Ա.
Երաժշտութեան ընկալուչը գլխուն՝ Արէն մայրամուտին կը քալէր անտարբեր ու մտազբաղ: Այնքա՛ն բան կար անոր մտքին մէջ, որ խճողուելով այդ ամենուն մէջ, իր ունեցած խնդիրներուն ոչ մեկը լուծման կը յանգէր:
Արէն երբ տեսաւ, որ երկինքը մանուշակագոյն է, իսկոյն սթափեցաւ, անջատուեցաւ զինք զբաղեցնող մտքերէն եւ ուզեց պահ մը զգալ բնութեան կատարելագործութիւնը, որ կարծես արհեստավարժ նկարչի մը նման վրձնած էր Արամի փողոցի երկնահորիզոնը:
Ան սկսաւ վայելել բնութեան սքանչելագործ գեղեցկութիւնը, մշտադալար ծառերու կանաչին խառնուող վարդագունամանուշակագոյնը: Արէն կանգ առաւ իր անվերջակէտ հապճեպէն ու պահ մը նստաւ հանրային պարտէզի նստարանին վրայ: Աչք մը նետեց անցնող-գացողներուն վրայ: Սիրահարած զոյգ մը մօտեցաւ. նստելու պարապ տեղ կը փնտռէին կարծես, սակայն պիտի խուսափէին ոեւէ մեկուն քով նստելէ, վասնզի առանձին խօսակցութիւն մը պէտք էր ունենային: Առնուազն այդպէս կը թուէր անոնց դէմքերէն:
Շնիկները կը խաղային, կը թռվռային Արէնի նստարանին յետնապարտէզին մէջ, ամեն ինչ կատարեալ կը թուէր մարող արեւի մանուշակագոյն ցոլքերուն տակ: Շուտով, սակայն, պիտի վերանար այդ գունեղ պատկերն ու փոխարինուէր իրիկնային կապտութեամբ, որ դարձեալ Արէնը պիտի յիշեցնէր իր առօրէական խնդիրներուն մասին:
Արէն անձնական խօսակցութիւն մը պէտք է ունենար մեկու մը հետ եւ կարծես թէ անկէ կը խուսափէր, իսկ մութն ընկնելուն հետ՝ ան աւելի ճնշուած կը զգար՝ իրեն ոչ հաճելի զրոյցը վարելու, եւ կարծես թէ փախուստ կը փնտռէր այդ ամենէն…
Ի վերջոյ Արէն որոշեց չթափառիլ աջ ու ձախ եւ ողղուիլ տուն՝ մտածելով, որ վաղը նոյն ժամերու սահմաններուն աւելի ծառաշատ վայր մը կ’այցելէ՝ հանգստանալու եւ մտքերը ցրելու:
Բ.
Դպրոցը նոր աւարտած մատղաշ մանչ մըն էր Արէն, ով իր կեանքի այս կարճ փորձառութեամբ յենուած էր հաւատալու արդարութեան ու բարիի յաղթանակին: Կեանքի նոր մարտահրաւէրները զինք կը սպասէին, սակայն, իր ճանապարհի անկիւնադարձին: Ան պէտք է կողմնորոշուէր, թէ որ մասնագիտութեան ուսանողը պէտք է դառնայ եկող սեպտեմբերին: Սեպտեմբեր մը, որ աշնան գալստեան հետ պիտի բերէր Արէնի կեանքի գարունը: Կային նաեւ կողմնակի խնդիրներ, որոնք կը զբաղեցնէին Արէնի գլուխը: Ըլլալով ընտանիքի միակ զաւակը՝ ուրիշներու պէս շփացած ու երես առած զաւակ մը ըլլալու փոխարէն՝ ընդհակառակն էր. այնպիսի հոգեվիճակ մը ունէր, որ կարծես ընտանիքին ողջ բեռն իր ուսերուն վրայ նստած էին: Արէնը միշտ կը յուզէր իր ծնողներու բարօրութիւնը. կ’ուզէր, որ անոնք միշտ լաւ ու ապահով զգային ու անոնց երեսներուն վրայ մշտապէս գծագրուէր գոհունակութեան մեղմ ժպիտ մը, որ կը զովացնէր Արէնի հոգին՝ ամառնային պաղ խմիչքի մը պէս:
Դպրոցը ոչ այդքան փայլուն գնահատանիշերով աւարտած Արէնը, քիչ մը կը վրդովէր զինք սպասող համալսարանական ապագայէն: Կը մտածէր՝ արդեօք ճիշդը սրտի՞ւ ընտրութիւն կատարելն էր, թէ այնուամենայնիւ հասարակութիւնը գոհացնող ճանապարհներով երթալը: Ե՛րբ, ի՛նչ պէտք էր ընէր, ո՛ր մեկը որմէ առաջ պէտք էր կատարէր… Այս ամենը կը ծանրացնէր անոր գլուխը, ուստիեւ չէր կրնար բիւրեղ մտածել եւ ճիշդ եզրայանգումներ ընել:
Արէն որոշեց նամակ մը գրել իր ամերիկաբնակ զարմիկին եւ ինչ-ինչ խորհուրդներ խնդրել անորմէ: Սակայն շուտով պիտի վհատէր՝ մտածելով, որ հեռաւոր ափերու վրայ ապրող իր ազգականն ինչքանո՞վ պիտի ընկալէր զինք ու գնահատէր իր պայմանները՝ ըստ միջավայրին: Այդուհանդերձ, Արէն սեւագիր նամակ մը գրեց իր օրագրին մէջ՝ անկախ անկէ, թէ յետոյ կ’ուղարկէ, թէ ոչ: Նամակին բովանդակութիւնը բաւականին կոկիկ էր. սկսած էր Զաւէնի եւ անոր ծնողքի որպիսութեան հարցադրումով, ապա երեւանեան կեանքի հակիրճ նկարագրմամբ, որմէ ետք արդէն բուն նիւթին շուրջ խօսելու եւ խորհրդատուութիւն հայցելու, վերջաբանը՝ Աստուծոյ օրհնութիւններով:
Գ.
Գիշեր էր, երբ Արէն իրենց տան պատշգամբը նստած՝ մտքով ու հոգւով կը սաւառնէր ի տիեզերս: Պայծառ աստղեր կ’երեւէին հեռաւոր շափիւղագոյն երկնքին մէջ: Դիտելով այդ աստղերը՝ Արէն անջատուած կը զգար ինքզինք իր շրջապատէն: Աստեղազարդ մութ այդ երկինքը կարծես թէ յիշատակարան մը ըլլար եւ իւրաքանչիւր աստղ պատմութիւն մը ունենար պատմելու:
Արէն յանկարծակի յիշեց իր վաղեմի ընկերոջ երգիծական խօսքը. «Սիրելի՛ս, աստղերը կը յուշեն, բայց չեն պարտադրեր»: Ու զգաց, որ կարօտցած է իր այդ հարազատին, որ արտագաղթած էր տարի մը առաջ:
Ետքը, Արէն ներս մտաւ, գիրք մը քաշեց իր սենեակի գրադարանէն ու դարձեալ ելաւ պատշգամբ՝ զայն կարդալու: Մի քանի տող կարդալէ ետք, Արէնին աչքին զարկաւ դիմացի կողմը երեւացող շէնքի երկրորդ յարկին պատուհանը, ու սկսաւ հետաքրքրասիրութեամբ ուսումնասիրել, թէ ինչ կը կատարուի այնտեղ: Պատուհանէն կարմիր լոյս կ’երեւէր, Արէն մտքէն ըսաւ. «վստահ խնճոյք մը կազմակերպած են, ձայն չի լսուիր, բայց կարծես թէ մարդ մը կանգնած կ’երգէ, կողքին ալ աղջիկ մը՝ կը պարէ»: «Վստահ որ հաճելի երեկոյ մը կ’անցընեն այդ յարկաբաժնին հրաւիրեալները», – մտաբերեց Արէն: Ու մտքին մէջ սկսաւ պատկերացնել, թէ նման աւանդական երիտասարդական խնճոյքներուն մարդիկ ի՛նչ կ’ընեն: Հաւանաբար մարդիկ հաւաքուած են այդ տան մէջ, երաժշտավար մը հրաւիրած են, ալկոհոլային խմիչքներ կը մատուցեն, որուն կ’ուղեկցի թեթեւ ուտեստ, պանրային տեսականիի համտե՞ս գուցէ… Միացած պիտի ըլլար նաեւ երգաբառերուն հետեւելով երգեր երգելու ծրագիրը, որուն կրքոտ աղջիկները մեծ բաւականութիւն ստանալով մասնակցելու էին եւ ինքզինքնին պահ մը բեմին վրայ փայլող երգչուհիներ զգալու էին: Միւս կողմէն ըմպելարանի յենասեղանին վրայ կանգնած, կարճ փէշ հագած ու դէմքը լաւ մը շպարած աղջիկ մը պիտի ըլլար, ով փորձ պիտի կատարէր գինեմատոյցին հետ անձնական խօսակցութիւն մը ունենալ: Ինչքան ժամը ուշանար ու խմիչքի գաւաթը վերալցուէր, այնքան պիտի անկեղծանային այդ երկուքը եւ իրարու ի՜նչ ըսես պիտի պատմէին՝ ի նշան մտերմացման: Օրիորդն իր նախկին անյաջող անձնական յարաբերութիւններուն մասին պիտի խօսէր՝ ակնկալելով, որ գինեմատոյց երիտասարդը խորհուրդներ տար եւ մխիթարական խօսքեր ըսէր: Օրինակ՝ պիտի ըսէր. «ո՜, այսքա՜ն գեղեցկութիւն… Եթէ քու հետդ այդպէս վարուած է, ուրեմն վստահ եղիր, որ ան արժանի չէ քեզի»: Իսկ աղջիկը կրքոտ ժպիտով մը իր գոհունակութիւնը պիտի յայտնէր տղուն՝ այդ սիրալիր վերաբերմունքին համար: Երաժշտավարին շուրջն ալ նման պատմութիւն մը պիտի գոյանար: Փայլուն զգեստներով գեղուհի մը պիտի մօտենար ու կենար անոր գլխուն վրայ՝ հետաքրքրութեամբ դիտելով անոր ձայնասկաւառակային խաղերը, տակաւ առ տակաւ անցնելով՝ իրարու աչքերուն մէջ նայելու հայեացքներու փոխանակման վարժանքին: Երաժշտավարը պիտի զգար, որ գեղուհին զինք կը սիրահետէր ու քթին տակէն մեղմ ժպիտ մը պիտի գծէր ու շարունակէր իր գործը՝ շարժավարելով նուագիչն ու սկաւառակները:
Աղջիկը տակաւին այնտեղ պիտի մնար եւ ուսումնասիրելով երաժշտավարին հագուստն ու կապուստը պիտի նշմարէր, որ ան օղ մը ունի ականջին վրայ: Պահ մը ինքզինքին հարց պիտի տար օրիորդը. «Արդեօք միասեռակա՞ն է աս տղան»: Շուտով, սակայն, պիտի հրաժարէր այդ կարծրատիպէն ու հասկնար, որ արդուզարդով դատելն ու պիտակելը հազուադէպ է որ իրականութեան համապատասխանի…
Հրաւիրեալները տարբեր խմբերու բաժնուած պէտք է որ ըլլային. մեկ կողմը խուռներամ բազմութիւն մը, տղոցմէ ու աղջկանցմէ բաղկացած, մեծ սեղանին շուրջ նստած ծաղր ու ծիծաղով, բաժակաճառերով ժամանակ պիտի անցընէին: Միւս կողմը գարեջրի շուրջ հաւաքուած փոքրաթիւ տղաք նստած պիտի ըլլային, որոնք իրենց մէջ տղայական խօսակցութիւններ պիտի ունենային, այլոց ծաղրէին եւ հպարտանային, որ իրենք տակաւին ամուրի են… Անդին աղջկանց խումբ մըն ալ պիտի ըլլար, ուր խօսակցութեան նիւթը բացառապէս կանացիականն էր. սկսած մազերու, մաշկի խնամքէն մինչեւ դրացիներու մասին բամբասանքներն ու տարաձայնութիւնները. ո՛վ որու հետ է, ո՛վ զով կը սիրէ, ո՛վ որու արդէն «նախկինն» է, ո՛վ ուրկէ գնում կ’ընէ եւ ո՛ր վարսավիրին կ’երթայ…
Միջանցքին մէջ, պատին տակ, տկար լուսաւորութեան պայմաններու ներքոյ, նոյն այդ սիրահարած զոյգը, որ երեկ հանրային պարտէզին մէջ կը զբօսնուր, հոս, բոլորի աչքերէն հեռու, զգացմունքային ողջ կիրքերով, իրար տրուած, կը համբուրուէին: Կարծես թէ ողջ գիշերը իրենցն էր, եւ ոչ ոք ու ոչ մեկ բան կրնար խանգարել զիրենք:
Դ.
Արէն արթնցաւ. արշալոյս էր, ինքզինք գտաւ իրենց պատշգամբի ճօճուող աթոռակին վրայ, կարդացած գիրքը կիսաբաց ընկած կրծքին վրայ, քիչ մըն ալ պաղած: Ան սթափեցաւ, մէյ մը հեռուն նայեցաւ, այն շէնքի պատուհանին, ուր իրիկունը կը դիտէր, ու ի՞նչ տեսնէ. ընդամենը գովազդային հսկայ ցուցանակ մը, որ բարձր կանգնեցուած էր այդ շէնքի սեմին, որուն վրայ պաստառ մը կար՝ կարմիր յետնամասով, կը գովազդէր խնճոյքի երեկոյ մը: Կարմիր պաստառին մէջտեղը երգչի մը նկարը կար, որուն քով կար նաեւ մասնակից երգչուհիի մը նկարը: Իսկ վերը՝ արհեստական փայլուն աստղերու կոյտ մը կը կամարէր անոնց գլուխները: Ստորեւ գրութիւն մը կար, ուր նշուած էր տուեալ պարահանդէսին մանրամասնութիւնները. հաւանաբար օրն ու ժամն ու վայրը, որ անտեսանելի էր արդէն հեռուէն նայող Արէնի համար:
Արէն հասկցաւ, որ կէսգիշերն անց իր տեսած՝ կարմիր լոյս ճառագայթով պատուհանը ո՛չ այլ ինչ էր, քան այդ հսկայ կարմիր գովազդային պաստառը, որուն վրայ գիշերային աղօտ լոյս կը զարնէր:
Միեւնոյնն է, հանդերձ ամեն ինչի, թէկուզեւ ինքնախաբէութեան, Արէն այդ գիշեր ներկայ գտնուեցաւ այդ խնճոյքին, գինի ու պանիր համտեսեց, ու լսեց այդ բոլոր խօսակցութիւններն ու երգերը: Այդպէս ալ չիմացաւ, սակայն, թէ արդեօք գինեմատոյցն ու յանդուգն օրիորդը կամ երաժշտավարն ու գեղուհին զիրար տուն տարի՞ն, թէ չհասունացան անոնց յարաբերութիւնները… Արէն չիմացաւ այդ հարցումներուն պատասխանները, վասնզի ան կանուխ լքած էր այդ խրախճանի վայրը:
Երեւան, 19 յուլիս 2020