Յարութիւն Պէրպէրեան | Ոլորտագիծ անցումներ

Uffizi

Յայտնութեան հրեշտակը նուրբ,
թեւաւոր աղջիկ մըն էր:
Մարիամը, դեռ անտեղեակ գալիքին,
Մատղաշ, իտալական տարազով,
ապշահար կը նայէր հրեշտակին:
Յիսուս մանուկը,
Աստուածամօր գիրկը նստած,
շփոթած կը դիտէր քերովբէներու
եւ սերովբէներու բազմութիւնը,
որոնք առիթ չէին տար,
որ իր մանկութիւնը ապրէր:
Մոգերը, այո, որոշ չափով կոշտ դիմագիծեր
եւ թուխ մորթ ունէին,
սակայն իտալական բեհէզներ հագած էին:
Յիսուս փրկիչը, մինչեւ խաչելութիւն,
շիկահեր-կարմրաւուն, լաւ ձեւուած մօրուքով,
գրաւիչ երիտասարդ մըն էր,
որուն նմաններուն այդ օրերուն
կրնայիր հանդիպիլ Ֆիրենցէի փողոցներուն:
Եւ զբօսաշրջիկներու մեծամասնութիւնը
այն տպաւորութեան տակ էր,
որ Յիսուս միմիայն հեռակայ կապ մը ունէր
Պաղեստինի hետ,
եւ պապերն ու Մետիչիները
(որոնք երբեմն նոյն մականունը ունէին)
քմծիծաղով կը նայէին
զբօսաշրջիկներու բազմութեան …

Իսկ Պաղեստինի մէջ
(որուն անունը այլեւս
կը ջնջուէր քարտէսներէն)
անմեղները չէին խաչեր,
այլ կռուողներու կողքին,
կիներ, ծերեր ու մանուկներ
կը ռմբակոծէին, կը գնդակոծէին,
սովահար կը պահէին,
իսկ լաւագոյն պարագային՝
կը տեղահանէին
իրենց հազարամեայ
բնաշխարհէն:

Դարը վերազարթնումի
վերածուած էր
հաւաքական սպանութեան,
անարդարութեան, գաղթի, կեղծիքի
եւ շնական մեկնաբանութեանց
մէկ գերարդիական, թուայնացած ժամանակի :
Մայրամուտը կը վերածուէր խիտ խաւարի:

 

Արահետէն աղտորի

Ամառ կը յուշէ,
թարխուն ու ծոթրին,
հազար բնական այլ ջերմ բոյրեր,
այս ձմեռնային
եղանակին մէջ՝
իր վառ շողերով մեզ գինովցուցած
օրը արեւոտ:

Կարծես կրկին կը քալենք
արահետէն աղտորի.
եւ սումմախի
կարմրաւուն ծաղիկները
(պտո՞ւղ կոչել թէ այլ բան),
կ’արթնցնեն
զգացումներ անթեղուած:

Սէրս, աչքերդ
կը կայծկլտան վերստին,
եւ գլուխդ
հանդարտ կը հանգչի,
իմ կուրծքիս վրայ:

 

Ոլորտագիծ անցումներ

Այո, նախնական մշակոյթներու
անդամները կը հաւատային,
որ մենք կը ծնինք
պարուրաձեւ
բուրգի մը խոր կեդրոնին,
եւ կեանքը մեզ կ’առաջնորդէ
ոլորտագիծ այդ պարոյրի
օղակներուն մէջ հազար:

Եւ ես ապրած ու թաղուած եմ
Ամազոնեան անտառներուն թանձրախիտ:
Մասնակցած եմ
Զուկարիտի եւ բուրգերու շինութեան,
ապա վանքեր կառուցած
Մարաթուկի, Լոռիի,
Ամարասի կամ Սիսի,
Տաթեւի ու Անիի
բարձունքներուն ու դաշտերուն:
Մեռած-յառնած եմ կրկին:
Անցած պարոյկի օղակներէն անհամար:
Ապրած Շիւայի
քանդող-արարող
տարերքը ահեղ:
Մոռցուած-յիշուած եմ յաճախ,
սակայն ինչպէս
անզսպելի
երթը աւիշի
ճիւղեուն մէջ կենաց ծառի,
կեանքը շարունակ զիս մղած է
դէպի առաջ …

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *