Նորա Պարութճեան | Մնջիկ

ՈԽ

մի կենար աստուծոյ մ’առջեւ
որ ունկնդրել չի գիտեր
որ կը քաշէ քեզ իր կողմ
ծաղրելու համար ի վերջոյ
ան քեզ բարի չստեղծեց
ինչո՞ւ մէջդ խլրտացող սերմերու ձայն կը լսես
ու դուն քեզի միտքերու մէջ վերնալու ձեւեր կ’ընդունիս
որ իբրեւ թէ գետինէն մինչեւ իրեն բարձրանալու արուեստ կայ
եւ ատիկա ի վերուստ պարգեւի պէս պիտի գայ
կը խեղճանաս իր վերերուն ճոխութեան
մինչ զօրութիւնդ ընդյատակեայ անապատիդ
արձագանգէն կ’ահագնանայ կը վառի
ու կը վառէ սպասումը
լերկ անօթի լլկուած
դուն ա՜յդ կորզած ես իրմէ
քեզի պիտի չներէ
հիմա պարպուած պատիժէ զատ ոչինչ կրնայ մտմտալ

ան չի ձգեր որ մեծնաս
թէ ոչ քեզի կը յայտնէր քեզ
աշխարհ կու գաս իյնալով
ծնունդ կու տաս քաշկռտելով սիրոյ նման բաներ մը
ու կը մեռնիս գետնին տակը անցնելով
ամբողջ կեանքդ փորփրել
ու հողագոյն մարմինիդ պատմութիւնը պեղել
եղած է
դուն հոս էիր
եւ հոս պիտի վերջանաս
եթէ օր մը եղած էիր երբեւէ

ինք մինակ է
չի կրնար քեզ հանդուրժել սիրոյ մէջ ամբողջացած
պատմութիւնդ յստակ է
մազ մը
օր մը
բաժնէ պիտի զայն երկուքի
ու հասկնաս թէ մոռնալով
զինք կոխկռտած պիտ’ ըլլաս։

 

ՄՆՋԻԿ

բանալի մը շշնջաց
ու փակուեցաւ տմբտմբալով
դուռը պարիսպին
ելայ թէ մտայ նոյնն է հիմա
լոյսը հիմա կը խանգարէ
կ’ուզեմ իջնել սանդուխներէն
բայց չեմ ուզեր խոնաւութեան հետ մրցիլ

կասկածին հետ հանդիպելու եկեր եմ
խարխափելով
ճաթեցնել կեղեւներս
ու միջուկիս դէմ յանդիման
կանգնեցնել զանիկա
իր վարանոտ շուքերէն
մերկացնել թերթ առ թերթ
չմեղքցող լպրշութեամբ
դիտել ամօթն անյագօրէն
հաճոյանալ
ըմբոշխնելով
հաւասարութիւնն մեր միջեւ

պղտոր լպրծուն
պըլքպըլքացող ներսիդիս
խմորումը թթուին
սիրտ կը խառնէ
բայց սիրազեղ քաջութիւն մը
անցեալներէս դէպ’ իրեն զիս կը մղէ

կը հասկնամ
որ եթէ իր մէջ չնետուիմ
կուրօրէն
անմտօրէն
անմնացորդ հմայքով
աշխարհ գալս ոչ իսկ վայրկեան մը կ’արժէ

ես պէտք է այստե՜ղ ընկղմիմ
այստե՜ղ խեղդուիմ
պարպուած

Share Button

1 Կարծիք

  • Մարից says:

    Սքանչելի գրութիւններ՝ ուր հայերէն լեզուն իր ճոխ բառամթերքով և գրողին ապրումներով ի յայտ կու գայ…. Շնորհակալութիւն հայերէնին նոր կեանքս տալու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *