Գրիգոր Պըլտեանի վաստակը երկար ատեն պիտակուեր է եւ մեկուսացուեր՝ իբր դժուարին, նոյնիսկ՝ անմատչելի, իր յղացքով եւ լեզուա-ոճային սարքով: (Երեւի չենք մտածած, թէ ինչի՛ կը դատապարտենք հայերէնը՝ ջանալով զայն սահմանափակել բացառապէս «դիւրին» լեզուի եւ «դիւրին» գրականութեան…): Վաստակ մը, սակայն, որուն յաճախողն եմ եղած, կրնամ ըսել՝ մտերիմ յաճախող մը, ահա յիսնամեակ մը, «Ահեկան» պարբերաթերթի տարիներէն՝ 60ականներու երկրորդ կէսէն: Չերթամ աւելի ետ՝ մինչեւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի աշակերտական մեր գրասեղաններու հասարակաց ժամանակը: Կարիք չկայ. անցեալի ոգեկոչումներ շահեկան են ինծի այն չափով միայն՝ որ կրնան լուսաւորել ներկայ կեցուածքներ:
Միակտուր մերժելով «դժուար», «անմատչելի» գրականութեան մը առասպելը, կ՛առաջադրեմ համառօտակի գրախօսել Գ. Պըլտեանի նորագոյն վիպական գործը՝ «Կրկնագիր Մարդը», գծել պատումի ընդհանուր ընթացքը եւ երկի լայնածիր աշխարհին շուրջ ընել վերլուծական արագ նշումներ:
ՆԻՒԹԻ ՆԱԽԱՏԱՐՐԵՐ. «ՊԱՏՄՈՂ» ԵՒ «ԵՆԹԱԿԱՅ»
Առաջին մօտեցումով, «Կրկնագիր Մարդը» պատմութիւնն է գործակցութեան՝ Մարդաբանութեան թանգարան-հիմնարկի մէկ երէց գիտնականին՝ ազգագրագէտ-լեզուաբան, եւ իր երիտասարդ ուսանող օգնականին, որ վէպին պատմողն է: Հոս փակագծեմ նախազգուշացում մը. Պըլտեանի սկիզբի վէպերը պատմող ենթական կը դնէին առաջին դէմքի տակ, բայց, աւելորդ է նշել, ճիշդ չ՛ըլլար զայն նոյնացնել հեղինակին հետ, ինչպէս սխալ կ՛ըլլայ այս վէպերը ընկալել իբր դրուագներ սեփական կեանքէ, կամ ընդհանրապէս իբր փաստացի իրողութիւններ: Իսկ հոս, այս իմաստով կը կիրարկուի նոր դրուածք. պատմողը ինքնիրեն կ՛ուղղէ խօսքը երկրորդ դէմքով, կարծես ներքին բաժանում մը, երկփեղկում մը կրած ըլլայ: Եսի փոխարէն՝ դունի այս օգտագործումը, արդէն դիտուած աւելի կանուխ (սկսած յատկապէս՝ «Հարուածը» վէպէն), հոս դարձած է համատարած:
Հոս տեղը չէ անդրադառնալու Պըլտեանի արձակի գրողական ոլորտին՝ լեզուին-ոճին ընդհանրապէս – ընդարձակ, անջատ նիւթ: Բայց կ՛արժէ գոնէ նշել, որ՝ ինչպէս նախորդ վէպերու պարագային՝ հոս եւս կը գտնուինք արձակի զանազան ձեւերու, մակարդակներու, ընդհանրապէս՝ լեզուի, շատ անձնական միաձուլումի մը առջեւ:
Պատմողը, ուրեմն օգնական-ուսանող, իբր աշխատանք պիտի ստանձնէ ֆրանսերէնով վերախմբագրել ինքնակենսագրութիւնը երէց գիտնականին: Այս վերջինը կու գայ կեդրոնական Ամերիկայէն. սպանախօս՝ ազթեք ծագումով, իր կեանքով, գաղափարներով ու վաստակով՝ երիտասարդին կ՛երեւի ուղղակի նոյնացած՝ այդ բնիկ մշակոյթին, անոր նաուաթլ լեզուաճիւղին եւ անվերծանեալ մնացած պատկերագրերու հետազօտութեան:
ՊԱՏՈՒՄԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԴՐՈՒԱԾՔ
Հատորը բանալով՝ նախ կը հանդիպինք կիսատ գրութեան մը՝ «Իբրեւ Յառաջաբան», որ սկզբնաւորութիւնն է նախատեսուած ինքնակենսագրութեան, սեւագիր խմբագրում մը, որ երկու էջ չառաջացած՝ կանգ կ՛առնէ, վերջին ընդհատ նախադասութիւններով եւ բազմակէտերով: Արդէն նշան՝ գործի դժուարութեան, արգելքներու եւ յետագայ կարելի ձախողութեան մը:
Ապա՝ բուն պատումը: Շատ ուշադիր կառուցուած, թէեւ երեւութական ինքնաբերութեամբ մը, առաջին գլուխին մէջ անիկա կը տեղաւորէ նախատարերքը. համալսարանի լսարան մը, ազգագրական-մարդաբանական դասընթացքի պահուն դասախօսի մը նշումներն ու վերլուծումները «սեփական»ի եւ «օտար»ի, «ուրիշ»ի յղացքներու շուրջ. հետազօտական պզտիկ աշխատանքի մը յանձնումը պատմողին, որ ուսանող է մարդաբանութեան այս դասընթացքին:
Ասոնք՝ պատումի թէ խօսակցութեան տարրեր՝ կրնան լիցքի պարզ նիւթ թուիլ, մանաւանդ արեւմտեան մեծաքաղաքի կեանքի պայմաններուն, մտաւորական-ակադեմական մթնոլորտին քիչ-ծանօթ ընթերցողի աչքին: Բայց անոնք պէտք չէ թերգնահատուին, վերագրուին պատահականութեան: Նիւթի նախապատրաստութիւնը կը կազմեն, համապատասխան մթնոլորտով, իւրաքանչիւրը՝ իր թիրախով ու պատգամով, երբեմն յայտնի, երբեմն տողատակի: Ապա՝ անոնք են որ կը բերեն միջավայրային հարազատութեան կնիքը՝ «տեղային գոյն»ը: Նոյնը՝ տեղ-տեղ՝ տեղական լեզու ֆրանսերէնին ու աւելի ետք՝ մեքսիքացի-ազթեք գիտնականի սպաներէնին երեւումներուն համար:
Փարիզեան հին, աւանդական ճաշարանին մէջ, որ սկսած է յաճախել կանոնաւորաբար, մարդաբանութեան մեր ուսանողը կը փորձէ լրացնել իր դասընթացքէն յանձնարարուած դիտարկումները: Հոն ճաշելով հանդերձ, կ՛ընէ նոթագրումներ՝ քաղաքային կենցաղի, ուտեստեղէններու, ուտել-խմելու զանազան սովորոյթներու շուրջ (ի դէպ՝ զարմանալի չէ այսպիսի թեմայի մը ընտրութիւնը. ասոնք՝ 70ականներու արեւմտեան աշխարհի կառուցապաշտ մարդաբանութեան սիրեցեալ նիւթերէն էին…):
Հոս է որ օր մը տեղի կ՛ունենան մեքսիքացի գիտնականին հետ պատահական հանդիպումը եւ ճաշասեղանին վրայ հանգչող ազգագրական թեմայով հատորէ մը ճամբայ ելած զրոյցը: Գիտնականը պիտի չուշանայ ուսանողին ընելու՝ աշխատանքի իր առաջարկը, որ ան նախ՝ պիտի փորձէ մերժել կամ ձգձգել, հակառակ հեռաձայնային կրկնուած պնդումներու:
ՅԱՆՈՒՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ՈԼՈՐՏԻ ԱՐԺԵՒՈՐՄԱՆ
Միջանկեալ կարեւոր փուլ մը կը կազմեն, մեր ուսանողին, նաեւ պատումի ընթացքին համար, հանդիպումն ու զրոյցը իրեն հին ծանօթ փարիզահայ երէց գրագէտի մը հետ: Պր. Ղեւոնդ, իր անհատականութեան եւ վաստակի մէջէմէջ երեւցող գիծերով, կրնայ ներշնչուած ըլլալ ֆրանսահայ ծանօթ երէց վիպագիրէ մը, որ կ՛ապրէր եւ մինչեւ իր մահը դեռ կ՛արտադրէր 70ականներուն (մոհիկաններէն վերջինը, կարելի է ըսել):
Այս նշումը՝ բանալու համար փակագիծ, կրկնելու սկիզբի նախազգուշացումը՝ որ հարկ է խուսափիլ վիպային կերպարները «բանալի»ով ընկալելու մոլորեցնող փորձութենէն. ինչպէս՝ խուսափիլ պատումի ենթական նոյնացնելէ հեղինակին հետ, ի՛նչ ձեւով ալ առաջ տարուած ըլլայ այդ պատումը – երրորդ դէմքով, երկրորդ դէմքով, կամ նոյնիսկ՝ առաջին դէմքով:
Ճիշդ է, երբ հեղինակ կամ ներկայացուած կերպարներ շատ ծանօթ են, կամ կը թուին, այդ փորձութիւնը առկայ է, եւ երկուութիւն մը կը մնայ վիպային պատումի եւ փաստացի իրականութեան միջեւ: Այսպէս, անուանափոխուած պր. Ղեւոնդ կը խօսի իր սերնդակից ընկերներուն մասին՝ անոնց իսկական անուններով, անձնանուն կամ մականուն. կ՛ոգեկոչէ Շուշանեան, Բաբկէն, Նիկողոս, Մեսրոպ՝ անոնց իրական յատկանիշներով եւ փաստացի մէկ կամ միւս արարքով:
Հատորի կէսերուն, անուանափոխուած տիկին Արտա մը, ուժական բայց ուժասպառ անձնաւորութիւն՝ Փարիզի հին եւ Պէյրութի հնագոյն տասնամեակներէն, իրեն այցելու ուսանող զոյգին հետ պիտի յիշէ ֆրանսահայ համայնքին ու աւելի առաջ՝ լիբանանահայ մշակութային կեանքին իր եռանդուն մասնակցութիւնը – Ճեմարանի եւ առաջին մեծ թատերախումբի հիմնում, փորձը՝ առաջապահ թերթի մը հրատարակման: Այս ոգեկոչումներուն դերակատարները երբեմն յիշուած են իրենց անձնանուններով, եթէ ոչ մականուններով: Ինչպէս՝ հոս եւս, նուազ քան այլ վէպերու, բայց մէջէմէջ կը յիշատակուի Պէյրութի ծննդավայր-թաղը՝ Բլուր նշումով:
Ուրեմն երկդիմութիւն մը կայ, որ անխուսափելի է վիպումի այս ձեւին մէջ: Բայց ամէն պարագայի՝ պէտք է խուսափիլ «բանալի»ներ փնտռելու փորձութենէն – յանուն բո՛ւն հիւսուածքին ու կառոյցին, ստեղծագործ ոլորտին արդար արժեւորման: Կեանքի իրադրութիւններ, կեանքի իրական կերպարներ՝ ի վերջոյ նախանիւթ են վիպագիրին, պատրուակ են իր սպասին՝ իր տեսիլքը հիւսելու, բաղադրելու իր հոգե-մտաւոր աշխարհի հարցադրումները: Եւ պէտք է անցնիլ գիտնալ երեւոյթ-պատրուակներէ անդին:
Վերադառնալով ահա վէպի բո՛ւն ոլորտին, պարոն Ղեւոնդի՝ վէպի թատերաբեմ մուտքը առիթ կու տայ հեղինակ-պատմողին նոր չափ-եզրով մը հարստացնելու իր հարցադրումը. տարեց վիպագիրը իր ըմբռնումները ունի իրականի եւ յօրինում-վիպումի՝ իր գործածած փոխառեալ բառով ֆիքսիոնի մասին: Մինչ ան հետաքրքրական կը գտնէ «ուրիշի մը կենսագրութիւնը գրելու», «ուրիշի ձայնը դառնալու» փորձը, եւ կը թելադրէ ընդունիլ աշխատանքը,- իր երիտասարդ բարեկամը՝ պատմողը, թէեւ զինք կը լսէ յայտնի շահագրգռութեամբ, բայց եւ որոշ վերապահութեամբ, լրջագոյն մօտեցումով կարծես վաւերականութեան պակաս մը նշմարելով այդպիսի ձեռնարկութեան մը մէջ: Երէց գրագէտին հանդէպ գնահատման այս երկդիմութիւնը պիտի մնայ մինչեւ ծայրը, մանաւանդ որ տեսակցութիւնը պիտի ըլլայ իրենց փարիզեան յաճախակի հանդիպումներէն վերջինը. պր. Ղեւոնդ շուտով պիտի մահանայ, կէս թողելով իր վերջին երկը:
Նոյն այս գլուխները կը տեսնեն դեռ՝ տողանցումը պատմողին ծանօթներէն խումբի մը, այս անգամ՝ սերնդակից կերպարներ, արուեստագէտ բարեկամներ, ուսանող ընկերներ՝ հին ու նոր. նաեւ նշմարով մը՝ փարիզահայ համայնքէն, միշտ՝ վիպականացուած, իրականէն այս կամ այն չափով հեռացուած գիծերով, մինչ՝ մէջէմէջ ֆրանսական -հայ թէ օտար- միջավայրի այս որմնանկարին հետ ու անոր ետին՝ հպանցիկ կ՛ոգեկոչուին դէմքեր ու կայքեր հին տարիներէն, Բլուր-թաղի թէ փիւնիկեան մեր այս ոստանի այլ վայրերէ:
Կը հետեւի՝ վերջապէս՝ պատմողին կողմէ ընդունումը գիտնականին «կենսագրութիւնը գրելու» ծրագրին: Երկրորդ հանդիպումով մը եւ աշխատատեղի- թանգարան այցով՝ կը հաստատուին անձէն ստացուած առաջին տպաւորութիւնը. ձգողական բայց նաեւ քիչ մը մտահոգիչ խորհրդաւորութեան տպաւորութիւն: Ծանօթացում անձնակազմին՝ հիմնականին մէջ գործակից-քարտուղարուհի կին մը, նաեւ յարակից գրասենեակներէ կերպարներու: Ապա եւ՝ աստիճանաբար՝ ծանօթացում գիտնականին շուրջ դարձող գիտահետազօտողներու – լուրջ կամ կասկածելի վաւերականութեամբ անձեր: Բայց մանաւանդ՝ աստիճանական մտերմացում իր «վարպետ»ին՝ գիտնականին հետ, շնորհիւ անոր անվերապահ կեցուածքին, որ աւելի եւս կը շեշտուի, երբ ան կը ծանօթանայ իր օգնականին ազգային պատկանելութեան. պատմութեան լաւ ծանօթ, մանաւանդ իր ազթեք ժողովուրդի նման՝ կոտորակուած, մեծապետական եւ տնտեսական շահերու զոհ՝ բնաջնջումի դուռ հասած ժողովուրդներու պատմութեան:
ԶՈՅԳ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ
Երիտասարդ օգնականին վարանոտ բայց տարաշխարհով հմայուած ակնարկին ու քայլերուն հետ՝ կ՛առաջնորդուինք գլխաւոր կերպարի՝ ազգագրագէտ-լեզուաբանի անհատականութեան ծալքերու յայտնաբերումին, իր կեանքի նպատակին՝ կորսուած-վերագտնուած բայց միշտ անվերծան մնացող ազթեք պատկերանշաններու թափանցման ճիգին: Կը սեւեռեն իր անձնաւորութիւնը, այնքան մարդկային եւ միանգամայն դժուարաթափանցելի, մեզի կը բերեն իր անունը՝ Խոագին Վոս, որուն հայերէն թարգմանութիւնը, կատակաբան բայց եւ լուրջ զրոյցի մը ընթացքին, օգնականը անոր իսկ պահանջին վրայ կ՛արտասանէ՝ Յովակիմ Ձայն (Վոս՝ սպաներէնով՝ ձայն): Խորհրդանշակա՛ն անուն, այնքան յարմար՝ անձի մը, որ կորսուած աշխարհի մը, վերագտնուած բայց դեռ անվերծան պատկերանշաններու հնչիւնները կը փնտռէ, փնտռած է ամբողջ կեանք մը:
Մինչ օգնականը, ծրագրուած հարցազրոյցներու եւ ինքնաբեր պատումներու ճամբով, կը ծանօթանայ Յովակիմի անցեալին եւ ստեղծագործականի մօտեցող տագնապով՝ կը խմբագրէ առաջին էջեր, կը խորանայ նաեւ ազթեք մշակոյթի եւ պատմական ճակատագրի փուլերուն,- միանգամայն կ՛աճի «վարպետ»ի եւ «աշակերտ»ի բարեկամութիւնը:
Աշակերտը համակուած է իր կատարելիք գործի դժուարութեամբ, որ սկսնակ, նեկր («սեւ-աշխատող») խմբագիրի դժուարութիւն չէ, այլեւս գրագէտի, մտածող արուեստագէտի ու հոգեբանի՛ դժուարութիւն է, մարդ-անհատի կեանքին ու հոգիին խորաչափելիութեան խնդիրը, անոր երեւոյթներէն անդին՝ անոր հոգեմտաւոր աշխարհի ճանաչելիութեան խնդիրը, որ կը հասնի մինչեւ ողբերգական անճանաչելիութիւն մը: Եւ Յովակիմի ինքնակենսագրութեան սեւագրութիւնները կը փորձուին, կը կրկնուին, կը ջնջուին, ինչպէս մագաղաթ մը քերելու, կրկին ու կրկին գիրերով ծածկելու, կրկնագրելու աշխատանքը: Անոնց մէկ հետքն է վէպին սկիզբը սեւագրուած կարճ «Իբրեւ Յառաջաբան»ը, որուն ակնարկուեցաւ արդէն:
Քարտուղարուհի Լօրանս, որ նոյնպէս ազգագրագէտ է՝ ակադեմական որոշ կազմաւորումով եւ փորձով, կը մասնակցի օգնականին այս որոնումներուն: Մօտ անցեալին Յովակիմի կողքին իր կատարած ազգագրական արշաւանքներու առընթեր՝ անոր հետ ապրած նաեւ որոշ անձնական-սեռային մտերմութիւնը, որուն հետքերը նկատելի էին նորեկին, այժմ կը ծլի կնոջ եւ իր՝ ուսանող-օգնականին միջեւ. մտերմութիւն, որ «վարպետ»ը՝ նկատելով հանդերձ՝ գրեթէ անտես կ՛ընէ «տղամարդկային» եթէ ոչ հայրական վեհանձնութեամբ մը:
Այսպիսի միջնարար մը՝ զգայարանական-սեռային բովանդակութեամբ, կրնայ հոգեբանօրէն համոզիչ չհնչել՝ յարաբերութիւններու զարգացման տուեալ կշռոյթին մէջ, այսինքն իր արագութեամբ, կանխահասութեամբ: Բայց եւ այնպէս՝ կապը, իր կարգին եւ իր չափերով՝ կողմնակի լոյս մը կը սփռէ գիտնականի եւ անոր երիտասարդ օգնականի հոգեմտաւոր աշխարհներուն վրայ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ԳԻՒՏԱՐԱՐՆԵՐՈՒ – ԵՒ ԿԵՆՍԱԳԻՐՆԵՐՈՒ
Զանց առնելով միջանկեալ ուրիշ փուլեր, նոյնիսկ աւելի կարեւոր, կը հասնինք վէպի դարձակէտ դրուագին, ուր Խոագին, կամ Յովակիմ, ինչպէս ա՛լ կը կոչէ զայն վիպագիրը, կը պահանջէ նախ՝ տեսնել հայերէն այբուբենը, ապա իմանալ անոր գիւտարարին մասին: Ու այնքան կը յափշտակուի Մաշտոցի՝ հնադարեան լեզու մը գիրի պատկերումին ճամբով ապագայ դարերու հասցնող, ձայն ու հնչիւն փրկող հանճարեղ այդ մարդու կերպարով, որ օգնականը ինք՝ իր կարգին՝ կ՛ունենայ նոյնպիսի անդրադարձ: Ինք՝ որ ներիմացումով կը ճանչնար, կը գնահատէր հայ տառերու գիւտն ու գիւտարար Մաշտոցը, բայց տեղ մը հասած՝ կանգ կ՛առնէր, կարծես զայն իբր տուեա՞լ ընդունելով, ձեւով մը բթացա՞ծ, ինչպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը հաւանօրէն, կամ՝ ընդհակառակը՝ կարկամա՞ծ անոր մեծութեան, անհասկնալիութեան դէմ յանդիման…: Կը զգաստանայ, կը համակուի իր կարգին մաշտոցեան խորհուրդով՝ իբր նոր, իր աչքի՛ն առջեւ կատարուած գիւտի մը հիացումով: Թէեւ միշտ խռոված՝ Մաշտոց գիւտարարի անթափանցելի խորհուրդէն, ինչպէս՝ հիմա՝ նաեւ իր վարպետին՝ Յովակիմ-գիւտարարի գաղտնիքէն, անոր կեանքին, անձին եւ պատկերանշաններուն գաղտնիքէն: Խռովք՝ որ աւելի եւս թանձրացական կը դառնայ, մարմին կ՛առնէ, երբ գիտնականը կը հարցնէ Մաշտոցի կեանքին ու կենսագրութեան մասին, եւ կենսագիր աշակերտը իրեն համար կը գտնէ Մաշտոցի կենսագրութիւնը՝ անո՛ր կենսագրին՝ Կորիւնի գրիչով:
Անկարեւոր չէ հոս նշել, որ երէց գիտնականը, եւ անշուշտ իր օգնականը, իրենց դիտած մեծագործութեան հանդէպ հիացական, բայց հեռու են դիւրին խանդավառութեան մը փորձութենէն, եւ աւելի կը ձգտին՝ իւրաքանչիւրը իր ձեւով՝ հասկնալու, խորհուրդի մը թափանցելու…:
Այսպէս չոր-չոր պատմուած՝ «Կրկնագիր Մարդը» շատ քիչ բան կու տայ իր էական ողնածուծէն: Զարմանալի չէ. պարզապէս նշան մը, եթէ կարիքը կար ատոր, որ Պըլտեանի վէպին շահեկանութիւնն ու արժէքը՝ իր դէպքերու դրուագումէն ու շարայարումէն դուրս՝ ուրի՛շ տեղ է:
Հոս ոչ իսկ ամփոփել կարելի է վէպին վերջին գլուխները կազմող գագաթնացումը, ուղղակի հոգեմտաւոր դիւցազներգութիւն մը…: Խորանկարային կառոյց՝ ուր Յովակիմի եւ իր կենսագիրին՝ վէպի պատմողին զոյգ կերպարներու խորքին՝ հեռուն՝ կ՛երեւին Մաշտոց եւ Կորիւն: Որոշ բանասէրներ այս վերջինի «Վարք Մաշտոցի»ն մեղադրեր են իր անճշդութիւններուն, անորոշութիւններուն, գոնէ լռութիւններուն համար: Անարդա՞ր մեղադրանք. այո՛, ըստ Յովակիմի, որ թարգմանովի ծանօթանալով բնագիրին, զայն պիտի նկատէ հարազատ բխում եւ ոգեղէն կենսագրութիւն: Բայց պատմողին համար, իր վարպետի ինքնակենսագրութեան խմբագրման լծուած, իր՝ իբր կենսագիրի, տագնապը կը մնայ ամբողջ: Ո՞ւր է ճշմարտութիւնը մարդոց, գրուած-ջնջուած-պահուած խոր ճշմարտութիւնը ներկայ գիտնականին եւ հնադարու հանճարեղ գիւտարարին:
ՄԱՇՏՈՑ ՎԵՐԱԳՏՆՈՒԱԾ. ՃԱՆԱՉՈՒԱ՞Ծ…
Մաշտոց յաճախանքի մը ուժգնութեամբ, ճնշումով, բռնութեամբ կ՛իշխէ պատմողին, ըսենք ա՛լ՝ հեղինակի՛ն հոգեկան աշխարհին վրայ: Պըլտեան հարցում ունի անոր, «հա՛րց ունի» անոր հետ, ինչպէս հարց ու հարցում ունի՝ ուղղուած բոլոր հայրերուն, բոլոր «հարց» (հայր գոյականը՝ գրաբարաձեւ տրական հոլովով, պըլտեանական բառախաղ մը կրկնելու համար): Հարց՝ Մաշտոցին, որ՝ գիտնական-գիւտարար, բայց ի՛նք ծրարուած խորհուրդով, որոնումի, հիմնումի անդադրում հերոս՝ ի վերջոյ անհետացեր է ճգնութեան իր քարայրներուն խորը: Ինչպէս ի վերջոյ Յովակիմ ի՛նք եւս պիտի մեկնի – Եւրոպայէն հեռանայ անդարձ, կամ կորսուի անհետ (պիտի չգիտնանք երբեք…):
Կորիւնի ճիգը Մաշտոց կենսագրելու, ոգեշունչ նոյնիսկ եթէ ձախորդ, տագնապալի, եւ ճիգին արգասիք «Վարք Մաշտոցի»ն, կը կազմեն խորիմաստ զուգահեռ՝ Փարիզէն անցնող օտար գիտնականին եւ իր երիտասարդ օգնականի կապին. երէց-կրտսեր, ուսուցիչ-աշակերտ, թերեւս հայր-որդի կապի լայնահուն փոխաբերութիւն մը, պատմութիւնը՝ մարդ-խորհուրդի մը վերծանման ջանքերուն, միշտ դատապարտուած՝ մնալու կիսատ…
Թէեւ վէպ՝ բոլորովին նոր ոլորտ փոխադրուած եւ նորագիւտ դրուածքով, որ զինք կերպ մը կ՛անջատէ մնացեալ վիպաշարէն, «Կրկնագիր Մարդը» սակայն այլապէս կ՛առնչուի շարքին: Կ՛առնչուի կերպարային թէ դիպային վերյիշումներով, պարբերական վերադարձներով, գրողական հանգիտութիւններով: Բայց մանաւանդ կը յուզէ Պըլտեանի ընդհանրական, նո՛յն հիմնահարցը՝ մարդկային հոգին եւ իր աշխարհը ըսելու, բացայայտելու, խօսքի բերելու ողբերգական դժուարութեան նոյն տագնապը: Սկսած «Սեմեր» նախախայրիք-վէպի Վերժինէն, որուն նուիրուած երկար պատումի աւարտին կը հարցուէր «Վերժին… մեռաւ: Բայց ո՞վ էր», անցնելով «Հարուածը», «Նշան» փուլերէն եւ մինչեւ վերջընթեր «Շրջում»ը: Նոյն հերոսական ճիգը՝ գիրէն, պատկերէն, հետքէ՛ն նախնական ձայնին հասնելու: Մագաղաթի տեսանելի երեսէն անդին՝ անոր սկզբնական պատգամը նուաճելու: Ճիգ, որ՝ ինչպէս սիզիֆեան ժայռ, անյոյս է, նոյնիսկ եթէ կեանք մը կը լեցնէ…:
Կը լեցնէ, որովհետեւ՝ «Թերեւս կան մարդիկ, որոնք իրենք իրենց ազգագրագէտն են, մշտապէս տարաշխարհորդի կացութեան մէջ: Միշտ ինքնանջատման: Տեսակ մը բնազանցական վկայ, կարող՝ նոյնացնելու ապրումն ու վերապրումի ժամանակը»:
Վերջին այս բնորոշումը իմս չէ անշուշտ. մէջբերում է իրմէ՝ Պըլտեանէն:
(վերջ)