Կան քերթողներ, որոնք վարարուն թախիծով մը իրենց ծածկաղօթքը կը մրմնջեն, եւ բարութեան քնքշութեան գեղեցկութեան դուռ մը կը բանան մարդկութեան համար։ Կան՝ որ կեանքէն մեծ ալիքի մը վրայ կ՚արձակեն իրենք զիրենք, եւ հրաշահիւս շողապսակ մը կը դնեն մարդկութեան ճակտին։ Անոնք կեանքէն մեծ են։ Մարդկութեան եւ իրենց ժողովուրդին համար չեն տատամսիր հաշիւ պահանջելէ բոլոր աստուածներէն եւ սատանաներէն։ Անոնք հանճարներ են, որոնք աստղակայլակ իրենց խօսքը կ՚ըսեն եւ իրենց հմայքին տակ կը պահեն դարե՛րը։ Ասոնցմէ էր քսաներորդ դարուն սկիզբը, հայ բանաստեղծութեան կամարին վրայ իր շքեղ հոգեքանդակը դրած քերթողը՝ Դանիէլ Վարուժան։
Իւրաքանչիւրս ունինք մեր նախասիրած հեղինակները, տակաւին չեմ հանդիպած հայ ընթերցողի մը որ չվարարուի իր գրականութեամբ։ Ո՛վ որ բարձրանայ վարուժանեան քերթողութեան լեռնաշղթան՝ կը հմայուի անոր գեղեցկութեամբ, թարմութեամբ, իր ցոյց տուած աշխարհի համայնապատկերով։ Կատարուած են բազմալեզու թարգմանութիւններ, մենա-գըրութիւններ, աւարտաճառեր, յուշերու հատորներ, սակայն Վարուժանի շողարձակ արուեստին դիմաց անոնցը՝ տժգոյն լոյս մըն է։
Ծնած է Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղը 1884-ին։ Նահատակուած 31 տարեկանին։ Հաշիւը դուք ըրէք։
Ո՞ւր է իր մեծութիւնը – անսպառ են Վարուժանի արուեստի զգլխիչ ոլորտները, հայ լեզուի շքեղ գանձարանը ձեռքերուն մէջ եւ յաւերժութեան հունտերով լիաքիստ իր անդաստանը։ Կնոջ «տիեզերքի գեղեցկութեան մանրանկար»ին իր գովերգութիւնը։
Ոյժի եւ համայն մարդկութեան նկատմամբ գերագոյն սիրոյ մշտնջենաւոր թրթռումը կայ Վարուժանի քերթողութեան մէկ ծայրէն միւսը։ Ի՞նչ էր իր խիղճին ուզածը՝ Բանաստեղծ էր. ծնած օրէն զինք պիտի հալածէր ճշմարիտի, բարիի, գեղեցիկի եւ արդարի անհրաժեշտութիւնը։ Առաջին օրէն իր բառերու խոփով պիտի հերկէր սիրոյ, արեւուն եւ հողին ոյժը։
Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութենէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք «դժուար եւ վտանգաւոր էր երկիր վերադառննլ, եւ ես անցայ Պելճիքա, Կանտ քաղաքը ու հոն յաճախելով հանդերձ գրականութեան դասընթացքներուն, կանոնաւորապէս հետեւեցայ քաղաքական եւ տնտեսական գիտութիւններուն, զոր աւարտեցի չորս տարի վերջ։ Կանտը բանուորական եւ միեւնոյն անգամ կենսուրախ քաղաք էր։ Ֆլաման կեանքն ու գեղարուեստը թերեւս եղան պատճառ, որ արուեստս հակեր դէպի իրապաշտութիւն։»
Իր վաստա՞կը. «Սարսուռներ», աշակերտական տարիներուն։
«Ցեղին Ձայնը» հրատարակուած 1909-ին։
Կը գրէ «Ցեղին Ձայնը» հատորին մասին. «Կրնամ ըսել թէ ամենէն խոր անձնական տառապանքները ես կրեցի Կանտի մէջ։ Սակայն, 1904-1907 շրջանն էր, ու ես չուզեցի տեղ տալ իմ անհատական ցաւերուս, գրեթէ լռեցուցի իմ սիրտս ու նախընտրեցի երգել ցեղին սիրտը, որուն բաբախիւնները կը զգայի իմ մէջս, իմ սեփական արիւնիս խորը։ Հայութիւնը կու լար եւ կը մռնչէր իմ մէջս եւ երգերս դուրս կուգաին օտար երկնքի տակ կարօտի լարովը միայն կապուած մեր երկրի հողին եւ մարդուն հետ։»
Պոլիս. երբ 1880-էն ի վեր վենետիկեան դասականութիւնը բառարուեստի թռիչքներուն սանձ կը դնէր, երբ լուսնասէր ու քնաբեր մեղեդիներ մեր մամուլը կ՚օրօրէին՝ ի՞նչ պատահեցաւ, ի՛նչ ոյժի պոռթկում էր յանկարծ դարասկիզբին՝ երբ բազմուղի ձայնարձակութիւն մը սկսաւ, աստուածներու վերածննդեան, անցեալի յարութեան, հերոսներու ոգեկոչման։ Նոր աշխարհ մը բացուած էր. Վարուժան կը գրէր.
Հանճա՛րդ հայկեան, Նաւասարդեան սա տօներուն
Արեւափառ,
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն եւ բազմագոչ
Քնարըդ ա՛ռ։
Յանո՜ւն Ոյժին, յանո՜ւն գեղին մտիր մեհեանն
Աստուածներուն,
Ջահը ձեռքիդ՝ բագնէ բագին համասփռէ՛
Հուր ու արիւն։
Զի մենք յանուն Սէրին, Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք
Նո՜ր արշալոյս։
Իր տաղերուն մէջ հռետորութենէ անդին ճառագունող իմաստութիւն մը կայ։ Վարուժանի քերթողութեան շեղբը կ՚իջնէր, իր բառերով «պաղպաջուն, մերկ ու արու» պատեանէն դուրս քաշուած սուրի շողարձակութեամբ, եւ մեծ սիրոյ խոստովանանքի նման՝ յաւիտենական լուսակրութեամբ։
Յաջորդը՝ «Հեթանոս Երգեր» 1912-ին։ Այս շարքը՝ պատկերակերտական ցանց մը, բազմակողմանի ու յարատեւ հմայիչ։ Կը դնէ երեւոյթները դիմագիծի մը կամ շրջագիծի մը մէջ, եւ այս յայտնումին մէջէն կը քաշուի, կը պահուի անկիւն մը։
«Տեսած էի Եւրոպան։ Օգտուելով տեղւոյս հսկայ գրադարանէն՝ կարդացեր էի հնդիկներէն մինչեւ Հոմեր եւ Հոմերէն մինչեւ Մեթերլինկ։ Հոգիիս վրայ բոցի մը լեզուին պէս զգացած էի բանուորներուն աղաղակը մէկ կողմէն, ու միւս կողմէն շուայտ ու արբեցող կեանքը, ի զուր թաքնուող բոզացումները բարոյիկ համարուած փարթամ ընտանիքներուն։ Եւ ահա ասոնք բոլորը՝ ստորագծած յիշողութեանս մէջ եւ միացուցած հին յունական ու հռոմէական կեանքին վերյիշումներուն, յանգեցայ գրել, երբ որ երկիր, իմ գիւղս վերադարձայ, «Հեթանոս Երգեր»ը։»
«Իր ծննդավայր Բրգնիկէն Պոլիս, յետոյ Վենետիկ, Պելճիքա, յետոյ դարձեալ գաւառ եւ Պոլիս դարձեալ, այս քնարակիրին ամենէն տոկուն լարը՝ մարդկային հոգիի տառապանքէն կը ձայնանայ։ Տրուած էր ան մարդեղութեան արիւնլուայ խորհուրդին։ Լսեց հառաչակուլ ցաւը մարդկութեան այն խաւին, որուն աղաղակը անոր հոգիէն կը փրթի, եւ զայն լսող մը հազիւ թէ կը գտնուի։ Գրեց մեռնող բանուորներու մասին, տապահեղձ աշխատաւորներու, երբ մեքենաներուն թաթերը անոնց մարմիններուն եւ օրերուն լոյսը կը ճզմէին։ Հայ դեռատի լուացարարուհիին հասակին դաւող վարդերուն մասին գրեց։ Երգեց խաբուած կոյսերու, դիապարտներու մասին. Բանուորուհիին խօսեցաւ դարձեալ.
Եւ ես կ՚ուզեմ ամփոփել քեզ սրտի՜ս վրայ
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ոյժս քեզ, մրցանակներս փառքի
եւ ազգանունս ամբասիր։
Միայն թէ դուն չըլլաս տժգոյն ու քաղցած,
արեւուն տակ չհազաս.
Մօրդ վերեւ չմարի ճրագն ու, ո՛վ քոյր
դուն գործատուն ա՛լ չերթաս։
Վարուժան զրկուածներու տառապանքին համար ոչ աղերսարկու էր, ոչ մելամաղձիկ։ Իր կշտապինդ բառերով խարանեց որդնոտած քաղաքակրթութեան մը բոլոր տարրերը – «Եւ ես քէնով կ՚անիծեմ դարուս կաւատ մարդկութեան / Ոսկի հորթերը բոլոր»։
Մայրացած պարմանուհիները եւ մահաշշուկ նորածինները պարուրեց իր բառերու մեղրակաթով։ Հեղգ պոռնիկներու կարմրաշառայլ խաւարը, եւ տունը՝ որուն ձեղնալոյսին տակ, գինով բանուորին կնոջ առջեւ ապուրը կը պաղէր՝ իր գգուանոյշ բառերով խանձարուրեց։ Վարուժան միամիտ չէ կարծելու չափ որ պիտի յանկարծ արդարութիւն գոյութիւն ունենայ եւ առօք-փառօք հանգչի զրկեալներուն քով։ Բայց իր բաց ու ծնրադիր սրտով – ուրկէ բարութիւն կը քամուէր – անոնց տառապանքին, եւ ի՛ր տառապանքին յենացուպ դարձաւ։
«Հացին Երգը» հրատարակուեցաւ յետ-մահու (կաշառելով թուրքը որ բռնագրաւած էր ձեռագիրը)։ Իսկ իր նամականին, արձակ գրութիւններն ու թարգմանութիւնները հրատարակուեցան 1965-էն ետք։
«Օսմանեան սահմանադրութեան երկրորդ տարին 1909-ին էր որ ես անցայ հայրենիք։ Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրի Սեբաստիոյ Ազգային Արամեան վարժարանը եւ բնակեցայ ին գիւղս՝ Բրգնիկ։ Սիրեցի հոն սեբաստացի հայուհի մը, որ յետոյ իմ կինս եղաւ եւ ինծի տուաւ երկու զաւակ – Վարուժնակ ու Արմէն։ …. Ստիպուած նիւթական դժուարութիւններէ, զոր բազմանդամ ընտանիք մը կը պարտաւորէ վրաս, ահա երկու տարի է, որ Պոլիս անցած եմ, եւ կը վարեմ վարժարանի մը տեսչութիւնը.։ Այժմ կը գրեմ «Հացին Երգը», որ յուսամ տարիէ մը լոյս կը տեսնէ. Այս հատորին մէջ երգուած պիտի ըլլան հայրենի հողը, մշակներու աշխատութիւնը եւ գիւղական կեանքի խաղաղ մեծութիւնները։ Հաճելի է ինծի միշտ լարերս փոխել եւ վերանորոգուիլ արուեստիս մէջ։»
«Հացին Երգը» քսանինը քերթուած։ Ամբողջ արարողութիւն մը՝ սերմնացանէն սկսած մինչեւ հացը դրուած՝ ընտանեկան սեղանին։ Վարուժան կը սկսի Մուսայէն, որպէսզի ցոյց տայ թէ երաշտ հողը ինչպէ՛ս կը բեղմնաւորուի մարդու բազուկով, արեւի հպումներով, ու կը մատուցուի իբրեւ սրբազան հաց։ Ինչպիսի՜ երաժշտականութեամբ, արեւամաղ յոյզերով կ՚ընթանայ այս քերթողաշարքը, կը ցոլացնէ հրճուանքը, ինքնավստահութիւնը մարդոց որ կը ստեղծեն հացը կենաց։ Այլ խօսքով՝ հացը նաեւ հոգին կը սնուցանէ։ Կ՚ընդելուզուին բնութիւնն ու մարդը։ Հրաշագործ է մարդը։ Այսպէս՝ քերթողն ու իր հողը՝ ամենակարող, Աստուած ու իր հողը՝ ամենակարող, մարդը եւ իր հողը՝ ամենակարող։ Երեքն ալ կը սկսին մութէն ու կը հասնին լոյսին։ Կեանք կը պարգեւեն։
Ինչպէս կը յայտնուի իր նամակներէն՝ ինքնածրագրուած բանաս-տեղծութեան մը մէջ կ՚ընթանար։ Սակայն ի՞նչ էին իր մտայղացքին ներքոյ բաւիղները, ի՞նչ կը փնտռէր մեր հին դարերէն, ո՞ւր պիտի հասցնէր մեզի իր շինած հողի եւ հեթանոսութեան շաղախը։ Իր բռնկման գիծերը այլատարր են – ինչպէս բնազանցական տարածութիւնը իր գրականութեան, նաեւ իր քաղաքական դիրքորոշումը։ Գերազանցօրէն՝ Վարուժան էութեան, լոյսի եւ գեղեցկութեան երգիչն էր։
Էութեան տարրը – բանաստեղծ եւ հայ։ Իր մօտ գրելու արարքը կը բաղդատուի աստուածային ստեղծագործութեան հետ – բացարձակ եւ ամենակարող։ Աստուծոյ պէս բանաստեղծն ալ կը կրէ տիեզերքի ստեղծագործականութիւնը, հողաբոյր քերթողը կը դառնայ աղբիւր ու ծագում։
«Երբ օտար գրողներու համար անցեալը ներշնչման եւ վերանորոգման կայան էր, մեր գրողները իրենց ցեղին ճակատագիրը իր ներկայո՛վ կրնային ըմբռնել։ Ազգ մը որ երեքհազար տարիներու իր տառապանքի խորշակներէն եւ խոռոչներէն զատած էր ինքզինք՝ գիշեր-ցերեկ կը մորթուէր Եւրոպայի սֆինքսային անտարբերութեան դիմաց։ Վարուժան ճանչցաւ ցաւին ովկիանը իր ժողովուրդին ընդմէջէն, եւ անոր վկայութիւնը քանդակող արուեստագէտը եղաւ։ Բռունցքը լարեց յուսակտուր, աղմկայոյզ ողբասացութեան դիմաց եւ դիմեց Նեմեսիսին՝ վրէ՜ժ աղաղակելով, եւ դիմեց Վահագնին՝ հեթանոս մշտնջենական ոգիի վերազարթման համար. «Լուա՛ հոգիս, ճառագայթով մը օծէ»։ Որքան հզօր պիտի ըլլայ բանաստեղծ մը, որ չորս դին տարածուող ծանրակիր աղաղակներուն մէջ երգէ. «Սիրտս սափորն է դատարկ / Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին։»
Իր աշխարհահայեացքը կը հիմնաւորուի լոյսի վրայ։ Ներքին լոյսը նախաշաւիղն է ճամբորդութեան։ Յաճախակի երեւոյթ իր գործերուն մէջ՝ կը սկսի հողէն, անտաշ քարէն, մթութեան արգանդէն եւ կը բարձրանայ դէպի լոյսը։ Իսկ լոյսը աստուածային է, ամէն ինչի լիութիւն ու հաստատութիւն տուող։ Գիտէ թէ լուսեղէն է բանաստեղծի դէմքը, այլապէս ինչո՞ւ պիտի գրէր «Քնարիս լարերով կ՚երգեմ արեգդէմ»։ Լոյսը գեղեցկութիւն է, «Լոյսն է մտքիս հարսը», եւ վերջապէս լոյսն է որ կը հասցնէ մեծ գաղափարին. «Լոյսի ծոցին մէջ իմաստութիւնը երգ մ՚է»։
Սերմանեց անվերջ՝ լոյսով յորդավէժ քերթողութիւն մը, որովհետեւ կը հաւատար որ պէտք է կատարուի «վերափոխումը իրերու ջինջ հոգիին»։ Ինչ յաղթաժեռ պիտի ըլլան իր նայուածքին մէջ բռնուած ապրումները, երբ հայրենական կարմիր հողը սեղանին վրայ դրած կը գրէր. «Այդ հողին մէջ յուռթի / Նայուածքս արմատ կ՚արձակէր։» Եւ որքան մթագին գիշերներու մէջ անցեալի ոյժէն հրուած էր երբ խօսքը կ՚ուղղէր դիւցազնին. «Իմ ոսկեղէն հերիւծով՝ ես Կեանք կամ Մահ գրեցի։» Կ՚աղաղակէ թէ «Մինչեւ երբ իր արեամբ հայ գիւղացին պիտի արտն իր ոռոգէ», որովհետեւ տեսած էր «ժիր ժողովուրդ մը որ կեանքին աստուածացումը երգեց։» Որքա՜ն կոմիտասեան խունկ ունին հետեւեալ տողերը. «Ով աւերակը բլրան վրայ շինուած հողերուն / Ուրկէ կ՚ելլէր հայ գեջուկն առաւօտեան աղօթքով / Արարչութիւնը հողին արթնցնելու բահին տակ։»
Մանկութենէն տեսած էր հայրը բանտի մէջ, ճանչցած էր պանդխտութեան վիրածոր աչքերը, գիշերած էր Անիի աւերակներուն մէջ, բացած էր կարօտի նամակները, մտիկ ըրած էր ծեր կռունկին որ իր «օրհասի կրկռոցով գաղթումը կ՚անիծէ։» Գրած էր «Արմենուհի» պոեմը գրեթէ երեք անգամ, որպէսզի լաւագոյնս տայ պատկերը հայուհիին որ հարճ չըլլալու համար մտադրած էր վերածուիլ դիակի, եւ մատչած էր «գերաստուածեան հաղորդութեան / որուն մէջ հայրենիքի սէրը վեհ / Կրօնքը կ՚ըլլայ հազարաւոր կրօնքներու։» Հայոց պատմութեան ամենէն բնորոշիչ պահերէն մէկն է իր սա երկու տողերը. «Հրացանս տուր այս անգամ, զոր գոմին տալ գաղտնափակ / Ձեղնայարկէն կախեր եմ, Քրիստոսի խաչին տակ։»
Մայրացած պարմանուհիները եւ մահաշշուկ նորածինները պարուրեց իր բառերու մեղրակաթով։ Հեղգ պոռնիկներու կարմրաշառայլ խաւարը, եւ տունը՝ որուն ձեղնալոյսին տակ, գինով բանուորին կնոջ առջեւ ապուրը կը պաղէր՝ իր գգուանոյշ բառերով խանձարուրեց։ Վարուժան միամիտ չէ կարծելու չափ որ պիտի յանկարծ արդարութիւն գոյութիւն ունենայ եւ առօք-փառօք հանգչի զրկեալներուն քով։ Բայց իր բաց ու ծնրադիր սրտով – ուրկէ բարութիւն կը քամուէր – անոնց տառապանքին, եւ ի՛ր տառապան-քին յենացուպ դարձաւ։
Նամակի մը մէջ կը գրէ. « Միակ նպատակս է հայրենիքիս օգտակար ըլլալ, ահա գաղափարը որ զիս կ՚ոգեւորէ եւ կը կանգնէ։»
Բանաստեղծ մը, որ բանտէ անորոշութիւն, եւ ներքին եղեռնէ արտաքին եղեռն կը պտըտցնէ իր հացին երգը, անոր՝ այսինքն քերթողութեան զօրութեա՞ն կը հաւատար աւելի, թէ ոչ՝ իր մեծագոյն սիրոյ մարմինն է որ իր հետ կը պտըտցնէր, իբրեւ մխիթարութիւն, իբրեւ գեղեցկութեան յուշամատեան, իբրեւ ստեղծումի յաւերժական կնիք։ Կը գրէր. «Ապագային համար այնքան աշխատութիւններ ունիմ. Քերթողական այնքան գեղեցիկ ծրագիր։ Սիրտս օրէ օր կը տկարանայ, ան հարիւր տարեկան ջութակի մը պէս օր մը պիտի փշրուի եւ իր վերջին երգը ո՛չ ոք պիտի լսէ։» Եւրոպայի մէկ մռայլ ոստայնը ինկած օրերէն ի վեր Վարուժան արքայաբաղձ կարօտ մը ունէր Մեծն Տիգրանի մասին դիւցազներգութիւն մը գրելու։
«Արդ միայն իրմով կ՚ապրիմ, իրմով եմ յաղթական. Օր մը գուցէ ան զիս թողու, կամ իր փլատակին վրայ գլուխս ծռէ եւ ողս կոտրէ։» Այդ պահուն Վարուժան կը հաւատա՞ր որ ճակատագրի մուրճը պիտի անյապաղ իջնէր իր ալ գլխուն։ Այաշի մահաթոր բանտին մէջ մինչեւ վերջին օրը կը գրէր կեանքի երգը, կը քակէր ու կը հիւսէր հողին արդար քրտինքին ու կենարար արգասիքին գովքը, ուր հո՛ղը կար մեծ սեմնացաններուն համար իբրեւ բաղձանք ու հրաւէր. «Օրը ահա կ՚իրիկնանայ, կ՚երկարի / Շուքը թեւիդ հորիզոններն աստղային։»
Հորիզոննե՜րն աստղային։ Այդ ճամբան էր որ զինք հայրենիք պիտի տանէր, կը գրէր. «Անպատճառ ամբողջ Հայաստանը պէտք է տեսնել։ Կ՚ուզեմ համբուրել այն բոլոր տեղերը ուր նահատակ մը ինկաւ կամ հերոս մը կոխեց։ Մենք այնքան մեծ ենք որքան հողէն կը խմենք մեր զգացումները։ Ամէն ինչ հոդ է։ Դէպի մեր պապերուն, որ է՝ դէպի աստուածները։»
«Ապրիլը ընդհանրապէս բարեգութ ամիսս եղած է» գրած է Վարուժան նամակի մը մէջ։ 1915-ի Ապրիլը ո՛չ բարի եղաւ իրեն, ո՛չ ալ գթառատ։ Գարուն էր՝ խաւարեցաւ արեւը հայուն։ Բարբարոս նահատակութիւն մը ունեցաւ Վարուժան Օգոստոսի 26-ին Չանղըրըի մէջ, միեւնոյն օրը Պոլսոյ մէջ կը ծնէր իր երրորդ զաւակը՝ Հայկ։
Անցեալ շաբաթ, երբ Վարուժանի Նամականի-ն կը կարդայի, իմ Հայկս՝ չորսուկէս տարեկան տղաս տեսաւ ձեռքս գիրքը, հարցուց թէ որո՛ւն գիրքն է։ Ըսի՝ Դանիէլ Վարուժանին։ Ըսաւ՝ Դանիէլ Վարուժա՛նը ով է. ըսի՝ մեծ բանաստեղծ մըն է։ Հայկիկը իր ասմազուն աչուկներով նախ միջոցը չափեց, նայուածքը սենեակին բոլոր պատերուն վրայ պտըտցուց, եւ յետոյ ամենէն ճիշդ հարցումը հարցուց. – մինչեւ երկի՞նք։
Պիտի մեծնաս, տղա՛ս, եւ պիտի տեսնես որ հայերը անհո՜ւն, կապո՜յտ երկինք մը ունին, ուր հերոսներ կան անեղծ նարօտներով, որոնք կը խօսին հետդ. եւ անոնցմէ մէկը կը կոչուի Դանիէլ Վարուժան – որ մոռցած իր սեփական ցաւը, իր ներաշխարհը, եղբայրացաւ մարդկութեան տառապանքին հետ։ Մեր ցեղի ցաւի շիկագոյն միջօրէին իր առաջին բանաստեղծութեան մէջ իսկ գրեց. «Հայր, ես կ՚երթամ այն ճամբայէն որ ճերմակ մազերուդ զիս կը տանի։» Եւ հեթանոսական քուրմի մը պէս՝ իր քերթողութեան թակոյկէն ոյժի եւ անմահութեան գինին խմցուց իր ժողովուրդին, ան չողբերգեց իր ժողովուրդին ցաւը։ Եթէ իր քնարակից Սիամանթոն ցնցեց, սթափեցուց ժողովուրդը, Վարուժան ոգեզինե՛ց մեզ, դարձաւ պայքարի որդի եւ բառերու փայլակներու յաղթանակով ոռոգեց, ու իր հրաշահիւս քերթողութեան պատմուճանը մեզի ժառանգ թողած՝ գնա՜ց հայերուս երկինքին մէջ տեղ մը։ Եւ թեպետ նահատակուեցաւ երեսունմէկ տարեկանին, սակայն կը մնայ արեւմտահայ քերթողութեան ոյժին, արուեստին ու տեսիլքին նախահայրը։
1984
Նիւ Եորք