆեանի շարունակ տագնապող ներաշխարհին։
Յ. Քիւրքճեանի խմբագրած հատորին ամենայատկանշական երեսը
ա՛յն էր , որ առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողը առիթը կ’ունենար ո՛չ միայն
Սարաֆեանին ծանօթանալու, այլեւ՝ Սարաֆեանի չափածոյ երկերուն ամբողջութիւնը ճանչնալու, այս հատորին մէջ անցած գործ֊երուն թէ զանազան հանդէսներու մէջ ցրուած անոր բանաստեղծութիւններուն ընդմէջէն։ Անշուշտ պէտք էր սպասել տակաւին Վենսէնի անտառը արձակ բանաստեղծութեան հատորով մը հրատարակութեան (1988, Փարիզ), որպէսզի աւելի ամբողջական դառնայ Սարաֆեանի բանաստեղծութան պատկերացումը, սակայն չափածոյ երկերուն մէկտեղումը ինքնին տարբեր եւ աւելի ամբողջական հորիզոնի մը դիմաց կը դնէր Սարաֆեանի գործին մտերիմները։
Ն. Սարաֆեանի քերթողութեան ընդհանուր քննարկումին կամ ընթերցումին պիտի չձեռնարկենք այստեղ, Յ. Քիւրքճեանի իր խմբագրած հատորին մէջ լոյս տեսած յետ գրութիւնն ու Գ. Պըլտեանի չորս առանձին գլուխներով ներկայացուած ընթերցումները[2] այս աշխատանքը կատարած են արդէն. մեր արձանագրելիքը մեկնաբանական մօտեցում մըն է , որ կը բխի այս հատորին ընթերցումէն եւ կը փորձէ բռնել Սարաֆեանի մտածողութեան-փորձառական աշխարհի մէկ երակը, այսինքն՝ Սարաֆեան ուղեւորը, որ կը ճամբորդէ սփիւռքեան նոր իրականութեան մէջ , եւ տակաւ կը զգանք, որ այս ճամբորդութիւնը կը վերածուի ներքին–փորձառական աշխարհին մէջ շարունակական ուղեւորութեան, եւ որուն իւրաքանչիւր քայլը ինքնազննումի դաժան անկեղծութեամբ մը կը տարբաղադրուի ճամբորդին կողմէ։
Գլխաւոր հանգրուաններուն անդրադառնալով միայն՝ ուղեւորութիւնը կը սկսի Սարաֆեանի առածին գործին՝ Անջրպետի… մուտքով, այսինքն՝ «Գնացք»ով, խորանալու համար Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն խորագրով երկար բանաստեղծութեան մէջ, եւ յանգելու Միջերկրականին։
«Գնացք»ը մեկնումի ազդանշանն է կարծէք եւ ամբողջ հոգեվիճակ մը կը բերէ իրեն հետ, որ կը յատկանշուի առաջ նայելու, առաջ երթալու եւ ետեւ չդառնալու վճռակամութեամբ։
Բանաստեղծութեան խորագիրն իսկ քանի մը իմաստ պարփակելով՝ կը շարժի այդ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ։ Գնացքը շոգեկառքն է, որուն մէջ կ’երթայ ճամբորդը, եւ գնացք կը նշանակէ ընթացք, շարժում, այսինքն՝ կացութիւն մը, որուն մէջ է ուղեւորը.
«Ոչ ուժ է, ոչ ախտ՝ / Մարդատեաց հոգիս, / Այլ ճամբորդ մ’աղքատ՝ /քաղաքէ մ’ուրիշ / քաղաքի միջեւ, / Ձգածիս ընդմիշտ /Եւ դեռ անորոշ / Գալիքին միջեւ»։
Անշուշտ, քաղաքներու միջեւ բռնուած ըլլալու վիճակը կայ այստեղ,
սակայն գոյութիւն ունի նաեւ գալիքին անորոշութիւնը , որ, դրական իմաստով , արկածախնդրութեան մը կը վերածէ ուղեւորութիւնը, իսկ հաւանաբար, առաջին տողին մէջ երեւցող «ախտ» բառը կրնայ շփոթ ստեղծել ընթերցողին մօտ, սակայն շուտով կը տեսնենք, որ Սարաֆեանի մօտ իմաստային տարբեր նրբութիւն մը ունի բառը, երբ այլ բանաստեղծութեան մը մէջ Սարաֆեան կ’ըսէ. «Ներէ՛, Մարի, ծննդեան ախտըս աշխարհ շրջելու» («Մնաք բարով»)։
Բանաստեղծութեան երկրորդ տան մէջ անկայունութեան տարրը կ’երեւի, որ բնորոշ է բանաստեղծին ընդհանուր հոգեվիճակին համար.
«Ապակիին դէմ, / Ուր կը կռթընիմ, / Հոսող ու անհիմն / իրերու վրայ / Գլուխս է դալկադէմ՝ / Ծովամայրի պէս, / Երբ շոգեկառքէն /Դէպի հակառակ / Սիրտըս կը սուրայ»։
Ապակիէն դուրս գտնուող արտաքին աշխարհին ձեւազերծումը՝ արագութեան ազդեցութեան տակ, արտաքին ամէն երեւոյթ «հոսող» եւ «անհիմ» կը դարձնէ, եւ հաւանաբար յաւելեալ պատճառ մը կը դառնայ կեդրոնանալու ինքն իր վրայ, ինքն իր մէջ եւ տագնապներու ամբողջ ցանց մը բանալու, մա՛նաւանդ՝ երբ շոգեկառքէն «Դէպի հակաոսւկ / Սիրտըս կը սուրայ»։ Այսինքն՝ Հակառակ առաջ նայելու բոլոր տրամադրութիւններուն, իր սիրտը կապուած պիտի մնայ ձգած քաղաքին եւ անցեալին։
Երրորդ տունը կը բերէ պատկերակերտումի նոր մտածողութիւնը, որ
աւելի մօտ է «հոսող ու անհիմ / իրերու վրայ» յենած այս աշխարհին եւ բանաստեղծին ներքին ճշմարտութեան.
«Բազուկը, որ գիս / Սեղմած՝ կը տանի, / Շարժումով մը խիստ / Կը քաշէ արագ / Լաթը սեղանին՝ /Հողերու տակէն, / Ուր գըլորելէն / Տուներ կը թափին, / Լապտերներ գոյն-գոյն, / կայմեր հերարձակ / Հեռաձայններու»:
Այս բաժինը առաւելաբար գերիրապաշտ ձեւի եւ որոշ չափով մեթաֆորիք մտածելակերպ մը կը բերէ, ուր սեղանի սփռոցին վրայ շարուած իրերու թափելուն նմանող ինկող ու գլորող տուներու եւ հերարձակ հեռաձայններու կայմերու կը հանդիպինք, որոնք արտաքին աշխարհի ձեւազերծումը, քայքայումը եւ անկայունութիւնը աւելի եւս կը շեշտեն։
Եթէ մինչեւ հիմա ներքին տագնապին անդրադարձը կը տեսնենք արտաքին աշխարհին վրայ, յաջորդող տողերը պիտի բերեն անցումը ներքին ուղեւորութեան եւ տագնապին։
«Մեքենան ծառ մ’է, / Որ աստղերու֊ն տակ / Տերեւներն ամէն / Պիտի
տայ հովին / Մինչեւ լուսածագ: / Կամուրջներու խոր / Փորերէն՝ մուրճի / (Թափօրներ, խռպոտ / Ոգիներ կ’աճին։ / Ու սուր մը՝ գետէն / Կը նետէ անդին / Յուշերըս բոլոր»։
Պէտք չէ մոռնալ, որ «Անջրպետի…» քերթուածները գրուած են 1925էն
1927ի միջեւ, եւ տակաւին այն ժխտական վերաբերումը չկայ մեքենային հանդէպ, եւ Սարաֆեանի քերթողութեան մէջ յաճախ պիտի հանդիպինք հիացմունքի եւ ապշանքի տրամադրութիւններով լիացած տողերու սաւառնակին, գնացքին կամ ինքնաշարժին նկատմամբ: Եւ հոս նաեւ կը հանդիպինք փոխաբերութեան մը, ուր մեքենան ծառ մըն է, որ աստղերուն տակ, իր տերեւները հովերուն կու տայ՝ մինչեւ լուսածագ։
Եւ հակառակ այն իրողութեան, որ շոգեկառքին հակառակ ուղղութեամբ սիրտը կը սուրայ՝
« – Պէտք չէ գանգատիլ, / Պէտք չէ ետ դառնալ, — / Հրեշտակը կ ՚ըսէ . / – Ձգածիդ դիմաց՝ / Եթէ չես ուզեր / ճամբայիդ կէսէն / Քարանալ յանկարծ / Ղովտի կնոջ պէս»։
Այլ պէտք է նայիլ նոր քաղաքին, անոր լոյսերուն, գործատուներուն,
եւ ուր
«Ինչ որ կը տեսնես, / Ինչ որ կ՛իմանաս, / Դանիէլի դիմաց՝ / Ոսկի, անվընաս / Պառկող առիւծն է»։
Ետեւ չդառնալու, անցեալին չնայելու հրամայականը անպայման ազգային ժառանգութեան չ’երթար։ Պէտք չէ մոռնալ, որ վերջ ի վերջոյ, այս ուղեւորը այն ճամբորդն է, որ քաղաքէ մը ուրիշ քաղաք կ’երթայ եւ, վստահաբար, նոյն տրամադրութիւնները պիտի յայտնէ, երբ պատրաստուի այլ քաղաք մը երթալու։ Սակայն կարծէք խուճապէ մը բռնուած՝ այս անկայունութեան մէջ յստակ ներքին պահանջը կայ շարունակելու, շարունակ շարժումի մէջ ըլլալու, առաջ երթալու, եւ անկարողութիւնը… տեղ մը մնալու, կայք հաստատելու։ Այսինքն՝ զինք կը կրծէ «ախտը աշխարհ շրջելու»։
ինչպէս կը տեսնենք, գնացքին ամբողջ ընթացքը աստիճանաբար ներքին շարժումի մը կը հպատակի, ներքին խուճապի կամ մղումի մը դրսեւորումը կը դառնայ՝ անընդհատ շարժելու, երկու կացութիւններու կամ քաղաքներու միջեւ ըլլալու, չքարանալու անցեալին մէջ, եւ գալիքէն չվախնալու: Սակայն գոյութիւն ունին՝ գալիքին անորոշութիւնը, անկայուն, անհիմ շրջապատն ու հոգեվիճակը եւ, վերջապէս՝ դժուարութիւնը, գալիքն ու ձգածը իրար հետ հաշտեցնելու, համադրելու…։ Սակայն այս նոր իրականութեան սկսած է անդրադառնալ բանաստեղծը, գոյութենական ամբողջ տագնապ մը կայ, որ կապուած է իր նոր, սփիւռքեան իրականութեան նկատմամբ հետզհետէ կազմուող գիտակցութեան:
Հին ու նոր զգայնութիւնները յստակօրէն տեսանելի են «Գնացք»ի պատկերակերտումին մէջ իսկ։ Եթէ մէկ կողմ է գոյութիւն ունի փոխաբերութիւններու հեռու եզրեր իրարու բերելու աշխատանք մը՝ ինչպէս գերիրապաշտ ձեւի սեղանի սփռոցն ու գետինը մէկտեղող փոխաբերութիւնը, որ մեթաֆորիք մտածելաձեւ մը կը ներմուծէ եւ երեւոյթներու արտաքին տրամաբանութիւնը կը խախտէ, միւս կողմէ՝ գոյութիւն ունին Ղովտի կնոջ, Դանիէլի դիմաց պառկող առիւծին կամ Մոնթէ-Քրիսթոյի գանձին նման աւանդական ձեւի համեմատութիւններ…։ Սակայն «Գնացք»ի հինգվանկանի տողերու արագ կշռոյթը(3), իր մէջ կարծէք կը միաձուլէ այս տարբեր բեւեռներու միջեւ տարուբերող հոգեվիճակը իր լքածով ու գալիքով, աւանդական ու նոր ձեւի պատկերակերտումով, եւայլն։
Հասկնալիօրէն, Անջրպետի.. խորագիրներուն մէկ կարեւոր մասն
իսկ այս մեկնումի հոգեվիճակը կը մատնէ, ինչպէս՝ «Նորէն թափառում», «ճամբորդութեան խենթ սէրէն», «Մնաք բարով», «Այցելութիւն մը», եւայլն. եւ զարմանալի չէ, որ իր այս մղումին, ախտին համար Սարաֆեան պիտի գրէ.
ճամբորդութեան խենթ սէրէն առողջութիւնս գընաց:
Ապսենթներու յորդում մ’է անիւներուդ շունչը սառ։
Ծաղկախտաւոր խափշիկը պաղ գետերէն կը յուսայ
Մարել կըրակը ներքին ու կը մեռնի արբեցած:
Կարծէք ինքնաքայքայումի՛ կը տանի նաեւ շարունակ շարժումի, մեկնելու այս մղումը, ճիշդ ծաղկախտալոր խափշիկին նման, որ իր ջերմը մեղմելու համար սառն գետը կ’իջնէ՝ զովանալու, եւ կը մահանայ։
Իսկ այս բոլորին մէջ պէտք չէ մոռնալ, որ այս մարդը առանձին ճամբորդող ուղեւորն է, արտաքին ու ներքին աշխարհներուն մէջ …
Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն խորագրով երկար բանաստեղծութեան չանցած՝ կ’արժէ վայրկեան մը կենալ նախապէս կատարուած ակնարկութեան մը դիմաց , այսինքն՝ մեքենական աշխարհին հանդէպ դրսեւորուած հիացմունքին: «Գիշեր Վենսէնի անտառին մէջ» խորագրով բանաստեղծութեան վերջին երկու տուներուն մէջ կը կարդանք.
Կը բարեւեմ ձեզ ոտքի՝ նոր օրերու անրջանք
Լուսարձակներ, օթօներ ու ձեր հեղեղը սիրոյ,
Որուն տակ կին մը գրկած՝ կը ժողվեմ ծով մը գորով
Ու կը քալեմ, ծփալէն՝ երկինքներէ անվախճան:
Հոս կը ստանամ վերըստին՝ ես իմ թեւերըս ամպէ,
Զորըս քաղաքը կ՛ուզէ Փոխել մարդու թեւերու։ Եւայլն։
Ինչպէս շոգեկառքը կամ սաւառնակը, ինքնաշարժը եւս Սարաֆեան համար միջոց մը կը դաոնայ իր քաղաքային առօրեայէն դուրս գալու եւ տարբեր կշռոյթի ու արագութեան շրջան մը անցնելու, սլանալու: Արդ, զարմանալի չէ, որ հո՛ն կը ստանայ թեւերը ամպէ, զորս քաղաքը կ’ուզէ վերածել մարդու թեւերու …
Իսկ Տեղատուութիւն…ը, իր առաջին բաժնին մէջ, ինքնաշարժով գիշերային ճամբորդութիւն մըն է, անտառներու միջեւ երկարող ճամբայէ մը. ճամբորդը առաւօտուն կը հասնի ծովափ։
Հաւանաբար տպաւորութիւններուն մէկ մասը կը ծնի ինքնաշարժի
լուսարձակներուն ազդեցութենէն, ուր «Որոգայթէ որոգայթ՝ / Մեր փարոսներն
հրահոս» նոր ձեւեր կը ստեղծեն մութ անտառին մէջ:
Աակայն ինչո՞ւ «որոգայթէ որոգայթ» կը տարածուին փարոսները։ Իսկ
քիչ ետք պիտի ըսէ •
Նոր է , նոր, նոր, որ անհիմ
Այս հողերէն , թօթուելով մեր կեղծիքները րոլոր,
Այս քաոսէն կը ծնիմ
Եւ ինչո՞ւ անհիմ են այս հողերը։ Բառը անմիջապէս կը յուշէ «Գնացք»ի
«հոսող ու անհիմ» իրերու վրայ հաստատուած իրականութիւնը ։ Հո°ս եւս
տեսողութեան զգայարանքին ստեղծած տպաւորութիւնն է, որ այս զգայ–
նութիւնը կը ստեղծէ: Սակայն այստեղ, անկայութենէն աւելի՝ միշտ շար-
ժուն, յարափոփոխ իրականութիւն մը կը տեսնենք, որ հաշտ կ’ընթանայ տե-
ղատուութեան եւ մակընթացութեան միջեւ տարուբերող իր տրամադրու-
թիւններուն, փորձառութիւններուն եւ մտածումներուն հետ։
Սակայն այս մէկը կացութիւն մը կամ հոգեվիճակ մըն է, ուր կարծէք բանաստեղծին բոլոր զգայարանքներն ու ապրումները տարբեր սրութիւն
եւ խորութիւն ստացած են։ Հոն կը զգայ՝ «Ըմբոստութիւնը բոլոր / Իմ վայ-
րենի բնազդներուս», եւ կ’ըսէ «Ի՜նչ քայքայում՛ •• բսյց բարի / Ի՜նչ յարութիւն նոյն ատեն։ Հոգիս քիչ-քիչ կ’ընդլայնի», կամ՝ «Ինչ անտաո. է , ուր յուշերը խոյս կու տան / յօշոտուելով ծառէ ծառ»:
Ամէն պարագայի , որոշ բառերու կրկնութիւնը նոյնիսկ, ինչպէս՝ որո–
գայթը, տարրալուծումը, խուճապը, ուրուայինը, յօշոտումը, քայքայումը,
ահաբեկած անհետացող շուքերը, եւայլն, որոշ անձկութիւն մը կը մատնեն,
որ ամէն երեւոյթի դիմաց կենալու, կասկածելու եւ մտածելու կը մղէ ենթական եւ ապա քայքայումի եւ յարութեան կ’առաջնորդէ:
Աակայն ի՞նչ է անտառը: Վստահաբար ֆիզիքական անտառը կայ այնտեղ, սակայն անոր վրայ աւելցած է ենթակային ներքին տագնապներուն
հեռարձակումը (projection) եւ, հաւանաբար, տեղ-տեղ այնտեղ կայ նաեւ անոր ենթագիտակիցը, որ իր ներքին մութ բաժինն է՝ գիշերային անտառի նման, ինչ որ կարծէք կը բացուի այս յարաշարժ քաոսին մէջ, շարժումին մէջ, լուսարձակներու, ազդեցութեան տակ: Այսինքն՝ կրկին ներքին ուղեւորութեան մը դիմաց կը գտնուինք այստեղ:
Ամէն պարագայի, մեկնելու, շարժելու արարքը ինքնին ազատագրող
ու դրական քայլ է Սարաֆեանի աշխարհին մէջ.
Շղթաներու կոյտ մ’արդէն կը փշրուի, երբ մոլոր
ճամբորդին պէս, կապերն իմ
կտրած կ’երթամ: կը հնչեն ադամանդներ իմ վրաս:
Հետաքրքրական է ինքնաշարժին եւ ճամբուն, այսինքն՝ մեքենային
ու ճամբոյն յարաբերութիւնը, որ կարծէք նոյնիսկ սեռային եզրեր կ’առնէ:
Սկիզբը՝ «մեքենան վաո ու արու » վայրագ շունչով մը կը յառաջանայ,
«ճամբան իր լայն երախէն / Կը հանէ ճիչ մը յուզիչ, ձայն մը ժայթքող արիւնի» եւ «Գինի ու կրակ կը ժայթքեն / անիւներէն…»
Իսկ քիչ անդին պիտի ըսէ •
Ալիքներովն իր վարսէ
ճամբան տռփոտ կը գրկէ կարապ մը վէս, կ’ըմպէ տաք
Հովը անոր թեւերուն:
Պըտուտսւկները սահուն
Կ’ելեւեջեն սփռելով սեռային դող ու հեշտանք :
Հետաքրքրականօրէն, լոյսը բացուելուն հետ, այլեւս նոյն «տռփոտ»
եւ սեռային դողով եւ հեշտանքով ծանրաբեռնուած կամ յատկանշուած յա-
րաբերոլթիւնը կը կորսուի …
Լոյսին հետ կը սկսի այլակերպումը: Նախ՝ որոշ լաւատեսութիւն մը
կը տարածուի ամէնուր. «Արեւն ահա, կը թափի / Թանձր անուշի մը նման»,
ապա՝ նոյն արեւն Է, որ «Թեւթափելով կը ցցուի / Մըշուշներուն դէմ փախչող, սփռելով բոյր, փռելով շուք՝ / Դեղին, կարմիր ու ծաւի»։ Ամէն պարագայի, թէ՛ առաջին օրինակին համեմատութիւնը, եւ թէ երկրորդ օրինակին բաղաձայնոյթը, աւելի շօշափելի կամ ֆիզիքական ներկայութիւն մը կու տան արեւին, լոյսին, մեզ եւս փոխադրելով այդ մթնոլորտին մէջ: Եւ այս տրամադրութիւններու մէջ.
Կը սեղմեմ կինը ահա, որ կ’արթննայ: կը ժպտի:
Ապակիին ետեւէն
Կարուսելը կը դիտէ պատկերներուն։ Ու բուստի
Գոյն իր շրթներն կը պարպեն
Մնացորդ մը սեւ երազի:
Իսկ քիչ մը առաջ, ան ըսած է արդէն.
Արեւն բերաւ մանկութեան
Տեսարաններ։ կը ճօճուի հիւղ մ’իր ծուխին ծայրէն կախ:
Պարտէզ, ջրհոր, փայտ, փայտ, փայտ. հաւնոց մը, հաւ, աքաղաղ։
Պզտիկ կամուրջ մը փայտէ եւայլն։
Փաստօրէն, այստեղ, արտաքին աշխարհի ֆիզիքական ամենապարզ տարրերով իսկ պաստառ մը կը գծուի, որ արեւին բերած մանկութիւնը կը
բերէ:
Այս տրամադրութիւններուն մէջ, ծովի հանդիպման հետ զգացուած
այլակերպումը անպայման իբրեւ տեղատուութիւն բացատրելու ենթակային
յամառումը քիչ մը զարմանալի կը թուի.
Տեղատըւումն ամբողջ մեր
Ազնըւական տենչերուն …
………………………………………………………..
Հրճուանքն Է մեծ փոփոխման, օտարացման, այս օտար
Քաղաքին դէմ: Ձանձրոյթին
Տեղատըւումն է ճիգին:
Եւ ինչպէս Քիւրքճեան իր յետ գրութեան մէջ դիտել կու տայ, ներքին
տեղատուութիւնը, որ կը զուգորդուի ծովու տեղատուութեան հետ, ճիշդ այս
վերջինին նման, քաշուած ջուրին տակ, նոր հող կը բերէ:
Սակայն, ջուրերուն մօտ, կը սկսի վերադարձը, կամ ջուրի եւ ներքին
աշխարհի մակընթացութիւնը: Բանաստեղծութիւնը նաեւ, իր խորագիրին նման, կը հպատակի երկու հակադիր շարժումներու, այսինքն՝ տեղատուութեան կը յաջորդէ մակընթացութիւնը: Սակայն շարժումին նկարագիրն իսկ կրնայ մտածել տալ, որ այլ տեղատուութիւն մը եւ այլ մակընթացութիւն մը պիաի գան աւելի ուշ եւ, այսպէս , շարունակաբար…: Ինչ որ հաշտ կ’ընթանայ Սարաֆեանի շարունակական հարցադրումներուն հետ:
Ասոր համար ալ պիտի ըսէ.
Հոս, սակայն հոս, արեւին
Այս ճամբուն մէջ, այնքան մօտ այն աշխարհին, որ ինծի
Իմ մանկութիւնս տուին,
Հոս, այս օտար ափին վրայ.–. Ի՜նչ կսկիծ է …
………………………………………………………………………
Ի՜նչ զառանցանք, ի՜նչ սխալ
Այդ ուրացումը անձիս, այլակերպումն առտըւան։
Եւ անմիջապէս կը բացուի անցեալը. «Ծովին տակ տունն Էր մեր
Հին …»:
Ամէն պարագայի, ասոր յաջորդող անցեալի վերազարթնումը, բա-
նաստեղծութեան ամբողջութեան հետ ընդհանրապէս, խոստովանական բա-
նաստեղծութեան յատուկ շեշտ մը կու տան գործին, որ արդի հայ քերթողու-
թեան մէջ յատկանշական է ինքնին ո՛չ միայն իբրեւ սեռ (պարզ է,
որ բառը կը գործածուի լայն իմաստով), այլեւ՝ ինքն իր անձին նկատմամբ
դաժան կամ ծայրագոյն անկեղծութեամբ:
Եւ այստեղ եւս բնութեան հետ ներդաշնակութիւն մը զգալի կը դաոնայ,
որ կարծէք սկսած է ծննդեան օրէն.
Իմ ծընած օրս Զատիկ, զանգերու գարկ Էր ուժգին,
Մեծ յարութիւն հողն ի վեր։
Բեղմնաւորում Էր չորս դին:
Նոյն յարաբերութիւնը տեսած էինք ծովու տեղատուութեան-մակըն–
թացութեան եւ իր ներքին ապրումներուն միջեւ, նոյն իսկ թանձր անուշի պէս
արեւի հոսումին՝ իր տրամադրութիւններուն վրայ ։
Այսպէս, այստեղ կայ իր մանկութիւնը, կան իր տագնապները, ինչպէս եւ ցեղին բոլոր մեռելներուն ձայնը, եւ՝
Բախտագուշակ կընոջ պէս,
Ծովը կու գայ, կը սփռէ խաժ ուլունքներ, ոստրէներ:
Ջուրի հոլեր՝ լուսակէզ
կը թաւալին։ Ոսկորի խըշրտուքով, տարուբեր։
Քարերն իրար կը քըսուին։
Կը փսփսան աւազներն:
Եւ այլեւս զարմանալի չէ, որ կը պոռթկա յ «Ծովն ահարկու ծաւալ–
մամբ, ծոցին միլիաո արարած»: Եթէ անտառին հետ «զրոյցը» անուղղակի
բնոյթ ունի, առաջացած է ներքին տագնապներու հեռարձակումով, հոս զգա-
լիօրէն զրոյցը ուղղակի է եւ կարծէք կը կատարուի ենթակային եւ հաւաքա-
կանութեան մը հետ …
Կու գայ, կու գայ, կը հասնի
Ծովն ահա խրոխտ։ Անարգել մակընթացում. թիզ աո թիզ
Գրաւում, գրաւում … Մարմինի ,
Մտքի զարթնում մը քիչ-քիչ։ Վերազարթնումը սրտիս:
Շարունակելով այս մտերիմ զրոյցը կամ փոխասացութիւնը Սարաֆ-
եանի տողերուն հետ, պարզ է որ այստեղ ծովու շարժումին եւ իր ներաշ-
խարհին միջեւ զուգորդումէն աւելի բան մը կայ, միաձուլումի նման գոր-
ծողութիւն մը կը կատարուի, եւ ճիշդ այս պատճառաւ ալ կատարուած ինք-
նազննումը, զրոյցը, խոստովանութիւնը, եւայլն , ինքն իր հետ կը կատարուի
նաեւ, ծովուն հետ, կամ իր մէկ աւելի լայն եսին ։
Փորձառական այս երկար հոլովոյթը կարծէք կ’առաջնորդէ բանաստեղծի
վերածնունդին , վերամկրտումին՝ տագնապներու արտագնացումէն եւ դիմագ-րաւումէն ետք, եւ Սարաֆեան քերթուածը կը փակէ հետեւեալ տողերով.
Մերկ ահա ես, մեզ ծընոդ
Ծովուն առջեւ, կուրծքըս լայն, հովերուն դէմ … պաղ, հսկայ
Կանաչին մէջ յարափոխ:
Հրճուանք։ Ողջո՜յն իմ ներքին հակասանքիս, ողջո՜յն մեծ
Մակընթացման ողողող:
Ողջո՜յն ծովուն, որ այս նոր վերածընումըս օծեց։
Ծովուն դէմ մերկ է ան, անուղղակիօրէն, առասպելական մտածողու-
թեան յղումով՝ կարծէք ջուրէն մաքրուած, ջուրէն ծնած կամ ջուրին մէջ
մկրտուած: Քրիստոնէական հասկացութեամբ՝ ջուրով մկրտումէն սկսեալ
մինչեւ Ծովինարին ջուրէն յղացումն ու ծնունդը՝ առասպելական մտածողութեան կապուած բազմաթիւ արձագանգներ կ’առաջացնեն մեր մտածումներուն մէջ:
Սակայն այստեղ կայ յաւելեալ տարր մը՝ ենթակային ներքին հակասանքը, որ իր ծնունդին կամ մակընթացման նման ողջունելի է , այսինքն՝ ողջունումը ներքին հակասանքին, որովհետեւ զինք առաջնորդած է մտածումի, ինքնագիտակցման, գիտակցուած կեանք մը ապրելու:
Պէտք չէ մոռնալ , որ ոչ անպայման այլամերժ, սակայն իրարմէ բա-
ւական հեռու տարրեր եւ հակադիր ապրումներ, մտածումներ առկայ են իր
մէջ։ Վերջ ի վերջոյ , Սարաֆեանն է, որ նոյն բանաստեղծութեան մէջ տեղ
մը կ’ըսէ.
Կենդանութիւն, տեւական
Հակասութիւն էր, պայքար
Արեանըս մէջ յարաշարժ։ ճշմարտութեան մը վերջին
Չունեցան ձեւը երբեք
Խոհերը մեր։ Կը դառնան։ Կոհակները, կը Փըլին
Կըլափելով մէկըզմէկ:
Յստակօրէն նման կացութեան մը մէջ, վերջնական մտածում մը կամ
հոգեվիճակ մը կարելի չէ ակնկալել ։ Միակ ճշմարտութիւնը հակասանքն է,
յարաշարժ պայքարն է արեան մէջ, ինչ որ, Սարաֆեանի իսկ բնորոշումով,
կենդանութիւն է ինքնին ։
Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւնը նոյն ատեն լաւագոյն նմոյշն
Է ժամանակակից երկար բանաստեղծութեան: Խօսքը, բնականաբար, կը
վերաբերի հայ քերթողութեան: Այսինքն՝ երկար բանաստեղծութիւն մըն է, որ
ամբողջութեամբ կը տարբերի աւանդական դարձած քնարական կամ դիւցազ-
ներգական «պոեմ»ներէն։ Նախ՝ կը տարբերի իր կառոյցով, որովհետեւ կը
զարգանայ ներքին հոլովոյթի մը հիմամբ կամ մղումով, եւ ոչ պատմողական-նկարագրողական ձեւի պատումով: Եւ գուցէ իր ա՛յս նկարագիրին իսկ
պատճառաւ, կը յաջողի մտնել արդի մարդուն, սփիւռք ապրող հա՛յ մարդուն տագ-
նապներուն եւ ձգտումներուն շրջագիծէն ներս, կը փորձէ նոր շաջապատը հասկնալ, յարաբերութիւն ստեղծել անոր հետ եւ այդ հարցերը արտաքնացնել անհաւատալի անկեղծութեամբ եւ զարմանալի գեղեցկութեամբ մը։ Միաժամանակ, Սարաֆեան այս բանաստեղծութեան կու տայ խոստովանական նկարագիր մը, որ կը բխի իր դաժան խորացումներէն կամ ինքնազննումէն ։
Իսկ ինչպէս նախապէս խօսած էինք, տալով իր պատկերակերտումի
ձեւէն այլ օրինակ մը՝
Շարժում, խուժում, խօլ վիժում։ Ամպերն մեզի կը կառչին
Շուներու պէս։ Կը քալեն
Մեր ետեւէն՝ բիւր աստղեր, նաւուն ինչպէս կը կապուին
Ձուկերն արծաթ, շողալէն:
Կարծէք լոյսերն են՝ հըզօր տորմիղներու օդային։
Միմիայն Սարաֆեանի քերթողութիւնն էր, որ կրնար հետազօտողը
ըլլալ նման պատկերներու, ուր ինքնաշարժին հետեւող ամպերը անոր կը կառ–
չին շուներու նման, իրենց կը հետեւին բիւր աստղեր, նաւուն ետեւէն գացող
ձուկերու պէս, եւայլն … Պարզ է, որ այստեղ իւրաքանչիւր պատկեր, համեմա-
տութիւն ըլլայ ան թէ փոխաբերութիւն, յստակ զգայնութեան մը դիմաց
կը կենայ, հոգեբանական որոշ լիցքաւորում ունի, այսինքն՝ մտածում
մը կամ հոգեվիճակ մը լուսաբանող, համեմատական եզրեր գծող զարդ չէ։ Եւ նման յատկանշական տարրերու չենք հանդիպիր աւանդական պոեմներուն մէջ:
Ցարդ քննարկուած երկու բանաստեղծութիւններուն մէջ ներկայացւած ուղեւորութիւնները պարզապէս դրսեւորումներն էին ապրուած այն փոր–
ձառութեան, որ նոր միջավայրը կը բերէր, նոր իրականութիւնը, նոր կացութիւնը:
Ապրուստի այդ անձկութիւնը կամ տագնապը՝ գրեթէ իւրաքանչիւր
տողի մէջ կայ: «Հոսող ու անհիմ իրերու վրայ» հաստատուած այս նոր վայ-
րին ստեղծած հակազդեցութիւնը միշտ չէ, որ նախատեսելի է: Սարաֆեանի
սերնդակիցներԷն շատերու համար՝ պատճառ դարձած է իրենք իրենց մԷջ
քաշուելու, եւ անցեալին մէջ քարանալու: Միշտ կասկածոտ, միշտ հարցադրող
Սարաֆեանի հակազդեցութիւնը հետեւողական չէ: Ինչպէս ինք կ’ըսէ՝
հակասութիւն է, պայքար, արեանը մէջ … եւ «Ճշմարտութեան մը վեր-
ջին / Չունեցան ձեւը երրեք / Խոհերը մեր», սակայն իրեն համար, ներքին
հակասանքն անգամ ողջունելի տարր է եւ երեւոյթ:
Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն երկար բանաստեղծութեան
ամբողջ ընթացքը այդ հակասութեան տարբեր փուլերուն արձանագրումն է:
Սարաֆեանի տարբերիչ եզրը այն Է, որ չի վախնար այս նոր երկրամասը
հետազօտելէ, ի՛ր իսկ բառերով՝ «Ինչ որ կը տեսնես / ինչ որ կ՛իմանաս,
/ ԴանիԷլի դիմաց՝ / Ոսկի, անվընաս / Պառկող առիւծն է» , ինչ ոբ յստակօ-
րէն իր մօտեցումը ցոյց կու տայ նոր իրականութեան նկատմամբ: Գուցէ
այստեղ որոշ զարգացում մը նկատուի նաեւ, այսինքն՝ նոր քաղաքը, նոր
միջավայրը կրնայ անվնաս առիւծը չըլլալ, սակայն Սարաֆեանի խիզա–
խումը ինքնին դրական է:
Միջերկրականը այլեւս հանգչած կամ բիւրեղացած դրսելորումը կը
բերէ այս հոգեվիճակին: «Գնացք»ին արագ, նոյնիսկ խօլ ընթացքը չկայ այլ–
եւս, Տեղատուութիւնը համեմատաբար շատ աւելի բիրտ հակազդեցութիւններ բերած էր, իսկ նուաճուած նոր գետինը Սարաֆեանի համար տասնամեակներու մտերմութիւն ունի այլեւս:
Այստեղ պիտի չմտնենք «Միջերկրական»ի մանրամասնութիւններուն
մէջ, Պըլտեանի եւ Քիւրքճեանի ընթերցումները կամ քննարկումները լաւա–
պէս կատարած են այս աշխատանքը:
ինչպէս «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն» գործին երկրորդ շար-
ժումին (բաժնին) մէջ տեսանք, մեր Հայաստանցի եղբայրներուն բառերով՝
Սարաֆեանի քնարական հերոսը հասած է ծովուն դիմաց եւ երկա՜ր, խոս-
տովանութեան նմանող զրոյց մը կ’ունենայ անոր հետ, կ’արտաքնացնէ կար–
ծէք իր տագնապները, ինչ որ կը յանգի իր վերածնունդին:
Սարաֆեան յստակօրէն աւելի հանգիստ կը զգայ ծովուն մօտ, իսկ
Միջերկրականը իբրեւ հանդիպման վայրը Արեւելքին եւ Արեւմուտքին,
մանկութեան աշխարհին եւ իր նոր շրջապատին, տարբեր նկարագրի բազմա-
թիւ տարրեր կը միացնէ-մէկտեղէ-միաձուլէ իր մէջ: ճիշդ այս պատճառով
ալ «Յարութիւն է անցեալի», եւ՝
Հոս՝ հեռացածն է ներկայ եւ գալիքն է միասին,
Հին, նոր խինդեր միասին։ Այստեղ տեսածս է նման
Մանկութեան մէջ տեսածիս, մաքուր, խաղաղ, անսահման,
Եւ նման է ապագայ աշխարհի մեր երազին։
Այստեղ, այլեւս, ան տեսած է բոլոր քաղաքները, նախկին ակնկալու-
թիւնները նաեւ վերածուած են անցեալի, ինք կը տիրապետէ փորձառութիւն–
ներու ամբողջութեան մը վրայ, եւ ձայնին մէջ տաբեր հասունութիւն մը
գոյութիւն ունի:
Սակայն, նոյն ատեն Սարաֆեան գիտէ, որ տակաւին տարագիրն է,
եւ «անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ» իր շուրջ: Եւ պիտի ըսէ. «0 ինձ
ժլատ ճակտի գիր. / Մեծութիւններ մարդկային ցանկալ, սակայն տարա-
գիր / Շրջիլ, ոչ մէկ մեծութեան կրնալ կապուիլ սրտովին»:
Պատկերացուածը խորապէս ապրուած ողբերգութիւն մըն է , սակայն
որոշ խորհրդածական-խոհական ձեւով մը դիտուած , ժողովրդային ըսելա-
կերպով մը՝ այլեւս փիլիսոփայականօրէն ընկալուած: Տագնապ մըն է, որուն
հետ ամբողջ տարիներ ապրած Է Սարաֆեան, այս պատճառաւ ալ ան կրնայ
ըսել.
Նոր երազներ կան, սակայն ես երագել չեմ կրնար,
Ես չեմ կրնար աոաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին
Լուսինն է , լուռ երկինքն է նըման ներքին աշխարհին …
Աւելի ուշ շարունակելու համար•
Գրուած է , որ շարունակ, անվերջ տեսնեմ թեր ու դէմ,
Եւ Արեւելք, Արեւմուտք բաժնեն իրենց միջեւ զիս,
Մանկութենէս՝ միշտ նայիմ օտար ափէն իմ երկրիս
Եւ ըլլամ խորթ՝ իբրեւ հայ՝ խորթ աշխարհին նոյն ատեն։
Տարուբերումը տարբեր հոգեվիճակներու կամ կացութիւններու միջեւ,
եւ ապրումը խորթ զգալու իբրեւ հայ, «խորթ աշխարհին նոյն ատեն», որքան ալ խոստովանական եւ նոյն ատեն որոշ չափով հանգչած շեշտ մը ունենայ, անհա-ւատալի նրբութեամբ մը կը բանայ տագնապին ողբերգութեան խորութիւնը ։
Սակայն նախապէս տեսանք, որ այս ներքին հակասանքը ողջունելի է
Սարաֆեանի համար, իր հարցադրումներու բիրտ անկեղծութեամբ բացուած
երկար շարքը հասցուցած է զինք այս գիտակցութեան …
իսկ Սարաֆեան շատ լաւ գիտէ, որ չգիտակցուած կեանք մը չ’արժեր
ապրիլ։
1 Նիկողոս Սարաֆեան, Չափածոյ երկեր, խմբ. Յ. Քիւրքճեան, հրատ. Գ. Մելիտինեցի մրցանակի, Անթիլիաս, 1982։
2 Գ.Պըլտեան, Տրամ, ՊԷյրութ, 1980, Էջ 357-457։ Իսկ աւելի ուշ՝ Գ. Պըլտեանի երկրորդ թեզին Ֆրանսահայ գրականութիւն 1922-1972 Նոյնէն այլը (Երեւան 2017):
(3) Բացի Անջրպետի … վերջին կտորէն, որ «Ժամերուն երգը» խորագիրը կը կրէ եւ տարբեր չափեր ունի, հատորին միւս կտորները ունին 4-3, 4-3 / 4-3 չափերը:
Սարաֆեան, աւելի ուշ եւս, կարծէք աւելի հանգիստ կը զգայ 4-3 կամ 4-4-3 չափերով: