Յարութիւն Պէրպէրեան | Արահետէն աղտորի

Արահետէն աղտորի

Ամառ կը յուշէ,
թարխուն ու ծոթրին,
հազար բնական այլ ջերմ բոյրեր,
այս ձմեռնային
եղանակին մէջ՝
իր վառ շողերով մեզ գինովցուցած
օրը արեւոտ:

Կարծես կրկին կը քալենք
արահետէն աղտորի,
եւ սումմախի
կարմրաւուն ծաղիկները,
որոնք գիտեն իրենց ծոցին
այնքան բուրմունք,
այնքան համեր ամբարել՝
կ’արթնցնեն
զգացումներ անթեղուած:

Սէրս, աչքերդ
կը կայծկլտան վերստին,
եւ գլուխդ
հանդարտ կը հանգչի,
իմ կուրծքիս վրայ:

 

Աշնանային սիրերգ

Այդքան կանուխ լերկացած
անտառներու թէ փողոցի
թխկենիի ծառերուն մէջ,
աշնանային տերեւաթափի
համատարած ցանցին ինկած,
կարգ մը ծառեր, տակաւին
շքեղօրէն կը պահեն
իրենց ոսկին
եւ կարմիրը բոցեղէն ՝

ինչպէս որ դուն, սիրելիս,
ինչպէս որ դուն, սիրելիս:

 

Մի՛ նեղանար

Մի՛ նեղանար սիրելիս,
երբ հեռանամ,
այլեւս չըլլամ:

Ես կը մնամ մի՛շտ կենդանի՝
քանի կ’ապրիս,-
ես կը մնամ կոպերուդ տակ,
ես կը մնամ ջիղերուդ մէջ,

ես կը մնամ քու յուշերուդ
ամենախոր բջիջներուն,
եւ ուղեղիդ խոր ծալքերուն
մէջ թաքնուած:

Իսկ դուն եւս,
երբ որ մեկնիս՝
կարեւոր չէ
ով կը յիշէ մեզ տակաւին,

պիտի ապրինք
էակներուն մէջ, որ ծնանք
եւ հոն մնանք:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *