Վեհանոյշ Թեքեան | Երրորդութիւն

Օրը մթնեց, օրը գնաց անօրօր
Երեւացին խաւարին բոլոր ձեւերը մոլոր
Նկարին մէջ նուաղեցան գոյները
Մէկ օրէն միւսը ինչպէ՛ս մասնատուեցաւ
կեանքի մասունքը

Վաթսուներկու տարուայ կեանք ունէին միասին
Պարապ է անկողինը
Հիւծած էր մարմինը երբ դրին դագաղին
Փղձկումի այդ պահուն, ուրկէ՛ ուր յանկարծ
ժամանակի վարագոյրը պատռեցաւ
կինը իրենց առաջին գիշերը յիշեց

Այն տարիներուն ժպիտն ու լացը թափանցիկ էին
Արցունքները նուագ էին, եւ լռութիւնը համբերութեան քար
Իրենց զաւակները, օդանաւով, քշելով
համով կարօտ մը շալկած կու գային ու կ՚երթային
«Կեանքը վերջ մը ունի»ն մտածող չկար
Քանդակուած վանդակ չէր տունը, մանկութեան բակ էր
հրճուանքի ու մտմտուքի ապահով բոյն էր

Արդէն տասնամեակները կքած էին իր ուսերը
ոտքերը կ՚ուռէին, դժուար կը լսէր
Վարագոյրները այլեւս թափանցիկ չէին
ցաւը դեղ ուզեց, յաճախ սահմանը անցաւ
Բարձերը կակուղցան, վերմակը հաստցաւ
օր մըն ալ սպիտակ սաւանի վերածուած
փաթթուեցաւ իր ամուսնին, գրկեց ու տարաւ

Թոռնիկները մեկնեցան, հարսերը նոյնպէս
օգնող կինն ալ գնաց
Քիչ մը բարկացաւ Աստուծոյ, ինքզինքին խղճաց
Չեմ հասկնար ինչո՞ւ ես դեռ կ՚ապրիմ, կրկնեց
խաչ մը հանեց, աղի աղօթք մըն ալ մրթմրթաց
ստամոքսը կը ցաւէր, դժկամեցաւ շարժիլ տեղէն
գլուխը բարձին դրաւ ու ա՛լ չարթնցաւ
Աստուած մէկ ձեռքով զայն իր քով տարաւ
միւս ձեռքով մխիթարանք ղրկեց աշխարհ
բայց շատ օգուտ չըրաւ

Տո՛ւնը զիրենք ճամբեց, ան ալ պառաւած էր
Ամոլին հետ իր կեանքը կիսած էր
զանոնք չարէն , ցուրտէն փրկած էր
Ո՞վ պիտի հասկնար որ ան ալ գոյնը նետեց, գլուխը ծռեցաւ
երբ անդրադարձաւ
փուռին մէջ խոհանոցին ա՛լ հաւ չեփուեցաւ։

Մայիս, 2025

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *