ինքզինքէն դուրս պիտի մեկնի
միայն ան որ կապկպուած է շղթայով
ան որ գետնէն կլլուեցաւ
կայծակնային մէկ ոստումով պիտի կայնի
որովհետեւ ներքաշուեցաւ կամաց կամաց
ու սահիլը չիմացաւ
ան որուն շնչելը զլացուեցաւ
կեանքէն ալ վեր պիտի կանգնի
քանի կեանքը որ երազի ձեւով յայտնուեցաւ
տականք մըն է խորամանկ
ու ինք ստրուկ անոր խաղին
գիր ու պատկեր
երաժշտութիւն
պոռթկում ու երկ
հաւատք ու ձիգ համոզում
այդ տականքին կերուխումի սեղանն են
ան որ կապուած է միսերէն
իր արիւնով պիտի եռայ ու յորդի
արիւնին մէջ խտխտացող գնդիկներով պիտի շատնայ
ու վեր սուրայ պատռելով մորթ ու ոսկոր
ետին թողած ճահիճին մէջ որդնոտ տզզոցը մժեղներու
ան որուն քունքը աքցանի մէջ է սեղմուած
պիտի բազմապատկէ մտածումը
տեսիլքին խոնաւ քարին վրայ պիտի դարբնէ վազող թեւեր
թռչող սրունք ու մրճահար լեզուակներ
ան որ կ’ուզէ
ան որ կ’ուզէ
ան որ յաղթած է կասկածին
չունի իրեն սպառնացող ախոյեան
ինծի նայէ երկնային աչք
բոլորին մէջէն կրնաս գտնել ուր եմ ես
այն շարժողն եմ որ անդունդին բերանէն դուրս ելլելու վրայ է
ձեռք չերկարես կ’ածխանաս
հեռուէն հեռու փորփրելով
հասիր մէջս քու հոն մոռցած կտորիդ
եւ սկսէ օրօրել
մխացող
տասնըութը տասնըինը քսան տարու զաւակներս
եթէ երգ մը անոնց համար դեռ ունիս
եթէ ունիս
եթէ մնաց քեզմէ կտոր մը ինձմէ դուրս