Վերոնիքա Սաֆրազեան | Ոչ Մէկ Գրուածք Կը Կարդամ Հայրիկէս Առանց յուզուելու

Դանիել Վարուժան, Վերունիկա Սաֆրազյան

 ՏԻԿ. ՎԵՐՈՆԻՔԱ ՎԱՐՈՒԺԱՆ-ՍԱՖՐԱԶԵԱՆ Կ’ԸՍԷ

«Ոչ Մէկ Գրուածք Կը Կարդամ Հայրիկէս

Առանց յուզուելու»

«Պայքար»ի աշխատակից Յակոբ Վարդիվառեան,  21 Ապրիլ 1984-ին հարցազրոյց մը ունեցած է Դանիէլ Վարուժանի դստեր՝ Վերոնիքա Սաֆրազեանի հետ։   «Վարուժնակ» խորագրով քերթուածը Վերոնիքային մասին է։ Ահաւասիկ Վարուժանի առջինեկ զաւկին կենսագրութիւնը ի՛ր իսկ բերնով։

 

Բրգնիկ գիւղը որ հօրս ծննդավայրն էր, նաև իմս է: Իմ մեծ մօրս և մեծ հօրս՝ Թագուհի (Պաջտիկեան) և Գրիգոր Չպուքճեանի տան մէջ է որ առաջին անգամ աչքերս լոյսը տեսան:

Գիտէք թէ Բրգնիկը Բագրատունիք բառին աղաւաղուած ձևն է: Գիւծը այդ անունը առած է հայոց պատմութեան այն ժամանալին, երբ Բագրատունեաց տան անկումէն յե-տոյ բոլոր իշխանական ընտանիքը և իրենց հետևորդները պատսպարան գտած են Սե-բաստիոյ այդ մէկ անկիւնը:

Չեմ կրնար ըսել թէ կը յիշեմ այդ տունը, այս գեղեցիկ գիւղը, իմ նախնիներս, որոնք գեղջուկի տիպարներ չէին, որովհետև մեծ հայրս շատ ժամանակ Պոլիս աշխատած էր և այդ մայրաքաղաքին հետ շարունակ կապի մէջ էր եղած: Եւ արդէն հազիւ մէկ տարեկան էի երբ փոխադրուած ենք Սեբաստիա՝ մօրս ծնողքին տունը, ուր ծնած է Արմէն եղբայրս:

Կ’ըսուի սակայն թէ կեանքի առաջին օրէն իսկ, նոյնիսկ անձի մը ծնելէն առաջ, պատկերներ և տպաւորութիւններ կը տեղաւորուին անհատի մը գիտակցութեան խորը: Անպայման այդ տեսակի յիշողութիւնն է որ անջնջելի պատկեր մը դրած է հոգիիս մէջ, խաղաղ արևի լոյսով, սիրող դէմքերու: Եթէ մեր կապը յանկարծ կտրուած չըլլար և մեր նախնիքը՝ բոլորը մէկ անգամէն անհետացած չըլլային, մեր յիշատակների որքան աւելի հարուստ և իրական կ’ըլլային:

Եղբայրս և ես, մէկ և երկու տարեկան, փոխադրուեցանք Պոլիս, ուր հայրս տեսուչի պաշտօնի կոչուած էր և ուր մեր ընտանիքին երջանկութիւնը տևեց միայն երկու տարի: Այդ ժամանակէն կը յիշեմ մեր ժողովուրդին «Կարմիր կիրակի»ին նախորդող Զատկի կիրակին: Կը տեսնեմ հայրս, գետինը, եղբօրս և ինծի հետ «Կարմիր հաւկիթ» կը խաղայ, «եումուրթաճի՜» կը կանչէ, փողոցը հաւկիթ ծախողներուն պէս: Կը կարծեմ թէ հայրս արդէն, այդ շրջանին իսկ, հայրութեան մասին այն հասկացողութիւնը ունէր, այն ինչ որ հիմա, մեր ժամանակին, այր մարդիկը կը սորվին նոր զարգացնել իրենց մէջ:

Եւ պէտք է ըլլայ վերջին առաւօտը, նստած իմ անկիւնէս կը հետևիմ իրեն խելացի ու ուշադիր նայուածքով, երբ համբոյրէ մը վերջ հայրս դրան մօտ կախուած գլխարկը կը վերցնէ և կ’ըլլէ դուրս դէպի դպրոց, գործ:

Կը յիշեմ նաև քանի մը ամիսներ վերջ, 1915ին, ծնունդը և կնունքը երկրորդ եղբօրս՝ Հայկին, ամայի եկեղեցիի մը մէջ, ուր ես գիտակից եմ: Չկան հիւրեր և ընտանեկան ուրախութիւն, որովհետև այլևս ընտանիք չէ մնացած:

Հետևեալ տարիներուն, ինչպէս մեր ազգին բոլոր զաւակներուն կեանքը, մերն ալ մութ վարագոյրով մը ծածկուած կը տեսնեմ:

Յիսուն տարի առաջ եղբայրներու հետ եկած են Նիւ Եորք, ուր մայրս արդէն կ’ապրէր, ինն տարիէ ի վեր իր ամուսնոյն հետ:

Ուսումս գրեթէ վերջացուցած էի: Քիչ ժամանակ ուսուցչութիւն ըրի սկսնակ աշակերտներու համար, մասնաւոր դպրոցներու մէջ: Յետոյ տարիներով միշտ աշխատած եմ լաւ ու ծանօթ գրատան մը մէջ, և քանի մը տարի ալ Նիւ Եորքի հանրային մատենադարանը: Նիւթապէս քիչ վարձատրուած այս աշխատանքը ինծի այնքան գոհունակութիւն տուած է, որ եթէ այսօր սկսելու ըլլայի կեանքս, միևնոյն ճամբան կ’ընտրէի:

Կ’ուզէք գիտնալ թէ ինիսուներեք տարի ապրած կին մը իր հօր, երեսուն տարի միայն ապրած հանճարեղ բանաստեղծին ո՞ր ոտանաւորը ամենէն շատ կը սիրէ: Նախ ըսեմ, որ ոչ մէկ գրուածք կը կարդամ հայրիկէս, առանց յուզուելու: Կը զարմանամ իր հմտութեան, հայոց պատմութեան, նախապատմութեան, համաշխարհային արուեստի իր ծանօթութեան և սքանչելի հայերէն լեզուն գործածելու ձևին վրայ:

Ինծի համար հրաշք մըն է որ հայրս ժամանակ ունեցաւ ամբողջացնելու իր մեծ ծրագրին նոյնիսկ այդ հատորը՝ «Հացին երգը», որ կարելի է նկատել նոյնիսկ իրմէ եռապատիկ տարիներ ապրած բանաստեղծի մը պայծառացած և խորացած վերջին արտադրութիւնը: Եւ եթէ պէտք է որ զատեմ ոտանաւոր մը, այդ կ’ըլլայ վերջինը: «Անդաստան»ը, որ կատարեալ գոհար մը ըլլալէ զատ, կը զգամ թէ բանատեղծին ձայնն է որ մահէն անցած իր սրտէն կեանքի ամէն բարիք կը մաղթէ բոլոր մարդոց, հոգ չէ թէ անոյշ կեանքի բարիքներէն շուտ զրկուեցաւ:

Այս դարուն շատ քիչ կը կարդացուի ոևէ բանաստեղծ: Իսկ այս բանաստեղծին լեզուն հասկնալու և գաղափարին հետևելու համար ուսումը նոյնիսկ բաւարար չէ, պէտք է ունենալ հայկական բարձրագոյն ուսում: Քանի հայեր մնացած են այսօր որ գիտնան նոյնիսկ սովորական հայերէն լեզուն խօսիլ և կարդալ: Թարգմանութիւն կարդալու համար ալ պէտք է ունենալ բանաստեղծութեան նկատմամբ սէր: Շատերուն պէս ես ալ կը խորհիմ թէ պէտք է մեր նոր սերունդը ծանօթացնելու ենք մեր «մեծ»երուն: Բայց կը խորհիմ թէ մեր մեծերուն արձակ գրութիւնները –ճառերը, նամակնեըրը — և անոնց մասին գրուածները թարգմանելով աւելի շատ ընթերցողներ կ’ունենաք և մանաւանդ արդարութիւն ըրած կ’ըլլաք հեղինակին:

Երախտապարտ եմ Երևանի Արուեստներու թանգարանին տնօրէնութեան, որ պաշտօնապէս շնորհակալութեամբ ընդունեց և խնամքով դասաւորեց հօրս ձեռագիրները: Եւ մանաւանդ այն անձնուէր աշխատողին՝ վերջերս մահացած Գոհար Ազնաւուրեանին, որ այնքան հմտութեամբ և սիրով պատրաստեց «Վարուժանի նամականին»: Այդ հատորին մէջ գրագէտը մեզի կը ներկայանայ իբր Մարդ-անհատ, իր ազնիւ նկարագիրով, իր ընտանիքին և իր ծնողքին հանդէպ իր պատասխանատուութեամբ, իբր հայրենասէր՝ առանց մոլութեան, և գիտնալով հանդերձ ինք՝ իր արժէքին՝ իբր համեստ մարդ բոլոր մարդոց կարգին:

Այս հարիւամեակին առթիւ ձեր ջանքերուն յաջողութիւն կը մաղթեմ:

Վերոնիքա Սաֆրազեան

Նիւ Եորք

 

Դանիէլ Վարուժան

 ՎԱՐՈՒԺՆԱԿԻՍ

Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունքիս՝
Որ սըրտիս վրայ բացուեցար,
Եւ քեզի հետ բացիր հոգիիս վըշտահեղձ
Նոր հրաշքի մը պայծառ:

Հին օրօրանն, որ, թաղարի պէս լըքուած,
Կ’ըլլար խըշտեակը սարդին,
Կենդանացա՜ւ ճըռուողիւնով, բոյնի պէս
Պաճուճուեցաւ վերըստին:

Արև մը նոր, շողերուն հետ աչքերուդ,
Շեմիս վըրայ ցաթեցաւ.
Եւ վանդակին մէջ կաքաւս իմ վիրաւոր
Կարկաջեց երգ մը անձկաւ:

Դուն սենեակէ սենեակ թըռար դեդևուն
Բոյնէն ինկած ծիտի պէս.
Ձայնէդ դիւթուած՝ այցելեցին տնակիս
Սերոբէներ լուսագէս:

Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունքիս,
Եկուր նըստէ՝ ծունկերուս.
Թող լուսնակի պէս՝ մըռայլ ծոցս ողողեն
Ոսկի վարսերըդ սընդուս:

Շըղթայէ վիզս այդ թևերովըդ քընքոյշ
Նըման ծաղկէ մանեակի.
Ժըպտէ՛ ինծի, որ ցուրտ անդունդը սըրտիս
Արշալոյսո՛վ բըռընկի

Խօսէ՛ ինծի, անծանօթ խօսքը, զոր դուն
Երկինքէն հետըդ բերիր,–
Կը բանայ շողը՝ վարդն, իսկ շուրթը մանկան՝
Աստուծոյ մատը կարմիր:

Նայէ՛ ինծի, լուսնեակն ինչպէս կը նայի
Դամբանին խորը խաւար.—
Սէրըս մեռած՝ պիտի առնէ յարութիւն
Ու պիտ’ ապրի քեզ համար:

Քեզի՜ համար, որուն միսն է գոյացած
Շուշաններու թերթերէն,
Միւռինաբոյր շապիկն է հիւսուած թևով
Թիթեռներու նըկարէն:

Քեզի՜ համար, ո՛վ իմ քերթուածըս անմահ՝
Զոր արիւնովս յղացայ,
Զոր երգեցի հպելով սըրտիս լարերուն
Լարն ամենէ՛ն դիւրազգայ:

Քու ձե՛ռքըդ լոկ դեռ կը բըռնէ զիս կանգուն
Աւազներուն վրայ փառքիս.
Եւ մազիդ մէկ թելը բա՛ւ է կապելու
Տիեզերքին հետ՝ հոգիս:

Վարուժնա՛կդ իմ, իմ փափկասո՛ւն Դիցուհիս,
Ո՛վ քընարէ դու հոգեակ,
Թող որ արցունքս, որ այտերուդ վրայ կ’իյնայ,
Ըլլայ ծիծաղ կամ սուտակ:

Բիբերըդ թող սըրսկեն աստղե՛րն երկընքին
Իմ խորշոմած ճակատիս՝
Որ իր վըրայ, թագի պէս, բա՛րձր բըռնեց
Խոր ըսպիները սըրտիս:

Զի ես անդո՛ւնդն եմ՝ որ կ’ըլլայ երջանիկ
Փոսուռայի մը լոյսով.
Անապա՛տն եմ, որ երկինքին կը ժըպտի
Իր ծլարձակ մէ՛կ բոյսով:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *