Արամ Հայկազ | Տիոնիկը

Արամ ՀայկազՏառադարձութեան ո՞ր անըմբռնելի օրէնքով Դամիանոսը Տիոնիկի էր վերածուած, կամ ինչու տուեր էին անոր այդ յունական անունը` այդ ես չգիտեմ. բայց գիտեմ, որ գիւղին մէջ ամէնքը կը ճանչնային մեր հերոսը` թուրքերը, հայերը, հելլէնները, կիները, այրերն ու չափահասները, բոլորը, բոլորը:
Սակայն ոչ ոք չէր հասկնար անոր հոգին, անոր լեզուն, անոր խօսքերուն, երգերուն ու շարժումներուն իմաստը, ինչպէս շուները, որոնք իր մտերիմներն ու սրտակից բարեկամներն էին ամէն ատեն, մանաւանդ, երբ գինով էր կամ` «շէն»:
Այս բառը իրն էր եւ կը բնորոշէր վիճակ մը, որուն մէջ կ’իյնան բոլոր այն խմանները, որոնք կը վախնան իրենց կիներէն, եւ մէկ ալ այն աղքատները, որոնց յաւիտենապէս ծակ գրպաններէն դրամ դուրս չի գար եւ որոնք ո՛չ վարկ ունին եւ ո՛չ ալ քիչ թէ շատ արժէք ներկայացնող միլթան, վարտիք, գլխարկ կամ տրեխ, որ գրաւ ձգեն ու յաւելեալ քանի մը գաւաթ «կենաց ջրով» իյնան այն երանաւէտ վիճակին մէջ, երբ, ոտքի վրայ մնալու կամ տուն երթալու անկարող, պիտի լոլիկնային պատի մը շուքին տակ` սպասելով, որ դարձող փողոցին հետ տուներնին վազելով գայ ու կենայ իրենց առջեւ:
Տիոնիկը այս վերջին բաժանմունքին մէջ իր պատուոյ տեղը ունէր: Արդէն գիւղը անոր հարուստ ըլլալը չէր տեսած: Ան միշտ փոր մը հացի աշխատած ու դիպուածով կամ քրտինքով ձեռք անցուցած դրամն ալ, սուրբերու կանթեղին ձէթ դնող մէկու մը բարեպաշտութեամբ, օղիի էր պառկեցուցած:
Կը պատմէին, թէ–քառասունն անցուկ ըլլալու էր ալ – իր երիտասարդութեան տարիներուն արտն ու արօրը սիրող մշակ մըն էր եղած: Բայց մենք չէինք տեսած այդ օրերը, որոնք ալ գիւղի պատմութեան սեփականութիւնն էին դարձած: Հիմա ան մեր ճանչցած գինով Տիոնիկն էր, որ ամէն իրիկուն, շուները գլխուն հաւաքած, կը խաղցնէր:
Զարմանալի ընկերակցութիւն եւ սէր ունէր անոնց հետ: Երբ օրը կը տարաժամէր, ու արեւը, բարտիներու անտառին կռնակը մտած, հասակ նետել կու տար անոնց շուքերուն, Տիոնիկը, կէս գինով – «շէն» պիտի ըսէի – բոպիկ, մազերը ճակտին ցանած, կ’անցնէր փողոցներէն: Շուները, առանց աւելորդ հրաւէրի սպասելու, կը կապուէին իր պոչին. թեթեւ, անաղմուկ, իրար հրելով, յաճախ լուրջ, առանց կատուներուն կամ չորս կողմերնին նայելու, կ’անցնէին փողոցներէն, որոնց անկիւններէն, պատտըկերէն, կտուրներէն, կալերէն, սպանդանոցէն եւ սայլերու շուքերուն տակէն, նոր անդամներ` ծերացած ու պաշտօնաթող գամբռներ, քոթոթներ, քաղքէն գիւղ բերուած ու լքուած անօթի, բայց ազնուազգի շնիկներ կու գային միանալ անոնց: Ծերերը` լերկ ականջներով, անօթիները` կախ ականջներով ու բրդոտ, աղտոտ մազերով, միայն երիտասարդ ու առոյգ շուներն էին, որ պոչերնին կռնակնին նետած` փողոցներէն վեհափառօրէն անցնող Տիոնիկին անմիջական կրունկին կը հետեւէին, իբր թէ անոր պատուարժան թիկնապահներն ըլլային: Միւսները, իրենց մեծանուն բարեկամին փէշերը հոտուըտալու փառքէն ու երջանկութենէն զրկուած, վերջապահի ու յետնապահի համեստ ու անփառունակ պաշտօնը կը կատարէին:
Երբ կ’ամբողջանար խումբը, Տիոնիկը կանգ կ’առնէր: Հպարտ զօրավարի մը գոհունակութեամբ կը նայէր իր հետեւորդներուն: Կը ստուգէր ներկայութեան տետրակը: Հոն էին Ասլանը, «Փէշէնկ Պաշին», Ղարօն, Զալըմը, Գուրչուլը, Շուտիկը, Տըլօն, Օքսօն, Քօմօն, Ղարա Ղուշը, Պօղարը ու տասնեակ մը անանուն, բայց կարեւոր ու յիշատակելի շուներ ու շնիկներ: Ու եթէ պատահէր, որ մէկը կամ միւսը փուռի մը տանիքին կամ ծառի մը շուքին տակ քնացած-մնացած ըլլար, բացակայ անդամին ի խնդիր, ամէնքով փնտռտուքի կը սկսէին:
Տիոնիկը Կլոր Ծակենց տանիքը կ’ելլէր ու ամուր, հնչեղ ձայնով – որուն արձագանգը ետ կու գար դէմի սարէն – կ’անուանակոչէր կորսուած անդամը, որ հեւիհեւ լեզուն դուրս ձգած, վախկոտ ու զղջացող յանցաւորի աճապարանքով կու գար, կը գտնէր իր տէրն ու եղբայրակիցները: Այն ատեն վճռական րոպէն կը մօտենար, եւ խումբը հանդիսաւորապէս կը շարժէր:
Տիոնիկը տան ճամբան կը բռնէր. անտեղէն կ’առնէր ջրուռիէ հիւսած մեծ, աղտոտ կողովը, որմէ ճենճի, արիւնի ու աղբի գարշելի հոտ մը կու գար: Զայն ուսը նետած` կը ճեղքէր բակը, կ’անցնէր գիւղը վերի ու վարի մասերու բաժնող մեծ առուին փայտէ կամուրջէն ու սպանդանոց կը հասնէր:
Հոն կախուած կ’ըլլային օրուան վաճառքէն մնացած թոքերը` անծեղներէն, ագռաւներէն ու պիծակներէն կտցահարուած ու փոշոտուած լեարդներով, կէսօրուան արեւուն տակ նեխած, գարշելի, սուր հոտով: Տիոնիկը, խռչափողներէն բռնած, ձողերուն վրայէն վար կ’առնէր ու կողով կը դնէր զանոնք, յետոյ ծունկի կու գար արիւն ու աղբ հոտող ճաթռտած գետնին վրայ, ուսը կ’առնէր կողովը ու դաշտ կ’իջնար:
Չինարի խոշոր ծառ մը կար գիւղի սահմանին վրայ, որուն տակէն անցնող առուն քերած ու բացած էր անոր դեղնագոյն ուժեղ արմատները: Հոն սեղան կը սարքէին: Տիոնիկը կը շրջէր կողովը, շուներու համրանքին չափ մասերու կը բաժնէր թոքերը ու անոնցմով կը մեծարէր իր հիւրերը:
Յետոյ մէջքէն կը հանէր ղավալըու անանուն եղանակ մը կը փչէր անոր վրայ: Շուները խաղալ կը սկսէին, խումբերու բաժնուած` կ’արշաւէին դաշտի լայնքին ու երկայնքին եւ կը չափչփէին արտերը: Ծոյլերն ու ծերերը, կիսախուփ աչքերով, գլուխնին թաթերնուն, կ’ունկնդրէին նուագը, մինչեւ որ մութը, հեռաւոր անտառի կանաչը սեւցնելով, իջնէր ու կապոյտ ու անթափանց սաւան մը նետէր դաշտին վրայ:
Գիւղէն հասնող ձայները կը դադրէին, մանիշակէ թեթեւ ու թափանցիկ մուխեր կ’ոլորուէին երկնքէն վեր, տանիքներուն վրայ, մարդիկ սիկառնին կը կարմրցնէին: Առուին ձայնը, մեծ խաղաղու-թեան մէջ ուժովցած, կարծես զովութիւն մը կը նետէր դաշտերուն, գիւղին, բլուրներուն վրայ: Ծառերու տերեւները, անշշուկ ու մեղմ դողով բռնուած, կը թրթռային օդին մէջ, եւ հեռաւոր դաշտի մը մէջ մակաղած որոճացող այծի մը բոժոժին կոտրած երգը կ’ընդհատէր խոր ու խաւար խաղաղութիւնը գիւղի գիշերին:
Շուները, գիւղի հսկողութիւնը պատրուակելով, կը մեկնէին մէկիկ-մէկիկ. գէթ հրաման առնելու կամ ներողութիւն խնդրելու քաղաքավարութիւնը ունենային…
Դաշտը կ’ամայանար: Տիոնիկի գլուխը` հաճելի թմրութեամբ ծանրացած, նախ` առաջ, յետոյ` ետ կ’իյնար չինարի մեծ բունին վրայ, ու քունը կը փակէր վերջացող օրը:
Ալոճի ծառերուն մէջէն կասկամները իրար կանչել կը սկսէին:
***
Բերդին տակ անոնք տուն մը ունէին, հին, խոշոր ու քառակուսի տուն մը` մութ, պաղ ու մռայլ՝ տարւոյն բոլոր օրերուն ու բոլոր եղանակներուն մէջ: Ստորաբաժանումներ չկային հոն, բացի մառանէն ու ալիւրի համար շինուած ամբարէն, որուն պարունակութիւնը Աստուած, մկները ու մէկ ալ Տիոնիկին մայրը գիտէին միայն: Չորցած, զզուելի, կարմիր մազերով ու գրեթէ երկուքի ծալլուած պառաւ մը այս մայր ըսուածն էր, որ մուրալու մոլութիւնը մշակած էր այն օրէն, երբ գիւղի քահանան յօրանջող փոսի մը ափին Տիոնիկի հօր վրայ կարդալէ վերջ հոգու հաց ուտել եկած էր անոնց տունը:
Տիոնիկը, որ մեռնողին կրտսեր որդին էր, գիւղերուն մէջ միայն բուսնող այն տիպերէն էր, որոնք հոգիով բարի ու մանուկ կը մնան, իրենց մազերուն ձիւն նստելէ ու ձայները ճերմկելէն ետքն ալ: Ծոյլ չէր ան. եղբօրը պէս աշխատանքէն չէր վախնար. հոս ու հոն, կալ կամ արտ, ուր որ գործ տային« մէջը կը նետուէր. ամուր, ծաւալուն մկաններ, հզօր կուրծք ու խոնարհ հոգի մը ունէր:
Իր ըմբռնած ձեւով Տիոնիկը յարգած ու սիրած էր իր մայրը, մինչեւ անոր մուրալ սկսիլը: Մեր վերնագիրը հօրմէն բան մը չէր ժառանգած, եթէ հաշուելու չըլլանք գիւղի արեւուն տակ սնուցած իր առողջ երիտասարդութիւնը. բան մը, որ շատ ընդհանուր էր մեր շրջանին մէջ: Տղաքը արտերուն մէջ կը բուսնէին կարծես, կ’աճէին սունկի անառակ ու աներես աճումով. քանի մը ձիւն, քանի մը հունձքի եղանակ, ութ-տասը տերեւաթափ, ու արդէն անոնք կրնային գութան բռնել կամ հօտը հովուել:
Այդպիսի միջավայրի մը կամ աղքատ գիւղի մը մէջ շատ ալ տեղ չունին օտար աշխատող բազուկները, բայց ասով հանդերձ անգործ չմնաց ան եւ միշտ ալ վաստակը տուն բերաւ:
Այն օրը, երբ արեւը հոգիին մէջ, իր առաջին վաստակը իշու մը վրայ դրած` տունը ձգեց, համբուրեց մօրը պարպուած մորթը, ձեռքերը, թոռմած այտերը, խոնաւ աչքերով պաղատեցաւ, որ ալ դռնէ դուռ չիյնայ:
– Ծօ՛, իշու չափ ես, չես ամչնար, մայրդ մուրալու կը ղրկես,- ըսեր էր իրեն գիւղացի մը:
Իր մանուկ ու մաքուր հոգիին շատ ծանր թուեր էր այս նախատինքը, որը սրբելու ջանաց իր բոլոր ուժովն ու բարեացակամութիւնովը: Ու երբ իր բոլոր-բոլոր ճիգերը ապարդիւն անցան, յուսահատ երդում ըրաւ, որ ալ բնաւ տուն պիտի չմտնէ մօրը քով, մինչեւ որ ան մեռնէր կամ մուրալէ դադրէր:
***
Անկէ ետք ալ ան չմտաւ ծանր աշխատանքի մէջ. «Երկու ձեռքերը մէկ բերանին համար պիտի աշխատէին». «Կռնակը որու որ դարձնէր, վրան քար մը դնող կ’ըլլար»: Առաւօտները մսագործներուն կ’օգնէր, տաւարները կը մորթէր, կը փչէր, միս կը կրէր, կէսօրները կը խմէր, հոս ու հոն կատակի ու քաշքշուքի նիւթ կը թափթփէր, իսկ իրիկունները շուն կը խաղցնէր ու կը քնանար:
Ասկէ սկսաւ իր բարեկամութիւնը անոնց հետ, որոնցմէ վերջ կամ առաջ – այդ որոշ չէ ինծի – ան կը սիրէր նաեւ… ազգը:
Այս բառը իր մէջ կը պարունակէր ամէն բան` ժամ, դպրոց, գերեզմանատուն, թաղական խորհուրդ, յեղափոխութիւն, երէցկին, պատրիարք (այս մարդուն գոյութենէն ալ լուր ունէր), ժամկոչ, հոգաբարձու, կրօն, վանքին էշը, բոլո՛ր այն բաները, որոնք, իր կարծիքով, ազգը կը ներկայացնէին:
Երբ անձրեւները կ’ուշանային, ու ցորենի արտերը, հազիւ հասակ նետած« կը դեղնէին` գլուխնին պատեաններու բանտէն չազատած, ու մեծ առուն կը քաշուէր, կը կծկտէր, կը նիհարնար ու մատ մը քալող ժապաւէն կը դառնար իր կաւէ անկողնին մէջ, գեղացիք իրար կ’անցնէին. անոնց աչքերը կը յոգնէին հորիզոնին վրայ կամ բլուրի մը կողէն դողալով բարձրացող ամպի կտորի մը ի խնդիր, անձկութեամբ կը սպասէին իրիկուններուն` արեւմուտքին վրայ կարդալու համար ճակատագիրը վաղուան օդին: Վարդագոյն ու հրաշալի վերջալոյս մը, արնագոյն հետք մը, կամ ակօս մը դէպի մահը քալող արեւու ճամբուն վրայ յայտարար նշան են վաղուան պայծառ օրուան, երբ արտերն ու մարգերը, կաթիլ մը ցօղի ի խնդիր, հազար աղօթք ու հազար կարօտ ունէին:
Այն ատեն գիւղին մեծերը` քահանան, ծերերը, գզիրն ու չգիտեմ ով, իրարու կու գային, կը խորհրդակցէին ու կը յայտարարէին մատաղի օր: Տէր Մկրտիչը ժամու դասէն կը ծանուցանէր օրը. գզիրը կ’երթար, կը գտնէր Տիոնիկը, որ միշտ ալ գինով կ’ըլլար:
– Տիոնի՛կ:
– Հը՛, աղա՛:
– Ազգը ժողով ըրաւ ու որոշեց, որ քեզ կարգէ:
– Ազգը ազատեցա՞ւ որ…
– Դեռ չէ:
– Է՛հ, ազգը չազատած` ես ինտո՞ր կարգուիմ. նախ` ազգը կ’ազատուի, ետքը ես կը կարգուիմ:
–Ուրեմն, եկուր թելլալմը պոռայ:
– Պոռամ, աղա՛, երթամ պոռամ:
Ու ճամբայ կ’ելլէր:
– Ծօ՛, հո՛ս եկուր, ի՞նչ պիտի պոռաս:
– Թելլալ:
– Բայց ի՞նչ պիտի ըսես:
– Ինչ պի’սե՞մ…
Ու կը քերէր գլուխը:
– Հիմա մտի՛կ ըրէ,- կը սկսէր գզիրը,- երկու ամիս է` անձրեւ եկած չունի, մենծերս իրար եկանք ու որոշեցինք, որ մատաղ մորթենք:
– Մորթենք,- կը ստորաgրէր Տիոնիկը երկիւղածութեամբ,- շուն ըլլամ զօրութեանը, մորթե՛նք:
– Շուն ըլլալու պէտք չունիս, մա՛րդ եղիր,- կը թելադրէր գզիրը,- հիմա լսէ՛, շաբաթ գիշեր` մութնուլուսուն, խազանները վրայ պիտի դնենք երկու եզ, չորս գառ: Հիմա գնա՛, պոռա՛. ետքն ալ եկո՛ւր, որ հետդ մէկտեղ մէկը տամ, երթաս փայտ ու պլղուր ժողվես տուներէն:
– Հասկցայ, աղա՛:
– Հիմա մէկ մը ինծի համար ըսէ տեսնեմ` ինչպէ՞ս պիտի պոռաս,- կը հետաքրքրուէր գզիրը:
– Հէ՜յ, հէ՜յ,- կը սկսէր Տիոնիկը:
– Ձայնդ պահէ՛ հիմա, կամացէ՛ն, կամացէ՛ն,- ու ձեռքովը ցոյց կուտար չափը գետնէն թիզ մը վեր:
Տիոնիկը նօթ մը վար կ’իջնէր: Բայց անոր ձայնը նորէն կը լսուէր ամբողջ գիւղին կողմէ, մինչեւ հեռաւորագոյն անկիւնները, ուր թուխս նստած խոշոր հաւերու պէս` հատ ու մատ տուներ կային թառած:
– Հէ՜յ, հէ՜յ, աղաները օրօշեցին արծեւի համար մատաղ մորթել, խազանը շաբաթ գիշեր վրայ պիտի դնեն, չորս էօքիւզ, երկու…
– Էօքիւզը պակսեցուր. երկու եզ, չորս գառ ըսի քեզի,- կ’ընդմիջէր գզիրը:
– Երկու հէզ, չորս…
– Եզ ըսէ, ծօ՛, հէզն ի՞նչ է:
– Հէզը հէզ է, աղա՛, էօքիւզ:
– Աղէ՛կ, գիտցածիդ պէս պոռա°:
Տիոնիկը, դասը սորված, ճամբայ կ’ելլէր:
– Երկու էօքիւզ, չորս գառ, երկու էօքիւզ, չորս գառ,- կը կրկնէր ան ինքնիրեն` մագլցելով բլուրն ի վեր, որուն կատարին հնադարեան հսկայ արտուճ մը շուք կը բանար:
Այդ շուքին տակ կանգ կ’առնէր ան, կը բանար գլուխը, կը հազար եւ հագագին ու թոքերուն բոլոր առողջ ուժովը կը պոռար, կը պատմէր աղաներուն որոշումը, եզներուն, գառներուն քանակը, յետոյ` մոռցուած, բայց կարեւոր յետ-գրութեան մը պէս, խրատ կու տար ժողովուրդին, որ պօլտան ամէն բան, քանի որ Աստըծու եւ ազգին համար էր:
Գզիրը անոր պէս մէկ-երկու հատ ալ ճարած կ’ըլլար արդէն ու անոր հետ կը խառնէր` տուներէն հաւաքտուքը ընելու համար: Ան ու իր նախորդ պաշտօնակիցները երբեք ալ նեղութիւն չէին քաշած ազգին ծառայելու մշտապատրաստ անձեր գտնելու մէջ. կը բաւէր, որ Եօթնաղբիւրը իր ջուրը ջրվիժէր գիւղի սահմանագլխին վրայ. ով որ խմէր անկէ, կա՛մ խենթ կ’ըլլար կա՛մ` ազգասէր:
Ահա թէ ինչո՞ւ մեր գիւղացիներուն կէսը մէկէն էր, կէսը` միւսէն:
Երբ հաւաքտուքի եւ հանգանակութեան աշխատանքները կը վերջանային, ու քահանային աղօթքին հետ մեղրամոմի բարակ ձողիկները, արցունք թափելով, կը սպառէին մատաղցուներու կոտոշներուն վրայ, Տիոնիկը գօտիէն կը հանէր դանակը, եւ արիւնը կը ֆշշար, օճախները մխալ կը սկսէին, ժամուն կոչնակը կու լար կամարին տակ, այրերը կը խաչակնքէին, կիները` թաց ու ճմռթկած դէմքերով, կ’աղօթէին, հորիզոնին վրայ կ’երեւար ամպի կտոր մը, յետոյ` ուրիշ մը, անոր փակած` ուրիշ մըն ալ` աւելի սեւ ու ջրոտ, որ կը նաւէր կապոյտին վրայ, կը տարածուէր, կը լայննար, մինչեւ ժամու գմբէթին վրայ կու գար: Երբ մատաղի շոգին բարձրանալ սկսէր, անձրեւը քանի մը հատիկ կը նետէր բերանաբաց եռացող կաթսաներուն մէջ:
Անձրեւը կը յորդէր: Տիոնիկը, գլուխը բաց, դուրս կ’ելլէր անոր տակ: Ճահիճին մէջ պառկած գոմէշի մը գոհունակութեամբ կը քթթէր աչքերը, երակներուն մէջ կ’երգէր օրհնեալ զովութիւնը անձրեւին, ու վեր` ամպերէն ալ վեր, անձրեւը ղրկողին ուղղելով` կը պոռար.
– Տո՛ւր, Աստուա՜ծ, տո՛ւր օխտն օր, օխտը գիշեր աղքատին՝ արտին, հարուստին՝ ամբարին, տո՛ւր, Տէ՜ր, տո՛ւր:
Եւ արտերը ցնծալ կը սկսէին:

***
Անգամ մը՝ գարնան, երբ դեռ նոր յայտարարուած էր պատերազմը, գիւղին մէջ երիտասարդ չմնաց: Ոգեւորութիւնը մեռաւ. սուգը ներս մտաւ տուներէն, ու դաշտերուն մէջ աշխատանքը սպաննուեցաւ:
Վանքը, որ գիւղի ձախին փռուող դաշտերու ծայրին նստեր էր երկրաչափական խրթին խնդիր մը լուծող խոշոր աշակերտի մը լրջութեամբ, առանց հովուի մնաց: Վանահայրը` երիտասարդ ու կտրիճ արմաշցի ուսանող մը, ցեղին ցաւով ու հոգերով զբաղուած, պահիկ մը մոռցեր էր Սրբազան տան նիւթականին կապուած բոլոր աշխատանքները: Ան յաճախ ձի կը նստէր` քաղաքի իշխանաւորներուն տանելու համար խնդրանքներ, առաջարկներ, պահանջներ ու բողոքներ: Զինուորագրութեան խիստ հրաման մը ուսուցիչներն իսկ շարքերուն կը կանչէր: Չէր խնայուեր նոյնիսկ բազմանդամ ընտանիքներու միակ մաճկալին: Պէտք էր անոնց փրկութեան աշխատիլ:
Ու այս հոգերով ու անձկութեամբ բեռնաւոր օրերուն մէջ շքեղ գարուն մը կը փթթէր: Արեւը ջերմ էր, երկինքը` անամպ, հողերը` յղի, օդը` գաղջ ու թափանցիկ: Հազար կանաչի մէջէն գարունը ձայն կու տար: Ձնծաղիկները շոգեպատ գետիններուն մէջէն աչք կը բանային: Եւ ուլերն ու գառնուկները նախշուն խմբերով փոստիկ կը նետէին արեւուն տակ` մացառներու առաձգական ճիւղերը հոտուըտալով:
Բայց գարունը, անոր բուրումն ու բերկրանքը գիւղին մէջ չէին, այլ` դուրսը, լեռներուն, դաշտին, անտառին, քալող ջուրերուն մէջ, հոն, ուր մարդիկ չկային, հրամայողներ ու հնազանդողներ չկային, իր նմանները ջարդելու համար զէնք առնողներ չկային:
Գիւղին օդը մղձաւանջի պէս ծանր էր ու անտանելի: Վանքի հօտին համար ճրագով մարդ կը փնտռէին: Տիոնիկը յիշեցին: Նախ կասկածեցան անոր բանի դեղ ըլլալուն վրայ. թեր ու դէմ կարծիք յայտնողներ եղան, բայց վերջապէս գզիրը գնաց, գտաւ զայն ու տխուր գոյներով վանքին վիճակը նկարագրեց անոր:
– Ազգին տունն է, Աստըծու տունն է, հօտն անտէր է: Ազգը քեզի կը նայի:
Տիոնիկի աչքերը արցունքոտեցան: Երբեք հայ ազգին ճակատագիրը այդքան մութ չէր թուած իրեն, եւ ինք երբեք մտքէն իսկ չէր կրցած անցընել, թէ ի՞նչ մեծ դեր էր վերապահուած իրեն` այդ ճակատագիրը արեւոտելու նուիրական գործին մէջ: Անմահութեան եւ նուիրումի վարդագոյն ու լայն ուղի մը կը բացուէր իր առջեւ…
Յաջորդ օրը չխմեց: Գնաց եղբօրը «մնաք բարով» ըսելու: Այնքա՜ն յուզուած էր, որ ներեց մօրը եւ քովը հանդիպեցաւ` անջատումէն առաջ օրհնութիւնը առնելու: Անտառ ելաւ: Կաղնեփայտէ հաստ մահակ մը կտրեց: Գտաւ Ասլանը, իր հետ մինչեւ չինարի ծառին տակ տարաւ: Հոն՝ գետնին վրայ, նստեցան քովքովի:
Տիոնիկը տրեխները ջուրը դրաւ, թրջեց, կարկտեց, կապերն ու սռնապաններն ամրացուց. Ասլանին հետ խօսեցաւ, ազգին ենթարկուած աղիտալի վիճակը բացատրեց անոր, կարծիքը հարցուց: Յետոյ անոր նոր պաշտօնին մանրամասնութիւնները թուեց, բացատրեց, հասկցուց լեզուով մը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կու տանք հոս.
– Հօտին առջեւէն պիտի քալես, պոչդ` կլոր ու կռնակիդ: Գայլերը շուքէդ ու ձայնիդ սարսափէն ձագերնին պիտի վիժեն որջերնուն մէջ, պիտի հսկես գիշեր ու ցերեկ, աչքիդ մէկը` բաց, մէկը` գոց, երբ քուն ես… Հա՛, պիտի մոռնայի, վանքը քեզմէ զատ ուրիշ շուներ ալ ունի. ախպօր պէս պիտի ապրիս անոնց հետ. մէկ դրան շուն եղաք ա՛լ: Հիմա ալ տեսնեմ, առջեւս ինկի՛ր, երթանք:
Ու գացին քովէ քով, փոշոտ ու արեւահար ճամբէն դէպի վանք:
Տնտեսուհին իր աղջկան օգնութեամբ արդէն նորածին գառներն ու ուլերը վարժեցուցեր էր կլիմաներու փոփոխութիւններուն: Զատեր էին բոլոր կթմանները եւ ծերունի հովիւի մը յանձներ զանոնք:
Խոյերը, թոխլիները, նոխազներն ու բոլոր ամուլ այծերն ու ոչխարները համրեցին ու Տիոնիկին յանձնեցին:
– Երեք հարիւր եօթանասուն երկու հատ է,- ըսաւ վանքի վերակացուն,- երկուք ալ կթան այծ կու տանք քեզի, որ հացդ չոր չմնայ, կ’ըլլայ 374: Նայէ՛, որ աշնան լման վերադառնաս: Աղէ՛կ տէր եղիր շուներուն: Հօտը ծարաւ չձգես, արեւուն տաքնալէն առաջ ջուրը իջեցո՛ւր, շուտ-շուտ աղ տո՛ւր: Շաբաթն անգամ մը աղըխդ պօլ-պօլկը ղրկենք:
Ծերուկ քահանայ մը բակին մէջ օրհնեց հօտն ու հովիւը: Վանքին շուները, արդէն մտերմացած Ասլանին հետ ու զուարթ, որ արշաւանքի եւ արկածախնդրութեանց մեծ օրը հասած էր այլեւս, անհամբերութեամբ հոս ու հոն կը վազէին:
Հօտը ճամբայ ելաւ, նախ` խառն, անկանոն, յետոյ` հանդարտ, երկար ու նախշուն գիծ մը դնելով դաշտի կանաչին վրայ:
Օդը պայծառ էր ու գաղջ: Արեւը կը շողար ժամու գմբէթին վրայ, եւ սպիտակ աղաւնի մը զանգակատան կամարին տակ բոյն կը դնէր:
***
Արեւը ձորերուն մէջ շուք ձգած էր, երբ անոնք հասան առաջին կայանը՝ ծնրադիր ուղտերու հսկայ կարաւանով մը շրջապատուածի պէս կանաչ բլուրներով եզերուած գոգաւոր անսահման դաշտ մը: Հորիզոնին վրայ կ’երեւէր անտառներու խիտ կանաչը` պղտոր սեւով երանգաւորուած: Հովտին ամենացած ու պատսպարուած մէկ խորքին վրայ մակաղատեղին էր եւ հովիւին տունը` յարդծածկ տանիքով:
Մեծ ու անվրդով խաղաղութեան մէջ հեռաւոր ու քաղցր երգի մը պէս կու գար չգիտես ո՞ր քարերու մէջէն աճապարող ջուրի մը արծաթ ձայնը: Հովկուլ մը կախուած էր օդին մէջ, ու արեւը յամրօրէն կը քալէր դէպի արեւմուտք` անընդհատ խոշորցնելով իր սկաւառակը, որ հալած արծաթի փայլով կը շողար: Յետոյ մթնող անտառին մէջ սուզուեցաւ, ու բլուրներու կատարներէն ոսկեփոշին սրբուեցաւ:
Առաջին ճամբորդութիւնը յոգնեցուցիչ էր եղած հովիւին ու հօտին համար, որ կանգ առաւ, ծնրադրեց գաղջ ու կանաչ հողին վրայ ու որոճալ սկսաւ:
Տիոնիկը բացաւ մաշլախըու պառկեցաւ վրան: Կը նայէր երկինքին, որ կապոյտ էր ու անամպ, միայն արեւմուտքին վրայ քանի մը թրթռուն ու թափանցիկ բամպակի դէզեր` ոսկիով ու մանիշակով ներկուած:
Հետաքրքիր այծիկ մը հոտուըտաց անոր ականջը ու երկար մօրուքն ու անհանդարտ պոչը շարժելով` խորհելու գնաց: Ասլանը Տիոնիկի ձախին, սրունքները սիւներու պէս տնկած, հեռուն` հորիզոնին վրայ« խտացող ու սեւնալ սպառնացող մանիշակին կը նայէր: Միւս երկու շուները քով-քովի, գլուխնին թաթերնուն, հօտին հետ պառկած, կը հանգչէին խաղաղութեամբ:
Օրը կը տարաժամէր: Բացուեցաւ մախաղը, թարմ լաւաշ, պանիր, սոխ. թասը քակեց գօտիէն, իրեն տրուած գորշ այծը գտաւ. տաք կաթը փրփրեցաւ մետաղին մէջ: Ճաշեց ախորժակով, սոված մարդու անյագ անկշտութեամբ, շուներուն բաժինները տուաւ ու ակը իջաւ լուացուելու: Սիկառ մը ոլորեց ու ծխել սկսաւ: Արտահանած մուխը` գորշ ու կլոր, օղիին սրուակը յիշեցուց. անոր կարօտը յորդեցաւ սրտին մէջ: Միտքը գնաց օղետան ու իր խման բարեկամներուն. փորձեց գուշակել, թէ այդ պահուն ի՞նչ կ’ընէին անոնք: Ցաւով անդրադարձաւ, թէ գիւղէն որբացած շուները ի զուր պիտի սպասեն իր աւետաբեր երեւումին. արդէն կը տեսնէր անոնց շուար ու անճարակ թափառումը փողոցներուն մէջ. հաւանաբար մինչեւ դաշտ ալ իջնէին` զինքը որոնելու: Մտածեց անծեղներէն ու պիծակներէն կերուած թոքերուն վրայ, չինարի ծառին, իր ջրուռիէ կողովին վրայ. հիմակ, որ ա՛լ մինակ էր ու դաշտին մէջ, ո՞ւր պիտի կռթընցնէր իր գլուխը: Չինարի ծառը մինակութենէն պիտի չդողա՞ր այդ ու շատ մը յաջորդ գիշերներ…
Խաղաղութիւնը դաշտին մէջ աւելի մեծ ու տիրող դարձաւ, հեռաւոր ջուրին ձայնը` աւելի աճապարող, հնչեղ, զով:
Խաւարը, յամրօրէն սողալով, վար իջաւ լեռներու կատարներէն ու պարուրեց իր շրջապատը: Աստղերը թարթել սկսան:
Տիոնիկը ղավալը շրթունքներուն դրաւ: Երբեք այդքան տխուր ու այդքան երկար չէր նուագած. հօտը հաւաքուեցաւ իր շուրջ ու շէնցուց հոգին: Մենութեան ցաւը մեղմացաւ: Յիշեց Ազգը, որուն համար նոյնիսկ հոգին տալու ընդունակ կը կարծէր ինքզինքը: Երկնքին նայեցաւ. աստղերը աւելի փայլուն ու լուսաւոր թուեցան իրեն: Գեղեցիկ գտաւ դաշտի գիշերը: Հօտը առաջնորդող այծին կոտոշներէն կապ մը ամրացուց եւ թեւին կապեց, որ, երբ հօտը մեկնէր գիշերով, արթննար ու հսկէր անոր ճամբուն:
Հորիզոնը կը շառագունէր, երբ արթնցաւ:
– Ասլա՛ն,- ըսաւ` խօսքը շունին ուղղելով,- ի՞նչ կը խորհիս տնտեսուհիին աղջկան մասին:
Ասլանը անուշադրութեա՞մբ, թէ՞ դիտումով չհասկնալու եկաւ:
– Ծօ՛, շո՛ւն շան որդի,- բարկացաւ Տիոնիկը,- քեզի՛ կ’ըսեմ,- ու բռնելով անոր ականջէն` ապտակեց դունչին:
Ասլանը լեզու չելաւ:
– Գուցէ չե՞ս ճանչնար:
Ասլանը ճանճ մը կլլեց ու տղու մը պէս, որ դպրոցի բանտէն փողոցը խաղացող ընկերներուն զուարթ աղմուկը կը լսէ, անուշադիր էր ու վրդովուած:
– Կ’ըսեմ` ի՞նչ կարծիք ունիս տնտեսուհիին աղջկան մասին. ան, որ նոր գուլպաներ տուաւ ինծի մեր հոս գալէն առաջ:
Անտառի եզերքէն աղուէս մը փախաւ: Վանքին շուները արշաւանքի սկսան: Ասլանը, առիթէն օգտուելով, միացաւ հալածանքին:
Խօսակցութիւնը մնաց կիսատ: Հօտը հեռացած էր ճարակելով:
Անոր կոտրտած ու յարաշարժ գիծը անհետացեր էր` բլուրի մը կողէն վար հոսելով: Շատակեր այծ մը, ետի ոտքերուն վրայ ծառացած, տոտիկներէն երկուքը ալոճի մը բունին, տերեւ կը հնձէր բերնով: Երկնքէն արագիլ մը կ’անցնէր` լայն թեւերը բացած:
Օրուան այն պահն էր, երբ եղնիկները իրենց ձագերը ջուրը կ’իջեցնէին:
***
Ամէն ուրբաթ օր, հովիւին շաբաթական պաշարով բեռնաւոր, վանքէն մէկը կու գար:
Արդէն յունիսի վերջին օրերն էին, ու տաքը գիւղի դաշտերէն վեր` մինչեւ արօտատեղին էր հասած: Հաւանաբար, մօտ օրէն երկրորդ լեռը մագլցելու հրամանը գար վարէն: Անգամ մը, որ հոն հասնէին, ա՛լ շէնլիքիմէջ պիտի ըլլար Տիոնիկը: Հոն էին մեղուատունը, կթմաններուն հօտը, պանրատունը եւ վերջապէս` մարդիկ, կիներ: Թերեւս երբեմն ալ հնարաւոր ըլլար ոչխարի` կրակը ձգուած կողիկի մը հետ գաւաթ մըն ալ օրհնած ջուր ճարել:
Տիոնիկի մտածումները լուսցան, ու բերանը ջրոտեցաւ: Շփեց ձեռքերը ու ղաւալը շրթունքներուն դրաւ: Սիրոյ եղանակ մը կը նուագէր` հօտը ջուրը իջեցնելու համար.
Չօպա՛ն, փչէ՛ ղաւալդ,
Չօպա՛ն, հուր է սրտիկդ.
Աղուորները ջուրը կ’իջնան,
Չօպա՛ն, դարձո՛ւր տաւարդ…
Արեւը կը մագլցէր անընդհատ: Ոչխարները, իրար հրմշտկելով, շարքի կեցան առուի ափին եւ դունչերնին թաղեցին ջրին մէջ: Այծերը` ամենէն առաջ տեղ հասած ու ամենէն առաջ յագեցած, պղտորեցին ակը: Տաքը ճնշող ու սպառնալից դարձաւ: Շուները, լեզունին կախ, կը հեւային արեւահար դաշտին հետ: Մէկէն հաչել սկսան: Ասլանը մնաց իր քով: Վանքին բնիկները թռան ու անհետացան հորիզոնէն, որ բլուրով մը ընդհատուած էր ու կարճ:
Նեղ ու կողմնակի ուղիի մը վրայ գծուեցաւ նախ իշու մը պատկերը` իբրեւ նոր դարու Յիսուս` վրան թառած վանականի մը սեւ զգեստին հետ, ու անոր քով` քալող շքեղ կակաչի մը պէս ալ հագնուած` կարմրաթուշ աղջիկ մը:
Շուները` զուարթ ու խենթ, կը նետուէին անոր հասակին, կը լիզէին անոր ձեռքերը, տրեխները, կը հոտուըտային փէշերը, մազերը, ոտքերը:
Վանականը` անտեսուած ու մինակ, վար իջած էր էշէն ու երկարատեւ հեծքէն յոգնած` կը կաղար աջին:
Տիոնիկը, գտակը ձեռքին մէջ դարձնելով, դէմ գնաց: Անոր հետեւեցաւ Ասլանը, յետոյ ճերմակ ականջներով գառնուկ մը` իբրեւ վերջապահ:
– Օրհնեցէ՛ք, Տէ՛ր հայր:
– Աստուա՛ծ օրհնէ, զաւա՛կս, հօտը ինչպէ՞ս է:
– Շա՛տ աղէկ:
– Գայլերը չերեւցա՞ն բնաւ:
– Չէ՛, Տէ՛ր հայր: Միայն մէկ անգամ:
Աղջիկը խուրճինը վար կ’առնէր խոնջէնքէն ականջները կախած իշուն կռնակէն: Հովիւը, անոր օգնելով, իր հասակին բարձունքով` կարմիր ու թոյլ շրջազգեստին բացուածքէն ներս, մորթին ճերմակութիւնը կարդաց աղջկան. դոյլին մէջ փրփրող կաթին սպիտակութիւնն էր կարծես ցաթած վրան:
Հովիւին խելքը գնաց: Ուրախ եղաւ, որ գործը վերջացաւ շուտով: Ժպտեցաւ գառնուկին, որ կակաչին փէշին էր փակած ու զատուելու միտք չունէր:
Նստեցան մարգին վրայ քով քովի, քահանան, ինքը, աղջիկն ու շուները` իրենց կարօտած տիրուհին գտնելնուն ուրախ:
– Կ’ըսէի, Տէ՛ր հայր,- սկսաւ Տիոնիկը,- գայլեր չեկան, բացի այն մէկ անգամէն, երբ մեր հասնելու երրորդ օրը քիչ մնաց, որ թոխլի մը պիտի տանէին: Ասլանն ու Զալըմը սաղ ըլլան, մէջքը կոտրեցին անաստուածին. մորթը չորցուցեր եմ, պահեր, որ հետս վանք բերեմ աշնան: Տե՛ս, Զալըմին ձախ ականջը կարճցած է քիչ մը. կռուին օրը գայլերը ծամեցին: Մինչեւ իմ հասնիլս, արդէն գետը անցած էին անոնք, շներն ալ անոնց ետեւէն ջուրը զարկին, յետոյ գայլերը ետ դարձան: Եօթը հատ էին: Ես վերէն կը տեսնէի, հաւար կու տայի վազելով: Սոսկալի կռիւ էր. շուները, շրջապատուած, կռնակնին արտուճներու տուած, երեք կողմով պաշտպանուելով, դիմադրեցին, մինչեւ իմ գետը հասնիլս: Գիտե՞ս որքան ճամբայ է էշերու հրապարակէն մինչեւ գետը: Կարճ ըսեմ, Տէ՛ր հայր, յաղթեցին: Մէկ հատը շան սատակ գետին փռեցին, միւսները փախան գացին. ան երթալն է, ա՛լ չերեւցան:
Զալըմը, կարծես հասկցած, որ խօսակցութիւնը իր շուրջ կը դառնար, պոչով գետինը աւլել սկսաւ: Խելացի, հարցական աչքերով նայեցաւ աղջկան, որուն շոյող ձեռքը կ’անցնէր անոր ողորկ գլխուն վրայէն:
Յետոյ, երբ արեւուն հուրքը մեղմացաւ, եւ լորերն ու հովկուլները դուրս եկան շուքերու զովութենէն, անոնք գացին: Գացին այնպէս, ինչպէս որ եկած էին նեղ ճամբէն` հաց ու արեւ բերելով հետերնին:
Տիոնիկը մինչեւ ակը հետեւեցաւ անոնց: Յետոյ, ցուպին յենած, երկա՜ր, երկա՜ր նայեցաւ անոնց մեկնող ձեւերուն, մինչեւ որ հեռաւորութեան մէջ փոքրացան, շրջագիծերնին ու ձեւերնին կորուսին, աղօտացան, գունատեցան ու հալեցան վերջապէս:
Շուները սկսան հատ-հատ վերադառնալ: Է՛ն առաջ եկաւ Ասլանը. յետոյ` Բողարը, աւելի ուշ` Զալըմը` լեզուն դուրս ձգած, հեւալով, դժգոհ, ցասկոտ: Եկաւ կրակի պէս, կանգնեցաւ հովիւին դէմ ու հաջեց դէմքին: Հաջեց լացակումած, անհաշտ: Յետոյ նորէն վազեց ձորն ի վար, միշտ հաջելով, միշտ դժգոհ, կարծես ըսել կ’ուզէր. «Ինչո՞ւ ետ չես կանչեր տիրուհի՛ս: Ես կանչեցի, բայց չեկաւ: Ե՛տ կանչէ զանոնք, ե՛տ կանչէ, տիրուհի՛ս, ե՛տ կանչէ, ե՛տ կանչէ…՚
***
Լուսնկան` մենութենէն ու սարսափէն դեփ-դեղին դարձած, ներս նայեցաւ անտառի լռութեան մէջ աղօթքի կեցած եղեւնիներու կատարներէն: Թեթեւ ու ճերմակ ամպ մը նաւելով անցաւ անոր առջեւէն, պղտորեց պաղ լոյսը ու կորաւ:
Կապոյտը այնքա՜ն խոր ու մաքուր էր հիմա, որ կանաչորակ լայն ծիր մը` քնացող լճի մը մէջ յանկարծ ինկող քարէ մը ծնած ալիքի գծին պէս թրթռուն ու բոլորակ, կը քալէր լուսնին շուրջ ու լուսնին հետ: Կասկամ մը կանչեց, ու հեռաւոր թուփի մը վրայէն սոխակ մը կիսատ ու սրտակեղեք երգ մը սուլեց ու լռեց:
Լուսողող դաշտը կը քնանար խաղաղութեամբ: Հօտն ու շուները պառկեր էին: Տիոնիկը տխրեցաւ` առանց պատճառը գիտնալու եւ երգել ուզեց: Բոլոր երգերը չափազանց զուարթ ու ոստոստան թուեցան անոր: Նախանձեցաւ աշուղներուն« որոնք գիտէին իրենց հոգիներուն յուզումը ձեւաւորելու եւ բառերու մէջ դնելու գաղտնիքը: Զալըմն ու Ասլանը քովը կանչեց ու փայփայեց:
– Շողիկը շա՞տ կը սիրէիր, Զալը՛մ… Հապա դո՞ւն, Ասլա՛ն:
Յետոյ բացաւ նոյն օրն իսկ անոր բերած ծրարը, պանիր, գաթա, խաշուած հաւկիթ, սոխ, քանի մը կուտ ձիթապտուղ, անուշեղէններ: Խածաւ պատառ մը ու հաճոյքով ճաշակեց: Կտոր մը տուաւ Ասլանին, յետոյ` Զալըմին.
– Հը՛, կերէ՛ք, դո՛ւք ալ նայեցէք համը. Ա՛ն է շիներ, տիրուհի՛դ, Զալը՛մ: Շողիկը, անունին պէս ինքն ալ աղուոր է:
Միտքը ինկաւ անոր կրծքի բացուածքէն ներս տեսած պատկերը: Ձեռքը անցուց ճակտին վրայէն: Փակեց աչքերը պահ մը, նայեցաւ հեռուն, երկինքին ու հորիզոնին իրար հանդիպած տեղը, ուր քանի մը տժգոյն աստղեր կը փայլփլէին, եւ ուրկէ մեկներ էին անոնք` իրենց բերած արեւը հետերնին ետ տանելով:
Ինչքան լա՜ւ էին երգին բառերը.
Աղուորները ջուրը կ’իջնան,
Չօպա՛ն, դարձո՛ւր տաւարդ:
Ե՞րբ պիտի գար աշունը, որ տաւարը վանք դարձնէր ու հաւատարմօրէն, հաստատօրէն կապուէր վանքին դրան ու Շողիկի շուքին` շուներուն պէս, շուներուն հետ, ինքն ալ խոշոր, խոշոր, բարի շան մը պէս:
Բախտաւոր չէի՞ն վանետան աղաւնիները, որոնք Շողիկին հետ, մէկ կտուրի տակ բոյն էին դրած:
***
Յաջորդ օր որսորդի սեղմ ու թեթեւ տարազով հագուած մարդեր անցան բլուրներէն: Նոր, անծանօթ դէմքեր` բազէներով, բարակներով, ձիերով, արեւուն տակ շողացող հրացաններով, փամփշտակալներով ու սարքերով: Անտառները հրացանաձգութեան որոտէն դողացին ու սգացին սարսուռով:
Տիոնիկի հոգին խռովեցաւ: Շուները հաջեցին անընդհատ: Գիշերը- տարօրէն պայծառ ու խաղաղ ամառնային գիշեր- հրացաններու որոտը աւելի նուաղուն ու աւելի կասկածելի դարձաւ: Դաշտի հիւսիսամասին վրայ երկինքը ներկուեցաւ բոսորագոյն, աստղերը հալեցան ու կորսուեցան այդ պղտոր կարմիրին մէջ:
Տիոնիկը չփորձեց քնանալ: Օդին ու երկնքին մէջ չար ու անըմբռնելի բան մը կար, որուն ինչ ըլլալը չգիտէր ինք: Հօտը կը ճարակէր վճիտ աստղերուն տակ` զով օդին մէջ, միշտ յարաշարժ, միշտ անկուշտ:
Լուսադէմին, երբ արեւելքը անորակելի երան•ներով կը թրթռար, ու աստղերը հատ-հատ կը տժգունէին, հովիւը բլուրներու ամենաբարձրին կատարը մա•լցեցաւ` հիւսիսի կասկածելի կարմիրը մեկնաբանելու:
Դաշտին վրայ երեւցան ձիաւորներ: Անոնց քառատրոփ արշաւանքին աղմուկը դիմաւորել գացին շուները: Ծուխի շերտ մը հեծեալի մը գրկէն, պայթիւն մը, ապա ուրիշ մը, երրորդ մը: Եւ շուները կաղկանձելով ինկան արնաթաթաւ …
Երբ արեւը շողաց դաշտերու ցօղին վրայ, ո՛չ հովիւ կար, ո՛չ ալ հօտ դաշտին մէջ…
***
Յուլիսեան արեւի հուրքէն կարծես պիտի բոցավառէին թփիկներն ու հոս ու հոն թառած վայրի տանձի ու ալոճի ծառերը, երբ Տիոնիկը, անտառի անկոխ ու ուժեղ բուսականութեան մէջէն նապաստակներ ու փայտփորներ փախցնելով, հասաւ երրորդ արօտատեղին:
Վախկոտ, զգուշաւոր քայլերով աղբիւրին մօտեցաւ: Վրանները քանդուած էին, դռները` բաց, ծուխը՝ կտրած տանիքներէն… Ա՛լ չէին լսուեր գամբռներու խռպոտ հաջոցը, հովիւին կանչը, կիներու աշխատանքին զուարթ ու կենսաբոյր աղմուկը, միայն աղբիւրն էր, որ մամռոտ գուռինմէջ կ’երգէր զուարթ: Խոշոր, հովանուտ ուռին շուք ձգած էր ջուրի ժապաւէնի մը եւ մեղուատան վրայ, որուն պատին տակ կաղ ոչխար մը կ’որոճար ծուլօրէն: Միակ կենդանի շունչը այդ ընդարձակ արօտատեղիին:
Տիոնիկի սիրտը լեցուեցաւ անսահման թախիծով: Յիշեց հին, շէն ու կենսուրախ օրերը, չինարի ծառը, իր հօտը, իր շուները, իր Ազգն ու Շողիկը, օղետան բարեկամները… Եւ պղտորեցան աչքերը, մօրուքին վրայ թափեցան արցունքները` յորդ, խոշոր կլոր կաթիլներով, գաւազանը ինկաւ ձեռքէն:
Ու այդ խոշոր ու յուսաբեկ տղան, ցնցելով ուսերն ու գլուխը, աւերի ու կոտորածի այս սգաւոր պատկերին առջեւ լացաւ դառնօրէն:
Ու չկար մէկը, չկար մէկը, որ սփոփանքի բարի ու յուսադրիչ խօսք մը ըսէր անոր:
***
Լուսնակ գիշերով Տիոնիկը լուռ, ամայի դաշտերուն մէջ, ճամբաներու եզրին հանդիպեցաւ մեռելներու` զարնուած, շնականօրէն մերկացուած ու խեղանդամուած կիներու, մարդոց, հեռաւոր, պաղ լիալուսնին նայող պատանիներու եւ մանկան մը, որուն գլխէն արիւն էր հոսած: Անոնց բոլորին համար արցունք ունեցաւ: Վարը` արօտատեղիին մէջ, գտաւ Բողարին ու Զալըմին դիակները՝ խեղճ ու արիւնաթաթաւ: Ասլանը չկար: Կանչեց բարձրաձայն, բայց իր դողացող ձայնին արձագանգները պատասխանեցին միայն: Զարմացաւ:
Ամբողջ ամառը Տիոնիկը լեռներու եւ անտառի մենութեան մէջ ճարակելով ապրեցաւ: Դէմքը դեղնեցաւ մինչեւ աչքերուն սպիտակուցները: Փորը մեծցաւ յղի կնոջ մը պէս, ուսերը կորցան, ու ոսկորները մաշած հարուստներու տակէն դուրս նայեցան:
Եւ անուժ, յոգնած ոտքերով գիշեր մը, երբ ցուրտը անտանելի դարձաւ աշնան դէմ, ան գիւղ իջաւ:
Որքա՜ն շատ բան էր փոխուած հոն… Հեռուէն ան տեսեր էր իր գիւղը, որ իրն էր, իր ընդհանուր ձեւերուն մէջ, բայց երբ ներս մտաւ, տարբեր էր պատկերը. Որքա՜ն տուներ, որքա՜ն ծառեր չկային, որքա՜ն տուներու մէջ կեանք, ճրագ ու ծուխ չկար…
Սիրտը բերանը հասաւ, յամրօրէն անցաւ իրենց տունին առջեւէն, ուր ուրիշներ սեղան կը նստէին հիմա: Յիշեց մանկութիւնը, մայրը, եղբայրները: Անցաւ կացինահարուած պարտէզներու պատերուն տակերէն, քարերը շրջուած ու աւերակ դարձած գերեզմանատան ու ժամուն քովէն: Եւ լալու անսահման փափաք մը ողողեց սիրտը: Արցունք չեկաւ, սակայն, աչքերէն: Հոգիին մէջ դանակ մը խաղաց:
Պատի մը տակ Տիոնիկ ուժասպառ նստած մնաց երկար: Տղայ մը ճչաց երկար, ու տան մը պատուահանը միականի մարդու մը պէս գիշերին նայեցաւ: Մրմռալով շուն մը անցաւ իր քովէն, ու գոմի մը խորքէն աքաղաղ մը կէս գիշերը շեփորեց:
Պարտէզի մը քովէն անցած պահուն Տիոնիկ տանձեր գողցաւ ու կերաւ սոված մարդու ախորժակով` ջուրերը աղտոտ մօրուքին վազցնելով: Թմրութիւնը պատեց զինքը, գլուխը ծանրացաւ. լուսինը խաւարեցաւ մէկ անգամով, ու Տիոնիկ քնացաւ խոր քնով:
Երբ աչքերը բացաւ, շուն մը, քովը նստած, ոսկոր կը կրծէր: Շուարած մնաց հոն: Գիւղացիք կ’անցնէին ու կը դառնային դանդաղ, անվճռական քայլերով, ապշած կը նայէին այդ մարդուն` աղտոտ ու ծերուկ այդ օտարականին, որ ուռած, դեղնած դէմք եւ անսահմանօրէն խոշոր փոր ունէր: Կը նայէին անոր մազերուն ու մօրուքին, որոնք կարծես տարիներով օճառ ու սանտր չէին տեսած: Չէին ճանչնար այդ մարդը: Գաղթականի մը կամ թափառաշրջիկ հիւանդի մը տեղ դրին զայն: Նոյնիսկ բարի ու երիտասարդ թրքուհի մը, թերեւս սիրահար, լաչակին տակէն հաց մը տուաւ անոր:
Տիոնիկը հիւանդ էր ու չկրցաւ ուտել զայն: Քաշքշուելով մինչեւ սպանդանոց գնաց: Կեանքը չէր փոխուած հոն, միայն հայ մսագործները չկային, եւ քանի մը նոր շուներ ու մեծցած քոթոթներ կ’երեւէին:
– Օ՛շտ, օ՛շտ,- ըսաւ կռնակը իրեն դարձուցած թուրք մը, յետոյ իրեն ուղղելով,- ներողութիւն, հայրենակի՛ց, շուն կարծեցի քեզ:
Տիոնիկը չշարժեցաւ տեղէն ու չպատասխանեց: Եւ նայեցաւ անոր տխուր ու յոգնած հայեացքով. աչքերը տամկացան:
Պատանի մը գորշ այծ մը բերաւ: Բռնած էր անոր վզին մորթէն ու կը քաշէր դանակին քով: Կենդանին կը դիմադրէր, տոտիկները կը խրէր հողին մէջ ու չէր ուզեր գալ: Գալարուն կոտոշներուն մէջէն ականջներն էին կախուած լայն ու գունաթափ տերեւներու պէս, ու անոնցմէ մէկուն վրան Ս. Ն. նշանատառերը` հրացած երկաթով խարանուած:
«Սուրբ Նշան»,- կարդաց Տիոնիկը: Իր այծն էր, իր կթմանը, որուն առողջ ու կենսաբեր կաթը այնքա՜ն երջանիկ օրեր փրփրեր էր իր` հովիւի թասին մէջ:
Պատանին յաղթեց այծին դիմադրութեան: Գրկեց անոր ոտքերէն ու գետին զարկաւ: Կենդանին կը մաքառէր իր բոլոր ուժով, կը շարժէր ոտքերն ու գլուխը` կոտոշներով հողը փորելով: Ու երբ դանակին կապ-տաւուն շեղբը կարմիր ներկուեցաւ արիւնով, շուները չորս կողմէն թափուեցան մորթուողին վրայ ու սկսան լափել տաք, շոգի արձակող արիւնը: Այդ պահուն, չես գիտեր ուրկէ, եկաւ անոնց միանալ դանդաղ ու վեհափառ քալուածքով ծերուկ գամբռ մը: Բերան մը, երկուք արիւն լակելէ վերջ յանկարծ կանգ առաւ, գլուխը վերցուց, օդը հոտոտեց ու ինքն իր վրայ դառնալով` նետուեցաւ Տիոնիկին վրայ: Թաթերը դրաւ ուսերուն ու սկսաւ լզել անոր դէմքը, վիզը, հոտոտել անոր շունչն ու քղանցքը… Յետոյ պառկեցաւ անոր ոտքերուն տակ ու անսահման կարօտով լեցուն իր խելացի անասունի նայուածքը յառած իր տիրոջ դէմքին` սկսաւ մղկտալ:
Տիոնիկի արցունքը հեղեղի պէս վար` իր աղտոտ մօրուքին վրայ կը թափէր, երբ ան, ճանչնալով իր շունը, սկսաւ խօսիլ անոր հետ.
– Ասլա՛նս, տղա՛ս, եավրո՛ւս…Ի՜նչ օրերու ես մնացեր ինծի պէս, ի՜նչ օրերու… Ի՞նչ ըրին թաթիդ, ո՞ր գազանը վնասեց թաթիդ…
Կը թուէր, թէ Ասլան մոռցած էր իր կաղութիւնը ու այն սգաւոր օրը, երբ այնքան անակնկալօրէն չար մարդիկ եկան ու գնդակներով բաժնեցին իր տէրը իրմէ…
Ի՞նչ փոյթ այդ բոլորը… Բաւ էր, որ հիմա գտած էր զայն. Ա՛լ բնաւ, բնաւ պիտի չբաժնուէր անկէ, պիտի չկորսցնէր զայն… Յաւիտեանս պիտի պառկէր անոր ոտքերուն տակ ու շարժէր պոչը…
Թուրքերը զարմացած կը նայէին այս տարօրինակ զոյգին ու չէին կրնար լուծել հանելուկը: Ուրկէ՞ ուր այս տարօրինակ բարեկամութիւնը այս օտարական մուրացիկին ու իրենց ծանօթ շան մէջ… Շուն մը, որուն սարսափը գիւղի սահմաններէն հեռու կը պահէր գայլերն ու գողերը:
Մսակիր Սուլէյմանը, ճաղատ ճակատը սրբելով, մօտեցաւ անոնց, մօտէն դիտեց մարդը ու «Տիոնիկն է, կեավուռ Տիոնիկն է»,- ըսաւ քովիններուն:
Թուրքերը բաներնին ձգեցին ու հետաքրքրութեամբ մօտեցան ստուգելու:
Կասկած չկար: Սուլէյմանի գիւտը ճիշդ էր: Մօտեցան ու փսփսացին իրարու հետ:
Քիչ ետք, երբ Սուլէյման շուկայ միս տանելէ վերադարձաւ, իր հետ եկան երկու ոստիկաններ ու իրենց հետ Տիոնիկը տարին ոստիկանատուն: Ճամբան ան կը քալէր գլուխը կախ ու մեղմ ձայնով կը խօսէր ինքնիրեն` չես գիտեր ինչ:
Պահականոցի դրան առջեւ ամբողջ օրը պառկած էր Ասլանը ու գլուխը դրած թաթերուն ու ակնարկը դրան` կը հսկէր:
Ոստիկանները արգիլեցին անոր մուտքը շէնքէն ներս, բայց չկրցին զայն հեռացնել դրան առջեւէն:
Երեկոյեան դէմ, երբ արեւը մարը մտնելու մօտ էր, ու մուէզզինը հաւատացեալները աղօթելու կը կանչէր, Տիոնիկը Նահատակի ձորը իջեցուցին ու գնդակահարեցին:
Ա՛լ այդ օրէն վերջ Ասլանը չերեւցաւ գիւղին ու սպանդանոցին մէջ: Գիշերները ձորէն անոր ոռնալու ձայնը կու գար գիւղ:
Շաբաթը չլրացած` կտրեցաւ այդ ձայնն ալ:
Գարնան, երբ արագ հալող ձիւնին պատճառաւ ջուրերը յորդեցան, Տիոնիկին ու Ասլանին ոսկորները իրար խառնեցին ու քշեցին տարին իրենց հետ:
1927, մայիս

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *