Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան | Բարձունքին

.․․Տունը լերան բարձունքին, անտառի մէջ է, ուր լոյսը անտառային գաղտնի դռնէն ճեղք մը գտած, յորդած է, գոյացնելու դափնիի ծառերով շրջապատուած գիւղական փոքրիկ գոյութիւնը՝տնակը։
Բարակ կածան մը դուրս կուգայ լերան խորքէն միանալու տնակին։ Ուրցի բոյրը ամենուրեք կը տարածուի արբեցնելով շրջակայ տարածութիւնը։
Ծառերու խեղդուած պատրանքներուն ծուէնները, պատերազմէն մնացած ողբը, քարացած աղաղակները, գունաթափ քարտէսի մը պէս կը թեւածեն տամուկ անտառի ներքին արահետներուն վրայ։ Տեղ-տեղ լեռնային մանիշակներ գոյնզգոյն կոճակներու պէս կը զարդարեն համայնապատկերը, որ կ՛երկարի հասնելու մինչեւ լերան ստորոտ։ Կամաց-կամաց մութը կ՛իջնէ, լոյսը կամփոփուի ինքն իր վրայ կը կծկուի տնակէն ներս։ Ադամամութին, շրջապատը լուսաւորող միակ խոկացող տնակն է՝ կապոյտ, ամայի լեռներու կանաչ բարձունքին հանգչած։ Արիւնարբու ահաբեկիչներէն բռնաբարուած, հիմա վերականգնած, հոգեպէս պայքարելու վճիռով շրջապատի անհաւատութեան եւ հիասթափութեան դէմ։
Ներքին ձայներ՝ տան սիւները կանգուն պահող, ժամանակի հոսքին հետ կուտակուած հնչիւններ, բառեր, մէկիկ -մէկիկ կը սթափին, ոտքի կ՛ելլեն, նոր իմաստ, գոյութիւն եւ շունչ տալու, կանաչ ամայութեան մէջ մրափող աւանդին․․․․
Տնակի երազող աչքերուն մէջ իր տէրերը վերածուեցան հէքիաթի հերոսներու, արքաներու, իշխանուհիներու։
Տէրերը՝ կրակարանի բոց, կենդանութեան շունչ։
Փայփայեց երկար, սէրը, բռնուած անոր հեռացող քղանցքէն, իր օրօրուող բազրիքէն։
Հիմա կը հեռանան, կը վազեն հեռու դէպի անտեսանելին։
Բարձունքի ստորոտը աղօտ կ՛ուրուագծուի Միջերկրականի հիւսիս արեւելեան շրջանին բազմած Րաս Պասիթի հրուանդանը։
Լոյսի եւ ջուրի միացութեան մէջ, աստղեր կը ծնին․ փրփրացող ջուրի կաթիլներ կը միանան լոյսի շեղբերուն, աստղահոյլեր, կոհակներ ստեղծելով։ Արծաթէ անեզր ծովը կը շնչէ, կ՛ելեւէջէ կուրծքը, ներս կը ծծէ լոյսը, որ աստղածորան շղթաներ արտադրէ։ Լոյսին պատկերը կը քանդակուի ջուրի կաթիլներուն վրայ․ լուսածոր աստղեր կը ժայթքին դէպի վեր, հատիկ- հատիկ․ ետքը դարձեալ կ՛ընկղմին լուսապսակ շղթաներով ալիքներուն մէջ, կ՛անհետանան որ բարձրանան կրկին միասին դէպի վեր, միանալու արեւի ուղեծիրին, ջինջ պայծառ վետվետող լոյսէ ուլունքաշարերու տեսքով, սպիտակած ամպերով, մշուշապատ ճառագայթներով միախառնուելու կրակէ կառքին, խոյանալու տիեզերքի խորերը․ կը փոքրանան ժամանակն ու տարածութիւնը, որ ամփոփուին ջուրի ջինջ կաթիլներուն ու լոյսի բիւրեղեայ շողերուն մէջ, մեզի համար կամ մեզի հետ աստղի մը արեւի մը խտացեալ կեանքին մէջ գոյատեւելու։ Անհասանելի կարծուած աստղերը մերը կ՛ըլլան եւ մենք անոնցմէ․․․
Լոյսէ հիւլէներուն հետ թռիչքի պահուն հզօր սէրը կը ղեկավարէ ․․.
Հայեացքի մէջ ամփոփուած տիեզերք․․․
․․․․․․․․․․․․․․
Եւ տնակը գեղեցիկ լուսաշող գոյութեան, շողի բարակ թելէն բռնած, կառչեցաւ անոր, դողաց՝ յանկարծ արմատախիլ չընելու համար այդ մնացած բարակ յոյսի թելն ալ։
Ծրագրուած ըլլար կարծես, տակաւ առ տակաւ սկսաւ հեռանալ շողը, սիրոյ մէկ հատիկ բարակ թելը որուն վրայ գուրգուրացած էր երկար․ բազրիքին նրբանցքներէն կամացուկ մը սկսաւ դուրս սահիլ, իրար յաջորդող մայրամուտներուն։
Աչքերը անթարթ մնաց, յարած հեռացող, սահող շողին, լուսէ կէտին․ թիկունքին Պոնտական շղթայուած լեռնապարը, ոգեղինացած հայեացքը անթարթօրէն նոյն կէտին յառած, յաղթանակի եւ սիրոյ մասին երազեցին։
Նոյն սիրոյ առանցքէն բռնուած, անթարթ աչքերով երկար հետեւեցաւ շողին, ետքը յուշիկ մրափեց ․․․
Հեռուն հմայող է, բայց վտանգաւոր․ հեռուն գեղեցիկ է, բայց միթէ ապահո՞վ․ հաւանաբար այնտեղ այծեամի մը ձագը կը հատէ անյայտին սահմանագիծը, որ ետքը անհետանայ երազային ու ծերացած լեռներուն խորքը խաղաղօրէն նիրհելու։
Հեռաւոր կէտերը իրենց մէջ կը պարփակեն ընդհանրական ինչ որ բան, որ ստորգետնեայ ուղիով մը կը միանան իրարու։ Տնակի կողքէն ջրվիժող աղբիւրի կաթիլները, հատելով ժայռաթեք բարձունքներ, կամաց-կամաց կը միանան ծովուն։
Հեռուներու սահմանը հատող այծեամի ձագուկը արդեօ՞ք ցատկեց փայլփլուն լուսէ կաթիլներուն մէջ․ կէտ մը միայն կ՛երեւի հորիզոնին վրայ, անոր ուրախութեան ճիչը տակաւին կ՛արձագանգէ տնակին պատերուն վրայ․․․
Տխուր է, եւ հեռուն եւ հեռուի անյայտութեան մասին մտածելը։ Իսկ խաղաղութիւնը որքան հանգիստ է յարմարաւէտ, այնքան ՝ համազոր է չգոյութեան։ Դադրիլ բաբախելէ, անհանգստանալէ, տանջանքէ ու այն ատեն զգալ անդենականին շունչը։
Շարժումը, անհանդարտ վիճակը, պայթուցիկ ու յղի, թաքուն ոլորտէ մը ծնող երջանիկ նորածին այծեամը կը յիշեցնէ։ Երկրագունդը նուաճած ըլլալու ուրախութիւնը թաքնուած է այդ լացին, այդ փոթորիկին մէջ։

Թէեւ հիմա դատարկ է բարձունքը հեռացումով, բայց ուրիշ տնակի մը մէջ, ուրիշ քաղաքի մը կեդրոնը կամ ծայրամասը ներկայութեամբ լեցուն է․ քաղաքին երկինքը միացած է այս բարձրաբերձ երկինքին։ Ու թեւաւոր մը աղաւնի մը կը թռչի։ Անոր ոլորտի Ճառագայթը, որ կը սկսի բարձունքէն, կը հասնի հեռաւոր հորիզոններ։
Դաշտի ծաղիկներ, արեւի ճառագայթներուն մէջ լողացող ծաղկաւէտ դաշտեր՝ երազի մէջ են։
Անծայրածիր տիեզերքի հուրհրանին մէջ, երկնքի աստղեր, հոգիի կրակ ու սէր, գիրքերու էջերուն, տնակի պատերուն մէջ պահուած կը մնան․․․
Որքան ալ հզօր ջերմ սփռէ իր շուրջբոլորն ու հեռուն, արեւը անհասանելի է, ցաւէն, տամկութենէն ծուարած հոգիին, տնակի խորքին՝ հեռու, անհպելի։
Տնակը կրնա՞յ թռչիլ․․
Ու դեռ որքա՞ն մնալ լերան բարձունքին, խելագարօրէն երազել եւ հիանալ հերոսներով, հասնելու արեգնաթագ եթերին․․․
Մերկ, ամայացած ափերով դողդղացող, առանձնութենէն սարսռացող, բարձունքին հանգչող տնակի հոգին կը բերեմ ծովու բացերը, կը բերեմ երկնակամարի շեմ, գգուանք, հոգիի ջերմ, աւիշ հաղորդելու անոր։
Կը լռեմ, որ խօսի ու ես ընդմիշտ լսեմ․․․
․․․․

Հալէպ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *