Մայիս 30-ին չարութիւն ըրե՞ր էի։ Ո՛չ։
Աշխատանքի Տօնին առթիւ ամերիկեան դրօշակի գոյներով գլխարկ-մլխարկ դրած՝շքերթի մասնակցե՞ր էի։ Ո՛չ։
Խանութէ խանութ վազվզե՞ր էի բացառիկ շեղչերէն օգտուելու։ Անշուշտ ոչ։
Քոյրերուս ի՜նչ վարպետութեամբ պատրաստած հայկական խոռովածները առատօրէ՞ն վայելեր էի։ Քիչ մը Այո, քիչ մը՝ Ո՛չ։
Յաջորդ առաւօտ աշխատանքի երթալու ախորժակ ունէ՞ի։ Ոչ։
Որովայնի ցաւերուս կարեւորութիւն կու տայի՞։ Ո՛չ։
Դուն ցաւէն չե՞ս ազդուիր։
Յաւցընելէ կ՚ազդուիմ. ցաւէն՝ Ոչ։
Մենք բանակով պիտի խուժենք։
Պատրաստ էին։ Աճապարանքով որովայնիս մէջ նուագախումբ մը մուտք գործեց, բայց ոեւէ մէկը տեղը չի նստաւ։ Ամէն մէկը իր գործիքին խըռ-խըռ ձայնը կը փորձէր՝ ճիպոտները ձախ ու աջ կ՚երերային։ Անոնք շուարած, ես ծուարած՝ հասայ հիւանդանոց ER (շտապ օգնութեան բաժինը)։
Անմիջապէս որ հասկցան արեան ճնշումս խիստ բարձրացեր է – հիւանդ մը սենեակէն միջանցք փոխադրեցին, զիս տեղաւորեցին հոն։ Մահճակալին զոյգ կողմերուն ուղղուած տափակ դիմագիծով մեքենաները՝ մեզի կարեւորութիւն պէտք տաս, կ՚ըսէին, որովհետեւ մենք պիտի ճշդենք թէ դուն ինչպէ՛ս ես։ Պիտի թռթռանք, պիտի ահազանգենք, մեր կապոյտ կարմիր ճերմակ գիծերով պիտի վեր-վար ցատկռտենք։ Մենք միմիա՛յն քու իրավիճակդ պիտի հսկենք ու հասկցնենք։
Շուտափոյթ հասաւ բժիշկ մը վարդագոյն շապիկով, խաշուած գետնախնձորի դէմքով։ Մորֆին ներերակայնեցին։ Մորֆինը մտաւ՝ ցաւը չելաւ։ Դարձեալ ներարկեցին։ Տուին նաեւ երկու շիշ տտտհամ հեղուկ մը որպէսզի գոյներու հակասութեամբ Քէթ Սքէնi մեքենան ճիշդ ստուգում կատարէ թէ ի՛նչ կայ ստամոքսիս մէջ – թերեւս վիշապ մը մտեր է, թերեւս սարդ մը տեղաւորուեր է. երբոր վստահ եղան թէ մահացու բան չկար՝ այլ միայն մեղմօրօր նուագուող ձայներ, ետ բերին թիւ քսանչորս սենեակը։
Հիւանդապահ մը անոյշ ժպիտով- այդ անոյշ ժպիտներուն ետեւը լեղի բաներ ալ կրնան ըլլալ – բացատրեց թէ սա փլասթիքէ խողովակը պիտի իջեցնեն քիթէս մինչեւ ստամոքս, կզակս կուրծքիս սեղմելու եմ ամուր, եւ պտպտուն խողովակը գործի անցաւ. մեկնակէտ՝ քթածակ, նպատակակէտ՝ ստամոքս։ Հիմա պէտք է ստուգէին թէ նորահասը ճիշդ տեղը տեղաւորուե՞ր է, որովհետեւ անիկա ճնշելով ճնշելով կրնար պարտադրել որ աղիքներուս սկիզբը յայտնուած թնճուկը քակուէր։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին յայտնուած թնճուկները միշտ աղիքներէս շատ վեր գտնուած էին. սա մէկը ինչէ՛ հալածուած էր որ գաղթի ելեր բարակուկ աղիքս գտեր է։ Փորձանքը լուծուելու համար բացարձակապէս բան ուտել-խմել չկար. բացի երբեմն փխրուած սառոյցէ – ան ալ միայն ջուրի կաթիլ մը լեզուիս վրայ վայելելու։ Հինգ օր տեւեց այդ «քիթէս բերնէս եկաւ»ը։
Ամենայն ուշադրութեամբ ամէն ժամ խնամեցին զիս երրորդ յարկի սենեակ մը։ Բժիկները կուգան կերթան, հիւանդապահները դեղերը պոլ պոլ կուտան։ Գլուխս կակուղ բարձերուն, խողովակը ամրացուած քիթիս՝ կը սպասեմ մեծ յոյսի իրականացման։ Թնճուկը պիտի քակուի՞ թէ չքակուի, սա է Շէյքսփիրեան հարցը։ Օրէ օր բժիշկը աւելի վստահ կ՚ըլլայ թէ գործողութեան կարիք պիտի չըլլայ. «Երբեմն թնճուկը ինքն իրեն կը քակուի»։ Չէ՜, թնճուկը ինքնիրեն քակուիլ երբեք չէ պատահած կեանքիս մէջ – մարտնչիլ պէտք եղած է, ռազմավարութիւն ճշդել, Ալեքսանտրի Սուրը գործածել ։ Ամէն առտու հիւանդապահուհի մը կ՚երեւայ բժիշկին ժամանումէն առաջ –« Ցաւդ մէկէն տասի միջեւ որքա՞ն է»։ «Ցաւազրկող դեղ առեր եմ, ինչպէ՞ս կրնամ ճշդել, բայց կրնամ գոնէ ըսել որ մէկուկէս է»։
Ընտանեկան երկու բժիշկներէս մէկն ու մէկը ամէն օր կ՚այցելէր եւ դեղեր կը ճշդէր որոնք աւելի ազդեցիկ էին։ Չորրորդ օրը ըսաւ որ վաղը այլեւս աս խողովակը պիտի ելլէ – յարատեւ ճնշումի տակ՝ վերջապէս խենթուկ թնճուկը խելքը տուն կանչեր է – աղիքային խցկումը բացուեր է – բայց GI-ը (ստամոքսաաղիքային) բժիշկն է որ պէտք է քիթիս կապանքը հանէ։ Հիմալայեան լեռնագնացի պէս չորս օր փխրուած սառոյցով սնանելէ ետք, երկու օր ալ ճաբոնցիի պէս բարակ ապուր կերայ։ Տուն մեկնուղման համար երկու բան անհրաժեշտ էր – կազ արձակել եւ թուղթերուն սպասել։ Թուղթերը շատ էին, հիւանդապահուհիին ժամանակը՝ քիչ։ Դուրսի աշխարհէն բերած հագուստներդ կը հագուիս եւ հեռատեսիլի կայանները կը դարձնես. հիւանդապահուհին կը յանձնէ թղթածրար մը ՝թէ ի՞նչ եղաւ այստեղ, ի՛նչ պէտք է ընել տուն երթալէ ետք, եւ կը թելադրէ որ ցաւերը եթէ գան անմիջապէս հասնիմ հիւանդանոց։
Տուն վերադառնալէս երկու օր ետք այսինքն Յունիս եօթին՝ լռած ցաւերը աղմուկ հանել սկսան – յոյս ունէի որ այդքան խանդավառ չեն ապրիր։ Երթամ ծաղիկներուս հետ խօսիմ մտածեցի – քոյրերուս տունէն երեք տուն անդին իմ բնակարանս է եդեմական պարտէզով։ Վերջին նկարն է որ պիտի առնէի այն թուփին՝ որ տարին միայն երեք շաբաթ իր վարդագոյն-կարմրերիզ փերթերու խումբ խումբ ծաղիկներով կը ճլճլայ։ Աւելի մօտէն նկարեմ ըսի ե՜ւ թռելո՜վ ինկայ ոչ թէ բարձր աստիճանէ, այլ ընդամէնը երկու աստիճանէ ։
«Ոսկորներդ տկարացած են, չեն դիմանար եթէ իյնաս, շատ զգուշ պէտք է ըլլաս», ազդարարած էր Հոկտեմբերին Endecronologist- Տր. Թոհմէն։ Անոնց զօրացման համար վեց ամիսը անգամ մը ներարկուելիք ասեղը ճիշդ Մայիս երեսունին պէտք էր սրսկուէր, ուրեմն մնաց դարմանատան սառնարանին մէջ։ Ոսկորներուս տկարանալուն պատճառն ալ իմ անգիտութիւնս էր – այս ոսկորազօր դեղը որ ամիսը մէկ անգամ կ՚առնուի՝ հինգ տարիէն պէտք է դադրեցուի եղեր, իսկ ես հաւատարմօրէն կ՚առնէի տասնըութ տարի ի վեր, բժիշկը առանց հաշիւի դեղագիր գրեր է հա գրեր է։ «Եթէ բանի մը չափը անցընես անպայման վնասը կը կրես». բայց մինչ այդ չափին չա՛փը գիտնալու ես։
Իյնալը ինկայ, բայց ոյժ մը գլխուս ետեւէն յայտնուելով ամուր հրեց քարով քար մեծ թաղարի մը եզրին, որուն մէջ դեղին շուշաններ համաժողով կ՚ընէին։ Ճակտիս ձախ անկիւնէն խոշոր կաթիլներով անդադրում արիւն կ՚իջնէր պեթոնին։ Լաւ որ երեսը ճաթռտած այ-ֆոնը ձեռքէս ինկած էր ճիշդ քովս, արիւնը սրբեցի վիրաւոր դէմքէն, քոյրերուս հեռաձայնեցի՝ ինկայ եկէք վերցուցէք։ Ինքնաշարժին մէջ նստած րոպէ մը ետք անոնք ուրիշ ուղղութիւն պիտի բռնէին։ Հասան, բան մը չէ ըսին։
Իրենց նստասենեակին մէջ ինծի վերապահուած դեղին թիկնաթոռին վրայ նստայ։ Քրոջս Անիին թելադրանքով մետաղադրամ մը սեղմեցի ճակտիս վերի ձախ անկիւնը – Պէյրութ մեր ձեւը աս էր, կլորիկ դրամը կը դնես՝ աւելի չուռիր. արդէն ոչ ցաւ կար ոչ ճնշում։ Բայց կար ծունկիս տակ արագաբար մեծցող ուռեցք մը, երբ դարձաւ փինկփոնկի գնդակի չափ՝ ըսի պէտք է ER երթանք։ Վտանգաւոր վիճակ չնկատուածներու բաժնին մէջ՝ նախ կուրծքս եւ ծունկերս Էքս Րէյ ըրին լուրջ բան մը չկայ ըսաւ բժիշկը, գլուխդ ալ կ՚ընենք, կ՚երթաս տուն։
Քրոջս Սեւանին հետ աղուոր աղուոր խօսած պահուս երկու բժիշկ միանգամայն յայտնուեցան, մէկը վիրաբոյժի շապիկով արդէն։ Անկողինիս զոյգ կողմերը կայնած յայտնեցին թէ քիչիչիկ մը ուռած ճակտիս ետեւը ողբերգութիւն տեղի կ՚ունենայ, գլխուս մէջ արիւնահոսութիւն կայ որ ուղեղին տակ անցած կը ճամբորդէ։ Եւ ահա այս վիրաբոյժն է որ ամբողջ գիշերը հսկողութեան տակ անմիջապէս պիտի «միջամտէ» եթէ հարկ տեսնէ, այսինքն ճակատս երկու տեղերէ ծակէ, մահաբեր սպառնալիքը վերցնէ։ Ուրեմն հիմա ուղղակի՛ Ինթենսիվ Քէր։ Զոյգ թեւերուս ի՛նչ շիճուկ կ՚ուզես ներերակայնեցին – մեծ քանակութեամբ արեան գերճնշման դէմ, ցաւի դէմ, ջրազրկումի (dehydration) դէմ, փոթասսիումի համար,եթէ երրորդ թեւ մը ունենայի հոնկէ ալ բան մը կը ներարկէին։
Արքայական ուշադրութեան արժանացայ լուսահեղեղ սենեակի մը մէջ զոր կոչեցի Հոթէլ Ուալտորֆ Ասթորիա. դուրսը հրաշագեղ բնութիւնը զիս կը սպասէր։ Սպասեցէ՛ք կուգամ ըսի։ Արիւնը դանդաղօրէն պիտի ներծծուի ուղեղիս մէջ – ա՛լ ժամանակը ինքը կ՚որոշէ – այնպէս որ ես այսուհետետւ տիզայնըր վարդագոյն ուղեղ պիտի ունենամ։ Վարդագոյն ակնոցներս կորսնցուցեր եմ, սակայն ինչ ըրի-չըրի՝ վարդագոյն բան մը զետեղեցի գլխուս մէջ։
Մէյ մըն ալ եկան իւթիւպով մը քիթիս խոռոչը պիտի քննեն եղեր։ Մանրէ մը կայ որ հանրածանօթ չէ որ կը կոչուի Մեզա, եւ միմիայն քիթի մէջ կ՚ապրի։ Այս յարկէն ներս այդ մանրէակիրները կը մեկուսացուին –ահա այդ կարմիր ժապաւէն դրուած դիմացի սենեակներուն մէջ են։ Զիս սենեակէս չի հանեցին, կ՚երեւի այդ մանրէն … թիւթիւն քաշողները կ՚ունենան։
Ամենէն լաւը ա՛յս սենեակն է ըսին, միայն մէկ անպատեհութիւն կայ. առտու կանուխ արեւը կը խուժէ աչքերդ կուրցնելու աստիճան։ Այդ խուժումը շատ զիս կը հրճուեցնէ ըսի. խնդրեմ վարագոյրները մի իջեցնենք։
Աղուոր քոյրերս – այս անգամ Անին եւ Լենան -կէս գիշերէն ետք ժամը մէկին դարձեալ եկան եւ մինչեւ երեք մնացին – ըսուեր էր իրենց թէ ես եթէ դէպի հիւսիս երթամ, այսինքն տարօրինակ բաներ ըսեմ-ընեմ անմիջապէս իմացնելու են. հակառակ որ քառորդ ժամը անգամ մը նշանակուած հիւանդապահուհին կու գար ստուգելու – հարաւ գացի՞ թէ չգացի։
Ինթենսիվ Քէրի հիւանդապահուհի՜ս։ Այս երիտասարդ թռվռունը անդադար կը խօսէր իր Հոկտեմբեր ութի հարսանիքի հագուստին մասին, իր պոյֆրէնտին մէկ հատիկ ըլլալուն մասին։ Ես կը հարցնէի՝ ինքը կը հրճուէր – ինծի գաղտնաբար սուրճ բերաւ դեղերուն հետ ըմպելու – այնքան թռվռաց սենեակիս մէջ որ թիթեռնիկներ ձգեց գնաց։ Առտուան՝ սմքած էր։
Առտու կանուխ Էքս Րէյի մեքենան հսկայի պէս հասաւ սենեակին դուռը, չ՛ըք ըրաւ եւ ճշդեց թէ ճամբորդող արիւնը տեղ մը կանգ առած է, բայց անշուշտ չորցած չէ։ Չյանձնարարուեցաւ ճամբորդել, փոքր ցնցումի մը պարագային՝ կրնայ արիւնն ալ ցնցուիլ։
Տունը ինկած վայրկեանիս իսկ անդրադարձեր էի որ աղիքներէս հասնող ցաւը անմիջապէս դադրեր էր։ Ուղեղը իմաստուն է, բացատրեց ջղաբանը, երբոր աւելի մեծ փորձանք մը գայ մարմնին՝ միայն անոր վրայ կը կեդրոնանայ. միւսները կ՚անտեսէ։ Ուղեղ՝ ուղիղ. կ՚որոշէ կը գործադրէ։ Կեանքի մէջ փորձանքին պզտիկը չկայ որ նախընտրես մեծը լուծել. ամէնը մէկ փորձանք կը մնան գլխուդ։
Վերադարձայ տուն՝ դէմքս Փիքասոյի անյայտ նկարներէն մէկը։ Ելլելէս երկու օր ետք դարձեալ հասայ հիւանդանոց։ Աչքերու նուրբ պարկը ճակտիս ձախէն՝ ձախ աչքիս տակ յայտնուած՝ իրիկուան խոփ խոշոր կարմիր պարկ դարձած էր։ Կրնա՞յ ըլլալ որ արիւնէն մաս մը հոն մնացած էր եւ յանկարծ որոշեր էր զարիվար իջնել, երբ միւս արիւնը պէտք է ներծծուեր գանկիս ետեւը, ահա հոս մնացածն ալ ուրիշ ճամբայ մը բռներ էր հաւանաբար։ Քէթ Սքէն – կը պատահի եղեր, բարակ ջիղերը որոնք մինչ այդ զուսպ էին՝ յանկարծ կը պայթըտին եւ բարկութեան գոյն կ՚առնեն, որ կրնայ ընդարձակուիլ, դէմքին բոլոր սահմանները գրաւել։ Կը բաւէ՛ այսքան քմահաճ վարուիք, սաստեցի։ Վախցան՝ տեղերնին կեցան։ Նորէն առողջ բնութիւնը կը սպասէր։ Օթոմաթիք չորս բաժինով դուռը դարձաւ կլորիկ-մլորիկ, դուրս ելայ։
Այս ամբողջ ընթացքին՝ ամէն օր որոշումս կը հաստատուէր Մոնթրէալ երթալու Յունիս տասընհինգին։ Հարկաւ կ՚անցնի, դեռ հինգ օր կայ. Համազգայինի Գրական յանձնախումբի պատասխանատու՝ Տիկին Անահիտ Պալեանը այնքան ջերմագին ու բծախնդիր պատրաստած էր ձեռնարկը որ կը յուզուէի իր բազմազբաղ վիճակին այսպիսի նուիրումին, գուրգուրանքին համար, անվե՛րջ գուրգուրանքին։ Գոնէ իր խաթերին համար պէտք է երթամ, կը պնդէի։ Հակառակ որ քոյրերս պանդոկը ապահոված էին, աւազանով մը որ արեւ կը բերէր տրամադրութեան. բայց ներքուստ կ՚ակնկալէին թէ վճռէի որ չերթանք։
Հիւանդանոցին մէջ որ վերջին հաշուով՝ թնճուկ-ու-լուծումի կեդրոնավայր է, ա՛յս թնճուկին ալ լուծումը գտեր էի – Ճաբոնցի դերասանուհիի պէս ձիւնասպիտակ կպրապատել ծածկել դէմքս, իսկ Մոնթրէալ շատ ու շատ կարօտցած բարեկամներուս հետ խօսած պահուս նստած մնալ, որովհետեւ ծունկերս ծունկութիւն ընելը մոռցած էին։ Բայց կար Փըրքոսէթի հարցը – այդքան թմրած ինչպէ՞ս պիտի ելոյթ ունենայի։ Կար նաեւ ուղեղիս յայտնուած կարմիր վտակուկին գոյութիւնը։ Այս շրջանին գոնէ՝ գլուխս ցնցումէ խուսափեցնելու էի։
Ճիշդ տասնըհինգի գիշերը դարձեալ հասայ հիւանդանոց . անկարելի էր աղիքներուս պարունակութենէն ազատիլ։ Ինչ միջոց ալ ձեռնարկեցին չյաջողեցան, տեղէն չշարժելու որոշումին վրայ հաստատ մնաց, տուն ղրկեցին տարտը փորիս մէջ։
Մէյ մըն կուրծքի մինչ այդ թեթեւ ցաւը մեծցաւ մեծցաւ տարածուեցաւ, ցաւազերծող Փըրքոսէթին մտիկ չըրաւ։ Գիշերանց այցելեցի հոն ուր այլեւս աչքերս գոց ալ կրնայի քշել . դարձեալ տարին էքս Րէյի – չձգեցի որ Էքս Րէյի մեքենան զիս կարօտնայ։ Սրտիդ մէջ գլոթ (արիւնակոյտ) կը տեսնուի ըսաւ օգնական հիւանդապահուհին։ Իսկապէս մտահոգուեցայ – սրտի եւ ուղեղի պայքար պիտի սկսէր, մէկնումէկը պէտք է գթար մահկանացուիս, հապա՞ եթէ սրտիս հարցը լուծուած պարագային գլուխս ընդվզէր։
Եկաւ բժշկուհին. «Լաւ է, բան մը չունիս, ծանր ճնշումի հետեւանք մկաններդ՝ այո շատ պիտի ցաւին երկու երեք շաբաթ. կրծոսկոր կոտրուած չէ, կրնաս երթալ»։ Հապա գլոթը ո՞ւր մնաց. «Ի՛նչ գլոթ, գլոթ չկա՜յ»։ Հիւանդապահուհին սպանախօս էր, փոխանակ ըսելու կրնա՜յ արիւնակոյտ տեսնուիլ՝ ըսած էր՝արիւնակոյտ կը տեսնուի՛։ Աս ալ՝ լեզուի ցաւ։
Հանգիստ հանգիստ ապրած շրջանիդ այս իրավիճակները չես գիտեր։ Ո՛չ ուղեղին տակ ճամբայ բացած արիւն, ո՛չ այտի փոքրիկ պայթիւններ, ո՛չ սեւամորթի պէս ուռած շրթունք, ո՛չ կուրծքի մողոքիչ ցաւ, ո՛չ աղիքներու բարակութիւնը, ո՛չ ստամոքսի գոյութիւնը, ո՛չ մարմնի ապերախտութիւնը, ո՛չ ալ ծաղիկին չարաճճիութիւնը։
Փաստուեցաւ որ այս ամառ փոխանակ երկու քայլ անդին գտնուող թաղի լողաւազանին անդամագրուելու՝ Վելլի հիւանդանոցին անդամագրուած էի ու լիուլի կ՚օգտագործէի անդամագրութիւնս։ Ահա քանի մը օր ետք դարձեալ հոն էի գալարող աղիքներով։
ER-էն դուրս ելլել չկայ առանց քիթէդ մինչեւ ստամոքս իջեցուած խողովակին։ Քննութիւն քննութիւն թնճուկի հարց չէր ուրեմն, ուրիշ բան մը ըլլալու էր։
Սենեակիս մուտքին դրին նշանատախտակ մը, ուր գրուած էր թէ այս սենեակի հիւանդը իյնալու վտանգ ունի. եթէ փորձէի մինակս դուրս գալ անկողինէն զանգ մը կը ճչար եւ ո՛ր բուժարարածը որ հոնկէ կ՚անցնէր օգնութեան կը փութար։ Խնդրեցի որ Իյնալու Վտանգին փոխարէն դնէին Թռչելու Վտանգ։ Վասնզի ամբողջ կեանքս այդ արկածախնդրութեան մէջ անցուցած եմ։
Այս անգամ ալ կուրծքի՛ս ցաւը անհետ չքացած էր։ Ուղեղը իր ուղեղը լարած էր ցաւահար աղիքներուն վրայ։ Մէկէն տասի միջեւ ցաւդ ո՞ւր կիյնայ – դիմացի գրատախտակին վրայ գծուած էին հանդարտ դէմքէն մինչեւ ցաւագալար դէմք մը։ Մտահոգութիւնս տասի հասած է եւ ճիփուճիշդ իր քով հասցուցած է մինչ այդ համբերատար անհամբերութիւնս. իսկ ցաւը ազատ անկախ կերթայ կուգայ, երբեմն մէկ ոտքի վրայ, երբեմն երկու, երբեմն չորս։
Առտուան ժամը վեցին սովորականին պէս, GIը ժպտուն դէմքով յայտնուեցաւ, աջ սրունքը ձախին առջեւ դնելով ծառի մը կռթնելու պէս կռթնեցաւ պատին. «Քեզի մէկը ըսա՞ծ է որ Քրոնզ Տիզիզ ունիս»։
Չէ, այդպէս բան չէ պատահած։
Մէկը չէ՞ ըսած որ Քրոնզ հիւանդութիւնը ունիս։
Արեան գերճնշում՝ ունի՛մ. քոլեսթերոլ ունի՛մ, աչքերու մաքիւլըր տիճէնէյշըն՝ ունի՛մ. շաքարախտ ունի՛մ. Օսթիոփերոսիս՝ ունի՛մ. գլխացաւ տալու հիւանդութիւն ունէի, հիմա չունիմ. երիկամունքս մեծ շինարար մըն է, այդքան նեղ տեղին մէջ՝ վեց անգամ քար շինած է. անդադար կարդալու մարմաջ՝ ունի՛մ. մանկութեան օրօրոցի կարօտ՝ ունի՛մ. մարդկութեան վիճակով տխրելու տկարութիւն՝ ունիմ. Արեւմտահայերէնի ապագային համար տագնապս՝ մէկէն մինչեւ տասը՝ տասնմէ՛կ է։
«Քրոնզ Տիզիզը մէկը չէ ըսա՜ծ քեզի». աչքերը լայն բացած զիս կը դիտէր բժիշկը։ Այս մէկը ընհանրապէս երեսունականներուն կը սկսի, եւ մինչեւ հիմա մէկը չէ՞ ըսած…»
« Ասիկա միայն հայերու պատահող հիւանդութի՞ւնն է», վերյիշեցի Պէյրութի մէջ շրջագայող այդ տեսակը։ «Ընդհանրապէս հրեաներուն կը պատահի»։ Իմ ցեղս չէ՛ր որ Քրիստոսին խաչ հանեց, հրեաներուն պատիժը ինչո՞ւ հասաւ ինծի։
Իրիկուան մօտ նորէն հարցուց, այնքան զարմացած որ կարծես ըսել կ՚ուզէր՝ ինչո՞ւ անունդ չես յիշեր. այս հիւանդութիւնը մէկը դեռ չէ՞ ըսած քեզի։
Կեցիր մտածեմ։ Ուրիշ հիւանդութիւններս ետեւ-ետեւի մէջտեղ հանած է «Նոր կեանք» շաբաթաթերթը իր մթնապարծ աշխատակիցներով։ Ոմանք ըսին՝ճշմարտութիւնը ամէն գնով ըսելու հիւանդութիւն ունիմ, ոմանք ալ թէ՝ ճշմարտութիւնը խեղադիւրելու հիւանդութիւն ունիմ։ «Բողոքականի պէս հայերէն գրելու» հիւանդութիւն ունիմ։ Բառերը ճիշդ չգործածելու տգիտութիւն ունիմ։ Երբ արար աշխարհ կը գրէր բիւրեղեայ առողջ հայրենասիրութեանս մասին «Նոր Կեանք»ը ախտաճանաչեց թէ հայրենասէր չեմ որովհետեւ իրենք Երեւանի օփերաները կ՚երթան եղեր, ես ալ բոզանոցներ կը պտըտիմ։ Անկախ Հայաստանի նորընտիր նախագահին եւ անոր սփիւռքահայ գլխաւոր խորհրդատուին դէմ գրելուս համար՝ ամբարտաւանութիւն ալ ունիմ։ (Հայ կինը խօսի՞՞՞՞)։Մինչեւ իսկ մէկը ափսոսաց որ Խոմէյնի մը չկար որ վիզս գլուխէս զատէր։ Երբ սառ լռութիւն պահեցի իրենց ցափռտուքներուն հանդէպ, հիւանդութիւններուս պոչը ձգեցին՝ մահապատիժիս ձեւը որոշեցին։
Երկու տարի չանցած մէջտեղ ելաւ որ «Նոր Կեանք»ն ալ ունի միեւնոյն հիւանդութիւններուն աւելի զօրաւոր տեսակը, հրատարակուած ամէն թիւով յայտնի ըրին թէ ճիշդ իմ հիւանդութիւններէս վարակուած են, բարկացած են, եւ ա՛լ պիտի խօսին, պիտի հրապարակե՛ն։ Երբեմն կրակին վրայէն ցատկելով, երբեմն կեցցես-ով , նայած թէ այդ օրերուն ո՛վ կ՚անձկար հրաւիրուիլ Հայաստան։ Ուրիշ թերթեր կրօնական եւ ազգային ջոջերու մասին գրածներս յանդգնութեան ախտի վերագրեցին։ Բայց չէ՛, Քրոնզ- մրոնզ- պռոնզ չըսի՛ն։
Այս հիւանդութեան պատճառը յայտնի չէ, գրուեր էր համացանցին վրայ։ Պատճառը «Յայտնի չէ»-ով կը սկսէր, «վերջնական դարման չկայ»-ով կ՚աւարտէր։ Վիրահատութիւնը լուծում չէ- դարձեալ կրնայ յայտնուիլ, կրնար քաղցկեղի վերածուիլ,ոսկորներ տկարացնել, կենսանիւթերու անբաւարարութիւն յառաջացնել, այսինքն ոչ թէ ան՝ այլ անոր ընկերակցող բարդութիւնները կրնային կեանքիդ մուխը մարել։
Ալթրասաունտէն, Էմ Ար Այէն ետք՝ եկաւ Քոլոնոսքոփիին օրը։ Այս անգամ սակարկութեան նստայ. սա երկու տակառ հեղուկը միայն փիղ մը կրնայ խմել։ Տասը վայրկեանը անգամ մը գաւաթ մը խմելու ես, կ՚ըսէր չինացի հիւանդապահը, կ՚երթար կուգար տակառը կը ստուգէր, կարծես այդ օրուան առաքելութիւնը այդ էր։ «Դուն մէկը վերջացուր, միւսին ալ մէկ երրորդը խմես՝ կը բաւէ», փսփսաց հիւանդապահուհի մը։
Գործողութեան սրահը ուրախ-զուարթ զիս կը սպասէր GIը։ Որքա՞ն կը տեւէ ։ Ժամ մը։ Ինչ լա՜ւ է ժամ մը գոնէ բան մը պիտի չզգամ, չի մտածեմ, չի յուզուիմ, լաւատես-յոռետես-իրատես-ի հարց չստեղծեմ։
Երբ աչքերս բացի՝ լա՛ւ ընթացաւ ըսաւ, բայց չի կրցայ ճիշդ տեղը հասնիլ նմուշ մը առնելու. զգուշացայ որ կը վնասուի. շատ բարդ մանուածապատ անկիւններ ստեղծած հանգոյց մը կայ հոն։ Կեանքս եթէ գիտնար՝ պիտի չզարմանա՛ր։ «Չկրցայ նմուշ առնել կենսահերձումի (biopsy) համար։ Հիմակուհիմա իբրել Քրոնզ Տիզիզ պիտի դարմանենք»։ «Ուրեմն կրնայ նաեւ քաղցկե՞ղ ըլլալ»։ «Չէ՛ այդպէս չ՚երեւար, բայց հաստատ պատասխան չեմ կրնար տալ։ Մի մտահոգուիր. աղիքներու քէնսըրը շա՜ տ դանդաղ կը յառաջանայ։» Ուրեմն անիկա հայկական չէ՜։ «Երկար տարիներ կը տեւէ որ տարածուի».«Թերեւս այդ երկա՜ր տարիները եկեր անցեր են. տարի՞քը ինչպէս կրնաք որոշել առանց երեսը տեսնելու։ Վաթսունինը տարեկան եմ»։ «Վաթսունիննի չես նմանիր հազիւ յիսունհինգ»։ Աղիքներս ալ գիտե՞ն ատիկա։
Այս անգամ հիմնակա՛ն լուծում պէտք է – վիրաբուժութիւն պահանջեցի։ ER- էն ի վեր նոյն վիրաբոյժն էր ամէն օր կ՚այցելէր. եկաւ քննեց քննաբանեց – ալ վաղը յայտնի կ՚ըլլայ, ըսաւ։
Սա վիրաբոյժին մասին գիտնամ, ո՛ւր ուսաներ է, քանի՛ տարուան փորձառութիւն ունի։ Հիւանդանոցի բժիշկներու ցուցակին մէջ տեսայ որ մարդը կուրծքի՛ վիրաբուժութեան մասնագէտ է։ Բացի աղիքային վիրաբոյժներու ցանկը։ Ընդամէնը՝ չորս, առաջինը հա՛յ։ Պրպտեցի, լաւ էր։ Երբոր ընտանեկան բժիշկս եկաւ ըսի որ Տր. Լիքաթիին մասնագիտութիւնը տարբեր է եւ ես փիքասոյական մարմին չունիմ որ կուրծքի եւ աղիքներու տեղերը փոխուած ըլլան. «Բայց ընդհանուր վիրաբուժութիւն կ՚ընէ»։ «Ասիկա մատի մը վիրահատումը չէ, քսան ոտնաչափ աղիքի հետ գործ կայ։ Անոր մասնագէտը պէտք է կատարէ»։ «Եթէ այդպէս կ՚ուզես՝ կը փոխեմ վիրաբոյժը. կը յանձնարարեմ Տր Ուայթը, քսանեօթ տարուան փորձառութիւն ունի։ Շատ լաւ է»։
Եւ ներկայացաւ դերասան Փիթըր Օ Թուլին նմանող վիրաբոյժը, յատուկ բացատրելու թէ… ինչո՞ւ վիրահատութեան պէտք չէ ենթարկուիմ. – պէտք է առիթ տամ որ դեղերը բարեգործութիւն կատարեն, երբեմն միայն դեղերով կարելի է կարգաւորել։ Մանաւանդ նկատի առնելու է որ վիրահատումը վերջնական լուծում չէ, բարակցող աղիքներ դարձեալ կրնան յայտնուիլ. ուրեմն մէկ շաբաթ վեց շաբաթ, մինչեւ քանի մը ամիս առիթ տալու եմ դեղերուն։ Իսկ եթէ՞ քաղցկեղ է. աղիքներու քաղցկեղը այնքա՜ն դանդաղ կը յառաջանայ ո՜ր, ըսաւ. կարծես յաւիտենութեան մասին կը խօսէր։
Հարցուցի եթէ զաւակներէն մէկն ու մէկը բժիշկ է. քանի որ զաւակներուս հանգուցեալ հայրը չէր ուզեր որ զաւակները իր ճամբան բռնեն։ Երկու տղաքս իրաւաբան են, ըսաւ։ Երբոր ըսի թէ տղաս ալ իրաւաբան է բայց չի սիրեր «շանաձուկ»ի կեանքը, ըսաւ «շա՛տ լաւ կը հասկնամ, ես ալ փաստաբան վկայուեցայ երբեք չսիրեցի. վեց տարուայ բժշկական կրթաթոշակ ապահովեցի եւ մինչեւ հիմա՝ յիսունինը տարեկան, շատ գոհ եմ կեանքէս։ Իմ ալ ամենէն շատ սիրած բանս գիրքերն են»։
Չմոռցայ պատուիրել քոյրերուս «եթէ ափալ-թափալ հիւանդանոց հասնիմ նորէն, պիտի այլեւս գործողութիւնը ընեն։ Կ՚ուզեմ որ անպայման Տր. Ուայթը ըլլայ վիրահատողը այդ երեք վիրաբոյժներու խումբէն։ Ինչո՞ւ։ «Գիրք շատ կը սիրէ։»
Իսկ Չինացի Սո՞ւն։ Վստահիլս պէտք է, անիկա կաչաղակի կը նմանի։ Առտու կանուխ եկեր է մարգարտածաղիկ հագուստով, նրբակազմ, ինչ որ հարցնեմ՝ շրթունքին աջ կողմէն պտըտիկ ժպիտով մը կը պատասխանէ այնքան արագ՝ որ կարծես հարցնելիքս գիտէր։ Երբ քաղցկեղի հաւանականութիւնը տնկուեցաւ ՝ «կրնայ ըլլա՜լ, կրնայ չըլլա՜լ.» անոր դանդաղ յառաջանալուն խօսքը չըրաւ։ «Ինչո՞ւ ընտրած ես աղիքի վիրաբոյժ ըլլալ»։ «Շա՛տ կը սիրեմ պզտիկ մասեր կտրտել եւ քննել»։ Է, ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ մարմնիս մէջ ուրիշ պզտիկ բաներ ալ գտնէ, իր շատ սիրած բանը ընէ։
Յայտնուեցաւ տիկինը որ արդէն ամէն անգամ, հիւանդանոց գտնուելուս, կուգար ստորագրութիւններս հաւաքելու։ «Ասիկա անոր համար է որ արտօնութիւն կու տաս քեզ դարմանելու այստեղ»։ Եթէ այստեղ հիւանդանոց է եւ ես ազատ կամքով եկեր եմ հոս, ուրիշ ի՛նչ կրնամ ակնկալել։ «Օրինական հարց է։ Այս մէկ ստորագրութիւնն ալ անոր համար է որ կրնանք ապահովագրութենէդ գանձել հարկ եղած գումարը»։ Այս երրորդն ալ… Հասկցայ, կ՚ուզէք կոր որ մէկ միլիոնս ձեզի կտակեմ։
Լիվինկ Ուիլ ունի՞ս։ «Մտածած եմ խղճամիտ ըլլալու համար՝ միայն ականջերս կրնամ փոխանցել։ Բայց ան ալ հարց է. երբեմն լսածս չլսած կը ձեւացնեմ»։
Լաւ ճար մը գտած էի. Քլոսթրոֆոպիք եմ կ՚ըսէի եւ միշտ զիս կը տեղաւորէին պատուհանին մօտ։
Դեռ չհասկցուեցաւ թէ ինչ հիւանդութիւն ունէր սենեկակից կինը. բայց ունէր հայ ընկերուհի մը՝ Մէրի Ասլանեան։ «Ասլանեէնները չես գիտե՜ր. ձե՛ր թաղը կը բնակին»։ Ամուսինը դէմի աթոռին վրայ՝ իրեն հէյրան մնացած կը դիտէ, ինքը մշիկ մշիկ կը քնանայ։ Երբ աչքերը բանայ՝ խոշոր խռովքն ալ հետը կ՚արթննայ։ Յաջորդ առտու թոռնիկին մկրտութիւնն է, եօթանասուն հոգի ամերիկայի չորս կողմերէն պիտի հաւաքուին. ինքը դեռ հագուելիքը որոշած չէ, մազերը ներկած չէ. «Մէյ մըն ալ կեանքիս մէջ առիթ պիտի չունենամ բոլոր ազգականներս տեսնելու»։ Կը խնդրէ որ այսօր տուն դառնայ, վաղը կնունքէն ետք գայ։ Չ՚ըլլա՛ր, կ՚ըսեն։
Թելադրեցի իրեն՝ պարտադրէ թէ գտնեն ի՞նչ ունիս, թէ ոչ՝ խենթ չես իրենց մարգարէութեան սպասելու։ Իտալացի է՝ մէջտեղը թոռնիկ կնքելու խնդիր կայ. աղջիկը ընտանիօք հասեր է Վըրճինեայէն։ Անճրկած ամուսինը տրամաբանական գտաւ խորհուրդս. գնաց գանգատեցաւ որ՝ կինս հիմմմա դուրս պիտի ելլէ հիւանդանոցէն, այնքան ատեն որ կեանքին վտանգ չսպառնար՝ մեր կամքէն անկախ չէք կրնար մեզ հոս պահել։ Ելան գացին եւ թիւ վաթսունինը կայանը որ հին դասական սեւ ճերմակ ֆիլմեր կը ցուցադրէր՝ փակուեցաւ առյաւետ։
Դեռատի աղջիկ մը կիթառը ձեռքը՝ մօտեցաւ անկողինիս. Ի՛նչ կուզես որ նուագեմ քեզի համար։ Ի՞նչ գիտես։ Կը շարէ ցանկը, ո՛չ մէկուն ծանօթ եմ, վերջընթերը երգէ եթէ կ՚ուզես կըսեմ, մշուշի պէս երգ մը կը նուագէ։ Այս պարմանուհիները երկրորդականի աշակերտներ են, ամառները կամաւոր գործ մը կընեն իրենց սի վիին (կենսագիծ) վրայ կ՚արձանագրուի եւ համալսարանի մը ընդունման պաշտօնեան կը հասկնայ որ այս ուսանողը ուրիշներու ալ բարիք կընէ։ Ահաւասիկ բարենիշ։ Հրամմէ՛ եկուր։
Դեռ մութնուլուսին կու գայ Տրաքուլա մը արիւն առնելու, որպէսզի բժիշկը չեկած՝ արդիւնքը յայտնուած ըլլայ։ «Դուն գիշերը չե՞ս քնանար, զոհերուդ ցա՞նկը կը պատրաստես» հարցուցի։
Երկու կիներ՝ գեղատեսիլ փեսացուի տեսքով, գոց մոխրագոյն փայլքով, քուռակի չափ շուն մը կը բերեն. կ՚ուզե՞ս այս շունին հետ ժամանակ անցընել։ «Կ՚ուզէի ուրիշներու տալ այդ առիթը»։
Եթէ այս սէգ արարածէն չես ախորժիր՝ ահա քիչ ետքը կու գայ գնդլիկ գանգուր շնիկ մը։
Յետոյ՝ աստուածաբեր, տարիքը աչքերուն մէջ կորսուած կին մը (chaplain) որ հոգեկան հանգստութիւն պարգեւէ, շուտով կը հասկնայ հոգեկան անհուն հանգստութիւնս, որովհետեւ մօրս Աստուածաշունչը կողքիս է։
Երեք տեսակ գործիք՝ հիւանդին խաղալիք։ Մէկը թի վի, հիւանդապահուհի կանչող կարմիր լոյս, սենեակիդ լոյսերը մեղմացնող բարձրացնող կոճակներ։ Միւսը՝ որպէսզի դուն ինքդ կարենաս անկողինիդ գլուխը ոտքերը բարձրացնել, անկողինդ որ արդէն օդով լեցուած է եւ ինքնիրենը կը շարժէ մարմնիդ մասերը հանդարտ ու անխռով։ Երրորդն ալ համացանցը գործածելու համար է։ սակայն չորրորդ յարկի անկողինները այսքան կրթուած չէին, մէկէն ի մէկ մէջքդ վեր կը հանէին։
Ամբողջովին տարբեր էր չորրորդ յարկի գործելու ոճը։ Յարկը երէց քաղաքացիներու տրամադրուած ըլլալուն՝ արդէն գերեզմանին ճամբան բռնած է-ի իրատեսութեամբ կը վարուէին հիւանդներուն հետ։ Բժիշկս ըսաւ թէ կրնայ կարգադրել որ վարի յարկը իջեցնեն։ Հարց չէ, ըսի, այստեղ թնճուկները ինքնիրեն կը քակուին կոր, այս մէկն ալ թող ինքնաբերաբար լուծուի։ Հիւանդանոցը ի՜նչ յարմար վայր է համբերութիւն ամբարելու։
Կուգայ նաեւ շաքարախտէ տեղեակ ներկայացուցիչ մը որ կը թելադրէ թէ ամէն գիշեր անոյշ բան մը խմելու եմ, որպէսզի առաւօտուն գլխապտոյտ չզգամ։ Ա՛ռ քեզի տրամաբանութիւն։
Կէս գիշեր չեղած կու գայ էնտրուն, ծունկերէս վար մինչեւ ոտքերս կը փաթթէ պահանգի (braces) մէջ որոնք կը վանեն անշարժ ժամերուն ստեղծուելու հաւանականութիւն ունեցող արիւնակոյտը։Երկար հասակը առած կ՚երթայ, դուռ հասածին պէս ձեռքը ճակտին զարնելով ետ ներս կը մտնէ. « ես միշտ ալ կը մոռնամ այս մէկը, կ՚ըսէ, կոճակը կոխել որ մեքենան աշխատի»։
Բոլոր հիւանդապահուհիները եւ պաշտօնեաները յատուկ դասընթացքի մը հետեւած ըլլալու էին միշտ ժպտուն եւ բարեացակամ երեւելու։ Միայն թէ գիշերները կը քնանային կարծեմ. կէս ժամ կ՚առնէր որ երազնին աւարտէր եւ յայտնուէին պատասխանելու զանգիդ։
Ամէն առտու ամէն դուռի առջեւ կը դանդաղի Նորմըն Րոքուէլի նմանող թերթաբերը. Նիւ Եորք Թա՞յմզը կ՚ուզես թէ տեղական Րէքըրտը։
Եւ ահա վերջապէս հասաւ dining ambassador –ը, այսինքն ճաշի դեսպանը. քարտը քովս է , ճիշդ այդպէս գրուած է։ Գործը՝ մեր ճաշի ափսէները մատակարարել է։
Վերջապէս հինգերորդ օրը եկաւ նախաճաշիս ափսէն։ Փարթամ, ֆութպոլի չափ մեծ գլուխը տափակ ամանով մը. կը հանես ծանր կափարիչը, մէջը՝ երեք պատառ հաւկիթ։
Աղիքներուս ցնցղատապը անցած էր, լրիւ կազմով տուն բերի։ Նկարիչ ըլլայի՝ կը գծէի պէսպիսուն գոյնզգոյն բազմաձեւ տասնըհինգ դեղերուս կազմը, հոս հոն յոյսի տոպրակներով, որ իրենց համայնքային հաւաքական ոյժով բան մը ընեն։ Հիմա ծունկերս ցաւիլ սկսան ամէն օր աւելի – իմաստուն ուղեղի որոշմամբ հիմակուհիմա մեծ փորձանքը աս էր։ Սկսայ թերափիի շաբաթը երեք անգամ, մինչեւ…
Երրորդ րաունտին՝ ծունկերուս ցաւը անհետացած էր։ Քիչ մը բարեխղճութիւն կրնար ընել ուղեղս եւ չըսպասել որ աւելի մեծ փորձանքը գայ որպէսզի փորձանքներուն չափը որոշելով իր դիրքը ճշդէ։ Ի՛նքն ալ դադար առած կ՚ըլլար, ե՛ս ալ։
Երրորդ անգամ երբ դարձեալ երրորդ յարկ տեղաւորուեցայ, նախկին հիւանդապահուհի մը ինչո՞ւ հոս ես հարցուց։ «Այս անգամ ինչո՛ւ հոս ըլլալս մոռցած եմ» ըսի։
Պատգարակի մը վրայ առօրեայ նրբանցքները դիտելու առիթին կը սպասէի, որ Ալթրասաունտ առաջնորդուէի, «Վեհանո՛յշ, ի՞նչ կընես կոր հոս » լսեցի, ետեւ դարձայ Տր. Ճէգ Թոհմէն էր, էնտիքնորոլոճիստս. «Կարմիր մազերէդ հասկցայ» ըսաւ։ «Ինչ կ՚ընեմ կոր»ին երրո՛րդ անգամն է» ըսի։ Ժպիտով մտիկ ըրաւ « Ցաւդ շուտով կ՚անցնի ըսաւ, բայց այդ պատուհանէն արեւը կը տեսնե՞ս կոր, ան միշտ կը մնայ։ Դուն այդ մասին մտածէ»։
Լիբանանցի էր, միայն անցեալ տարի երեք անգամ Լիբանան գացի կարօտէս, ըսեր էր. նոյն բարեկամներուն ծանօթ էինք Ամերիկեան համալսարանէն, բժշկական իր տարիներու հայ դասընկերները շատ կը սիրէր։ Իբրեւ հիւանդ կը մտնէի իր գրասենեակը, ժամ մը կը տեւէր մեր խօսակցութիւնը «մենք քոյր-եղբօր պէս ենք, այդպէս կը զգամ»։ Ուսս բռնած՝«Այս տիկնոջ լաւ նայեցէցէք Պէյրութէն է, Ամերիկեան համալսարանէն». գրասենեակի պաշտօնեաները այնպէս կը ժպտէին կարծես շատ ծանօթ էին այս սենարիոյին։ Իր գրասեղանին վրայ փիղերու խումբ մը կար զանազան քարերով, հասակներով, միեւնոյն ականջներով։ «Այս փիղերը անուն ունի՞ն» հարցուցի։ Ամենամեծին վրայ դրաւ ձեռքը՝ ասիկա Վազգէն Տէր Գալուստեանն է, ըսաւ, այս մէկը՝ Ենիգոմշեանը, ասիկա … բոլոր փիղերը հայ էին։
Ընտանեկան բժիշկս կ՚ըսէ որ չ՚ուզեր այլեւս ինծի հանդիպիլ հիւանդանոցի մէջ։ Ըսի որ Չար Սատանային սաստէ որ Թեքեան ընտանիքէն հեռու մնայ։ Բոլոր ընտանիքներէ հեռու մնայ։ Աստուա՛ծ, կ՚ըսեմ, բոլոր հիւանդները իրենց տունը թող կարենան երթալ ողջ-առողջ։
«Դուն գիտե՞ս որ քու սենեակիդ պատուհանէն կրնաս դիտել Յուլիս Չորսի, Անկախութեան Տօնի հրախաղերը հոս՝ Րիճֆիլտի մէջ։» «Եկէք ուրեմն միասին դիտենք»։ «Միւսներուն ալ կ՚ըսեմ հոս կը հաւաքուինք»։ Ժամը իննին քառորդ կար պայթուցիկները սկսան։ Երեք փողոց անդին աւանին ոստիկանատունն է, քովը գրադարանն է, առջեւը հսկայ դաշտ մը կայ ուր նախապէս արձանագրուելով կրնաս այդ օրը աթոռ ծածկոց բերել, դաշտը նստիլ խուռներամ անկախապաշտներու հետ եւ դիտել թէ կղպուած կրակը ինչպէս կ՚ազատի կապանքներէն եւ գեղատեսիլ կը պսպղայ։
Տարիներ առաջ ես ալ զաւակներս բերեր էի, երկու տարի, միտքէս կ՚անցնէ՞ր որ օր մը հիւանդանոցի սենեակէս պիտի դիտէի, ան ալ՝ պատուհանէն էն ծայրը ծառերուն ետեւէն պլպլացող յանգող գոյներ միայն։ Հեռատեսիլէն Մէնհէթընի Մէյսիզի հրավառութիւնն է. հին հեքիաթներուն մէջ ծովուն մէջէն վիշապ կը բարձրանար, մերօրեայ հեքիաթին մէջ ծովուն վրայ կայծեր կը յայտնուին, նպատակասլաց կը սուրան, սիգապանծ սիրամարգ կը դառնան, ծիծաղկուն հովահար կը դառնան, իրար կը զարնուին, կը սայթաքին, կը սմքին։ Եթէ տիրաբար բացուին՝ ես քեզմէ գեղեցիկ եմ-ի տեսք կ՚առնեն, յետոյ կ՚անհետին կ՚երթան։ Ուրիշ գոյներով խումբ մը կու գայ կոկոզավիզ։ Ինչ կ՚ընեն չեն ըներ՝ երկինքը կը պսպղացնեն մութի վարագոյրը իջնելէ առաջ։ Մութը եթէ պիտի գայ՝ պիտի գայ։ Կարեւորը ան է որ երկինքը պահ մը պսպղայ։
Առտու կանուխ հասած հիւանդապահուհին բոլորին նման ինք ալ անունը գրեց գրատախտակին վրայ, գրեց իր հեռախօսի էքսէթնշընը, նախաճաշէս –այսինքն շաքարազերծ ճէլոյէն եւ սուրճէն ետք տուաւ դեղերը ամէն ինչ ուշադիր քննելով, սպիտակ համազգեստը առանց որեւէ գիծի, այնպէս կիրթ ու կանոնաւոր, դէմքը՝ ամբողջովին գուրգուրանք, բայց զուսպ. պայծառ դիմագիծ։ Հարցումները պատասխանները՝ աւելորդ բառ չկար, բայց հոգածութեան առատութիւն կար։ Պատասխանեց թէ երեք զաւակ ունի՝ երեք, հինգ եւ ութը տարեկան։ Ահա թիւս հոս է ըսաւ. որեւէ ատեն որ պէտք ունենաս՝ անմիջապէս կուգամ։ Ինթըրնէթը բացի, տեսայ որ վեց պատուհաններէն էն վերջինը հիւանդապահի մը «մարգարտածաղիկ» տալ է։
Մտմտալու պէտք չունէի, գրեցի Վէլըրիին մասին, նկարագրեցի որ գրեթէ կատարեալ հիւանդապահ է։ Երիտասարդ էր ու շատ կարող, երեք զաւակի տէր, առտուան եօթին յայտնուած է կազմ ու պատրաստ։ Պէ՛տք է գնահատուէր իր գերադաս փրոֆէշընըլիզմը։ Այնքան ուրախացայ ըրածէս որ երբ եկաւ սենեակս, յայտնեցի թէ իր մասին գրեցի հիւանդանոցի վարչակազմին։ Արդէն հատ մը ունիմ, ըսաւ, ցոյց տուաւ փոքրիկ կապոյտ ասեղնագործուած ծաղիկը կուրծքէն կախած տրցակի մը ետին։ Շատ շնորհակալ եմ, ըսաւ նորէն զուսպ ժպիտով։ Չէր գիտեր թէ բուն մտահոգութիւնս այն էր որ այս մայրը նիւթապէս գնահատուէր։
Հազիւ կէս ժամ անցած յայտնուեցաւ քառասունի մէջ ցարդ անծանօթ հիւանդապահուհի մը. արագ արագ մաքրեց սեղանը, անունս Տայան է. կոկիկ ծալլեց օրուան թերթը, բարձդ շտկե՞մ, կեցիր քեզի թարմ ջուր բերեմ կուժով։ Իտալական առանց շաքարի պաղպաղակ կայ՝ կ՚ուզե՞ս։ Կը փափաքէի՞ր քիչ մըն ալ թիկնաթոռին վրայ նստիլ։ Սա վարագոյրը քիչ մը իջեցնեմ արեւը շատ է։ Ես միշտ այս բաժանմունքը նախընտրած եմ քսանմէկ տարիէ ի վեր։ «Քանի՞ զաւակ ունիս»։ Զաւակ չունիմ, չուզեց ամուսինս։ Խըրս ելայ իրմէ ալ, ամուսինէն ալ։ Այո իմ խառնուելիքս չէ, բայց իմ բարւոքութիւնս ալ ի՛ր խառնուելիքը չէր։ Ես միայն փոքր զաւակ ունեցող մայրերու մասին գրեցի, դրուատեցի, յուսալով որ արժեւորումս տեղ կը հասնի։ Վէլըրին ըսաւ որ երկու օր պիտի չգայ եւ մաղթեց կատարեալ ապաքինում։
Յաջորդ շաբաթ բժիշկը իր դարմանատան մէջ հարցուց՝ ինչպէ՞ս կը զգաս կոր. «տկար բայց լա՛ւ»։ Միա՛յն Սթերոյտին պատճառով լաւ կը զգաս կոր, չ՚ըսէ՞։ Ես առաջ սովորութիւն ունէի, առանց պատճառ ունենալու՝ լաւ կը զգայի։ Կեանքս տակնուվրայ եղած է. Սթերոյտը դադրի՝ յայտնի պիտի ըլլայ։
Հիւանդապահուհին ըսած էր. «Դեղագործը արդէն կ՚ըսէ քեզի Սթէրոյտին համար։ «Այսօրուան դեղաչափը այս է, վաղը նուազ, միւս օրը՝ աւելի պակաս։ Երեք օր միայն»։ Դեղագործը իրաւացիօրէն զարմացաւ՝ «աս իմ որոշելիքս չէ, ես այս պիտակին վրայ կը գրեմ միայն ինչ որ բժի՛շկը կ՚որոշէ»։ Իննիսուն դեղահատ կար շիշին մէջ – բժիշկը որոշեց՝ տասը օր՝ օրական երկու անգամ քսան միլիկրամ, յետոյ երկու շաբաթ օրական երկու անգամ տասնըհինգ միլիկրամ կ՚առնես, երկու շաբաթ՝ ալ տասը եւ վերջապէս՝ հինգ։ Անկէ ետք կը գիտցուի թէ ճիշտ ինչպէս ես։ Ինչպէ՞ս կը գիտնաս. «փորդ կը քննեմ այսպիսո՛վ կը հասկնանք մենք»։ Ըհը՛, յատուկ մասնագիտութիւն ունի դուրսէն՝ պահուըտած աղիքներու հետ խօսակցութիւն ստեղծելու։
Կար գլխուս հարցը, մոռցեր էի որքան ատեն պէտք չէ ասփիրին առնեմ։ Ընտանեկան բժիշկս հարցուց neurologist-դ ո՛վ է։ Ա՞ն ալ մը պէտք է յիշեմ։ «Արդէն պէտք չէ առնես, ըսաւ, երեք ամիսէն ուրիշ Քէթ Սքէն մըն ալ պէտք է, ըստ այնմ կ՚որոշուի»։ Ասփիրինը ծուռիկ- ծուռիկ կը նայի ինծի. – Քեզի տասնամեակներով սրտի տագնապէ խնայեցի, ինչպէ՞ս կրնաս զիս անկիւնը հրել։ Սիրելիս, այս դեղերու համայնքին մէջ քու թշնամիներդ շատ են։
Արդէն ո՛չ քաղցր բան կրնայի ուտել, ո՛չ աղի։ Հիմա համեմներն ալ արգիլուեցան եւ երկար ցանկ մը կայ ուտելիքներու որոնցմէ պէտք խուսափիմ. կարծրը չըլլար՝ կը փակէ ճամբան, փափուկը չըլլար՝ կը յոգնի կէս ճամբան աղիքներուդ փակած կը մնայ։ Կակուղը հարց չէ, առատ ջուրը պայման է։
Թնճուկաստանէն տուն վերադարձայ եե՜ե՜ե՜ւ ախորժակի թնճուկս լուծեցի։ Կը բանամ հեռատեսիլի այն կայանները ուր անուանի խոհարարներ ճաշ ու մաշ կը պատրաստեն։ Անոնք կը շինեն ես ալ համբերատար կը սպասեմ։ Փուռէն կը հանեն՝ ես ալ հեռուէ հեռու կը համտեսեմ։ Խնճոյք մըն է կը կատարեմ։
Կայ նաեւ Հայաստանի «Առաջին Ալիք»էն խոհարար Սարգիսը իր մոտեռն խոհանոցով։ Երկար սեւ մազերը ծոծրակին կապած, խիստ դիմագիծ ունի բայց նախադասութիւններուն վերջը երգեցիկ կը դարձնէ ։ «Այս մէկը կը տապակեեեենք», «կը շոգեխաշեեենք», «հաւի կրծքամիսը թելիկ-թելիկ անել, աւելացնել սաո՜ւսը», «թողունք որ անոնք (միջուկը) զրուցեեեն իրար հեետ»։ Այստեղ՝ շաքարը՝ շաքարաւազ է, փուռը՝ ջերմոց, դգալը՝ գդալ, ստեպղինը՝ կազար, ցած կրակը՝ մարմա՜նդ կրակ։ Կոկիկ քանակով թափանցիկ ամաններու մէջ կը շարէ կտրտածները, կը խառնէ զրոյցը աւարտածները, ամանը՝ մեր կողմը կը ծռէ, ահա՛ համադամ արդիւնքը. Ըհըը՜ մըհըը՜ չի բացագանչեր համին համը զգացնելու համար։ Շատ զուսպ՝ գլխու շարժումով կը հասկցնէ։ «Իսկ մենք կը հանդիպենք երբ կր հանդիպենք» կը վերջաբանէ, գոգնոցը չի քակեր, դարչնագոյն դուռէն կ՚անհետի։ Կարծես ուրիշ խոհանոց մը կ՚երթայ։
Իսկ այս մէկը վերջաւորութեան պահեցի որովհետեւ աղուո՜ր պատմութիւն է։ Օր մը միջանցքին մէջ քալած պահուս՝ երկարահասակ, սիրունադէմ, երեսունի մէջ հիւանդապահուհի մը մօտեցաւ՝ կրնա՞մ հետդ քալել։ Անշուշտ, ըսի ապշած։ Անմիջապէս ձեռքս բռնեց եւ մեր թեւերը քիչ մը բարձրացուցած՝ յուշիկ- յուշիկ քալեցինք։ Ես IV-ի ձօղը բռներ էի սըխը սըխը. հարցուցի անունը, Օքսանա ըսաւ։ Խօսեցանք Օքսանա Պայյուլ անմոռանալի դահուկասահին մասին (ice- skater) ։ Ըսաւ որ Պայյուլը ծանր արկած մը ունեցած է , հիմա Նիւ Ճըրզի կ՚ապրի, գրեթէ անշարժ։ «Հայաստանցի պոյֆրէնտ մը ունէր, որուն համար կ՚ըսէին թէ բարի պտուղ մը չէ»։ «Այդ մասին չեմ գիտեր» ըսաւ։
Ըստ սովորութեանս քալեցի մինչեւ հոն ուր երեք մեծ ցուցափեղկերու ետին Աստուծոյ ստեղծած թռչունները մարդու ձեռքով վերարարուած՝ տրամադրութիւնդ կը գեղեցկացնէի՜ն, հիւանդանոցէն դուրս կը փոխադրէին։ Ունեւոր տիկին մը իր Լարտօ թռչնազգիներու ամբողջ հաւաքածոն կտակած էր հիւանդանոցին։ Այնքան բնական էին անոնց քարացած շարժումները. կը կարծէիր որ իրապէս մայրը կտուցով կեր կուտար իր ձագին, ճիւղին թառածը կը գեղգեղէր. միւսը շուշանի քով սիէսթա կ՚ընէր. Օքսանային ըսի որ ամէն անգամ քանի մը թռչունի անունը կը սորվիմ, յաջորդ գալուս … դարձեալ ստիպուած կ՚ըլլամ սորվիլ։ «Ուրախ եմ որ հիւմըրով կ՚առնես կոր» ըսաւ։ Յուշիկ-մուշիկը մեզի հետ քալեց մինչեւ սենեակ։ Օքսանան օգնեց որ երկարիմ անկողինիս վրայ. բերաւ տաք պաթանեա մը գոցեց վրաս քնքշօրէն։ Դուն պահապան հրեշտակ մըն ես ըսի։ Պահ մը նայեցաւ աչքերուս, անուշ-անուշ դիտեց զիս, եւ հեռացաւ այդ խարտեաշ կերպարանքը։
Քանի մը օր ետք հիւանդապահուհի մը ըսաւ թէ հոս հայ հիւանդապահուհի մըն ալ կայ Ռուսիայէն եկած, հայերէն ալ կը խօսի։ Անունը հարցուցի. Օքսանա ըսաւ։ Ասանկ բան պատահա՞ծ է. հայը հայուն հանդիպի եւ ե՛ս ալ հայ եմ, չըսէ։ Առաւել՝ տաքուկ գուրգուրայ։ Տարոսը ձեզի, առանց հիւանդանոց իյնալու։
Սա վերջին բառը որքան ճիշդ է. հիւանդանոց կ՚իյնա՛ս։ Եթէ ճակտիդ գրուեր է, ինկած տեղէդ դուրս կ՚ելլես։ Աստուած իմ, կը կրկնեմ, թող բոլոր հիւանդանոցներու բոլոր հիւանդները դուրս ելլեն ողջ-առողջ, տուն երթան։
Գիշերային Էնտրուն հեռաձայներ էր որ արեան գերճնշման իմ սեփական դեղաշիշս որ պահարանին մէկ անկիւնը պահ դրուած էր՝ յայտնուեր է, պէտք է ես ալ յայտնուիմ առնեմ։ Քանի մը օր ետք գացի երրորդ յարկի հիւանդապահներու կայանը, իրենց որպիսութիւնը կը հարցնէի երբ թուխ Քաթրինան փաթթուեցաւ ինծի դէմքը արցունքներով ողողուն։ «Գիտե՜ս ինչու կը փաթթուիմ, փսփսաց. ասոնց առջեւ չեմ կրնար խօսիլ»։ «Ուրեմն քալե՞ց»։ Գլուխով հաստատական նշան ըրաւ, աչքերուն մէջ առատ արցունք, նոյնքան առատ ժպիտ։
Ինծի օգնած շրջանին միշտ ուրախ եւ կայտառ էր Քաթրինան, տաքուկ ծածկոց բերե՞մ, մազերդ լուա՞մ։ Ըսի որ յայտնի է որ ուրախ կեանք ունիս։ Է՜՜հ, ըսաւ մտածկոտ։ «Կ՚ուզե՞ս ըսել»։ «Ամուսինս բարկացոտին մէկն է, երբոր տունն է ամէն բանի կը բարկանայ»։ Զաւակները կը սիրէ՞։ «Անոնց հետ լաւ է, բիրտ չէ, մեծին շատ կը բարկանայ իբրեւ թէ «պիտի կրթէ»։ Բայց մի՛շտ կռիւ կը փնտռէ. լեռնէն-ձորէն բան կը փնտռէ ջղայնանալու, երբոր ձայնը լսես՝ գանգա՛տ մը ունի, պահանջք մը ունի։ Գիշեր-ցերեկ ա՛ս է կացութիւնը. վերջը չկայ»։
«Քեզի խորհուրդ մը տամ. իրեն ըսէ որ ոյժը պարապ տեղ թող չի վատնէ, որովհետեւ դուն այլեւս մտի՜կ պիտի՜ չընե՜ս ի՜նչ որ ըսէ։ Մեղք կ՚ընես որ մեր ընտանիքին կեանքը կը խռովես. զաւակներուդ լաւ օրինակ չես ըլլար։ Կեանքը կարճ է, յիշեցուր։ Պնդէ որ դուն՝ աշխատանքէն յոգնած տուն վերադարձած մայր՝ ժամանակ ունիս միմիայն լաւ բաներ լսելու եւ ընելու։ Թող ինքզինքը խնայէ, որովհետեւ իր պոռթկումներուն երբե՜ք ուշադրութիւն պիտի չընծայես»։
Ըստ Քաթրինայի ողջագուրումին՝ խորհուրդս կատարեր է, ամուսինը իր բարկութիւնը տունէն դուրս վտարեր է. եւ իր կենսախայտ կնկան աչքերը ուրախութեան արցունքներով կը պլպլային հիմա։
Մէկէն տասի միջեւ որքա՞ն է ցաւդ։ Երբեմն զէրօ, երբեմն՝ հարիւր։ Հինգ շաբթուան ընթացքին եօթ անգամ հիւանդանոց հասնիլ եւ չորս անգամուն երեքէն եօթ օր մնալ ամէն մարդու հիւնէրը չէ՛։
Միայն մեզի պատմելու չես, Գրէ՛ կ՚ըսեն։ Բայց ես չեմ գրեր, իմաստութեամբ կը սպասեմ որ սա երթեւեկս աւարտի, որպէսզի վերջակէտը դնելէս ետք ուրիշ հատոր մը չսկսիմ։
Օգոստոս, 2017