Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան | Տուն մը, բերդ մը գրադարան մը, երազներու տարածքէն ներս

Վարորդը մեզ կը հասցնէ Արգիշտի փողոց՝քաղաքապետարանին դիմաց գտնուող «Կլենտել Հիլզ» շրջանը։
-Կլենտել անունը շատ տհաճ կը հնչէ Արգիշտի թագաւորի հզօր անուան կողքին, ինչո՞ւ գեղեցիկ պատմական անունը կ՛աղաւաղեն, քաղքենիացած օտար անունով մը փոխարինելով զայն-, կը հարցնեմ անծանօթ վարորդին՝ միայն հայ ըլլալուն համար մօտիկութեան զգացում մը ունենալով անոր հետ։
-Էհ տիկին, դա ունի իր յատուկ պատմութիւնը-, կը յարէ ան, մինչ արդէն կը հասնինք, աղջկաս վարձած տունը։
Տանտէրը տան բանալիները կը յանձնէ մեզի ըսելով։
-Պատուհանից եթէ ուշադրութեամբ նայելու լինէք, կը տեսնէք թէ նախապէս այս տարածքին վրայ, բերդ է գոյութիւն ունեցել։ Արդէն իսկ աւերակները երեւում են այստեղից։
Պահ մը արեւմտահայերէնով մեր գիտցած բանտ բառին իմաստն է, որ կը հասկնամ բերդի մասին մտածելով, ապա կը յստականայ, թէ՝ խօսքը Երեւանեան բերդի աւերակներուն մասին է։
Կը շարունակէ,- Բերդը 19րդ դարի վերջաւորութեան ռազմական կարեւոր նշանակութիւն է ունեցել շրջակայ տարածքի համար։ Կառուցման ճշգրիտ տարեթիւն ու բուն կառուցողի անունը յայտնի չեն թէեւ, բայց կարեւորը հիմա դուք կարող էք այս պատշգամբից շատ բան տեսնել-, կ՛աւելցնէ տանտէրը։
Իրապէս ալ գլուխս կ՛երկարեմ տան յառաջամասը գտնուող պատշգամէն՝ զօրանոց է, ներկայի պետական զօրակայան, զօրավարժութեան կայան, որու նմանին հանդիպած էի Քանաքեռի մէջ, նախապատրաստականի ուսանող եղած օրերուս, երբ Աղի հանքի հանրակացարաններէն ոտքով Քանաքեռ կ՛երթայինք լաւաշ հաց ունենալու համար։(Հոն քիչ մը ներքեւ, Աւանի մէջ՝ վեցերորդ դարուն, կաթողիկոսարան ունեցած ենք) կ՛ըսէին տեղացիները։
Ճամբեզրին՝ռուսական զօրանոցի երկայնքով թթենիներ էին, մայիսին հասունցած չէին ըլլար տակաւին․Քանաքեռ կը հասնէինք, ծիրանով լեցուն տոպրակով եւ լաւաշ հացով բեռնաւորուած, վերադառնալու հանրակացարան՝մեր յառաջիկայ օրուան սնունդը ապահոված․․․
Հազիւ 18 տարեկան էինք, Հալէպէն Երեւան ուսանելու համար նոր եկողներս երբ օր մըն ալ, ականջէ–ականջ փսփսուքով մեզի հասած պատմութեան մը ականջալուր եղանք, թէ ինչպէս նախորդ տարի այդ զօրանոցի ռուս զինուորները օտարազգի՝Լաոս ուսանողուհի մը բռնաբարած էին։ Այդ օրուընէ ետք սարսափահար եղած, մեր դէպի Քանաքեռ կատարած փոքրիկ ճամբորդութիւնները հասան իրենց լրումին։
Հալէպէն հազիւ Երեւան հասած, իբրեւ ուսանող, անկախ մեր մասնագիտութենէն բոլորս տեղաւորեղին «Երրորդ մաս»ի մանկավարժականի հանրակացարանը․ մեծաւմասամբ՝ Սուրիայէն, Լիբանանէն եկած ուսանողներ էինք։
Չարպախ, Շենգաւիթ, ատեն- ատեն ալ՝ «Երրորդ Մաս» կ՛անուանէին շրջանը, ուր կը գտնուէր հանրակացարանը։ Մեր այնտեղ մնալուն ժամանակաւոր ըլլալը տեղեկացուցին մեզի։ Գործարանային մեթրոյով «որ այն ատեն վերջին կանգառն էր, տակաւին մեթրոն չունէր Շենգաւիթ եւ Գարեգին Նժդեհ կայարանները» կ՛ուղղուէինք դէպի «Երիտասարդական կայարան», որպէսզի այնտեղէն թիւ 38 «աւտոպուս»ով կարենայինք հասնիլ Աւան, Աղի հանք՝ մեզի յատկացուած լսարաններուն մէջ ունենալու համար մեր դասերը։ Գիշերօթիկի, հանրակացարանի շէնքերը նորոգութեան մէջ էին, տակաւին պարաստ չէին ուսանող ընդունելու։
Աշուն էր․ հանրակացարանէն մինչեւ ներկայի Գարեգին Նժդեհ հրապարակ հասնող տարածքը՝ ուտեստեղէնի գնումներու համար, մեր ամէնօրեայ առեւտուրի վայրն էր։ Կողք -կողքի շարուած կաղամբի, գետնախնձորի եւ սօխի անհամար սեղաններ էին․․․ աշնանային այս երեք մթերքներէն պէտք էր օգտուէինք, ուրիշ ընտրութիւն չունէինք։
Հանրակացարանի խոհանոցի «բլիթա»ն՝ կազօճախը սքանչելիօրէն կրցաւ մեզ միաւորել, Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ գիւղերէն եկող ընկեր-ընկերուհիներու հետ։ Թեժ սալիկին շուրջ, մեր ճաշ պատրաստած ատեն անուղակիօրէն կը ծանօթանայինք հայրենի մեր երկրի բարքերուն ու նկարագրին, գաւառներուն, գիւղերուն, մանաւանդ բարի մարդոց հետ․․․։ Յետոյ՝ տարիներ ետք պիտի հասկնայինք եւ գնահատէինք այդ անգնահատելի պատեհութեան արժէքը։
Աւան, Քանաքեռ, Շենգաւիթ, Էրեբունի, Նորքի զանգուած․․․պատմական յատուկ արժէք եւ նշանակութիւն ունեցող վայրեր ՝ որոնց վրայ օր մը մեր ոտքերը, պահ մը կանգ առին, հոգին սիրտն ու միտքը կեանքով լեցուեցան իմասնացան։ Բոլոր այս եւ մնացեալ վայրերը մեր մտապատկերին վրայ միաձուլուելով գոյացուցին ներկայի Երեւանը՝ եկած մեզի հասած Էրեբունիէն, իսկ մենք՝ մեզ նկատեցինք Աւանցի, Քանաքեռցի, Շենգաւիթցի, Վարդաշէնցի, Երկրորդ Մասիւցի, Զէյթունցի, Նորք Մարշցի․․․ի վերջոյ Երեւանցի․․․չէ՞ որ շնչեցինք այս վայրերուն թթուածինը, ապրեցանք ու նոյնիսկ շատեր բնակեցան եւ իրենց բոյները դրին այս տարածքներուն վրայ։
Նախքան Քրիստոս չորրորդ հազարամեակէն, վաղ պրոնզէ դարէն մեզի հասած Շենգաւիթի հանրակացարանն ենք։ Վաղ առաւօտ է, կիսամութին անկողինիս մէջ, կիսարթուն վիճակով կը լսեմ յուղարկաւորութեան թափօրի մը սգերթը, բարձր երաժշտութեամբ, թմբուկով, դհոլով, միացած լաց ու կականի։ Կրօնական բարդ համակարգերու օրրան տարածքի մէջ ենք, Կը մտածեմ․․․ Մանրամասնութիւնները չլսելու համար ամուր-ամուր կը փակեմ ականջներս․․․մտքով կը սաւառնիմ Հալէպ՝ մեր տուն․ չըլլայ թէ հօրս ալ բան պատահած ըլլայ կը մտածեմ ու կրկին արցունքը աչքերուս վերմակը կը քաշեմ գլուխս ի վեր, ու այդ օր առաջին անգամ ըլլալով կը բացակայիմ դասերէն․․․։Ընտանիքի կարօտաբաղձութեամբ յորդուն օրերուն թիւը՝ կ՛ըլլայ բաւական ․․․
Բայց՝ շէն է գաւիթը այս, քանի որ Շէնգաւիթ բնակած շրջանիս, ոչ միայն Հալէպի մէջ հարազատներէս ոչ մէկը կը կորսնցնեմ, «մոլորակէն չուելու իմաստով», հապա կ՛ունենամ Մասիսներուն հետ կենդանի շփումով գունաւորուած օրեր։ Սենեակիս պատշգամը կը հայէր Մասիսներուն դէմ հանդիման։ Մեծ Մասիսին եւ արեւի ճառագայթներուն մէջ մխրճուած էր սենեակս, մէկ եղած անոնց հետ․․․ ։ Խորհրդաւոր պահերը չուշացան արժեւորելու մռայլ օրերը, կեանքը․․․։Ու Շէնգաւիթը իր պատմական նշանակութեամբ՝ պատմական հողակտորի վրայ ապրած ըլլալու զգացողութեամբ կ՛ոգեւորէ օրերը կը ներշնչէ, որ կարենամ ապրիլ կեանքը տարբեր իմաստով ու հասկացողութեամբ։ Հնաոճ սեփական տուները, տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած ըլլալու զգացողութիւնը կը պարգեւեն, մինչեւ՝ մեր Աւան ու ետքը՝ յաջորդ տարի, Երկրորդ Մասիւ փոխադրուիլը։
Անցեալի թեւերու թռիչքին վրայ կը թողում Երեւանեան կեանքի կայարանները ուրկէ անցան, լիցքաւորուեցան մեր պատանեկութեան անկրկնելի օրերը։ ․․․ Այս պահուս հովի թեւերուն վրայ տարուբերող կեանքի պատմական դրուագները եւ ես, կանգ կ՛առնենք, խոստանալով աւելի ուշ շարունակել մանրամասնութիւնները։
Անցած է 33 տարի։ Ես հիմա տարբեր կայարանի մը վրայ եմ, որուն մասին պէտք է գրեմ։
Ներկայի Արգիշտիի այս զօրանոցէն, միայն հայերէն հնչիւններ, բառեր եւ երգեցողութեան արձագանք, աւելի ճիշդը, շատ յստակ ձայներ կու գան մեզի։ Ուրեմն ռուսական զօրակայան գոյութիւն չունի ներկայիս Երեւանի եւ շրջակայքին մէջ՝ կը հետեւցնեմ ․․․
Հայերէն կը հնչէ ամէն կողմէ։
Գիշեր է։ Ամառնային տօթախառն տամկութեան մէջ, զօրանոցի հակադիր կողմը գտնուող խոհանոցի պատշգամէն կ՛երկարեմ անքուն ու յոգնատանջ գլուխս, հասկնալու համար, թէ ուրկէ կու գայ զիս անհանգստացնող շան անդուլ, միալար յանկերգով հաչոցը։ Առանց բան մը տեսնելու կը վերդառնամ ներս։
Կէսգիշերային ուշ ժամին, հսկայ շունը, որուն մանրամասները կը մնան մութին մէջ, անդրդուելիօրէն կը շարունակէ ընդմիջել գիշերային խաղաղութիւնը անքուն պահելով զիս։
Կրկին երբ նայուածքս կը կեդրոնացնեմ այնտեղ, աւերակներու մնացորդներ կ՛ուրուագծուին մթութեան մէջ։ Քանի մը կանաչապատ ծառերու հարեւանութեամբ սեւին զարնող կառոյցի մը յատակը, միայն հիմեր, պարիսպի քանդուած մնացորդներ կ՛երեւին։ Տանտէրին արտասանածները մէկ առ մէկ վերյիշելով կը փորձեմ վերականգնել եւ պարզաբանել առեղծուածը։
Գիշերուան անքնութեան տեսիլքի մէջ, «հաստատ, ոչ քունի մէջ», բարի շունչ մը, իմաստուն հրեշտակ մը պատճառ կ՛ըլլայ որ պրպտեմ, ուսումնասիրեմ․․․
Քիչ մը վեր բլուրի մը վրայ, գոյնզգոյն կտուրներով Նորագիւղն է, ուրկէ հարուածած են շրջանն ու Երեւանի բերդը, կ՛ըսէ ան։
Միջին դարերէն մեզի հասած գիւղերն ու շրջանները, հետագային կազմաւորած են ներկայ Երեւանի ամբողջութիւնը ու ճանչցուած՝ Երեւան անունով, միայն 19րդ դարէն ետք։
7րդ դարէն մեզի հասնող Երեւանի բերդը դարձած է կռուախնձոր եւ ձեռքէ ձեռք անցած ՝պարսիկ, թուրք, ռուս զօրավարներու կողմէ։ Արաբները պաշարած են ու չեն կրցած նուաճել զայն։ Ֆահրատ փաշայի եւ Շահ Աբասի կողմէ կառուցուած են բերդի պարիսպները։ Երեք կողմէ պարսպապատ իսկ արեւմտեան կողմէն Հրազդան գետը եղած է բերդին սահմանը։ Անառիկ բերդը եղած է, պարսիկ խաներու նստավայր, ուր ապրած է Սարդարի խանը։ Բազմաթիւ անգամներ քանդուած եւ վերակառուցուած է․ըստ պատմաբան Սէբէոսի 7րդ դարուն արդէն իսկ գոյութիւն ունեցած է բերդը, քանի որ 7րդ դարու արաբական արշաւանքներու ժամանակ յիշատակուած է, որ բերդը մնացած էր կանգուն։ 10րդ դարուն յիշատակուած է, որպէս հերոս բերդ։ Սակայն հետագային 1660 թուին բերդը մասամբ աւերուած է երկրաշարժի պատճառով։
Այս եզակի մնացորդին մէկ հատուածին վրայ ուրեմն այժմ կանգ կ՛առնեն ոտքերս։ Հիմա հպարտօրէն կ՛ապրիմ, կամ՝ կրնամ ապրիլ պատմական տարածքի մը մէկ մասնիկին վրայ։
Սարդարի պալատի շրջակայքը աճեցուցած են Ոսկեհատ խաղողը, որ յատուկ էր միայն Արարատեան դաշտավայրին։ Առաւօտուն, խաղողի վազեր կը տեսնեմ հեռուն․․․․։ Կը տեսնեմ նաեւ Հրազդանի վրայ կառուցուած Կարմիր տուֆակերտ Կամուրջը, սեւ ֆոնի վրայ, ուր տեղի ունեցած են պատմական միջադէպեր։ Ու կարծէք կը զգամ որ քարէ դարէն մեզի հասած Հրազդանի ձորի քարէ կացարանները հեռուէն իրենց աչքերով կը հետապնդեն մեզ։
Պարսկական ներկայութիւնը այստեղ18-19 դարերուն իր կնիքը դրած է։
Երեւանի բերդի գրաւման համար Պասկեւիչը «Կոմս Էրիվանսկի» տիտղոսը ստացած է եւ պարգեւատրուած շքանշանով։ 1827 թուականին ռուսական զօրքը կը գրաւէ բերդը։ Կարգ մը մանրամասնութիւններ Խաչատուր Աբովեան նկարագրած է, ականատես ըլլալով բերդի գրաւման։ Ան պատերազմական թոհուբոհը նմանցուցած է՝ Սոդոմ Գոմորի, իր Վէրք Հայաստանի գիրքին մէջ։
Աբովեան այդ թոհ ու բոհին մէջ տեսած էր նաեւ մեր վառ ու պայծառ ապագան, որուն պատգամախօսը դարձած էր իր նոր աշխարհաբարով՝մեր ազգային ինքնագիտակցութեան ու զարթօնքի ռահվիրան դառնալով։
Խաղաղ առաւօտ է․․․
Երկիւղածութեամբ ու զարմանքով նստած եմ, տան յառաջամասը գտնուող պատշգամբը, զօրակայանի վարժութիւններուն ականատես ըլլալով։ Հեռուն՝ Նոր Նորքն է, կարմրավիզ իր հեռուստակայանով, տարիներ առաջ 2001 թուին՝ Մարաշցիի ինքնասիրութիւնս շոյած վայրը, ուր մնացած էի եւ իմ տոհմական պատկանելիութիւնս առնչելով անոր, գրած էի պատմուածք մը։
Քիչ մը վար, Սարի թաղն է՝ կը ճանչնամ, բլրակի մը վրայ ըլլալուն համար, օր մը ընկերուհիս զիս ոտքով մինչեւ վեր բարձրացուց, քարաթեք ժայռի մը պռունկին կառուցուած իր մէկ բարեկամուհիին տունն էր, կարճատեւ ծանօթութենէ մը ետք, հիւրընկալուեցանք հազար տարիէ ի վեր, զիրար ճանչցողներու պէս։ Այդ օրուընէ Սարի թաղեցիներուն մասին ունեցած տպաւորութիւնս ամբողջովին յեղաշրջուեցաւ մտքիս մէջ, հասնելով լաւագոյն պատկերացումի․․․
Եւ արեւածագին Արայի լեռը իր մտախոհ ճակատը կը պարզէ լոյսին։ Արայի Լեռը, երկրորդ Մասիւի 4րդ մասնաշէնքի հանրակացարանի թիւ 326սենեակիս լուսամուտէն շատ յստակ կ՛երեւէր, ամառ թէ ձմեռ իր ձիւնածածկ գագաթով։ Մասիսներուն փոխարէն ան կը հսկէր թափուր լուսամուտս։
Արգիշտիի զօրանոցի զինուորներուն ազատ ու յանգաւոր շարժումները կը սրբեն կը տանին մէջէս, հին դարերու առթած տխուր բռնապետական յուշերը,որոնք իմ կողմէս մուգ շրջագիծով պատուած էին ուղեղիս քարտէսներուն վրայ, յայտնաբերուած պատմական ուշագրաւ յայտնագործութիւններով։
Զինուորները առաւօտեան, Հանրապետական դրօշի օրհներգի արարողութենէն ետք, Տէրունական աղօթքով կը շարունակեն իրենց օրը, որ բարի ըլլայ եւ յաջող, ու խաղաղութիւնը գետի պէս կը սկսի յորդիլ հինով լեցուն լուսամուտէն մինչեւ նորով ծփացող պատշգամբը, վանելով Սարդարի խանի մասին իմ ունեցած գիշերային մտածումներս։ Նորակոչիկներուն շրթներէն երկիւղածութեամբ հնչող Մեսրոպեան աղօթքը կը շարունակուի կատարելութեամբ եւ զգուշութեամբ զուգորդուած զինուորական վարժանքներով։
Իւրաքանչիւրին հոգիի ներքին ծալքերուն ինչ մտածելը անյայտ կը մնայ, թէեւ մեծաւմասամբ գոհունակութեամբ լի դէմքի արտայայտութիւններ են, որոնք կը հաստատեն, թէ խաները, շահերը, արաբները, ցարերը, ռուս ու թուրք սպաները նահանջած են այդ տարածքէն, վաղուց մտած երկրի ու պատմութեան ընդերքը կամ նոր տարազներով շպրտուած դէպի այլ տարածքներ․ բայց ամենակարեւորը, որ անոնք այլեւս, ոչ մէկ իշխանութիւն կամ ներկայութիւն ունին այստեղ եւ չեն ալ կրնար ունենալ, միմիայն մերը եղող այս հողակտորին վրայ, ուր մեր հայրերը երկար ատեն տառապեցան։ Պարսկական լուծը ծծած էր ժողովուրդին աւիշը խեղճացուցած ու անդամահատած զայն․ խլած անոր մտածելու կարողութիւնը, մինչեւ զարթօնքի այն օրը երբ կայծով մը պիտի բռնկէր ու վերափոխուէր ամէն բան, ինչպէս որ կրակը կը մաքրէ կը տանի յարդն ու եղէգը ձգելով միայն մնայունն ու անկորնչելին, էականն ու իսկականը․ կը մնան տանտէրն ու հողի հարազատ զաւակները։ Քանի որ օտարը, եկուորը` հողը պահելու պատասխանատուութէնէն զուրկ է․ միայն իր կաշին փրկելու մասին կը մտածէ եւ ծայրագոյն պարագային կը ձգէ ամէն բան ու կը փախչի։ Քարերու երկրին, այս հողին տէրը, մարդկային միջոցներով դժուար թէ դիմանար այդքան ցաւի ու նենգութեան եթէ իր ներսիդին չունենար հոգիի հզօրութիւնն ու ուժը որ կտակուած էր իր պապերէն ու պատկանելիութեան գիտակցումէն։ Հենրի Լինչի նկարագրութիւնները արագ կը տողանցեն աչքերուս առջեւէն։ Հայ պատանին, ուսանողը գեղջուկն ու հայուհին, մեր հայրենիքի արեւելեան հատուածին վրայ իր թաթը երկարած պարսկական գորշ ներկայութեան զոհը կ՛երթային։ Թուրքմէնը, մոնկոլը, պարսիկն ու ռուսը իրենց ախորժակները սրած, երախները լայն բացած էին խեղճ ու անօգնական այս ժողովուրդին վրայ։
Այս մտածումներով տարուած էի, երբ Կողք-կողքի իրար կից զօրագունդերուն համար յատկացուած կացարաններէն մէկուն մէջ լոյս մը պլպլաց ու կրկին անջատուեցաւ։ Հոգիս հպարտութեամբ լեցուեցաւ երբ յիշեցի թէ՝ ինչ թուականի մէջ կ՛ապրինք, երբ հայ զինուորը թաքցնելու ոչ մէկ բան ունի, քանի որ ան իր հարազատ ու անկախ հողատարածքին վրայ է, ազատ է ընելու ինչ որ ուզէ․ հեռու վախերէ եւ միտք պղտորող զգուշաւորութիւններէ։
Զինուորները արտաքին աշխարհէն պարիսպով մը կը բաժնուին, որուն տաշուած մուգ մոխրագոյն, կարմիրի զարնող գոյնզգոյն հնամաշ քարերը դարձեալ կը վկայեն դարաւոր պատմութեան մը մասին։ Ու պարիսպները հիմա կը ճառագեն խաղաղութիւն, մինչեւ քաղաքի կեդրոնը․․․
Գորշ ու աւերակուած Երեւանի Բերդի տարածքին մէջ այժմ բնակելի հայկական տարածք ու զօրամաս է։ Ոչ մէկ խան, ցարի կամ շահի գործակատար կայ այլեւս խիստ ինքնատիպ այս մայրաքաղաքին մէջ․ ու նոյնիսկ մեզի՝ հեռուներէն եկողներուս համար բաւարար տեղ կայ մնալու ու գոյատեւելու համար։ Բայց ինչո՞ւ համար վերելակով, նոր կացարանս բարձրացած ատեն, գոնէ քանի մը պարսիկ իրենց ականջ խոցոտող առոգանութեամբ, միասնաբար ինծի հետ կը բարձրանան վեր։ Ամէն զգուշութիւն ի գործ կը դնեմ անոնց հայեացքներէն խուսափելու համար։ Խանի սերունդ, որոնք ակամայ կը գրգռեն, աներեւոյթին մէջ ինծի համար նոր ծնունդ առած անցեալի դէպքերը։ Ու կը տխրի հոգիս։
Հայերէնը կոկորդիս մէջ կ՛ընդվզի ի լուր պարսկերէն կոպիտ բառերու որոնք կ՛արտասանուին խանաբարոյ նայուածքներով հագեցած, ստահակ տղոց կողմէ։
Թեթեւ ժպիտ մը կը սահի դէմքիս ծայրէն դէպի իրենց կողմը ու դուրս կուգամ վերելակէն ․․․
Հոգ չէ, որքան ալ ըլլայ ձեր թիւը, կարեւորը հիւր էք, կ՛ըսեմ ես ինծի, եւ ո՛չ տանտէր․․․Ուրկէ որ եկած էք, կրկին պիտի վերադառնաք քանի մը օրէն կամ ամիսէն․․․․Ու շունչ կը քաշեմ։
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

Սեպտ․2018 Հալէպ

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *