Նորա Պարութճեան | Մուկերու աշխարհը

Մուկերու աշխարհ է հոս

Մեր աշխարհն է

Մեր տունը

Մեր ջուրերուն մէջ կը լողանք։  Թէ ի՞նչ են այդ ջուրերը, չեմ ըսեր։

Բաւական սնունդ կայ հոս, մարմին ու հոգի, մանաւանդ հոգի սնուցանող։ Մարմինը պարարտացնելու համար շատ ճիգի պէտք չկայ, ամէն անկիւն մոռցուած փշրանք կայ  կրծելիք,  մէկու մը բերնէն ինկած պանիրի կտոր,  ուրիշի մը շրթունքէն հոսած իւղ,  մատի մը վրայ դեռ չլզուած շոգոլայ,  գրպանէ մը ինկած դրամի մանրուք,  փէշէ մը կախուած հանդերձանքի մասունք։ Բոլորը հասանելի։ Յափշտակուելիքներն ալ կան. պարպուած սենեակէն մինչեւ աղբաման ճամբան  երկար է։

Հոգին սնուցանելու համար հաճոյքի քիչ մը աւելի ներդրում պէտք է, սանկ քրտինք թափել մը, հոգեկան հաճոյքի հասնիլը աշխատանք է վերջապէս։ Յաւելեալ կեդրոնացում պէտք է առնելու համար համը խելք չկտրելիք բամբասանքին,   ականջի չհասնելիք մտերմիկ զրոյցին, գաղտնիքի բեկորի մը քեզի բաժին հանուելուն, յօրինուած դէպքի մը շնորհուած հաւատքին։  Ամենէն համովները ասոնք են։ Չէ, սխալեցայ, ամենէն համովները ասոնք չեն. իրականութեան մէջ ամենէն համովները ԵՍը փոմփով ուռեցնող դիմացինին սխալներն են։ Օօօ, այդ հաճելի, հոգեպարար, հոգեփչիչ թերացումները,  որ հոս՝ չես գիտեր ինչպէս մէկտեղուած այս բոլլլորին գլխուն իջեցնելիք հարուածի առիթներ են, բոլորին,  առանց բացառութեան։ Ներողութիւն, բացի … ։

Իսկ հոսը, ոչ թէ մուկի բոյն է, այլ սխալներու որջ։  Մարդ ծուղակներու վրայէն կը քալէ ամբողջ օրը. չկայ քայլ մը, որ զերծ ըլլայ թակարդէ։ Ականուած դաշտ է հոս, մարդո՛ց համար։ Մուկե՛րը միայն կրնան թռչկոտելով ազատ շարժիլ,  իրենց համար խնդիր չկայ։  Մէյ մը հոս, մէյ մը հոն, մէյ մը այսպէս, մէյ մը այնպէս, մէյ մը վար, մէյ մը վեր՝ ամէն տեղ միեւնոյն ժամանակ։ Մարդու կողմէ չըմբռնուելիք, չբռնուելիք կացութիւն։ Մա՛րդ, ինչու հոս ե՞ս որ։ Հոս մուկերու աշխարհ է։ Մարդկութիւն մի ծախեր մեր վրայ. դարպասը կը տեսնե՞ս. դո՛ւրս։  Անմիջապէս հասկնալու ես մուկերու լեզուն։  Կա՛մ մեզմէ, կամ չմեզմէ։

Ամենէն սմքած եսը, – սմքած, այո,-  կռնծած,  կրծոտուած, ծակոտած եսը, բարդոյթներու ֆսսած հոգեգունդ, հոս գալով ձայնը հեղինակաւոր կը հանէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ իշխանութիւն ունի միւսին մարմնին վրայ։ Կամ միւսին ուտելիք ամսական պատառ մը հացին։ Եւ ահա։ Կ’երկարէ ոտքերը իբրեւ թէ յոգնութենէն, որ լզես, որ լզեեեես, փոխարէնը՝  թեւերն են, որ  կ’երկարին, դեւերը,  հասնելու համար հեռուուու, հեռուուու, իր երազած հեռուները, բարձրերը, հասակէն ալ վեր։

Լախտ մը՝ ասոր գլխուն, որ անդրադառնայ իր մուկութեան։

Սուտ ըսուած բան չկայ հոս, քանի որ ամէն բան նորմալ է, բացատրելի։  Եթէ կը բացատրուի եւ քանի՛ կը բացատրուի, ուրեմն կ’ընդունուի, կ’ըլլայ  սովորական, ընթացիկ, մաս կը կազմէ մեր կեանքին։ Պարզապէս  քանի որ կը բացատրուի։ Եւ … կը բացատրուի անշուշտ։  Խելք չո՞ւնինք։  Ինչո՞ւ կը զարմանաս։ Յայտնի է՝  դեռ ինչեր ունիս հասկնալիք։  Հոս երազելու տեղ չէ, արթնցիր, աս է որ կայ, վարժուէ։ եթէ կրնաս։ Եթէ, եթէ։

 Եթէ ոչ, ի՞նչ գործ ունիս հոս։ Փարազիթ։ Պոխչադ հաւաքէ ու մեզ հանգիստ թող։

Իշխանութիւն։  Տարողութիւն մը,  որ մարդ կը սկսի հասկնալ մուկերուն հռհռոցը լսելով ետեւէն։ Իիինչ հանգիստ հորիզոնական կը շարժեն իրենց պոչը, օրօրոցի պէս, մարդուն շուքը զիրենք մէյ մը դողացնելէն ետք երբ տեսնեն որ վտանգը անցաւ։ Ու դիակի վրայ քար նետողի պէս կը հսկայանան։

– Մուկեր, մուկեր, դուք վիթխարի էք։  Ինքնավստահ, իրաւացի, գիտակից։ Կը գանեցնէք մարդիկը, ատոր համար կը վախնան ձեզմէ։

Մեր՝ մուկերուս վախը ուրիշ տեղ է բայց։ Ի՛նչ ուզէք ըսէք մեզի, ի՛նչ անուն ուզէք, կախեցէք մեր վրան, պայմանաւ որ չդատէք մեզ։ Չենք սիրեր դատուիլ։  Չափազանց  զգայուն ենք այս նիւթին շուրջ։ Եւ ըսենք, մենք կրցա՛ծ ենք մեր վախը վերածել զէնքի, անո՛վ կը դիմադարձենք ամէն ոտնձգութեան։ Իսկ դուք, խեղճ մարդիկդ, այնքան զաւալլը էք, որ չէք հասկնար, թէ ձեր խելապատակին մէջ  թխմուած մարդկային արժէքները,  որմով կը կարծէք  պայքարիլ մեր վախին դէմ, իրականութեան մէջ մե՛ր ձեռքին զէնքերն են։ Ձեզի դէմ։  Ձեզի կը ստիպենք մեզ չվիրաւորել,  կը պարտադրենք ձեզի մեր հանգիստին մտածել, մեր փափուկ պոչին չկոխել, մեր առջեւ ծունկի գալ եւ ըսել, որ ձեր մտադրութիւնը մեզ դատել չէ ամենեւին, այլ խնդրել է, խնդրեեեել, որ մտածենք, քիչիկ մը միայն մեր բոլորին  մասին։  Ձեզի հետ։ Ձեզի հե՞տ։ Ձեզի պէ՞ս։ Ձեզի դէ՞մ։

Կը սոսկաք մեր վախէն,  կը խուսափիք մեզ դատելէն, կը մերժէք ձեր ջիղը  դատողի։  Ալ ասկէ ետք ի՞նչ դատողութիւն, որուն կրողն էք իբրեւ թէ։

Մա՞րդ էք դուք:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *