Արթիւր Շէնեան | Իրեն համար

Հիմա, դէմ առ դէմ նստած, լեռէն ու ձորէն կը խօսինք իրարու հետ. ձեւականօրէն կը հարցնենք ու նոյնքան ձեւականօրէն կը պատասխանենք իրարու.
– Է՜հ, ինչպէ՞ս ես: Ի՞նչ կայ-չկայ:
– Լաւ եմ, լաւ, դո՞ւն: Նորութիւն չունիմ: Երկրէ-երկիր վազվզուք:
– Լիբանանը չէիր հաւներ չէ՞ որ. ետ եկեր ես:
– Հա՜, ի՞նչ ընեմ. գիտես, իրեն համար…
– Գիտե՛մ, գիտե՛մ:
Ատենին չէի կրցած «գիտե՛մ, գիտե՛մ»-ի կոպտութիւն ցուցաբերել իրեն հանդէպ. ինչ-որ աղախինի արհեստական հոգատարութեան յանձնած տասնամեայ զաւկին ստամոքսն ու ապագան սնուցող առեւտրական գոյակցութիւնները, գրեթէ երեկոյեան ժամը ութէն ետք բազմապատկուող, արտակարգ զոհողութիւն թուած էին աչքիս: Զաւկէն հեռու՝ ամիսներ շարունակ անծանօթ քաղաքի լորձնաշո՜ւրթ «գամփռներով» շրջապատուած՝ անոնց վաճառած շամբշոտ համբոյրները, կրակուբոց ժպիտներն ու սիրուհիական գրկախառնումները տարօրինակ խղճմտանք արթնցուցած էին մէջս ու, շատ չանցած, խղճմտանքը փոխակերպած ազնիւ սիրոյ ու համակրանքի:
Ասպնջական դռնփա՜կ սենեակը, խոշտանգուած սիրասո՜ւն անկողինը, մոխրամանին մէջ շպռտոտուա՜ծ սիկարէթի կճատներն ու գարեջուրի երկու պարա՜պ շիշերը չէին արգիլած, որ զինքը տեսնեմ որպէս հաւատարիմ տանտիրուհի՝ արեւածագէն առաջ ամուսինը անո՜յշ-անո՜յշ կսմիթող, ապա անոր հետ պատշգամը աչք-աչքի ու սի՜րտ-սրտի սրճող, յետոյ չճամբած զինք ամուր-ամո՜ւր ողջագուրող ու երեկոյեան ալ… կրկին պատշգամը… ակնդէտ իրեն սպասող:
– Ա՛ռ, վառէ՛ հատ մը: «Կրակմար»-էն ետք սովորութիւն է:
– Օ՜ֆ, «ոչ» չեմ ըսեր, շնորհակալ եմ:
– Ամէն ճամբայ իջնելուս կը զղջամ: Մոսկուա չէ հոս. հազիւ որ օտար տեսնեն…
– Աչքերով կ’ուտեն, չէ՞:
Տարօրինակ բան. դեռ երկու տարի առաջ… ինչպէ՞ս, այսքան շո՞ւտ. բառերուս պարզունակութիւնը զիս ափ ի բերան կը ձգէ: Մինչ ինք ճնկելով ու «օ՜ֆ» քաշելով մուր կու տայ թաղերու խոռոչներէն մէկէնիմէկ բուսնող «գիշերապահ» փսլնքոտներուն, ես՝ նորօրեայ անզգամս, զինք մտիկ կ’ընեմ կատարեալ պաղարիւնութեամբ՝ առանց ծպտուն հանելու. ա՛լ առաջուան պէս չեմ բորբոքիր զինք հեռուէն կուլ տուող խժդուժ աչքերէն… չե՛մ տագնապիր… չե՛մ փորձեր զինք պաշտպանել անոնցմէ: Կը խօսիմ իրեն հետ այնպէս, ինչպէս պիտի խօսէի ի պաշտօնէ պճնուած ու ի պաշտօնէ շպարուած անծանօ՜թ սենեկակիցիս, որ… որ ի պաշտօնէ կը սիրէ զիս, կը գգուէ զիս, կը համբուրէ զիս, յետոյ նեմրութ-նեմրութ կը բաժնուի ինձմէ՝ զիս երեսն ի վեր ձգելով համայնակուլ պարապութեան մէջ. ո՛չ «ցը՜», ո՛չ նայուածք, ո՛չ ժպիտ. ընդամէնը… շրա՛խկ:
* * *
Անխօս կը կրկտեմ որսահալած գծագիր աչքերը՝ ատենին արեւներ գրկած, բայց յետոյ քիչ-քիչ փոքրացած ու մթագնած՝ բիրտ, կծծի ու կնամոլ ամուսնոյն մեռեալ յարկին տակ:
– Ես իջայ. հայտէ՛:
– Ա՞յս ժամուն: Կէսգիշեր է:
– Ա՞յս ժամուն: Քեզմէ արտօնութիւն պէտք է առնեմ, հը՞:
– Չէ՜, բայց… այսինքն…
– Բայց ի՞նչ, Սիտորա՛. ըսէ՛, բայց ի՞նչ, հը՞, բայց ի՞նչ, բայց ի՞նչ:
Ակռաներու կճռտոց, անասնավարի քաշքշուկ գգուանք հոտող թեւերէն ու ձեռքերէն ու լեղապատառ աղաչանք.
– Հոգի՛ս… մի՛… հաճի՛ս… մի՛…
Ու շառաչուն ապտակ մը կէսգիշերուան լռութեան մէջ.
– Օր մը ձեռքիս տակ պիտի մեռնիս դուն, շունշանորդի…
Դրան շրխկոց մը ու ննջասենեակին բիրտ ամայութեան մէջ մանկան նման հեկեկացող հոգի մը՝ ճզմուած ու բզկտուած:
Բայց աչքերուն մէջ կը տեսնեմ դեռ շողի գնդիկներ, որոնք տակաւին չեն մեռած, եւ որ ինծի մտաբերել կու տան այն կինը, զոր փակ դռներու ետին ճանչցած էի դարեր-դարե՜ր առաջ, եւ որուն սիրահարած էի խենթու պէս՝ մինչեւ յետին բջիջներս:
Պահ մը վար կ’առնեմ գլուխս: «Կ’աներեւութանամ»: Մէկէնիմէկ կը յիշեմ, թէ ինչո՛ւ սիրած էի զինքը՝ նկատի չառնելով ո՛չ կիսաբաց գիշերազգեստը՝ կուրծքերուն եւ ազդրերուն պարարտութիւնն ու փափկութիւնը ի ցոյց դնող, ո՛չ խառնշտկուած յարալէզ անկողինը՝ պատանեկան սիրոյ գեղեցկագոյն պատրանքներ յարուցող, ո՛չ ալ դրան շեմին ինծի շո՛ւն-շո՛ւն ժպտացող աճապարանօք այցելուները, որոնք, երեւութապէս իրենց «նմանը» գտած ըլլալով, «վարձքդ կատար, ընկեր»-ով կը դնէին զիս ճամբու:
– Հա՜, ի՞նչ ընեմ. գիտես, իրեն համար…
Ակնթարթի մէջ կը մոռնամ կին բուրող շաքարաջրուած բառերը՝ կարկտուած տղամարդու արտաքին բարեմասնութիւններուս, մէկ գաղջ, մէկ ջերմ վերաբերումը՝ Երկիր մոլորակը անդուլօրէն շրջմրջած-դարձմրձած, ներքին ամբողջ համակարգս հիմնովին փլուզած, մոսկովեան սառնամանիքը վերադառնալէն ետք իրենց երբեմնի պարարտ բերանը օդը տնկած այն զոյգ գրպանները, որոնց դատարկութեան ի տես՝ շաբաթներ շարունակ երեսիս թքած էին ծնողներս՝ բղաւելով.
– Ծօ՛, մենք այսպէ՞ս դաստիարակեցինք, հը՞, ծօ՛, հը՞:
Կը մոռնամ բոլորը իսկոյն, կը մոռնամ շուտ-շուտ, կը մոռնամ վայրկենապէս, կը մոռնամ ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան ոչինչ ապրած ըլլալու խաղաղաբեր երանութեամբ:
Կրկին կը հաւատամ աչքերուն աղաւնեակին եւ անսանձ մղում կը զգամ յորդելու իր առջեւ՝ բաց ու անսքօղ, ինչպէս պիտի յորդէի ներկայութեան բարեհոգի ու գթառատ քրոջ, որ բոլորէն լաւ կը ճանչնայ զիս, որ մտիկ կ’ընէ զիս, որ ականջ կու տայ հնհնուքներուս, ձաբռտուքներուս՝ առանց զիս ծաղրուծանակի ենթարկելու:
* * *
– Խենթութիւնս չես մոռցած, չէ՞, ինչպէ՞ս կրնաս մոռնալ որ,– կը հարցնեմ իրեն՝ վստահ չըլլալով, որ պիտի կռահէ ակնարկիս ինչ-ինչոցը:
– Խենթութի՞ւն, ի՞նչ խենթութիւն,– հարցումիս հարցումով կը պատասխանէ՝ քիչ մը զարմացած, թեթեւօրէն յօնքերը պռստելով:
– Հին օրերու,– կը փորձեմ քիչ մը եւս օգնել իրեն` պահելով չափաւորութիւնը:
– Աման, աման, ըսէ, վերջացուր,– կը բողոքէ իրաւացիօրէն՝ մէկ-մէկ ժամը ստուգելով:
– Սիրոյ խոստովանութիւնս,– կ’ըսեմ, բայց կը ծիծաղիմ անմիջապէս՝ լրջութենէ ազատելով պահը, որպէսզի աւելի դիւրաւ հակազդեցութիւն կորզեմ իրմէ:
Պէտք է հասկնամ, թէ վերջ ի վերջոյ իրեն համար որեւէ նշանակութիւն ունեցած չէ՞ իմ մաքուր ու անկեղծ խոստովանութիւնս, եւ ընդհանրապէս նշանակութիւն չունի՞ սիրոյ մէջ ընկղմելո՜ւ, հալհլելո՜ւ եւ անով գինովնալո՜ւ այս միտումս, որ թէկուզ տղայական, բայց իմս է ամբողջապէս: Ո՞չ, ցմրուր սիրելու եւ անմնացորդ նուիրուելու այս բնազդս: Ո՞չ, ի՞րապէս, նաքուրայական ասմազուն ջուրերու թափանցկութիւնս, գոգ-գոգ գգուանքս, խել-խել կապուածութիւնս, խոր-խորերէն բխող բարեպաշտութիւնս, չունի՞ն, քի՜չ մը, սանկ քի՜չ մը չունի՞ն:
– Սխալ տեղ կը փնտռես, փնտռածդ հոս չկայ,– կ’ըսէ բացարձակ ճշմարտութիւն յայտնած ըլլալու վճռակամութեամբ ու ինքնավստահութեամբ:
– Մմմ, լա՛ւ, ինչո՞ւ չկայ,– կը հարցնեմ հանելուկ մը լուծելու միտումով:
– Հոս գործատեղի է ի վերջոյ, չի քալեր, ապա թէ ոչ գործերնիս կը վնասուի,– բացէ ի բաց կը պատասխանէ տղուկիս՝ դաս բացատրելու պէս:
Խօսակցութիւնը չեմ շարունակեր, կը լռեմ: Ի՞նչ ըսեմ:
Տեսնելով, որ ձայն-ձիւն չկայ ինձմէ՝ երկու սիկարէթ կը հանէ՝ ոտնածալ նստած: Բազմոցին վրայ է արդէն: Ես իրեն հետ եմ ու չեմ միաժամանակ՝ ներքնապէս խաղաղած ու յուսադրուած: Մէկ սիկարէթը կ’երկարէ ինծի, կը վառէ, չեմ մերժեր: Միասին առօք-փառօք կը ծխենք: Նորէն ժամը կը ստուգէ՝ մէկ աչքը շարունակ կկոցելով սիկարէթի ծուխէն:
– Դեռ նոր եկանք, եա,– կը մտածեմ,– ի՜նչ աղուոր նստած ենք:
Ոտքի կ’ելլէ խուճապով: Կը գրէ արագ-արագ,– պարզ է, թէ որո՛ւ: Գիտեմ, որ շուտով պիտի ճամբուիմ: Այսուհանդերձ շոյուած ու մխիթարուած կը զգամ ինքզինքս: Փա՜ռք իրեն: Ուրիշ ատեն թերեւս ըմբոստ մանուկի պէս ապստամբէի ու առարկէի ճամբուելու պահուն:
Ես ալ ոտքի կ’ելլեմ: Կը պատրաստուիմ ափալ-թափալ ինքզինքս ճամբելու: Երբեք հաճոյ չէ ճամբուիլ ինծի: Գրպաններս կը ստուգեմ աճապարանօք: «Օֆ, բան մը մոռցա՞ծ եմ»,– կը պռպռամ աջ ու ձախ նայելով: Ինքն ալ աչքով խուզարկում կը կատարէ ի պաշտօնէ: Ամէն ինչ քովս է: Կրնամ դուրս ելլել՝ «բարի ու խաղաղ գիշեր» մաղթելով իրեն:
– Վաղը կէսօրէ առաջ սրճարան մը կը հանդիպինք,– կ’ըսէ գիշերազգեստին պարանը կապելով,– հոն կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը, եթէ կ’ուզես:
– Եղա՛ւ, եղա՛ւ, կը գրեմ քեզի, ցը,– կը պատասխանեմ եւ դուրս կ’ելլեմ: Շրա՛խկ:
* * *
Քահուաթ Ռաս Պէյրութ սրճարանն ենք:
Դէմ առ դէմ նստած կը սրճենք, թէեւ ո՛չ աչք-աչքի ու ո՛չ ալ սիրտ-սրտի: Պարզապէս նորէն կը խօսինք լեռէն ու ձորէն ու ի պաշտօնէ նորէն կը ժպտինք:
Դեռ ափ ի բերան եմ. երկու տարի առաջ սրճելու հազարումէկ առաջարկ մերժելէ ետք ինչպէ՞ս եղաւ, որ երէկ ինքնիրեն առաջարկեց սրճարանը հանդիպիլ այսօր՝ առանց կուտ-կտոր ըլլալու օդ ու ջուր դարձած այն «գործին» համար, որ, ինչպէս ինք ըսաւ, պարզապէս «գործ» է միւս բոլո՜ր գործերուն պէս:
Բայց ինչպէ՞ս, ինչպէ՞ս չառաջարկէ. չէ՞ որ «գիտե՛մ, գիտե՛մ» ըսելու չափ կոպիտ եմ ես ա՛լ, չէ՞ որ «գիշերապահ» փսլնքոտներուն դիմաց զէնքուզրահ չեմ ա՛լ իրեն, չէ՞ որ ամուսին ու տանտիրուհի չենք իրարու, եւ ինք ամուր-ամուր ողջագուրող ու սպասող չէ ակնդէտ:
Աչքերս իրեն կ’ուղղեմ. ինչ-որ բան կայ. կը զգամ. վրդոված է:
– Աւելի պիտի չկարենամ նստիլ քեզի հետ, հեռաձայն կու գայ, պէտք է վերադառնամ:
Թէեւ մտադիր էինք աւելի երկար նստելու եւ զրուցելու, բայց չեմ առարկեր. ուրիշ ճար չկայ. կը վճարեմ հաշիւը, եւ մատուցողին շնորհակալութիւն յայտնելով կը հեռանանք սրճարանէն: Լուռ ու մունջ կը կանգնինք սրճարանին առջեւ՝ սպասելով թաքսիի մը, որ բարեբախտաբար չ’ուշանար: – Բարեւ, The Parisian hotel, Այն էլ Մրեյսէ:
– Հրամմեցէ՛ք:
Շատ հեռու չենք արդէն, ընդամէնը հինգ վայրկեան: Շուտով կը հասնինք: Կ’իջնէ թաքսիէն, անշուշտ թաղին անկիւնը, ուրկէ եւ առած էի զինքը մեկնելու ժամանակ՝ շրջակայ քչփոր աչքերուն կուլ չերթալու համար:
– Պայ-պայ,– կ’ըսէ թեթեւակի ժպտելով,– կը տեսնուինք:
– Պայ-պայ,– կը պատասխանեմ ընդամէնը՝ վստահ չըլլալով «կը տեսնուինք»-էն:
Կը յառաջանայ արագ-արագ: Ես թաքսիէն կը հետեւիմ իրեն. աչքէս քիչ-քիչ կը վրիպի՝ թեք ծառաճիւղերու, յաջորդաբար կայանուած օթօներու եւ մուճակաւոր պատահական անցորդներու պարուտակով վարագուրուած, աւազահատիկներու պէս կը տարտղնի, կը ցրուի ու կը տարածուի օդին մէջ, կրակը կը նետէ ինքզինք՝ դատապարտեալի պէս վանդակուելով փակ դռան ետին՝ ուրիշ որո՛ւ, եթէ ոչ տասը տարեկան զաւակին՝ հասուն մարդու պէս մե՜ծ-մե՜ծ երազներ հիւսող ապագայ օդաչուին համար:

Նաքքաշ-Համրա-Ճունի-Ալ-Մինա
26 Յուլիս 2025

Share Button

Նշանաբառ՝

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *