Արամ Արման | Ինչ որ ըսի

(1923-1994)

Ինչ որ ըսի, կը խորհիմ, պզտիկ պոռթկում էր միայն,
Պզտիկ պոռթկո՜ւմ մը հազիւ, անոր համար, որ արդէն
Էութենէն բաժնելով կրցայ թուղթին յանձնել զայն
Ու պարպըւիլ վերջնապէս անոր մաշող խորհուրդէն:

Սէրըս ամբողջ ինքն իր մէջ եղաւ քերթուած մը շքեղ
Ու զմայլա՜նք մը խորունկ, եւ որքան ալ ուզեցի
Ու կարծեցի իսկ յաճախ զայն բառերով տալ այստեղ,
Ուժգնութենէն բառերուս մնաց միշտ վեր ու գաղտնի:

Ու իրական ցաւս անշուշտ պիտի ամէն օր այսպէս,
Իբրեւ արցո՜ւնք մը միայն աչքերուս մէջ խլըրտի,
Եւ իմանայ զայն ոչ ոք ու գուշակէ բառերէս…

Ինչ որ ըսի… Բայց կ’արժէ՞ր բանալ հոգիս բոլորին,
Երբ նորէն օր մը, աւա՜ղ, ըսուածներէն աւելի
Չըսւածներո՛ւն ծանրութեամբ պիտի աչքերըս փակուին:

 

Ա. Արման, Խաչբուռ, Հալէպ, 1945

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *