Յարութիւն Պէրպէրեան | Աւստրալիա – Կապոյտ լեռներ

Յարութիւն ՊէրպէրեանԵս կը լսեմ աղեխարշ աղաղակներ եւ շշուկներ ձորերէն:
Կապոյտ, Կապոյտ լեռներու
անպարագիծ շղթային մէջ ընկղմած եմ՝ հմայուած:
Կանաչ անտառներ կարծես կը քաշեն,
կ’ընդելուզեն զիս իրենց խորութեան,
կապոյտ մութին մէջ:
Այո, շշուկներ կը լսեմ այրող,
կարծես հալածուած ոգիներն են
երկրի ջնջուած բնիկ, հարազատ
լաւ զաւակներուն՝ խառնուած հողին
եւ հարուստ ու խիտ բուսականութեան:
Թերեւս Երեք քոյրերու ցաւն է,
որ մշուշին հետ հոն կը ծաւալի՝
ծածկելով տխուր ճշմարտութիւններ.
կը տեսնեմ հովէն
կամ դուրսէն հասած խուլ հոսանքներէն
մարմինը իրենց՝ քերծուած, մաշած,
եւ մտածումներ՝ մութ ու ցաւալի,
ջրվէժներուն հետ
կը հոսին անդուլ:
Ձորի յատակին
անտառներուն մէջ,
խիտ, տարաշխարհիկ
բուսականութեան գիրկը յանձնուած,
կարծես լեռներու աղիքներուն մէջ
կը շարժինք դանդաղ,
եւ աւելի սուր, աւելի ցնցիչ
ձայներ կը հասնին զիս վրդովելու:
Նման անհանդարտ ձայներ լսած եմ
հոն ուր ես հիմա կայք հաստատած եմ,
որտեղ բնիկներ միշտ ֆոլքլորային
իրենց փետուրէ գլխանոցներէն,
տոտեմներէն եւ նորօրեայ
իրենց սահմանուած շրջագիծերէն
կ’ուզեն դուրս գալ,
խլուած, հողային իրաւունքներուն վերատիրանալ
եւ թմբկահարել
ողբերգութիւն մը, որ մարդիկ լսեն:
Իսկ մեծ հայրերս
աւելի բիրտ աղէտներու
արձագանգը կը բերեն,
եւ մենք անհեթեթ նոյն ժխտումի
պատին կը բախինք …

Հոս՝ բնակելի, ծանօթ աշխարհին ծայրամասն է.
Այո, ամէն ինչ տարբեր կը թուի:
Երկար կտուցով թեւաւորներու,
կաչաղակներու, փելիքաններու
խժալուր ու սուր ճռինչն է ամէնուր:
Դեռ կան ծովափներ
անհաւատալի
գեղեցկութեամբ մը օժտուած,
եւ մութ կապոյտ տխրութիւնը կայ
Կապոյտ լեռներու:
Այս հակասական իրականութեանց
դիմաց կը փորձեմ
մտածումներս եւ ապրումներս
գէթ հակակշռել,
դեռ եզրեր գտնել հաւասարումի:

Փաստօրէն հոս գոյատեւած է
կենդանական ու բուսական
յատուկ աշխարհը,
պահած ինքնուրոյն դիմագիծը իր,
միմիայն բնիկ որդին այս երկրի
վտանգուած է …

 

 

Կերպընկալէ, թափանցիկ

Կերպընկալէ, թափանցիկ
խոշոր շերտ մը
ովկիանոսի ալիքներուն
հանդարտօրէն կը ծփար:

Եթէ մարդկային
մարմին մը ըլլար՝
պիտի խեղդուէր
եւ տարրալուծուէր
աղի ջուրերուն,
կամ կեր՝ ձուկերուն,

սակայն այնտեղ էր
եւ պիտի մնար
դարեր շարունակ,

խեղդելով առողջ
կեանքը ծովային
մեզի՛ համար իսկ
այնքան կենսական
եւ առաջնային:

 

 

Շրջում

Չորութենէն, քրտինքէն,
ձմեռնային ձեռնոցիս
ծալլուած հինգ մատները՝
պահարանի դարակին մէջ դեռ կը ննջեն
եւ կը կարծեն ձեռքերս են:

Անցեալի հին կօշիկներս
ոտքիս ձեւը դեռ կը պահեն,
կը պահպանեն
տառապանքն ու յուշերը

անցած դժուար ճամբաներուս,
դեռ կը կարծեն կրնան քալել
կամ կեանք մ’ապրիլ
առանց ինծի …
եւ թերեւս ճիշդ այն կ’ընեն:

Իսկ ես նոյնպէս
կը կարծեմ, թէ
անցեալին պէս
կրնամ շրջիլ այնքան ազատ
եւ անկաշկանդ:

 

Խաչեալին նման

Տարի՞քն է սա,
թէ ճակատագրի հեգնանքը անգութ,
որ կը դարձնեն
քեզ խաչեալին պէս
գամուած իր փայտին:

Դեռ քանի՞ անգամ
դուն պիտի կրկնես՝
հայր հեռացուր այս բաժակը լեղի:
Իսկ հարուածները ժամանակին հետ
պիտի միշտ տեղան
ջիղերուդ, հոգւոյդ
եւ մարմնիդ վրայ:

Պիտի արիւնիս:
Յոգնած աչքերով պիտի խուզարկես
լռած երկինքը, որ վար կը թափի
չորցած ներկի պէս:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *